Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՏԱՍՆԵՐԵՔ

Եթէ ձեր ամուսնութիւնը քայքայուելու վրայ է

Եթէ ձեր ամուսնութիւնը քայքայուելու վրայ է

1, 2. Երբ ամուսնութիւն մը ճնշումի տակ է, մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք։

ԼՈՒՉԻԱՆ՝ Իտալացի կին մը, 1988–ին շատ ընկճուած վիճակ մը ունէր։ * Իր ամուսնութիւնը տասը տարի ետք՝ քանդուելու վտանգին մէջ էր։ Ան բազմիցս փորձած էր իր ամուսնոյն հետ հաշտուիլ, բայց չէր յաջողած։ Ուստի, իրարու յարմար չըլլալով, ան բաժնուեցաւ եւ երկու աղջիկները ստիպուեցաւ առանձին մեծցնել։ Յետադարձ ակնարկ մը նետելով այդ ժամանակին վրայ, Լուչիան կը վերյիշէ. «Վստահ էի որ որե՛ւէ բան չէր կրնար փրկել մեր ամուսնութիւնը»։

2 Եթէ դուք ալ ամուսնական խնդիրներ ունիք, կրնաք հասկնալ Լուչիան։ Թերեւս ձեր ամուսնութիւնը վերիվայրումներ կ’ունենայ եւ հարց կու տաք թէ արդեօք զայն փրկելու միջոց մը կա՞յ։ Եթէ այս է պարագան, հետեւեալ հարցումը կրնայ օգնել ձեզի. Ամուսնութիւնս յաջողեցնելու համար Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ տուած բոլոր լաւ խրատներուն հետեւեցա՞յ։—Սաղմոս 119։105

3. Թէեւ ամուսնալուծումը ժողովրդական դարձած է, բայց ամուսնալուծուածներէն եւ անոնց ընտանիքներէն շատերուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղած է։

3 Երբ ամուսինի ու կնոջ միջեւ լարուածութիւն ըլլայ, ամուսնութիւնը լուծելը ամենէն դիւրին քայլը կը թուի։ Թէեւ շատ մը երկիրներու մէջ, քայքայուած ընտանիքներու թիւը յաւելում կրած է, բայց վերջին հետազօտութիւնները ցոյց կու տան որ ամուսնալուծուած տղամարդոց ու կիներու հսկայ մեծամասնութիւն մը կը զղջայ ասոր համար։ Անոնցմէ շատեր շատ աւելի մարմնաւոր եւ մտային առողջապահական խանգարումներ կ’ունենան, քան իրենց ամուսնութիւնը պահպանողները։ Ամուսնալուծուածներու զաւակներուն շփոթութիւնը եւ տխրութիւնը երբեմն տարիներ կը տեւեն։ Քանդուած ընտանիքին ծնողներն ու բարեկամներն ալ կը տառապին։ Իսկ Աստուած՝ ամուսնութեան Ծագում Տուողը՝ ի՞նչպէս կը դիտէ հարցը։

4. Ամուսնութեան մը մէջ եղած խնդիրները ի՞նչպէս պէտք է ձեռք առնուին։

4 Ինչպէս նշեցինք նախորդ գլուխին մէջ, Աստուած ծրագրած էր որ ամուսնութիւնը կենսատեւ կապ մը ըլլար։ (Ծննդոց 2։24) Արդ, ինչո՞ւ այսքան ամուսնութիւններ կը քայքայուին։ Անիկա մէկ օրէն միւսը չի պատահիր։ Ընդհանրապէս անիկա ազդանշաններ կու տայ։ Ամուսնութեան մէջ պզտիկ խնդիրներ հետզհետէ կը մեծնան մինչեւ որ անոնք անյաղթահարելի դառնան։ Բայց եթէ այդ խնդիրները անմիջապէս ձեռք առնուին Աստուածաշունչի օգնութեամբ, կարելի է ամուսնական շատ մը քայքայումներուն առաջքը առնել։

