Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարձր ծառին խորհուրդը կը պարզուի

Բարձր ծառին խորհուրդը կը պարզուի

Գլուխ վեց

Բարձր ծառին խորհուրդը կը պարզուի

1. Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչ հարցումներու դուռ կը բանայ։

 ԵՀՈՎԱ արտօնեց որ Նաբուգոդոնոսոր Թագաւոր աշխարհակալ մը ըլլայ։ Որպէս Բաբելոնի միապետը, ան նիւթական գետնի վրայ ինչ որ կը ցանկար՝ ունէր. մեծ հարստութիւն, փարթամ սեղան եւ հոյակապ պալատ մը։ Բայց յանկարծ նուաստացում կրեց։ Մտային խանգարում ունենալով, Նաբուգոդոնոսոր անասունի մը պէս վարուեցաւ։ Արքունի սեղանէն եւ կայսերական բնակարանէն հեռացուելով, դաշտերու մէջ ապրեցաւ եւ արջառի պէս խոտ կերաւ։ Ինչ բան այս աղէտին առաջնորդեց եւ ասիկա ինչո՛ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ։—Համեմատել՝ Յոբայ 12։17-19. Ժողովողի 6։1, 2։

Թագաւորը կը Պանծացնէ Բարձրեալը

2, 3. Բաբելոնի թագաւորը կը փափաքէր որ իր հպատակները ի՞նչ գիտնային, եւ ան ի՞նչպէս կը նկատէր Բարձրեալ Աստուածը։

2 Մտային այդ ամբողջական քայքայումէն ապաքինուելէն անմիջապէս ետք, Նաբուգոդոնոսոր իր ամբողջ թագաւորութեան մէջ արտակարգ տեղեկագրութիւն մը ղրկեց, բացատրելով պատահածը։ Եհովա ներշնչեց Դանիէլ մարգարէն որ այս իրադարձութիւններուն մասին ճշգրիտ արձանագրութիւն մը պահէ։ Ան հետեւեալ բառերով կը սկսի. «Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ բոլոր երկրին վրայ բնակող բոլոր ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն՝ ‘Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ։ Ինծի հաճոյ երեւցաւ, որ Բարձրեալ Աստուծոյն ինծի ըրած նշաններն ու հրաշքները ձեզի յայտնեմ։ Անոր նշանները որքա՜ն մեծ ու հրաշքները որքա՜ն զօրաւոր են. անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է ու անոր իշխանութիւնը դարէ դար կը մնայ’»։—Դանիէլ 4։1-3

3 Նաբուգոդոնոսորի հպատակները ‘բոլոր երկրին վրայ կը բնակէին’. իր կայսրութիւնը Աստուածաշունչի մէջ արձանագրուած աշխարհին մեծ մասը կ’ընդգրկէր։ Դանիէլի Աստուծոյն մասին թագաւորը ըսաւ. «Անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է»։ Այս խօսքերը որքա՜ն պանծացուցին Եհովան ամբողջ Բաբելոնական Կայսրութեան մէջ։ Ասկէ զատ, ասիկա երկրորդ անգամն էր որ Նաբուգոդոնոսորի ցոյց կը տրուէր թէ միայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը յաւերժական է եւ «յաւիտեան» կը մնայ։—Դանիէլ 2։44

4. Նաբուգոդոնոսորի կապակցաբար, Եհովայի «նշաններն ու հրաշքները» ի՞նչպէս սկսան։

4 ‘Բարձրեալ Աստուած’ ի՞նչ ‘նշաններ ու հրաշքներ’ ըրաւ։ Ասոնք սկսան թագաւորին անձնական փորձառութեամբ, զոր ան հետեւեալ կերպով պատմեց. «Ես Նաբուգոդոնոսոր՝ երբ իմ տանս մէջ հանգիստ էի ու պալատիս մէջ կը զուարճանայի, երազ մը տեսայ, որ զիս վախցուց եւ անկողնիս վրայ իմ խորհուրդներս ու իմ գլխուս տեսիլքները զիս խռովեցուցին»։ (Դանիէլ 4։4, 5) Բաբելոնացի թագաւորը այս խռովեցուցիչ երազին համար ի՞նչ ըրաւ։

5. Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչպէս կը նկատէր Դանիէլը եւ ինչո՛ւ։

