Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երկու թագաւորներուն ինքնութիւնը կը փոխուի

Երկու թագաւորներուն ինքնութիւնը կը փոխուի

Գլուխ տասնըչորս

Երկու թագաւորներուն ինքնութիւնը կը փոխուի

1, 2. (ա) Ի՞նչ բան առիթ տուաւ որ Անտիոքոս Դ. ենթարկուի Հռովմի պահանջներուն։ (բՍուրիան ե՞րբ հռովմէական գաւառ մը եղաւ։

 ՍՈՒՐԻԱՑԻ միապետ Անտիոքոս Դ. Եգիպտոս կը ներխուժէ եւ ինքզինք անոր թագաւորը կը հռչակէ։ Եգիպտացի Թագաւոր Պտղոմէոս Զ.–ի խնդրանքին վրայ, Հռովմ Գայիոս Պոպիլիոս Լաէնաս դեսպանը Եգիպտոս կը ղրկէ։ Ան իր հետ շատ տպաւորիչ նաւատորմ մը եւ Հռովմէական Ծերակոյտէն հրամաններ ունի, որ Անտիոքոս Դ. Եգիպտոսի վրայ իր թագաւորութենէն հրաժարի եւ երկրէն քաշուի։ Աղեքսանդրիոյ արուարձաններէն մէկուն՝ Ելեւսիսի մէջ, Սուրիացի թագաւորը եւ Հռովմէացի դեսպանը դէմ դիմաց կու գան։ Անտիոքոս Դ. իր խորհրդատուներուն կարծիքը առնելու համար ժամանակ կը խնդրէ, բայց Լաէնաս թագաւորին շուրջ շրջանակ մը կը գծէ եւ անոր կ’ըսէ որ հոնկէ դուրս քայլ մը նետելէն առաջ պատասխանէ։ Անտիոքոս Դ. նուաստացած՝ տեղի կու տայ Հռովմի պահանջներուն եւ կը վերադառնայ Սուրիա Հ.Դ.Ա. 168–ին։ Այս կերպով վերջ կը գտնեն Սուրիացի հիւսիսի թագաւորին եւ Եգիպտացի հարաւի թագաւորին միջեւ գտնուող բախումները։

2 Միջին Արեւելքի գործերուն մէջ տիրական դեր մը խաղալով, Հռովմ կը շարունակէ իր հրամանները պարտադրել Սուրիոյ։ Ուստի, թէեւ Սելեւկեան հարստութենէն եղող ուրիշ թագաւորներ կ’իշխեն Սուրիոյ վրայ Հ.Դ.Ա. 163–ին Անտիոքոս Դ.–ի մահէն ետք, սակայն անոնք «հիւսիսի թագաւոր»ին դիրքը չեն գրաւեր։ (Դանիէլ 11։15) Սուրիան ի վերջոյ հռովմէական գաւառ մը կը դառնայ Հ.Դ.Ա. 64–ին։

3. Հռովմը ե՞րբ եւ ի՛նչպէս տիրապետեց Եգիպտոսի վրայ։

3 Եգիպտոսի պտղոմէական հարստութիւնը կը շարունակէ իր դիրքը որպէս «հարաւի թագաւոր», Անտիոքոս Դ.–ի մահէն աւելի քան 130 տարի եւս։ (Դանիէլ 11։14) Հ.Դ.Ա. 31–ին, Աքտիօմի ճակատամարտի ընթացքին, Հռովմէացի կառավարիչ Օկտաւիոս պարտութեան կը մատնէ պտղոմէական վերջին թագուհիին՝ Կղէոպատրա Է.–ի եւ իր Հռովմէացի սիրահարին՝ Մարկոս Անտոնիոսի միացեալ ուժերը։ Կղէոպատրայի անձնասպանութեան յաջորդ տարին, Եգիպտոսն ալ հռովմէական գաւառ մը ըլլալով, այլեւս հարաւի թագաւոր իր դերէն կը հրաժարի։ Հ.Դ.Ա. 30–ին, Հռովմ արդէն կը տիրապետէր թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Եգիպտոսի վրայ։ Արդ, պէ՞տք է ակնկալենք որ հիւսիսի թագաւոր եւ հարաւի թագաւոր դերերը ուրիշ պետութիւններ ստանձնեն։