ԻՐԱՊԱՇՏ ԵՂԷՔ

5. Որեւէ ամուսնութեան մէջ ի՞նչ իրապաշտ վիճակներ պէտք է դիմագրաւել։

5 Կողակիցներէն մէկուն կամ երկուքին ունեցած անիրապաշտ ակնկալութիւնները կրնան խնդիրներու դուռ բանալ։ Սիրային վէպերը, ժողովրդական պարբերաթերթերը, հեռատեսիլի յայտագիրներն ու շարժապատկերները կրնան այնպիսի երազներու մէջ տանիլ, որոնք իրական կեանքին հետ բնաւ համապատասխան չեն։ Երբ այդ երազները անկատար մնան, անհատը խաբուած ու դժգոհ կրնայ զգալ եւ նոյնիսկ կը դառնանայ։ Ուստի, երկու անկատար անհատներ ի՞նչպէս կրնան ուրախութիւն գտնել ամուսնութեան մէջ։ Յաջող փոխյարաբերութիւն մը ձեռք ձգելը աշխատանք կը պահանջէ։

6. (աԱմուսնութեան մասին Աստուածաշունչը ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը կու տայ։ (բԱմուսնութեան մէջ կարգ մը անհամաձայնութիւններու պատճառները ի՞նչ են։

6 Աստուածաշունչը շատ գործնական է։ Ան ամուսնութեան տուած ուրախութեան գիտակցելով հանդերձ, կը զգուշացնէ որ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան»։ (Ա. Կորնթացիս 7։28) Ինչպէս արդէն նշեցինք, երկու կողմերն ալ անկատար են եւ՝ մեղանչելու հակամէտ։ Իւրաքանչիւր կողակից մտային եւ զգացական տարբեր կառոյց մը ունի։ Ամոլներ երբեմն դրամի, զաւակներու եւ երկկողմանի ընտանիքներու հարցով կրնան անհամաձայնութիւններ ունենալ։ Միասնաբար բաներ ընելու համար ժամանակի պակասն ու սեռային հարցերն ալ կրնան բախումներ յառաջացնել։ * Այսպիսի հարցեր ձեռք առնելը ժամանակի կը կարօտի, բայց մի՛ յուսահատիք։ Ամուսնացած զոյգերէն շատեր այսպիսի խնդիրներ յաջողութեամբ դիմագրաւած եւ երկուստեք ընդունելի լուծումներ գտած են։

ԹԻՒՐԻՄԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԵՑԷՔ

7, 8. Եթէ կողակիցներու միջեւ վիրաւորանքներ կամ թիւրիմացութիւններ եղած են, ի՞նչպէս կարելի է զանոնք ձեռք առնել սուրբ գրային գետնի վրայ։

7 Երբ վիրաւորանքներու, թիւրիմացութիւններու կամ անձնական զգացումներու մասին կը խօսին, շատեր իրենց հանդարտութիւնը չեն կրնար պահել։ Փոխանակ ուղղակիօրէն ըսելու՝ «զիս սխալ հասկցար», կողակից մը կրնայ զգացականօրէն մօտենալ հարցին եւ հարցը մեծցնել։ Շատեր կ’ըսեն. «Դուն միայն քու մասիդ կը մտածես». կամ, «Դուն զիս չե՛ս սիրեր»։ Վիճաբանութեան մէջ չմտնելու համար, միւս կողակիցը թերեւս չուզէ պատասխանել։

8 Աւելի լաւ լուծումն է Աստուածաշունչի խրատը կիրարկել. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ»։ (Եփեսացիս 4։26) Իրենց ամուսնութեան 60–րդ տարեդարձին հասած ամուսնացած ուրախ զոյգի մը հարցուեցաւ թէ ի՛նչ էր իրենց յաջող ամուսնութեան գաղտնիքը։ Ամուսինը ըսաւ. «Սորվեցանք պառկելէ առաջ մեր թիւրիմացութիւնները ուղղել, անոնք ո՛րքան ալ չնչին ըլլային»։

9. (աԸստ Աստուածաշունչի, ի՞նչ բան հաղորդակցութեան կենսական մէկ մասը կը կազմէ։ (բԿողակիցներ յաճախ ի՞նչ պէտք է ընեն, նոյնիսկ երբ ասիկա քաջութիւն եւ խոնարհութիւն կը պահանջէ։

