Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԸՄԷԿ

Տան մէջ խաղաղութիւնը պահեցէք

Տան մէջ խաղաղութիւնը պահեցէք

1. Ընտանիքներու մէջ բաժանում պատճառող կարգ մը բաներ ի՞նչ են։

ԵՐԱՆԵԼԻ՜ են անոնք որոնք կը պատկանին այն ընտանիքներուն, ուր սէր, հասկացողութիւն եւ խաղաղութիւն կան։ Կը յուսանք որ դուք այսպիսի ընտանիք մը ունիք։ Դժբախտաբար, բազմաթիւ ընտանիքներ այս նկարագրութեան չեն յարմարիր, կամ այս կամ այն պատճառով բաժնուած են։ Ի՞նչ բան կը բաժնէ ընտանիք մը։ Այս գլուխին մէջ նկատի պիտի առնենք երեք բաներ։ Կարգ մը ընտանիքներու մէջ, բոլոր անդամներն ալ նոյն կրօնքին չեն պատկանիր։ Ուրիշներու մէջ, բոլոր երախաներն ալ ծնողքին հարազատ զաւակները չեն։ Իսկ տակաւին ուրիշ ընտանիքներու մէջ, ապրուստը կամ նիւթական յաւելեալ բաներ ճարելու պայքարը, ընտանիքի անդամները իրարմէ կը հեռացնէ։ Սակայն, ընտանիքի մը բաժանման նպաստող ազդակները թերեւս բնաւ չազդեն ուրիշ ընտանիքի մը։ Ինչո՞ւ այս տարբերութիւնը։

2. Ընտանեկան կեանքի մէջ առաջնորդութեան համար ոմանք ո՞ւր կը նային, բայց այսպիսի առաջնորդութեան լաւագոյն աղբիւրը ի՞նչ է։

2 Ազդակներէն մէկը՝ տեսակէտն է։ Եթէ անկեղծօրէն ջանաք դիմացինին տեսակէտը հասկնալ, հաւանաբար աւելի լաւ պիտի կարենաք գիտնալ թէ ի՛նչպէս կարելի է ընտանիք մը միացած պահել։ Երկրորդ ազդակը՝ առաջնորդութեան աղբիւրն է։ Շատեր իրենց գործակիցներուն, դրացիներուն, յօդուածագիրներուն կամ մարդկային այլ առաջնորդներու խրատներուն կը հետեւին։ Ուրիշներ սակայն, սորված են թէ Աստուծոյ Խօսքը ի՛նչ կ’ըսէ իրենց կացութեան մասին, ապա իրենց սորվածը կիրարկած են։ Ասիկա ընելը ի՞նչպէս կրնայ օգնել ընտանիքի մը, որ տան մէջ խաղաղութիւնը պահպանէ։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

ԵԹԷ ՁԵՐ ԱՄՈՒՍԻՆԸ ՏԱՐԲԵՐ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԻ

3. (աՏարբեր հաւատքի պատկանող անհատի մը հետ ամուսնանալու մասին Աստուածաշունչը ի՞նչ խրատ կու տայ։ (բԵրբ կողակիցներէն մէկը հաւատացեալ է իսկ միւսը՝ ոչ, ո՞ր հիմնական սկզբունքները կը կիրարկուին այս պարագային։

3 Աստուածաշունչը շեշտակիօրէն կը խրատէ մեզ որ կրօնական տարբեր հաւատք ունեցողի մը հետ չամուսնանանք։ (Բ. Օրինաց 7։3, 4. Ա. Կորնթացիս 7։39) Սակայն կրնայ ըլլալ որ դուք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցաք ամուսնանալէն ետք, իսկ ձեր ամուսինը՝ ոչ։ Ի՞նչ կրնաք ընել։ Անշուշտ, ամուսնական ուխտը տակաւին ի զօրու կը մնայ։ (Ա. Կորնթացիս 7։10) Աստուածաշունչը կը շեշտէ ամուսնական կապին մնայուն ըլլալը եւ կը քաջալերէ որ ամուսնացած անհատներ իրենց անհամաձայնութիւնները լուծեն եւ ոչ թէ անոնցմէ խոյս տան։ (Եփեսացիս 5։28-31. Տիտոս 2։4, 5) Սակայն ի՞նչ կրնաք ընել երբ ձեր ամուսինը ուղղակի առարկէ, չուզելով որ դուք Աստուածաշունչի կրօնքը գործադրէք։ Ան թերեւս ձեզի արգելք հանդիսանայ ժողովներու յաճախելու, կամ կրնայ ըսել թէ չ’ուզեր որ իր կինը տունէ–տուն երթայ կրօնքի մասին խօսելու համար։