Նոր Թագաւոր մը «Հարկապահանջը» կը Ղրկէ

4. Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ ուրիշ իշխանութիւն մը ստանձնէ հիւսիսի թագաւորին դերը։

4 Հ.Դ. 33–ի գարնան, Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Երբ տեսնէք աւերմունքին պղծութիւնը՝ որ Դանիէլ մարգարէին միջոցով ըսուած է, թէ սուրբ տեղը կը կենայ, . . . այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռները թող փախչին»։ (Մատթէոս 24։15, 16) Դանիէլ 11։31–էն մէջբերելով, Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց ապագայ ‘աւերմունքի պղծութեան’ մը դէմ։ Հիւսիսի թագաւորին հետ առնչութիւն ունեցող այս մարգարէութիւնը տրուած էր Անտիոքոս Դ.–ի՝ այդ դերը կատարող Սուրիացի վերջին թագաւորին մահէն 195 տարի ետք։ Վստահաբար, հիւսիսի թագաւորին դերը պիտի ստանձնէր ուրիշ տիրող տարր մը։ Ո՞վ պիտի ըլլար անիկա։

5. Ո՞վ ելաւ որպէս հիւսիսի թագաւոր, ստանձնելով անցեալին Անտիոքոս Դ.–ի ունեցած դերը։

5 Եհովա Աստուծոյ հրեշտակը նախագուշակեց. «Անոր [Անտիոքոս Դ.–ի] տեղ ուրիշ մը պիտի ելլէ, որ հարկապահանջը պիտի ղրկէ իր թագաւորութեանը փառքին համար, բայց անիկա քիչ օրերու մէջ պիտի կոտրի, սակայն ո՛չ բարկութեամբ եւ ո՛չ պատերազմով»։ (Դանիէլ 11։20) Այս կերպով ‘ելլողը’ փաստացիօրէն Հռովմէացի առաջին կայսր Օկտաւիոսը եղաւ, որ ճանչցուեցաւ որպէս Օգոստոս Կայսր։—Տես՝ «Մէկը Պատուուած՝ Միւսը Անարգուած», էջ 248–ի վրայ։

6. (ա) «Հարկապահանջ» մը ե՞րբ անցաւ «թագաւորութեանը փառքէն», եւ ասոր կարեւորութիւնը ի՞նչ էր։ (բԻնչո՞ւ կրնայ ըսուիլ որ Օգոստոս «ո՛չ բարկութեամբ եւ ո՛չ պատերազմով» մեռաւ։ (գՀիւսիսի թագաւորին ինքնութիւնը ի՞նչպէս փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։

6 Օգոստոսի «թագաւորութեան փառք»ը իր մէջ կը պարփակէր ‘փառաւոր երկիրը’՝ հռովմէական գաւառ եղող Հրէաստանը։ (Դանիէլ 11։16) Հ.Դ.Ա. 2–ին, Օգոստոս «հարկապահանջ» մը ղրկեց արձանագրութիւն կամ մարդահամար հրամայելով, հաւանաբար տուրքի եւ զինուորահաւաքի համար բնակչութեան համրանքը գիտնալու նպատակաւ։ Այս հրամանին պատճառաւ էր որ Յովսէփ եւ Մարիամ Բեթլէհէմ գացին արձանագրուելու համար, որու հետեւանքով նախագուշակուած այդ վայրին մէջ ծնաւ Յիսուս։ (Միքիայ 5։2. Մատթէոս 2։1-12) Հ.Դ. 14–ի Օգոստոսին, «քիչ օրեր» ետք, կամ հարկապահանջը հրամայելէն ոչ շատ ետք, Օգոստոս Կայսրը մեռաւ 76 տարեկան հասակին, «ո՛չ բարկութեամբ», այսինքն առանց սպաննուելու եւ «ո՛չ պատերազմով», հապա հիւանդութեան որպէս հետեւանք։ Հիւսիսի թագաւորը արդարեւ փոխած էր իր ինքնութիւնը։ Այս թագաւորը հիմա եղած էր Հռովմէական Կայսրութիւնը, իր կայսրերով։