9 Երբ ամուսին եւ կին անհամաձայնութիւն մը ունենան, ամէն մէկը պէտք է «արագ ըլլայ լսելու մէջ եւ ծանր՝ խօսելու եւ ծանր՝ բարկանալու մէջ»։ (Յակոբու 1։19) Ուշադրութեամբ մտիկ ընելէ ետք, երկուքն ալ կրնան ներողութիւն խնդրել։ (Յակոբու 5։16) Խոնարհութիւն եւ քաջութիւն կը պահանջէ անկեղծօրէն ըսել՝ «Ներողութիւն որ ցաւցուցի քեզ»։ Բայց խնդիրները այս կերպով ձեռք առնելը մեծապէս պիտի օգնէ որ ամուսնացած անհատներ ո՛չ միայն իրենց խնդիրները լուծեն, այլ նաեւ՝ ջերմ մտերմութիւն մը զարգացնեն եւ իրարու ընկերակցութենէն աւելի հաճոյք առնեն։

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔԸ ՎՃԱՐԵԼ

10. Կորնթոսի Քրիստոնեաներուն տրուած ո՞ր յանձնարարութիւնը կիրարկելի է արդի Քրիստոնեաներուն։

10 Երբ Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն նամակ գրեց, ան ամուսնութիւնը յանձնարարեց «պոռնկութիւնը արգիլելու համար»։ (Ա. Կորնթացիս 7։2) Ներկայիս աշխարհը վաղեմի Կորնթոսին չափ եւ անկէ ալ գէշ է։ Ներկայիս մարդոց խօսակցութեան անբարոյ նիւթերուն, անոնց հագած անպարկեշտ հագուստներուն, պարբերաթերթերուն, գրքերուն ու հեռատեսիլին ու շարժապատկերներուն մատուցած ցանկասէր պատմութիւններուն միակ նպատակն է՝ ապօրինի կերպով սեռային ախորժակը գրգռել։ Նման միջավայրի մէջ ապրող Կորնթացիներուն Պօղոս գրեց. «Աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ»։—Ա. Կորնթացիս 7։9

11, 12. (աԱմուսին եւ կին ի՞նչ պարտք ունին իրարու հանդէպ, եւ անիկա ի՛նչպիսի հոգիով պէտք է տան։ (բԵթէ ամուսնական պարտքը պէտք է ժամանակաւորապէս առկախուի, այս կացութիւնը ի՞նչպէս պէտք է ձեռք առնուի։

11 Ուստի, Աստուածաշունչը ամուսնացած Քրիստոնեաներուն կը պատուիրէ. «Այրը թող իր կնոջ պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան»։ (Ա. Կորնթացիս 7։3) Նկատի առէք որ շեշտը տա՛լու վրայ դրուած է, ո՛չ թէ՝ պահանջելու։ Ամուսնութեան մէջ ֆիզիքական մտերմութիւնը իրապէս գոհացում կու տայ, եթէ կողակիցներ իրարու բարօրութիւնը փնտռեն։ Օրինակ, Աստուածաշունչը այրերուն կը պատուիրէ որ իրենց կիներուն հետ «խոհեմութիւնով» վարուին։ (Ա. Պետրոս 3։7) Ասիկա մասնաւորաբար կարեւոր է ամուսնական պարտքը տալու եւ ստանալու համար։ Կնոջ մը համար դժուար պիտի ըլլայ ամուսնական այս երեսակէն հաճոյք առնել, եթէ իրեն քնքշութեամբ չմօտեցուի։

12 Կրնայ պատահիլ որ կողակիցներ իրար զրկեն ամուսնական պարտքէն։ Ասիկա կրնայ պատահիլ երբ կին մը շատ յոգնած, կամ ամսուան մէջ որոշ օրերու մէջ է։ (Բաղդատել՝ Ղեւտացւոց 18։19։) Իսկ ամուսինին պարագային՝ երբ ան գործին մէջ լուրջ խնդիր մը ունի, կամ զգացականօրէն սպառած կը զգայ։ Ամուսնական պարտքը վճարելու մէջ այսպիսի զլացումներ աւելի լաւ կերպով ձեռք կ’առնուին, երբ երկուքը իրարու հետ անկեղծօրէն խօսին եւ ‘միաբանին’։ (Ա. Կորնթացիս 7։5) Ասիկա արգելք պիտի հանդիսանայ որ կողակիցներէն ոեւէ մէկը անմիջապէս սխալ ենթադրութիւններ ընէ։ Սակայն, եթէ կին մը նպատակով կը զրկէ իր ամուսինը, կամ եթէ ամուսին մը ամուսնական պարտքը սիրալիր կերպով տալու մէջ գիտակցաբար զլանայ, դիմացինը փորձութեան մէջ կրնայ ձգել։ Այսպիսի պարագաներու, ամուսնութեան մէջ խնդիրներ կրնան ծագիլ։

13. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան աշխատիլ որ իրենց խորհուրդները մաքուր մնան։

13 Բոլոր Քրիստոնեաներու նման, ամուսնացած անհատներն ալ պէտք է խուսափին պոռնկագրութենէ, որ կրնայ պիղծ եւ անբնական ցանկութիւններ յառաջացնել։ (Կողոսացիս 3։5) Անոնք իրենց խորհուրդներուն ու արարքներուն վրայ ալ պէտք է հսկեն, երբ հակառակ սեռի պատկանող ոեւէ մէկու հետ գործ ունենան։ Յիսուս զգուշացուց. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։ (Մատթէոս 5։28) Սեռի նկատմամբ Աստուածաշունչի խրատին հետեւելով, ամուսնացած զոյգեր պէտք է կարենան փորձութեան ու պոռնկութիւն գործելու ծուղակին մէջ իյնալէ զգուշանալ։ Անոնք կրնան ամուսնութեան մէջ հաճելի մտերմութիւն մը վայելել, ուր սեռը արժեւորուած է որպէս ամուսնութեան Ծագում Տուողէն՝ Եհովայէ՝ տրուած պարգեւ մը։—Առակաց 5։15-19

ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՀԻՄԸ

14. Երբեմն ի՞նչ գէշ կացութեան մը առջեւ կրնանք գտնուիլ։

14 Բարեբախտաբար, ընդհանրապէս Քրիստոնեայ ամուսնութիւններուն մէջ յարուցուած հարցերը կարելի է ձեռք առնել։ Սակայն երբեմն, պարագան այս չէ։ Քանի որ մարդիկ անկատար են եւ Սատանայի հսկողութեան ներքեւ եղող մեղաւոր աշխարհի մը մէջ կ’ապրին, կարգ մը ամուսնութիւններ կը քայքայուին։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Քրիստոնեաները ի՞նչպէս պէտք է վարուին այսպիսի փորձիչ պարագաներուն։

15. Ամուսնալուծուելու եւ վերամուսնանալու համար ի՞նչ է սուրբ գրային միակ հիմը։

15 Ինչպէս այս գրքին 2–րդ Գլուխին մէջ յիշուած է, ամուսնալուծուելու եւ վերստին ամուսնանալու կարող ըլլալու սուրբ գրային միա՛կ հիմը՝ պոռնկութիւնն է։ * (Մատթէոս 19։9) Եթէ հաստատ փաստ ունիք որ ձեր կողակիցը անհաւատարիմ գտնուած է, ուրեմն դժուար որոշումի մը դիմաց կը գտնուիք։ Ձեր ամուսնութիւնը պիտի շարունակէ՞ք՝ թէ ոչ պիտի ամուսնալուծուիք։ Այս մասին կանոններ չկան։ Կարգ մը Քրիստոնեաներ անկեղծօրէն զղջացող կողակիցի մը ամբողջովին ներած են եւ այս կերպով պահպանուած ամուսնութիւնը լաւ արդիւնք տուած է։ Ուրիշներ, զաւակներուն սիրոյն՝ չեն ամուսնալուծուած։

16. (աԻ՞նչ պատճառներով ոմանք ամուսնալուծուած են իրենց մոլորած կողակիցէն։ (բԵրբ անմեղ կողակից մը որոշէ ամուսնալուծուիլ կամ՝ ոչ, ինչո՞ւ ոեւէ մէկը պէտք չէ քննադատէ անոր որոշումը։

16 Բայց կրնայ ըլլալ որ մեղաւոր արարքին պատճառաւ յղութիւն յառաջացած է, կամ սեռային գետնի վրայ հիւանդութիւն փոխանցուած է։ Կամ թերեւս զաւակները պէտք է պաշտպանել սեռային գետնի վրայ եղծանող ծնողէ մը։ Վերջապէս, որոշումի մը յանգելէ առաջ, շատ բաներ նկատի պէտք է առնուին։ Սակայն, ձեր կողակիցին անհաւատարմութենէն տեղեակ ըլլալէ ետք, եթէ անոր հետ սեռային յարաբերութիւն ունենաք, կը նշանակէ որ ներած էք անոր եւ կը փափաքիք ձեր ամուսնութիւնը շարունակել։ Այլեւս սուրբ գրային գետնի վրայ ամուսնալուծուելու եւ վերամուսնանալու կարող ըլլալու հիմ չէք ունենար։ Ոեւէ մէկը իր քիթը խոթելով պէտք չէ ազդէ ձեր որոշումին, ո՛չ ալ ոեւէ մէկը պէտք է քննադատէ ձեր առած որոշումը։ Ձեր որոշումին հետեւանքները դո՛ւք պիտի կրէք։ «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ»։—Գաղատացիս 6։5