4. Կին մը ի՞նչպէս կրնայ հասկացող գտնուիլ իր ամուսնոյն հանդէպ, երբ ան իր հաւատքը չի բաժներ։

4 Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ամուսինս ինչո՞ւ այսպէս կը խորհի’։ (Առակաց 16։20, 23) Եթէ ան չհասկնայ թէ դուք ի՛նչ կ’ընէք, կրնայ մտահոգուիլ։ Թերեւս ազգականներու կողմէ ճնշումի ներքեւ է, քանի որ կարգ մը սովորութիւններու այլեւս չէք մասնակցիր։ «Տան մէջ առանձին մնալով, լքուած կը զգայի», ըսաւ ամուսին մը։ Այս մարդը զգաց որ կրօնքի մը պատճառաւ իր կինը կը կորսնցնէր։ Սակայն հպարտութիւնը արգելք կը հանդիսանար որ ան ընդունէր թէ մինակ կը զգար։ Թերեւս պէտք է վստահեցնէք ձեր ամուսինը, որ Եհովայի հանդէպ ձեր սէրը չի նշանակեր որ այլեւս զինք առաջուընէ նուազ կը սիրէք։ Անոր հետ անպայման ժամանակ անցուցէք։

5. Ի՞նչ հաւասարակշռութեան կարիքը ունի կին մը, երբ ամուսինը իր հաւատքը չի բաժներ։

5 Սակայն, ասկէ աւելի կարեւոր բան մը նկատի առնելու էք, եթէ կացութիւնը իմաստութեամբ ձեռք պիտի առնէք։ Աստուծոյ Խօսքը հետեւեալ յորդորը կու տայ կիներուն. «Կի՛ներ, հնազանդ եղէք ձեր այրերուն, ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով»։ (Կողոսացիս 3։18) Ուստի, անիկա ինքնագլուխ ըլլալու հոգիին դէմ կը զգուշացնէ։ Ասկէ զատ, «ինչպէս կը վայլէ Տէրոջմով» ըսելով, այս համարը ցոյց կու տայ թէ մինչ կին մը իր ամուսնոյն կը հնազանդի, ան պէտք է նկատի առնէ նաեւ Տէրոջը հանդէպ իր հնազանդութիւնը։ Ասիկա հաւասարակշռուած պէտք է ըլլայ։

6. Քրիստոնեայ կին մը ի՞նչ սկզբունքներ ի մտի պէտք է ունենայ։

6 Քրիստոնեայի մը համար ժողովներու յաճախելը եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած հաւատքին մասին ուրիշներուն վկայելը ճշմարիտ պաշտամունքին կարեւոր երեսակներն են, որոնք պէտք չէ անտեսուին։ (Հռովմայեցիս 10։9, 10, 14. Եբրայեցիս 10։24, 25) Արդ, ի՞նչ պիտի ընէիք երբ ոեւէ անհատ ուղղակիօրէն պատուիրէր ձեզի որ Աստուծոյ որոշ մէկ պահանջին չենթարկուիք։ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալները ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։ (Գործք 5։29) Ասիկա նախօրինակ մըն է, որու կարելի է հետեւիլ կեանքի բազմաթիւ կացութիւններու մէջ։ Եհովայի հանդէպ սէրը ձեզ պիտի մղէ՞ որ իրեն տաք այն նուիրումը որ իրաւացիօրէն իրեն կը պատկանի։ Միեւնոյն ատեն, ձեր ամուսնոյն հանդէպ ձեր սէրը եւ յարգանքը պատճառ պիտի ըլլա՞ն որ փորձէք ասիկա ընել այնպիսի կերպով մը որ իրեն ընդունելի ըլլայ։—Մատթէոս 4։10. Ա. Յովհաննու 5։3