5 Նաբուգոդոնոսոր Բաբելոնի իմաստունները կանչեց եւ անոնց պատմեց երազը։ Բայց անոնք ամենեւին չկարողացան զայն մեկնել։ Արձանագրութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Վերջապէս Դանիէլը առջեւս եկաւ, որուն անունը իմ աստուծոյս անուանը համեմատ Բաղտասասար կը կոչուի եւ որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Անոր առջեւ երազը պատմեցի»։ (Դանիէլ 4։6-8) Դանիէլի պալատական անունը Բաղտասասար էր, իսկ այն չաստուածը զոր թագաւորը կոչեց ‘իմ աստուածս’՝ Բէլը, Նաբուն կամ Մարդոկը ըլլալու էր։ Բազմաստուածեան մը ըլլալով, Նաբուգոդոնոսոր Դանիէլը նկատեց որպէս մէկը «որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին» կար։ Իսկ Բաբելոնի բոլոր իմաստուններուն վրայ որպէս իշխան Դանիէլի դիրքին պատճառաւ, թագաւորը անոր ակնարկեց որպէս ‘մոգերու իշխան’։ (Դանիէլ 2։48. 4։9. համեմատել՝ Դանիէլ 1։20։) Անշուշտ, հաւատարիմ Դանիէլ որեւէ ատեն Եհովայի պաշտամունքը մէկդի դնելով կախարդութեամբ չզբաղեցաւ։—Ղեւտացւոց 19։26. Բ. Օրինաց 18։10-12

Հսկայ Ծառ մը

6, 7. Նաբուգոդոնոսորի երազը ի՞նչպէս կրնաք նկարագրել։

6 Բաբելոնի թագաւորին խռովեցուցիչ երազին բովանդակութիւնը ի՞նչ էր։ Նաբուգոդոնոսոր ըսաւ. «Իմ անկողնիս մէջ գլխուս տեսիլքները ասոնք էին։ Ես կը տեսնէի, որ երկրի մէջ ծառ մը կար։ Ան շատ բարձր էր։ Այն ծառը մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի ծայրերէն կը տեսնուէր։ Անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր։ Անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար։ Դաշտի անասունները անոր շուքին տակ կը նստէին ու երկնքի թռչունները անոր ոստերուն վրայ կը բնակէին։ Ամէն մարմին անկէ կը կերակրուէր»։ (Դանիէլ 4։10-12) Կ’ըսուի որ Նաբուգոդոնոսոր Լիբանանի հսկայական մայրիները շատ կը սիրէր, զանոնք տեսնելու գնաց եւ քանի մը հատ Բաբելոն բերել տուաւ որպէս ատաղձ։ Բայց իր երազին մէջ տեսած ծառին նման բան մը բնաւ չէր տեսած։ Անիկա «երկրի մէջ» աչքի զարնող տեղ մը կը գրաւէր. անիկա երկրին ամէն ծայրերէն կը տեսնուէր, եւ այնքան արգասաբեր էր որ բոլոր մարմնի համար կերակուր կը հայթայթէր։

7 Բայց միայն այսքան չէր, քանի որ Նաբուգոդոնոսոր աւելցուց. «Երազիս մէջ տեսայ, որ երկնքէն սուրբ պահապան մը իջաւ։ Անիկա ուժով կանչեց ու այսպէս ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք, ոստերը մէկդի հանեցէ՛ք, տերեւները թօթափեցէ՛ք ու պտուղները ցրուեցէ՛ք։ Անոր տակէն անասունները ոստերէն թռչունները թող փախչին. բայց արմատները երկրին մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ եւ պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թող թրջուի եւ անոր բաժինը անասուններու հետ երկրի խոտին մէջ թող ըլլայ’»։—Դանիէլ 4։13-15

8. Ո՞վ էր «պահապան»ը։

8 Բաբելոնացիները իրենց կրօնական համոզումը ունէին բարի ու չար հոգեղէն արարածներուն մասին։ Բայց երկինքէն իջնող այս «պահապան»ը կամ պահակը ո՞վ էր։ Քանի որ «սուրբ» կոչուած էր, անիկա Աստուած ներկայացնող արդար հրեշտակ մըն էր։ (Համեմատել՝ Սաղմոս 103։20, 21։) Պահ մը երեւակայեցէք այն հարցումները, որոնք տողանցեցին Նաբուգոդոնոսորի մտքին մէջ։ Ինչո՞ւ կտրել ծառը. երկաթէ եւ պղնձէ կապանքներով արմատներուն աճումը արգիլելուն օգուտը ի՞նչ է։ Արդարեւ, միմիայն կոճղը ի՞նչ բանի պիտի ծառայէր։

9. Պահապանին բուն ըսածը ի՞նչ էր, եւ ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։

9 Նաբուգոդոնոսոր ամբողջովին խորհուրդներու մէջ ընկղմած ըլլալու էր, լսելով պահապանին յաջորդ խօսքերը. «Անոր միտքը [«սիրտը», ՆԱ] մարդու մտքէն [«սրտէն», ՆԱ] թող փոխուի ու անոր անասունի միտք [«սիրտ», ՆԱ] թող տրուի։ Անոր վրայէն եօթը ժամանակ թող անցնի։ Այս վճիռը՝ պահապաններուն հրամանովն է ու այս որոշումը՝ սուրբերուն խօսքովն է. որպէս զի ապրողները գիտնան թէ Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ ու անոր վրայ մարդոց անարգը կը դնէ»։ (Դանիէլ 4։16, 17) Ծառի մը արմատը իր մէջ բաբախող մարդկային սիրտ մը չունի։ Ուստի, ծառի մը արմատին ի՞նչպէս անասունի սիրտ մը պիտի տրուի։ Ի՞նչ է «եօթը ժամանակ»ը։ Իսկ այս բոլորը ի՞նչ կապ ունին «մարդոց թագաւորութեանը» վրայ իշխելուն հետ։ Վստահաբար Նաբուգոդոնոսոր կը փափաքէր գիտնալ այս բոլորը։