ԲԱԺԱՆՈՒՄԻ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ

17. Եթէ հարցին մէջ պոռնկութիւն չկայ, Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կը սահմանափակէ բաժանումը կամ ամուսնալուծումը։

17 Կա՞ն պարագաներ, երբ բաժանումը կամ առանց պոռնկութիւն գործուած ըլլալու կողակիցէն ամուսնալուծուիլը արդարացի ըլլայ։ Այո, բայց այս պարագային, Քրիստոնեան չի կրնար վերամուսնութեան մասին մտածել։ (Մատթէոս 5։32) Թէեւ Աստուածաշունչը կը թոյլատրէ բաժանումը, բայց պայման կը դնէ որ մեկնողը «առանց ամուսնանալու մնայ, կամ իր էրկան հետ հաշտուի»։ (Ա. Կորնթացիս 7։11) Ո՞ր ծայրայեղ պարագաներուն բաժանումը յանձնարարելի է։

18, 19. Ո՞ր ծայրայեղ պարագաներու ներքեւ կողակից մը կը կշռէ առանց վերամուսնանալու՝ օրինական կերպով բաժնուելու կամ ամուսնալուծուելու կարելիութիւնը։

18 Ամուսինին չափազանց ծուլութեան կամ գէշ սովորութիւններուն պատճառաւ ընտանիքը չքաւոր վիճակ մը կրնայ ունենալ։ * Ան թերեւս ընտանիքին եկամուտը բախտախաղի կու տայ, կամ՝ թմրեցուցիչի կամ խմիչքի իր մոլութիւնը շարունակելու համար կը գործածէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բայց եթէ մէկը . . . իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։ (Ա. Տիմոթէոս 5։8) Եթէ այսպիսի մէկը մերժէ իր ընթացքը փոխել, թերեւս իր մոլութեան համար նոյնիսկ իր կնոջ շահն ալ ձեռքէն առնելով, այս պարագային կինը իր եւ իր զաւակներուն բարօրութիւնը պաշտպանելու համար, օրինաւոր բաժանում կրնայ ձեռք ձգել։

19 Այսպիսի օրինական քայլերու կարելի է դիմել նաեւ, երբ մէկը չափազանց վայրագ է իր կողակիցին հանդէպ, թերեւս անոր առողջութեան վնաս հասցնելու կամ կեանքը վտանգի տակ ըլլալու աստիճան յաճախ ծեծելով զինք։ Ասկէ զատ, եթէ մէկը յարատեւաբար կը ջանայ իր կողակիցին ստիպել որ կերպով մը Աստուծոյ պատուէրը բեկանէ, այս պարագային ալ սպառնալիքի տակ եղող կողակիցը կրնայ բաժանումի մասին մտածել, մանաւանդ երբ իր հոգեւորականութիւնը վտանգուելու աստիճանի հասնի։ Վտանգի տակ եղող կողակիցը կրնայ եզրակացնել որ ‘առաւել Աստուծոյ հնազանդելու’ միակ կերպը օրինական կերպով բաժնուիլն է։—Գործք 5։29

20. (աԸնտանեկան քայքայումի պարագային, հասուն բարեկամներ եւ երէցներ ի՞նչ կրնան մատուցանել եւ ի՛նչ՝ չեն կրնար։ (բԱմուսնացած անհատներ բաժանումի կամ ամուսնալուծման համար Աստուածաշունչի յանձնարարութիւնները ի՞նչ բանի համար պէտք չէ գործածեն։