7. Քրիստոնեայ կին մը ի՞նչ բան վճռած պէտք է ըլլայ։

7 Յիսուս նշեց որ ասիկա միշտ դիւրին պիտի չըլլար։ Ան զգուշացուց որ ճշմարիտ պաշտամունքին դէմ հակառակութեան պատճառաւ, ընտանիքի մը հաւատացեալ անդամները բաժնուած կը զգան, որպէս թէ իրենց եւ ընտանիքի մնացեալ անդամներուն միջեւ սուր մը անցած ըլլայ։ (Մատթէոս 10։34-36) Ճափոնցի կին մը ասոր փորձառութիւնը ունեցաւ։ Ամուսինը 11 տարի իրեն հակառակեցաւ։ Ան բրտութեամբ կը վարուէր իր հետ եւ յաճախ դուռը գոցելով դուրս կը ձգէր զինք։ Բայց ան յարատեւեց։ Քրիստոնէական ժողովքէն բարեկամներ օգնեցին իրեն։ Ան անդադար կ’աղօթէր եւ Ա. Պետրոս 2։20–ը քաջալերութեան աղբիւր մը եղաւ իրեն համար։ Այս Քրիստոնեայ կինը համոզուած էր որ եթէ ինք հաւատարիմ մնար, օր մը իր ամուսինն ալ իր կողքին Եհովայի պիտի ծառայէր։ Ա՛րդարեւ ալ այդպէս եղաւ։

8, 9. Կին մը ի՞նչպէս անտեղի արգելքներ պէտք չէ դնէ իր ամուսնոյն առջեւ։

8 Շատ գործնական բաներ կան, որոնք կրնան ազդել ձեր կողակիցին վերաբերմունքին։ Օրինակ, եթէ ձեր ամուսինը գոհ չէ ձեր կրօնքէն, ուրիշ մարզերու մէջ գանգատելու բնաւ առիթ մի՛ տաք։ Տունը մաքուր պահեցէք։ Ձեր երեւոյթին հոգ տարէք։ Սիրոյ եւ գնահատանքի արտայայտութիւններով լեցուն եղէք։ Փոխանակ քննադատելու, իրեն նեցուկ կանգնեցէք։ Ցոյց տուէք որ իր գլխաւորութիւնը կը փնտռէք։ Եթէ զգաք որ ձեզի հանդէպ սխալ գործեց, մի՛ փոխադարձէք։ (Ա. Պետրոս 2։21, 23) Մարդկային անկատարութիւններուն տեղի տուէք, իսկ եթէ վէճ մը ծագի, խոնարհութեամբ դո՛ւք ներողութիւն խնդրեցէք։—Եփեսացիս 4։26

9 ժողովներու պատճառաւ իր ճաշերը մի՛ ուշացնէք։ Նաեւ, քրիստոնէական ծառայութեան մասնակցեցէք ա՛յն ժամերուն, երբ ձեր ամուսինը տունը չէ։ Իմաստութիւն է որ կին մը իր ամուսնոյն չքարոզէ, եթէ անկէ չ’ախորժիր։ Հապա, Պետրոս առաքեալի տուած խրատին հնազանդի, որ ըսաւ. «Նմանապէս կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ Տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը»։ (Ա. Պետրոս 3։1, 2) Քրիստոնեայ կիներ կ’աշխատին որ աւելի կատարեալ կերպով Աստուծոյ հոգիին պտուղները մշակեն։—Գաղատացիս 5։22, 23

ԵՐԲ ԿԻՆԸ ՆՈՅՆ ՀԱՒԱՏՔԸ ՉԻ ԲԱԺՆԵՐ

10. Հաւատացեալ ամուսին մը ի՞նչպէս պէտք է վարուի իր կնոջ հանդէպ, երբ ան տարբեր դաւանանքի կը պատկանի։

10 Երբ ամուսին մը գործունեայ Քրիստոնեայ մըն է եւ կինը՝ ոչ, ի՞նչ կարելի է ընել։ Աստուածաշունչը այսպիսի կացութիւններու համար ուղղութիւններ կու տայ։ Ան կ’ըսէ. «Եթէ եղբայր մը անհաւատ կին ունենայ ու անոր հաճելի ըլլայ իրեն հետ բնակիլ, թող չձգէ զանիկա»։ (Ա. Կորնթացիս 7։12) Անիկա ամուսիններուն կ’ըսէ նաեւ. «Այրե՛ր, սիրեցէք ձեր կիները»։—Կողոսացիս 3։19

11. Ամուսին մը ի՞նչպէս կրնայ իր գլխաւորութիւնը ներատեսութեամբ ու փափկանկատութեամբ ի գործ դնել իր կնոջ վրայ, երբ ան ճշմարիտ Քրիստոնեայ մը չէ։