Թագաւորին Համար Գէշ Լուր

10. (ա) Սուրբ գրային լեզուով, ծառերը ի՞նչ կրնան խորհրդանշել։ (բԲարձր ծառը ի՞նչ կը ներկայացնէ։

10 Երազը լսելով, Դանիէլ պահ մը ապշած ու ապա ահաբեկած մնաց։ Երբ Նաբուգոդոնոսոր ստիպեց որ զայն բացատրէ, մարգարէն ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, երազը՝ քեզ ատողներուն ու անոր մեկնութիւնը քու թշնամիներուդ ըլլայ։ Այն ծառը, որ մեծցաւ եւ ուժովցաւ . . . անիկա դո՛ւն ես, ո՛վ թագաւոր, որ մեծցար եւ ուժովցար եւ քու մեծութիւնդ բարձրացաւ ու մինչեւ երկինք հասաւ եւ քու իշխանութիւնդ մինչեւ երկրի ծայրերը հասաւ»։ (Դանիէլ 4։18-22) Սուրբ Գրքին մէջ ծառերը անհատներ, կառավարիչներ եւ թագաւորութիւններ կրնան խորհրդանշել։ (Սաղմոս 1։3. Երեմեայ 17։7, 8. Եզեկիէլ 31–րդ գլուխ) Իր երազին մէջի բարձր ծառին նման, Նաբուգոդոնոսոր որպէս աշխարհակալ ոյժի մը գլուխը՝ ‘մեծցած եւ ուժովցած’ էր։ Բայց բարձր ծառը կը ներկայացնէր ‘մինչեւ երկրի ծայրերը հասնող իշխանութիւնը’, մէջը ըլլալով մարդոց ամբողջ թագաւորութիւնը։ Հետեւաբար, անիկա կը խորհրդանշէ Եհովայի տիեզերական գերիշխանութիւնը, մասնաւորաբար երկրի կապակցաբար։—Դանիէլ 4։17

11. Թագաւորին երազը ի՞նչպէս ցոյց կու տար թէ ինք նուաստացուցիչ փոփոխութեան մը պիտի ենթարկուէր։

11 Նուաստացուցիչ փոփոխութիւն մը կը սպասէր Նաբուգոդոնոսորի։ Այս փոփոխութեան ակնարկելով, Դանիէլ աւելցուց. «Թագաւորը սուրբ պահապան մը տեսաւ, որ երկնքէն իջաւ ու ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք ու զանիկա տապալեցէ՛ք, բայց անոր արմատներն ու կոճղը երկրի մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ եւ պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թրջուի եւ անոր բաժինը դաշտի անասուններուն հետ թող ըլլայ, մինչեւ անոր վրայէն եօթը ժամանակ անցնի’. այս է մեկնութիւնը, ո՛վ թագաւոր, այս է Բարձրեալին վճիռը, որ իմ թագաւոր տիրոջս վրայ հասած է»։ (Դանիէլ 4։23, 24) Վստա՛հաբար հզօր թագաւորին այսպիսի պատգամ մը տալը քաջութիւն կը պահանջէր։

12. Նաբուգոդոնոսորի գլխուն ի՞նչ պիտի գար։

12 Նաբուգոդոնոսորի գլխուն ի՞նչ պիտի գար։ Երեւակայեցէք անոր հակազդեցութիւնը, մինչ Դանիէլ կը շարունակէ. «Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ ու քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու երկնքի ցօղովը թրջուիս եւ քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ»։ (Դանիէլ 4։25) Երեւութապէս, Նաբուգոդոնոսորի պալատականներն իսկ զինք ‘մարդոց մէջէն պիտի վռնտէին’։ Արդեօք կարեկից խաշնարածներ կամ հովիւներ անոր հոգ պիտի տանէի՞ն։ Ո՛չ, քանի որ Աստուած վճռած էր որ Նաբուգոդոնոսոր «դաշտի անասուններուն» հետ պիտի բնակէր ու խոտ պիտի ուտէր։

13. Ծառին երազը ի՞նչ կը նախագուշակէր որպէս աշխարհակալ Նաբուգոդոնոսորի դիրքին մասին։