«Անարգ Մէկը» կ’Ելլէ

7, 8. (ա) Ո՞վ ելաւ Օգոստոսի տեղ, որպէս հիւսիսի թագաւոր։ (բ«Թագաւորական պատիւը» ինչո՞ւ առանց ուզելու Օգոստոս Կայսրի յաջորդին տրուեցաւ։

7 Մարգարէութիւնը շարունակելով, հրեշտակը ըսաւ. «Անոր [Օգոստոսի] տեղ անարգ մէկը պիտի ելլէ, որուն թագաւորական պատիւ պիտի չտան. բայց անիկա հանդարտութեամբ պիտի գայ ու շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը պիտի առնէ։ Անոր առջեւէն բանակները հեղեղի պէս պիտի քալեն եւ ընկղմին [«հեղեղի բազուկները պիտի ընկղմուին նորա առաջին եւ ջարդուին», Արարատ], նաեւ ուխտին իշխանը»։—Դանիէլ 11։21, 22

8 «Անարգ մէկը» Տիբերիոս Կայսրն էր, Օգոստոսի երրորդ կնոջ՝ Լիւիայի որդին։ (Տես՝ «Մէկը Պատուուած՝ Միւսը Անարգուած», էջ 248–ի վրայ։) Իր գէշ յատկութիւններուն համար Օգոստոս կ’ատէր այս խորթ զաւակը եւ չէր ուզեր որ ան յաջորդ Կայսրը ըլլար։ «Թագաւորական պատիւ»ը առանց ուզելու իրեն տրուեցաւ, երբ իրմէ զատ միւս բոլոր հաւանական յաջորդները մեռան։ Օգոստոս որդեգրեց Տիբերիոսը Հ.Դ. 4–ին եւ գահաժառանգ ըրաւ զինք։ Օգոստոսի մահէն ետք, 54 տարու Տիբերիոսը՝ անարգ մէկը՝ ‘ելաւ’, հեղինակութիւնը ստանձնելով որպէս Հռովմէացի կայսր եւ հիւսիսի թագաւոր։

9. Տիբերիոս ի՞նչպէս ‘շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը առաւ’։

9 Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կ’ըսէ թէ «Տիբերիոս Ծերակոյտին հետ քաղաքական խաղեր խաղցաւ եւ գրեթէ ամիս մը [Օգոստոսի մահէն ետք] թոյլ չտուաւ որ անիկա զինք կայսր անուանէ»։ Ան Ծերակոյտին ըսաւ որ միայն Օգոստոս կարող էր Հռովմէական Կայսրութիւնը վարելու բեռը վերցնել եւ ծերակուտականներէն խնդրեց որ հանրապետութիւն վերահաստատեն եւ հեղինակութիւնը յանձնեն խումբ մը մարդոց, փոխանակ մէկ անձի։ Պատմաբան Ուիլ Տիւրանթ գրեց. «Չհամարձակելով ըսածը ընդունիլ, Ծերակոյտը գլխու շարժումով ողջոյններ փոխանակեց, մինչեւ որ ան ի վերջոյ ընդունեց հեղինակութիւնը»։ Տիւրանթ աւելցուց. «Երկու կողմերն ալ իրենց դերերը լաւ խաղցան։ Տիբերիոս կ’ուզէր վեհապետ ըլլալ, ապա թէ ոչ անկէ փախուստ տալու կերպ մը պիտի գտնէր. Ծերակոյտը իրմէ կը վախնար եւ զինք կ’ատէր, բայց խոյս տուաւ նախկինին նման հանրապետութիւն մը վերահաստատելէ, որ հիմնուած ըլլար վարկածայինօրէն ինքնակալ մարմիններու վրայ»։ Այս կերպով Տիբերիոս ‘շողոքորթութիւններով թագաւորութիւնը առաւ’։