11 Եթէ կին մը ունիք որ տարբեր հաւատքի կը պատկանի, անոր հանդէպ յարգանք եւ իր զգացումներուն հանդէպ նկատողութիւն ցոյց տալու մասնաւոր ուշադրութիւն ըրէք։ Չափահաս մը ըլլալով, ան իրաւունք ունի իր կրօնական հաւատալիքները գործադրելու համար որոշ ազատութիւն ունենալու, նոյնիսկ երբ անոնց հետ համաձայն չէք։ Երբ առաջին անգամ անոր խօսիք ձեր հաւատքին մասին, մի՛ ակնկալէք որ երկար ժամանակէ ունեցած իր հաւատալիքները նոր բանով մը փոխարինէ։ Փոխանակ յանկարածականօրէն անոր ըսելու որ իր եւ իր ընտանիքին երկար ատենէ գուրգուրացած սովորութիւնները սուտ են, ջանացէք համբերութեամբ անոր հետ տրամաբանել Աստուածաշունչի օգնութեամբ։ Երբ ժողովքի գործունէութիւններով շատ ժամանակ անցընէք, ան թերեւս անտեսուած զգայ։ Ան Եհովայի ծառայելու ձեր ջանքերուն կրնայ ընդդիմանալ, սակայն այս վերաբերմունքով թերեւս ան ըսել ուզէ՝ «Աւելի պէտք ունիմ քու ժամանակիդ»։ Համբերեցէ՛ք։ Սիրալիր կերպով զինք նկատի ունենալով, ժամանակի ընթացքին թերեւս ինք ալ ճշմարիտ պաշտամունքը ողջունէ։—Կողոսացիս 3։12-14. Ա. Պետրոս 3։8, 9

ԵՐԱԽԱՆԵՐՈՒ ՄԱՐԶՈՒՄԸ

12. Նոյնիսկ երբ ամուսին մը եւ կին մը տարբեր հաւատքի կը պատկանին, զաւակներ մարզելու սուրբ գրային սկզբունքները ի՞նչպէս պէտք է կիրարկուին։

12 Պաշտամունքի մէջ անմիաբան եղող ընտանիքի մը մէջ, երբեմն երախաներուն կրօնական դաստիարակութիւնը կրնայ խնդիր յարուցանել։ Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՞նչպէս պէտք է գործադրուին։ Աստուածաշունչը հօրը կու տայ զաւակները դաստիարակելու գլխաւոր պատասխանատուութիւնը, բայց մայրն ալ կարեւոր դեր մը կը խաղայ անոր մէջ։ (Առակաց 1։8. բաղդատել՝ Ծննդոց 18։19. Բ. Օրինաց 11։18, 19։) Նոյնիսկ երբ հայրը Քրիստոսի գլխաւորութիւնը չ’ընդունիր, տակաւին ի՛նք է տան գլուխը։

13, 14. Եթէ ամուսին մը արգիլէ որ կինը իր զաւակները ժողովի տանի կամ անոնց հետ ուսումնասիրէ, ան ի՞նչ կրնայ ընել։

13 Անհաւատ հայրերէն ոմանք չեն առարկեր, եթէ մայրը պզտիկներուն կրօնական նիւթեր սորվեցնէ։ Սակայն ուրիշներ կ’առարկեն։ Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ ձեր ամուսինը թոյլ չի տար որ երախաները ժողովներու տանիք, նոյնիսկ արգիլելով որ տան մէջ անոնց հետ Աստուածաշունչը սերտէք։ Հոս է որ տարբեր պարտականութիւններու մէջ հաւասարակշռութիւն պէտք է պահէք, Եհովա Աստուծոյ, ձեր ամուսնոյն՝ որպէս գլուխ եւ ձեր սիրելի զաւակներուն հանդէպ։ Ինչպէ՞ս կրնաք ասոնք ձեռք առնել։

14 Վստահաբար այս մասին պէտք է աղօթէք։ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7. Ա. Յովհաննու 5։14) Բայց ի վերջոյ, դուք էք որ ձեր ընթացքը պիտի որոշէք։ Եթէ փափկանկատութեամբ վարուիք, ձեր ամուսնոյն յստակօրէն բացատրելով որ իր գլխաւորութիւնը չէք նախատեր, կրնայ ըլլալ որ անոր հակառակութիւնը վերջապէս նուազի։ Նոյնիսկ երբ ձեր ամուսինը երախաները ժողովի տանիլը եւ անոնց հետ Աստուածաշունչի պաշտօնական ուսումնասիրութիւն ունենալը արգիլէ, տակաւին դուք կրնաք անոնց սորվեցնել։ Ամէն օր անոնց հետ խօսելով եւ ձեր լաւ օրինակով, փորձեցէք անոնց մէջ որոշ չափով քանդակել Եհովայի հանդէպ սէր, իր Խօսքին հանդէպ հաւատք, ծնողներուն՝ նաեւ հօրը՝ հանդէպ յարգանք, ուրիշներու հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ խղճամիտ աշխատանքի հանդէպ գնահատութիւն։ Ժամանակի ընթացքին, հայրը կրնայ նշմարել լաւ արդիւնքը եւ ձեր ջանքերուն արժէքը գնահատել։—Առակաց 23։24