13 Ճիշդ ինչպէս որ ծառը կտրուած էր, նոյն կերպով ալ Նաբուգոդոնոսոր գահընկէց պիտի ըլլար որպէս աշխարհակալ՝ բայց միայն որոշ ժամանակ մը։ Դանիէլ բացատրեց. «Բայց երբ ըսուեցաւ թէ ‘Այն ծառին արմատները թող մնան’, կը նշանակէ թէ երկնաւոր իշխանութիւնը ճանչնալէդ ետքը՝ քու թագաւորութիւնդ պիտի վերահաստատուի»։ (Դանիէլ 4։26) Նաբուգոդոնոսորի երազին մէջ, թոյլ տրուեցաւ որ ինկած ծառին արմատը կամ կոճղը մնայ, թէեւ կապուած, որպէսզի չկարենայ աճիլ։ Նոյն կերպով, Բաբելոնի թագաւորին «արմատները» պիտի մնային, թէեւ պիտի կապուէին որպէսզի «եօթը ժամանակ» չկարենար ծաղկիլ։ Որպէս աշխարհակալ, իր դիրքը ծառին կապուած կոճղին պէս պիտի ըլլար. անիկա ապահով պիտի մնար մինչեւ եօթը ժամանակ անցնէր անոր վրայէն։ Եհովա հոգ պիտի տանէր որ այդ միջոցին ոեւէ մէկը չյաջորդէր Նաբուգոդոնոսորի, որպէս Բաբելոնի միահեծան իշխանը. թէեւ իր որդին, որու անունն էր Եղմարովդաք, հաւանաբար որպէս կառավարիչ իր տեղ իշխեց։

14. Դանիէլ յորդորեց որ Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչ ընէր։

14 Նաբուգոդոնոսորի մասին եղած նախագուշակութեան ի տես, Դանիէլ խիզախօրէն յորդորեց. «Անոր համար, ո՛վ թագաւոր, թող իմ թելադրութիւնս քեզի հաճելի երեւնայ, քու մեղքերդ արդարութեամբ ու քու անօրէնութիւններդ աղքատներուն ողորմելով մէկդի ձգէ. թերեւս հանգստութիւնդ երկարի»։ (Դանիէլ 4։27) Եթէ Նաբուգոդոնոսոր իր հարստահարող եւ հպարտ մեղաւոր ընթացքը փոխէր, թերեւս հարցերը տարբեր ըլլային իրեն համար։ Չէ՞ որ շուրջ երկու դար առաջ Եհովա որոշած էր Ասորեստանի մայրաքաղաքին՝ Նինուէի՝ բնակիչները բնաջնջել, բայց անկէ ետ կեցաւ, քանի որ անոր թագաւորը եւ ժողովուրդը զղջացին։ (Յովնանու 3։4, 10. Ղուկաս 11։32) Հպարտ Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչ պիտի ընէր. իր ընթացքը պիտի փոխէ՞ր։

Երազին Առաջին Կատարումը

15. (ա) Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչ կեցուածք շարունակեց ցուցաբերել։ (բԱրձանագրութիւններ ի՞նչ ցոյց կու տան Նաբուգոդոնոսորի գործունէութիւններուն մասին։

15 Նաբուգոդոնոսոր իր հպարտութեան մէջ մնաց։ Ծառի երազէն շուրջ 12 ամիս ետք, երբ իր պալատի տանիքին վրայ կը ճեմէր, ան յոխորտաց. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի»։ (Դանիէլ 4։28-30) Նեբրովթ հիմնած էր Բաբելոնը, բայց Նաբուգոդոնոսորի օրով ան փառքի տիրացաւ։ (Ծննդոց 10։8-10) Սեպագիր իր մէկ արձանագրութեան մէջ, ան կը պարծենայ. «Նաբուգոդոնոսոր, Բաբելոնի Թագաւոր, Եսակիլան եւ Եզիտան վերակառուցանողը, Նաբուպալասարի որդին եմ ես։ . . . Եսակիլայի ու Բաբելոնի ամրութիւնները ես զօրացուցի եւ իմ իշխանութեանս անունը հաստատեցի յաւիտենապէս»։ (Հնագիտութիւնը եւ Աստուածաշունչը, Ճորճ Ա. Պարթընի կողմէ, 1949, էջ 478-479, Անգլերէն) Ուրիշ արձանագրութիւն մը իր վերանորոգած կամ վերակառուցած 20 տաճարներուն կ’ակնարկէ։ Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Նաբուգոդոնոսորի իշխանութեան ներքեւ, Բաբելոն վաղեմի աշխարհին ամենէն շքեղ քաղաքներէն մէկը դարձաւ։ Իր իսկ արձանագրութեանց մէջ, ան հազուադէպօրէն խօսած է իր զինուորական գործունէութիւններուն մասին, սակայն գրած է իր շինարարական ծրագիրներուն եւ Բաբելոնիայի աստուածներուն հանդէպ իր հոգածութեան մասին։ Հաւանաբար Նաբուգոդոնոսորն էր որ Բաբելոնի Կախուած Պարտէզները շինեց, որոնք Վաղեմի Աշխարհին Եօթը Հրաշալիքներէն մէկն են»։

16. Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչպէս պիտի նուաստացուէր։

16 Թէեւ պարծենկոտ էր, հպարտ Նաբուգոդոնոսոր պիտի նուաստացուէր։ Ներշնչեալ արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «Երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր, երկնքէն ձայն մը իջաւ. ‘Քեզի՛ կ’ըսուի, ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր, թագաւորութիւնը քեզմէ գնաց։ Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ, քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ’»։—Դանիէլ 4։31, 32