10. «Հեղեղի բազուկները» ի՞նչպէս ‘ջարդուեցան’։

10 Իսկ ինչ կը վերաբերի «հեղեղի բազուկներ»ուն՝ շրջակայ թագաւորութիւններու զինուորական ուժերուն, հրեշտակը ըսաւ որ անոնք «պիտի ընկղմուին նորա առաջին եւ ջարդուին»։ Երբ Տիբերիոս հիւսիսի թագաւորը եղաւ, իր զարմիկը՝ Գերմանիկոս Կայսրը, Ռայն Գետին վրայ հռովմէական բանակներու հրամանատարն էր։ Հ.Դ. 15–ին, Գերմանիկոս իր զօրքը առաջնորդեց Գերման հերոս Արմինիոսի վրայ եւ որոշ յաջողութիւն գտաւ։ Սակայն, մեծ գին վճարելով հանդերձ, սահմանափակ յաղթանակներ ունեցաւ. հետեւաբար, Տիբերիոս Գերմանիոյ մէջ կատարուած գործողութիւններուն վերջ դրաւ։ Անոր փոխարէն, քաղաքացիական պատերազմ յառաջացնելով, ան ջանաց Գերման խումբերուն միացման արգելք ըլլալ։ Տիբերիոս ընդհանրապէս նախապատուութիւն կու տար արտաքին պաշտպանողական քաղաքականութեան եւ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց սահմանները զօրացնելու վրայ։ Այս քաղաքականութիւնը բաւարար յաջող եղաւ։ Այս կերպով «հեղեղի բազուկները» հսկողութեան տակ առնուեցան եւ ‘ջարդուեցան’։

11. «Ուխտին իշխանը» ի՞նչպէս ‘ջարդուեցաւ’։

11 Երկրի բոլոր ընտանիքները օրհնելու համար Աբրահամի հետ Եհովա Աստուծոյ ըրած «ուխտին իշխան»ն ալ ‘ջարդուեցաւ’։ Յիսուս Քրիստոս այդ ուխտին մէջ Աբրահամի խոստացուած Սերունդն էր։ (Ծննդոց 22։18. Գաղատացիս 3։16) Հ.Դ. 33 Նիսան 14–ին, Երուսաղէմի Հռովմէացի կառավարիչին պալատին մէջ, Յիսուս Պոնտացի Պիղատոսի դիմաց կայնեցաւ։ Հրեայ քահանաները Յիսուսը Կայսրին դէմ դաւադրութեամբ ամբաստանած էին։ Բայց Յիսուս Պիղատոսի ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ. . . . իմ թագաւորութիւնս ասկէ չէ»։ Հռովմէացի կառավարիչը անմեղ Յիսուսը ազատ չարձակելու համար, Հրեաները աղաղակեցին. «Եթէ ատիկա արձակես, Կայսրին բարեկամը չես. ամէն ով որ ինքզինք թագաւոր կ’անուանէ, անիկա Կայսրին հակառակ կը խօսի»։ Յիսուսի մահը պահանջելէն ետք, անոնք ըսին. «Մենք Կայսրէն զատ թագաւոր չունինք»։ «Մեծ դաւաճանութիւն» օրէնքին համաձայն՝ զոր Տիբերիոս աւելի ընդլայնած էր, պարփակելով փաստօրէն Կայսրին դէմ ըսուած որեւէ նախատինք, Պիղատոս յանձնեց Յիսուսը որպէսզի «ջարդուի», կամ տանջանքի ցիցի մը վրայ գամուի։—Յովհաննու 18։36. 19։12-16. Մարկոս 15։14-20

Բռնապետ մը ‘Ծրագիրներ կը Մշակէ’