15. Հաւատացեալ հայր մը զաւակներուն դաստիարակութեան նկատմամբ ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունի։

15 Եթէ դուք հաւատացեալ ամուսին մըն էք եւ ձեր կինը՝ ոչ, այդ պարագային ձեր պատասխանատուութիւնն է ձեր զաւակները մեծցնել «Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) Ասիկա ընելով, միաժամանակ ձեր կնոջ հետ ազնիւ, սիրալիր եւ տրամաբանական պէտք է ըլլաք։

ԵԹԷ ՁԵՐ ԾՆՈՂՔԷՆ ՏԱՐԲԵՐ ԿՐՕՆՔ ՄԸ ՈՒՆԻՔ

16, 17. Զաւակները սուրբ գրային ո՞ր սկզբունքը պէտք է յիշեն, եթէ իրենց ծնողքէն տարբեր հաւատքի մը կը հետեւին։

16 Այլեւս սովորական դարձած է որ նոյնիսկ անչափահասներ իրենց ծնողքին ունեցածէն տարբեր կրօնական տեսակէտներ ունենան։ Ձեր պարագան ա՞յս է։ Եթէ այո, Աստուածաշունչը խրատներ ունի ձեզի համար։

17 Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասն զի այդ է արժանը։ Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ»։ (Եփեսացիս 6։1, 2) Ասիկա կը նշանակէ որ ձեր ծնողքին հանդէպ յարգանք պէտք է ունենաք։ Մինչ ծնողքին հանդէպ հնազանդութիւնը կարեւոր է, սակայն պէտք է նկատի ունենալ նաեւ ճշմարիտ Աստուծոյ հանդէպ յարգանքը։ Երբ երախայ մը որոշումներ տալու տարիքին հասնի, ան իր առած քայլերուն համար երթալով աւելի պատասխանատու կը դառնայ։ Ասիկա ոչ միայն աշխարհային օրէնքին մէջ այսպէս է, այլ նաեւ՝ աստուածային օրէնքին մէջ։ «Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար»։—Հռովմայեցիս 14։12

18, 19. Եթէ զաւակներուն կրօնքը տարբեր է իրենց ծնողքին կրօնքէն, անոնք ի՞նչպէս կրնան օգնել անոնց որ իրենց հաւատքը աւելի լաւ հասկնան։

18 Եթէ ձեր հաւատալիքներուն պատճառաւ կեանքի մէջ փոփոխութիւններ մտցնէք, փորձեցէք հասկնալ ձեր ծնողքին տեսակէտը։ Հաւանաբար անոնք ուրախ պիտի ըլլան որ Աստուածաշունչի ուսուցումները սորվելով եւ զանոնք կիրարկելով, աւելի յարգալից, աւելի հնազանդ եղած էք եւ աւելի արագօրէն կ’ընդառաջէք իրենց խնդրանքներուն։ Բայց, եթէ ձեր նոր հաւատքը պատճառ կ’ըլլայ որ անոնց համար սիրելի եղող սովորութիւնները մերժէք, անոնք կրնան խորհիլ որ դուք կ’արհամարհէք այն ժառանգութիւնը որ անոնք ջանացին ձեզի փոխանցել։ Անոնք նոյնիսկ կրնան մտահոգուիլ ձեզի համար, եթէ ձեր ըրածը համայնքին մէջ ընդունելի չէ, կամ անիկա ձեր ուշադրութիւնը կը շեղէ այն հետապնդումներէն, որոնք ըստ իրենց, պիտի նպաստեն որ նիւթական գետնի վրայ աւելի բարգաւաճ կեանք մը ունենաք։ Հպարտութիւնն ալ կրնայ ձեր միջեւ սահման մը քաշել։ Անոնք այն տպաւորութիւնը կրնան ունենալ թէ ըստ ձեզի, դուք իրաւունք ունիք, իսկ իրենք՝ ոչ։