20 Կողակիցի կողմէ նախատինքի որեւէ ծայրայեղ պարագայի, ոե՛ւէ մէկը ճնշում պէտք չէ բանեցնէ անմեղ անհատին վրայ, որպէսզի ան զատուի կամ իր կողակիցին հետ մնայ։ Թէեւ հասուն բարեկամներ եւ երէցներ կրնան օգնել եւ սուրբ գրային խրատներ մատուցանել, բայց անոնք չեն կրնար գիտնալ ամուսինի ու կնոջ միջեւ եղող բոլոր մանրամասնութիւնները։ Միայն Եհովան կրնայ տեսնել ատիկա։ Անշուշտ, Քրիստոնեայ կին մը ամուսնութեան վերաբերեալ Աստուծոյ կարգադրութիւնը պատուած չ’ըլլար, եթէ ամուսնութենէն ձեռք քաշելու համար որեւէ տկար պատճառաբանութիւն գործածէ։ Բայց եթէ չափազանց վտանգաւոր կացութիւն մը յարատեւէ, ոեւէ մէկը պէտք չէ քննադատէ զինք, եթէ ան նախընտրէ բաժնուիլ։ Նոյն բանը կարելի է ըսել բաժնուիլ փափաքող Քրիստոնեայ ամուսինի մը համար։ «Ամէնքս ալ Քրիստոսին [«Աստուծոյ», ՆԱ] ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք»։—Հռովմայեցիս 14։10

ՔԱՆԴՈՒԱԾ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ ՓՐԿՈՒԵՑԱՒ

21. Ո՞ր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ ամուսնութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի խրատները գործնական են։

21 Յօդուածին սկիզբը յիշուած Լուչիան իր ամուսինէն բաժնուելէն երեք ամիս ետք, Եհովայի Վկաներու հանդիպեցաւ եւ անոնց հետ սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ան կը բացատրէ. «Մեծապէս զարմացայ որ Աստուածաշունչը իմ խնդրիս գործնական լուծում մը կը մատուցանէր։ Ուսումնասիրութենէն միայն շաբաթ մը ետք, ուզեցի ամուսինիս հետ հաշտուիլ։ Այսօր կրնամ ըսել որ Եհովա գիտէ ի՛նչպէս փրկել տագնապի մէջ եղող ամուսնութիւնները, քանի որ իր ուսուցումները կողակիցներուն կ’օգնեն որ զիրար յարգել սորվին։ Շիտակ չէ երբ մարդիկ կ’ըսեն որ Եհովայի Վկաները ընտանիքներ կը բաժնեն։ Իմ պարագայիս՝ ճիշդ հակառակը եղաւ»։ Լուչիան սորվեցաւ իր կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկել։

22. Բոլոր ամուսնացած անհատները ի՞նչ բանի վրայ վստահութիւն պէտք է ունենան։

22 Լուչիան բացառութիւն չի կազմեր։ Ամուսնութիւնը օրհնութիւն մը պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ՝ բեռ մը։ Այս նպատակով, Եհովա ամուսնական խրատի համար լաւագոյն աղբիւրը հայթայթած է՝ իր թանկարժէք Խօսքը։ Աստուածաշունչը՝ «տգէտը իմաստուն կ’ընէ»։ (Սաղմոս 19։7-11) Անիկա քանդուելու վրայ եղող բազմաթիւ ամուսնութիւններ փրկած եւ լուրջ խնդիրներ ունեցող ուրիշներ՝ բարելաւած է։ Կը մաղթենք որ բոլոր ամուսնացած անհատները կատարեալ վստահութիւն ունենան ամուսնութեան վերաբերեալ Եհովա Աստուծոյ տուած խրատներուն վրայ։ Անոնք ի՛րապէս գործնական են։

^ պարբ. 1 Անունը փոխուած է։

^ պարբ. 6 Նման մարզերու մասին խօսուած է նախորդ գլուխներուն մէջ։

^ պարբ. 15 «Պոռնկութիւն» թարգմանուած Աստուածաշունչի արտայայտութիւնը կը բովանդակէ շնութիւն, միասեռականութիւն, անասնապղծութիւն, կամ սեռային գործարաններու գործածութեամբ որեւէ ապօրինի արարք։

^ պարբ. 18 Ասոր մէջ չեն իյնար պարագաներ, երբ ամուսինը փափաք ունենալով հանդերձ կարող չէ իր ընտանիքին կարիքները հոգալ, կամքէ անկախ պատճառներով, թերեւս հիւանդութեան կամ անգործութեան պատճառաւ։