17. Ի՞նչ պատահեցաւ հպարտ Նաբուգոդոնոսորին, եւ ան շուտով ինքզինք ի՞նչ վիճակի մէջ գտաւ։

17 Իսկոյն Նաբուգոդոնոսոր խելագարեցաւ։ Մարդոց մէջէն հեռացուելով, ան «արջառներու պէս» խոտ կերաւ։ Դաշտի անասուններուն հետ ըլլալով, վստահաբար ան իրական դրախտի մը խոտերուն վրայ պարապ սարապ նստած, ամէն օր թարմ օդ շնչելով չէր անցըներ իր ժամանակը։ Ներկայ Իրաքին մէջ, ուր Բաբելոնի աւերակները կան, ամառուան ամիսներուն ջերմութեան աստիճանը 50 Ս. բարձրանալով մինչեւ զէրոյէն շատ վար կ’իջնէ ձմեռ ատեն։ Անխնամ ձգուած եւ տարերքներուն յանձնուած, Նաբուգոդոնոսորի երկար ու թնճկոտած մազերը արծիւներու փետուրներուն պէս, իսկ իր ձեռքի ու ոտքի մատներուն երկարած եղունգները թռչուններու մագիլներու նման եղած էին։ (Դանիէլ 4։33) Այս հպարտ աշխարհակալին համար ի՜նչ նուաստացում էր ասիկա։

18. Եօթը ժամանակի ընթացքին, Բաբելոնի գահին ի՞նչ պատահեցաւ։

18 Նաբուգոդոնոսորի երազին մէջ, բարձր ծառը տապալած, եւ անոր աճը արգիլելու համար, անոր կոճղը եօթը ժամանակ կապուած էր։ Նոյն կերպով, երբ Եհովա խելագարութեամբ զարկաւ զինք, Նաբուգոդոնոսոր «իր թագաւորութեան աթոռէն ինկաւ»։ (Դանիէլ 5։20) Արդարեւ, ասիկա թագաւորին սիրտը մարդու սրտէն՝ անասունի սրտի փոխեց։ Բայց Աստուած Նաբուգոդոնոսորի գահը պահեց իրեն համար, մինչեւ եօթը ժամանակը լրանայ։ Հաւանաբար, մինչ Եղմարովդաք ժամանակաւորապէս կառավարութեան գլուխ անցաւ, Դանիէլ կը ծառայէր որպէս «Բաբելոնի բոլոր գաւառներուն վրայ կառավարիչ ու Բաբելոնի բոլոր իմաստուններուն գլխաւորներուն վրայ իշխան»։ Իր երեք Եբրայեցի ընկերները շարունակեցին այդ գաւառներուն գործերը վարել։ (Դանիէլ 1։11-19. 2։48, 49. 3։30) Չորս աքսորեալները սպասեցին մինչեւ Նաբուգոդոնոսոր վերահաստատուի իր գահին վրայ որպէս ողջամիտ թագաւոր մը, սորվելէ ետք թէ «մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ»։

Նաբուգոդոնոսորի Վերահաստատումը

19. Եհովա Նաբուգոդոնոսորի առողջութիւնը վերահաստատելէն ետք, Բաբելոնացի թագաւորը ի՞նչ բանին գիտակցեցաւ։

19 Եօթը ժամանակի աւարտին, Եհովա Նաբուգոդոնոսորի առողջութիւնը վերադարձուց անոր։ Ապա, ընդունելով Բարձրեալ Աստուածը, թագաւորը ըսաւ. «Այդ օրերը լրանալէ վերջը, ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ աչքերս երկինք վերցուցի ու խելքս ինծի դարձաւ եւ Բարձրեալը օրհնեցի ու գովեցի ու փառաւորեցի զանիկա, որ յաւիտեան կենդանի է ու անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է եւ անոր թագաւորութիւնը դարէ դար կը մնայ։ Երկրի բոլոր բնակիչները ոչինչի պէս կը սեպուին եւ անիկա երկնքի զօրքերուն մէջ ու երկրի բնակիչներուն մէջ իր ուզածը կ’ընէ ու անոր ձեռքին դէմ դնող, կամ անոր ի՞նչ կ’ընես ըսող չկայ»։ (Դանիէլ 4։34, 35) Այո, Նաբուգոդոնոսոր ի վերջոյ գիտակցեցաւ որ արդարեւ մարդոց թագաւորութեան մէջ Բարձրեալը միայն ինք Գերիշխան է։

20, 21. (ա) Երազի ծառին արմատներուն վրայէն մետաղէ կապանքներուն վերցուիլը ի՞նչ կատարում մը ունեցաւ Նաբուգոդոնոսորի վրայ։ (բՆաբուգոդոնոսոր ի՞նչ ընդունեց, եւ ասով ան Եհովան պաշտող մը եղա՞ւ։