19 Ուստի, անմիջապէս որ կարելի ըլլայ, կարգադրութիւն ըրէք որ կարգ մը երէցներ, կամ ձեր ժողովքէն ուրիշ հասուն Վկաներ ծանօթանան ձեր ծնողքին հետ։ Ձեր ծնողքը քաջալերեցէք որ Թագաւորութեան Սրահ մը այցելեն, որպէսզի անձամբ լսեն թէ ի՛նչ բաներու մասին կը խօսուի հոն եւ ուղղակի տեսնեն թէ Եհովայի Վկաները ի՛նչպիսի անհատներ են։ Ժամանակի ընթացքին, թերեւս ձեր ծնողքին կեցուածքը փոխուի։ Նոյնիսկ երբ ձեր ծնողքը յամառօրէն հակառակի, գրականութիւնները փճացնէ, եւ արգիլէ որ իրենց զաւակները քրիստոնէական ժողովներու երթան, միշտ կարելիութիւն կայ ուրիշ տեղ մը ընթերցելու, Քրիստոնեայ հաւատակիցներու հետ խօսելու եւ ուրիշներուն անպաշտօն կերպով վկայելու եւ օգնելու։ Կրնաք նաեւ Եհովայի աղօթել։ Կարգ մը պատանիներ կը սպասեն, մինչեւ որ տունը ձգելու համար բաւարար տարիք մը ունենան, որպէսզի կարենան աւելին ընել։ Սակայն, տան մէջ ի՛նչ որ ալ ըլլայ կացութիւնը, մի՛ մոռնաք ‘ձեր հայրն ու մայրը պատուել’։ Տան մէջ խաղաղութիւնը պահելու համար ձեր մասնակցութիւնը բերէք։ (Հռովմայեցիս 12։17, 18) Մա՛նաւանդ, Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն փնտռեցէք։

ՈՉ–ՀԱՐԱԶԱՏ ԾՆՈՂ ՄԸ ԸԼԼԱԼՈՒՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

20. Զաւակները ի՞նչ զգացում կրնան ունենալ, երբ իրենց հայրը կամ մայրը հարազատ չէ։

20 Բազմաթիւ տուներու մէջ մեծագոյն դժուարութիւնը ոչ թէ կրօնական է, այլ՝ կենսաբանական։ Շատ տուներու մէջ ներկայիս զաւակներ կան, որոնք ծնողներէն մէկուն կամ երկուքին նախկին ամուսնութենէն են։ Այսպիսի ընտանիքի մը մէջ, երախաները կրնան իրարու հանդէպ նախանձ կամ ոխ ունենալ, կամ շուարիլ թէ որո՛ւ հաւատարիմ պէտք է ըլլան։ Որպէս հետեւանք, անոնք հարազատ չեղող ծնողքին լաւ հայր մը կամ մայր մը ըլլալու ջանքերը կրնան մերժել։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ վերակառուցուած ընտանիք մը յաջողի։

Հարազատ ծնողք ըլլաք կամ ոչ–հարազատ, առաջնորդութեան համար Աստուածաշունչին ապաւինեցէք

21. Հակառակ իրենց ունեցած մասնայատուկ պարագային, ոչ–հարազատ ծնողներ օգնութեան համար ինչո՞ւ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն պէտք է դիմեն։

21 Պէտք է գիտակցիլ որ որքան ալ մասնայատուկ կացութեան մէջ գտնուինք, ուրիշ ընտանիքներու մէջ յաջողութիւն տուող Աստուածաշունչի սկզբունքները այս պարագային ալ կրնան կիրարկուիլ։ Այդ սկզբունքները անտեսելը ժամանակաւորապէս կրնայ ձեզ թեթեւցնել, բայց շատ հաւանաբար հետագային սրտաբեկութեան պիտի առաջնորդէ։ (Սաղմոս 127։1. Առակաց 29։15) Իմաստութիւն եւ ներատեսութիւն մշակեցէք. իմաստութիւն՝ աստուածային սկզբունքները կիրարկելու, ի մտի ունենալով անոր երկարատեւ օգուտները, իսկ ներատեսութիւն՝ հասկնալու համար թէ ընտանիքի անդամները ինչո՛ւ որոշ բաներ կ’ըսեն կամ կ’ընեն։ Պէտք է նաեւ ուրիշներու վիճակէն հասկնաք։—Առակաց 16։21. 24։3. Ա. Պետրոս 3։8