20 Երբ Նաբուգոդոնոսոր իր գահին վերադարձաւ, կարծէք երազի ծառին կոճղին վրայէն մետաղէ կապանքները վերցուած էին։ Ան իր վերականգնումին մասին ըսաւ. «Այն ատեն խելքս ինծի դարձաւ ու իմ թագաւորութեանս պատիւին հետ իմ փառքս ու վայելչութիւնս ինծի դարձան եւ իմ խորհրդականներս ու մեծամեծներս զիս փնտռեցին ու իմ թագաւորութեանս մէջ հաստատուեցայ եւ ինծի աւելի մեծ վեհափառութիւն տրուեցաւ»։ (Դանիէլ 4։36) Եթէ արքունի պաշտօնեաներէն ոմանք անարգած էին խելագարած թագաւորը, հիմա ամբողջական աջակցութիւն ցոյց տալով զինք ‘կը փնտռէին’։

21 Բարձրեալ Աստուած ի՜նչ ‘նշաններ ու հրաշքներ’ կատարած էր։ Բաբելոնի վերահաստատուած թագաւորին խօսքերը մեզ պէտք չէ զարմացնեն, երբ ըսաւ. «Հիմա ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ երկնքի Թագաւորը կը գովեմ եւ կը բարձրացնեմ ու կը փառաւորեմ, վասն զի անոր բոլոր գործերը ճշմարիտ են ու ճամբաները արդար են ու անիկա կարող է ամբարտաւանութեամբ քալողները ցածցնել»։ (Դանիէլ 4։2, 37) Նաբուգոդոնոսոր այսպիսի անդրադարձում ունենալով հանդերձ, Եհովան պաշտող մը չեղաւ։

Աշխարհիկ Ապացոյցներ Կա՞ն

22. Ոմանք Նաբուգոդոնոսորի խելագարութիւնը ի՞նչ խանգարումի հետ կը կապեն, բայց իր խելագարութեան պատճառին մասին ի՞նչ պէտք է ընդունինք։

22 Ոմանք Նաբուգոդոնոսորի խելագարութիւնը կապած են գայլախտութեան հետ։ Բժշկական բառարան մը կ’ըսէ. «ԳԱՅԼԱԽՏՈՒԹԻՒՆ . . . Այս անունը կը տրուէր այն հիւանդութեան, երբ անհատը կը խորհէր թէ ինք անասունի վերածուած էր, այդ անասունին ձայնը կամ ոռնալը, ձեւերը կամ վարմունքը ընդօրինակելով։ Այս անհատները սովորաբար կ’երեւակայեն որ գայլի, շունի կամ կատուի մը վերածուած են. երբեմն նաեւ՝ արջառի, ինչպէս Նաբուգոդոնոսորի պարագային»։ (Բժշկա–Գիտական բառագիրք մը, բժիշկներու ու վիրահատներու ընկերութեան մը կողմէ, Փարիզ 1818, Հատոր 29, էջ 246, Ֆրանսերէն) Գայլախտութեան ախտանշանները Նաբուգոդոնոսորի խելագար վիճակին կը յարմարին։ Սակայն, քանի որ անոր մտային հիւանդութիւնը աստուածային հրամանով եղած էր, անիկա կարելի չէ բնորոշել գիտցուած անհանգստութեան մը հետ։

23. Աշխարհիկ ի՞նչ վկայութիւն մը կայ Նաբուգոդոնոսորի խելագարութեան մասին։

23 Ուսումնական Ճոն Է. Կոլտինկէյ Նաբուգոդոնոսորի խելագարութեան ու վերահաստատութեան բազմաթիւ նմանութիւններ կը թուէ։ Օրինակ, ան կը նշէ. «Սեպագիր գրութեան մը մէկ բեկորը երեւութապէս ակնարկութիւն կ’ընէ Նաբուգոդոնոսորի մտային որոշ խանգարման եւ թերեւս Բաբելոնը անտեսելուն կամ անկէ հեռանալուն»։ Կոլտինկէյ կը մէջբերէ վաւերագրութիւն մը, որ կը կոչուի՝ «Բաբելոնացի Յոբը», եւ կ’ըսէ թէ անիկա «կը վկայէ Աստուծոյ կողմէ տրուած պատիժներու, հիւանդութեան, նուաստացման, ահաւոր երազի մը բացատրութիւնը փնտռելուն, ծառի մը նման տապալուելուն, դուրս դրուելուն, խոտ ուտելուն, իր հասկացողութիւնը կորսնցնելուն, եզան մը նման ըլլալուն, Մարդոկի կողմէ անձրեւով թրջուելուն, արտառոց եղունգներուն, երկարած մազերուն եւ շղթայուելուն, ապա վերահաստատուելէ ետք աստուած փառաբանելուն»։

Եօթը Ժամանակներու Ունեցած Ազդեցութիւնը Մեր Վրայ

24. (ա) Երազին բարձր ծառը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ (բԻ՞նչ բան եօթը ժամանակ առկախուեցաւ, եւ անիկա ի՞նչպէս պատահեցաւ։

24 Նաբուգոդոնոսոր, որ բարձր ծառով ներկայացուած էր՝ կը խորհրդանշէր աշխարհի տիրապետութիւնը։ Բայց մի՛ մոռնաք որ ծառը Բաբելոնի թագաւորին ունեցած տիրապետութենէն ու գերիշխանութենէն շատ աւելի գերիվեր բան մը կը ներկայացնէ։ Անիկա կը խորհրդանշէ Եհովայի՝ «երկնքի Թագաւոր»ին, տիեզերական գերիշխանութիւնը, մասնաւորաբար երկրի առնչութեամբ։ Բաբելոնացիներու կողմէ Երուսաղէմի կործանումէն առաջ, այդ քաղաքին մէջ «Տէրոջը աթոռին» վրայ նստող Դաւիթի եւ իր ժառանգորդներուն թագաւորութիւնը, երկրի նկատմամբ Աստուծոյ գերիշխանութիւնը կը ներկայացնէր։ (Ա. Մնացորդաց 29։23) Աստուած ի՛նք այս գերիշխանութիւնը կտրել տուաւ եւ զայն կապեց Հ.Դ.Ա. 607–ին, երբ Երուսաղէմը կործանելու համար Նաբուգոդոնոսորը գործածեց։ Դաւիթի շառաւիղէն եղող թագաւորութեան մը կողմէ երկրի վրայ աստուածային գերիշխանութեան գործադրութիւնը եօթը ժամանակ առկախուեցաւ։ Այս եօթը ժամանակը ո՞րքան երկար էր։ Անիկա ե՞րբ սկսաւ եւ ի՛նչ բանով վերջ գտաւ։

25, 26. (ա) Նաբուգոդոնոսորի պարագային, «եօթը ժամանակ»ը ո՞րքան տեւեց եւ ինչո՛ւ այսպէս կը պատասխանէք։ (բԳլխաւոր կատարման մէջ, «եօթը ժամանակ»ը ե՞րբ եւ ի՛նչպէս սկսաւ։

25 Նաբուգոդոնոսորի խելագարութեան ընթացքին, անոր «մազերը արծիւներու փետուրներու պէս ու եղունգները թռչուններու մագիլներու պէս երկնցան»։ (Դանիէլ 4։33) Ասիկա եօթը օրէն կամ եօթը շաբաթէն աւելի տեւեց։ Շատ մը թարգմանութիւններու մէջ կը կարդանք «եօթը ժամանակ», իսկ որպէս փոխընտրութիւն գործածած են «նշանակուած (որոշ) ժամանակներ», կամ «ժամանակաշրջաններ»։ (Դանիէլ 4։16, 23, 25, 32, ՆԱ) Հին Յունարէն տարբերակ մը (Եօթանասնից) կ’ըսէ՝ «եօթը տարի»։ Առաջին դարու Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս «եօթը ժամանակ»ը նկատած էր «եօթը տարի»։ (Էնթիգուիթիզ աֆ տը Ճիուզ, Գիրք 10, Գլուխ 10, պարբերութիւն 6) Իսկ Եբրայերէնի կարգ մը ուսումնականներ այս «ժամանակ»ները նկատած են որպէս «տարիներ»։ Ամերիկեան Թարգմանութիւն մը, Մերօրեայ Անգլերէն Թարգմանութիւն–ը եւ Ճէյմս Մոֆաթի թարգմանութիւնը թարգմանած են «եօթը տարի»։

26 Պարզ է որ Նաբուգոդոնոսորի «եօթը ժամանակ»ը՝ եօթը տարիներ էին։ Մարգարէութեան մէջ, տարի մը միջին հաշուով 360 օրէ, կամ 12 ամիսէ եւ իւրաքանչիւր ամիս 30 օրէ, կը բաղկանայ։ (Համեմատել՝ Յայտնութիւն 12։6, 14։) Ուստի թագաւորին «եօթը ժամանակ»ը կամ եօթը տարին, 2,520 օր էր (360 × 7)։ Բայց իր երազին գլխաւոր կատարման մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։ Մարգարէական «եօթը ժամանակ»ը 2,520 օրէն շատ աւելի տեւեց։ Ասիկա ցոյց տրուած էր Յիսուսի խօսքերով. «Երուսաղէմ ազգերուն ոտքի կոխան պիտի ըլլայ, մինչեւ ազգերուն [«սահմանուած», ՆԱ] ժամանակները լմննան»։ (Ղուկաս 21։24) Այդ ‘ոտնակոխումը’ սկսաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, երբ Երուսաղէմ կործանեցաւ եւ Աստուծոյ տիպական թագաւորութիւնը դադրեցաւ Յուդայի մէջ գործելէ։ Ոտնակոխումը ե՞րբ պիտի վերջանար։ «Այն ատենները՝ երբ բոլոր բաները կարգադրուին». երբ աստուածային գերիշխանութիւնը դարձեալ յայտնաբերուէր երկրի հանդէպ, այլաբանական Երուսաղէմի՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան՝ միջոցաւ։—Գործք 3։21