22. Զաւակներուն համար ինչո՞ւ կրնայ դժուար ըլլալ ոչ–հարազատ ծնող մը ընդունիլ։

22 Եթէ դուք հարազատ ծնող մը չէք, կրնաք յիշել որ որպէս ընտանիքին մէկ բարեկամը, երախաները թերեւս լաւ կ’ընդունէին ձեզ։ Բայց երբ ոչ–հարազատ ծնող մը եղաք, թերեւս անոնց դիրքը փոխուեցաւ։ Իրենց մարմնաւոր ծնողը յիշելով՝ որ այլեւս իրենց հետ չէ՝ երախաները կրնան հաւատարմութեան ներքին պայքարի մէջ ըլլալ, թերեւս խորհելով որ դուք իրենցմէ պիտի խլէք այն սէրը որ անոնք ունին իրենց բացակայ ծնողին հանդէպ։ Երբեմն անոնք կրնան կոշտութեամբ ձեզի յիշեցնել թէ դուք իրենց հայրը կամ մայրը չէք։ Այսպիսի արտայայտութիւններ կը վիրաւորեն։ Այսուհանդերձ, ‘մի՛ արտորաք հոգիով բարկանալու’։ (Ժողովողի 7։9) Երախաներուն զգացումներուն հետ վարուելու համար ներատեսութիւն եւ կարեկցութիւն կը պահանջուին։

23. Ոչ–հարազատ երախաներ գտնուող ընտանիքի մը մէջ ի՞նչպէս կարելի է կրթութիւն տալ։

23 Այս յատկութիւնները անհրաժեշտ են, մանաւանդ երբ կրթութիւն պիտի տրուի։ Հաստատ կրթութիւնը կենսական է։ (Առակաց 6։20. 13։1) Իսկ քանի որ երախաները իրարու չեն նմանիր, հետեւաբար կրթութիւնը անհատական պէտք է ըլլայ։ Կարգ մը ոչ–հարազատ ծնողներ կը խորհին որ, սկիզբը նախընտրելի է որ մարմնաւոր ծնողը ծնողական այս պարտականութիւնը կատարէ։ Սակայն անհրաժեշտ է որ երկու ծնողներն ալ համաձայն գտնուին տրուած կրթութեան եւ անոր թիկունք կանգնին, առանց աչառութիւն ընելու զաւակներուն միջեւ։ (Առակաց 24։23) Հնազանդութիւնը կարեւոր է, բայց երբեմն կարգ մը բաներ պէտք է անկատարութեան վերագրել։ Չափազանց մի՛ հակազդէք։ Կրթութիւնը սիրոյ նշան է։—Կողոսացիս 3։21

24. Ոչ–հարազատ ընտանիքի անդամներուն միջեւ բարոյական խնդիրներուն առաջքը ի՞նչպէս կարելի է առնել։

24 Ընտանեկան խօսակցութիւնները կրնան մեծապէս նպաստել դժուարութիւնները կանխելու։ Ասիկա ընտանիքին կ’օգնէ որ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն կեանքի աւելի կարեւոր հարցերուն վրայ։ (Բաղդատել՝ Փիլիպպեցիս 1։9-11։) Անոնք նաեւ իւրաքանչիւրին կ’օգնեն տեսնելու թէ ի՛նչպէս կրնան ընտանեկան նպատակակէտերուն հասնիլ։ Ասկէ զատ, ընտանեկան սրտբաց խօսակցութիւններ կրնան բարոյական խնդիրներուն առաջքը առնել։ Աղջիկները պէտք է հասկնան որ իրենց ոչ–հարազատ հօր կամ եղբայրներուն ներկայութեան ի՛նչպէս պէտք է հագուին եւ վարուին, իսկ տղաքն ալ խրատներու պէտք ունին իրենց ոչ–հարազատ մօր եւ քոյրերուն հանդէպ իրենց վերաբերմունքին առնչութեամբ։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3-8

25. Ո՞ր յատկութիւնը կրնայ օգնել որ ոչ–հարազատ ընտանիքի մը մէջ խաղաղութիւնը պահպանուի։

25 Ոչ–հարազատ ծնող մը ըլլալու մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար, պէտք է համբերատար ըլլաք։ Նոր յարաբերութիւններ մշակելը ժամանակ կը պահանջէ։ Մարմնաւոր կապեր չունեցող զաւակներուն սէրն ու յարգանքը շահիլը մեծ գործ մըն է։ Բայց կարելի՛ է։ Ոչ–հարազատ ընտանիքի մը մէջ սիրուելու բանալին, Եհովան հաճեցնելու զօրաւոր փափաքով լեցուն, իմաստուն եւ ներատես սիրտն է։ (Առակաց 16։20) Այսպիսի յատկութիւններ կրնան նաեւ օգնել որ ուրիշ կացութիւններ ալ ձեռք առնէք։

ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ ՁԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ԲԱԺՆԵ՞Ն

26. Նիւթական բաներու նկատմամբ ո՞ր խնդիրներն ու վերաբերմունքը կրնան բաժնել ընտանիք մը։

26 Նիւթական բաներու նկատմամբ խնդիրներն ու վերաբերմունքները կրնան բաժնել ընտանիք մը, շատ մը կերպերով։ Դժբախտաբար, կարգ մը ընտանիքներ դրամի եւ հարուստ ըլլալու ցանկութեան պատճառաւ քայքայուած են։ Բաժանումներ կը յառաջանան, երբ երկու կողակիցներն ալ աշխարհային գործ մը ունենան եւ՝ «իմ դրամս. քու դրամդ» կեցուածքը ունենան։ Եթէ նոյնիսկ այսպիսի առարկութիւններ չըլլան, երբ երկուքն ալ կ’աշխատին, իրարու համար շատ քիչ ժամանակ կ’ունենան։ Աշխարհի մէջ երթալով աւելի վարժութիւն կը դառնայ որ հայրեր իրենց ընտանիքներէն հեռու ապրին՝ ամիսներ եւ երբեմն տարիներ՝ որպէսզի կարենան աւելի դրամ շահիլ, զոր կարելի չէ շահիլ իրենց գտնուած վայրին մէջ։ Ասիկա շատ լուրջ խնդիրներու կրնայ առաջնորդել։

27. Ո՞ր սկզբունքները կրնան օգնել դրամական ճնշումի ներքեւ եղող ընտանիքի մը։

27 Այս կացութեանց մասին որեւէ օրէնք մը չենք կրնար դնել, քանի որ տարբեր ընտանիքներ, տարբեր ճնշումներ եւ կարիքներ ունին։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի խրատը կրնայ օգնել։ Օրինակ, Առակաց 13։10–ն ցոյց կու տայ որ երբեմն անտեղի կռիւներուն առաջքը կ’առնուի ‘խորհրդակցելով’։ Ասիկա չի նշանակեր որ անհատ մը պարզապէս իր տեսակէտը պէտք է յայտնէ, այլ՝ խրատ հարցնէ եւ նայի թէ ուրիշներուն կարծիքը ի՛նչ է այդ հարցին շուրջ։ Ասկէ զատ, ընտանեկան իրապաշտ պիւտճէ մը հաստատելը ընտանիքին միութեան կը նպաստէ։ Երբեմն անհրաժեշտ կ’ըլլայ՝ թերեւս ժամանակաւորապէս՝ որ երկու կողակիցներն ալ տունէն դուրս աշխատին յաւելեալ ծախսերը հոգալու համար, մանաւանդ երբ երախաներ կամ իրենցմէ կախեալ ուրիշներ կան։ Երբ այս ըլլայ պարագան, ամուսինը պէտք է իր կնոջ հաւաստիացնէ որ տակաւին իրեն համար ժամանակ ունի։ Զաւակներուն հետ, ան կրնայ սիրալիր կերպով օգնել կարգ մը գործերուն, զորս կինը սովորաբար առանձին կ’ընէր։—Փիլիպպեցիս 2։1-4

28. Ո՞ր վերյիշեցումները կրնան նպաստել ընտանիքի մը միութեան, եթէ անոնց հետեւին։

28 Սակայն, մի՛ մոռնաք որ թէեւ դրամը անհրաժեշտ է իրերու այս դրութեան մէջ, բայց անիկա ուրախութիւն չի բերեր։ Վստահաբար անիկա կեանք չի տար։ (Ժողովողի 7։12) Արդարեւ, նիւթական բաներու վրայ չափազանց շեշտ դնելը հոգեւոր եւ բարոյական քանդումի կրնայ առաջնորդել։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9-12) Որքա՜ն նախընտրելի է նախ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը փնտռել, վստահ ըլլալով որ կեանքի անհրաժեշտութիւնները ունենալու համար մեր ջանքերը Ինք պիտի օրհնէ։ (Մատթէոս 6։25-33. Եբրայեցիս 13։5) Հոգեւոր շահերը առաջին տեղը դնելով եւ ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն փնտռելով, պիտի տեսնէք որ ձեր տունը, որ թերեւս ժամանակ մը կարգ մը պատճառներով բաժնուած էր, իրապէս միացած պիտի ըլլայ, ամենակարեւոր մարզերուն մէջ։