27. Ինչո՞ւ կ’ըսէք որ Հ.Դ.Ա. 607–ին սկսած «եօթը ժամանակ»ը բառացի 2,520 օրեր ետք վերջ չգտաւ։

27 Եթէ Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմի կործանումէն բառացի 2,520 օր հաշուենք, անիկա պարզապէս մեզի պիտի հասցնէ Հ.Դ.Ա. 600–ին, տարի մը որ սուրբ գրային որեւէ նշանակութիւն չունի։ Նոյնիսկ երբ ազատագրուած Հրեաները Հ.Դ.Ա. 537–ին վերադարձան Յուդա, երկրի վրայ Եհովայի գերիշխանութիւնը չյայտնաբերուեցաւ։ Քանի որ Դաւիթի գահին ժառանգորդը՝ Զօրաբաբէլ, պարսկական գաւառ եղող Յուդայի վրայ միայն կառավարիչ նշանակուեցաւ եւ ոչ թէ՝ թագաւոր։

28. (ա) Մարգարէական «եօթը ժամանակ»ի 2,520 օրերուն ի՞նչ կանոն պէտք է կիրարկուի։ (բՄարգարէական «եօթը ժամանակ»ը ո՞րքան երկար էր եւ ե՛րբ է անոր սկիզբը եւ վերջը։

28 Քանի որ «եօթը ժամանակ»ը մարգարէական է, Սուրբ Գրքի կանոնը պէտք է կիրարկենք 2,520 օրուան, որ է. «Ամէն մէկ տարիին տեղ մէկ օր»։ Այս կանոնը տրուեցաւ Բաբելոնի կողմէ Երուսաղէմի պաշարման մասին եղած մարգարէութեան մը մէջ։ (Եզեկիէլ 4։6, 7. համեմատել՝ Թուոց 14։34։) Հետեւաբար, առանց Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմէ ընդմիջուելու, ազգերուն կողմէ երկրի տիրապետութեան «եօթը ժամանակ»ը երկարեցաւ 2,520 տարի։ Անիկա սկսաւ երբ Բաբելոնացիները ամայացուցին Յուդան եւ Երուսաղէմը, Հ.Դ.Ա. 607–ի լուսնային եօթներորդ ամիսը (Թիշրի 15)։ (Դ. Թագաւորաց 25։8, 9, 25, 26) Այդ մեկնակէտէն մինչեւ Հ.Դ.Ա. 1 տարին՝ 606 տարի կ’ընէ. իսկ մնացեալ 1,914 տարիները՝ անկէ մինչեւ Հ.Դ. 1914 կը հասցնեն։ Այս կերպով, «եօթը ժամանակ»ը կամ 2,520 տարին վերջացաւ Հ.Դ. 1914–ի Թիշրի 15–ին, կամ Հոկտեմբեր 4/5–ին։

29. Ո՞վ է «մարդոց անարգ»ը, եւ զայն գահակալելու համար Եհովա ի՞նչ ըրաւ։

29 Այդ տարին, «ազգերուն սահմանուած ժամանակները» ամբողջացան եւ Աստուած իշխանութիւնը «մարդոց անարգ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի տուաւ, որու թշնամիները զինք ա՛յնքան անարգեցին, որ նոյնիսկ ցցահանել տուին։ (Դանիէլ 4։17) Մեսիական Թագաւորը գահակալելու համար, Եհովա քակեց երկաթէ ու պղինձէ այլաբանական կապանքները իր գերիշխանութեան «արմատներ»ուն վրայէն։ Այս կերպով, Բարձրեալ Աստուած թոյլ տուաւ որ անկէ թագաւորական «ընձիւղ» մը ծլի, երկրի նկատմամբ աստուածային գերիշխանութեան որպէս յայտնաբերում, Դաւիթի մեծագոյն ժառանգորդին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ յանձնուած երկնային Թագաւորութեան միջոցաւ։ (Եսայեայ 11։1, 2. Յոբայ 14։7-9. Եզեկիէլ 21։27) Որքա՜ն երախտապարտ ենք Եհովայի, այս բերկրալի արդիւնքին եւ բարձր ծառին խորհուրդը պարզելուն համար։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Նաբուգոդոնոսորի երազին բարձր ծառը ի՞նչ կը խորհրդանշէր։

Ծառի երազին առաջին կատարման մէջ, Նաբուգոդոնոսորի ի՞նչ պատահեցաւ։

Իր երազին կատարումէն ետք, Նաբուգոդոնոսոր ի՞նչ ընդունեց։

Մարգարէական ծառի երազին գլխաւոր կատարման մէջ, «եօթը ժամանակ»ը ո՞րքան էր եւ անիկա ե՛րբ սկսաւ ու վերջացաւ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 83]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 91]