12. (ա) Ո՞վ Տիբերիոսի հետ ‘դաշինք կնքեց’։ (բՏիբերիոս ի՞նչպէս ‘տկար ազգով զօրացաւ’։

12 Տիբերիոսի մասին մարգարէութիւնը շարունակելով, հրեշտակը կ’ըսէ. «Քանզի անոր հետ դաշինք կնքելէ ետք նենգութիւն պիտի ընէ ու տկար ազգով պիտի յաղթէ [«զօրանայ», ՆԱ]»։ (Դանիէլ 11։23) Հռովմէական Ծերակոյտի անդամները սահմանադրականօրէն ‘դաշինք կնքած էին’ Տիբերիոսի հետ եւ ան պաշտօնական կերպով անոնցմէ կախեալ էր։ Բայց ան խաբեբայ էր ու իրապէս ‘տկար ազգով զօրացաւ’։ Այդ տկար ազգը Հռովմէացի Պրետորական Պահակներն էին, որոնք Հռովմի պարիսպներուն շուրջ բանակած էին։ Անոնց շատ մօտիկ ըլլալը Ծերակոյտը վախի մէջ կը ձգէր եւ ասիկա օգնեց Տիբերիոսի որ իր իշխանութեան դէմ ժողովուրդէն եկած որեւէ ապստամբութիւն հսկողութեան տակ առնէ։ Շուրջ 10,000 պահակներով ուրեմն, Տիբերիոս զօրաւոր մնաց։

13. Տիբերիոս ի՞նչ կերպով իր նախահայրերը գերազանցեց։

13 Հրեշտակը շարունակեց իր մարգարէութիւնը. «Անիկա հանդարտութեամբ խիստ պարարտ գաւառի մէջ պիտի մտնէ ու իր հայրերուն ու անոնց հայրերուն չըրածը ինք պիտի ընէ։ Անոնց մէջ աւար եւ կողոպուտ ու ստացուածք պիտի բաժնէ ու կարճ ժամանակ մը պարիսպներուն դէմ իր ծրագիրները պիտի մշակէ»։ (Դանիէլ 11։24) Տիբերիոս չափազանց կասկածամիտ էր եւ իր իշխանութիւնը հրամայուած սպանութիւններով լեցուեցաւ։ Գլխաւորաբար Պրետորական Պահակներու հրամանատար Սեյանոսի ազդեցութեան պատճառով, իր իշխանութեան վերջին մասը սարսափով նշուած է։ Վերջապէս, Սեյանոսի վրայ ալ կասկածելով, զայն սպաննել տուաւ։ Ժողովուրդին հետ դաժանօրէն վարուելու մէջ, ան իր նախահայրերը գերազանցեց։

14. (ա) Տիբերիոս ի՞նչպէս «աւար եւ կողոպուտ ու ստացուածք» բաժնեց հռովմէական բոլոր գաւառներուն մէջ։ (բՏիբերիոս իր մահուան ժամանակ ի՞նչպիսի մէկը նկատուած էր։

14 Սակայն, Տիբերիոս «աւար եւ կողոպուտ ու ստացուածք» բաժնեց հռովմէական բոլոր գաւառներուն։ Իր մահուան ժամանակ, իր ենթականերուն բոլորը բարգաւաճութեան մէջ էին։ Տուրքերը թեթեւ էին եւ աղէտեալ գօտիներու հանդէպ ան առատաձեռն կը գտնուէր։ Եթէ իր զինուորները կամ պաշտօնեաները ոեւէ մէկը հարստահարէին, կամ հարցերը ձեռք առնելու մէջ անպարկեշտ գտնուէին, կայսերական պատիժի կրնային ենթարկուիլ։ Հեղինակութիւնը զօրաւոր կերպով ձեռքին մէջ պահելը, հանրային ապահովութեան նպաստեց, իսկ հաղորդակցութեան բարելաւուած դրութիւնը՝ վաճառականութեան օգտեց։ Տիբերիոս հոգ տարաւ որ Հռովմի մէջ եւ անկէ դուրս, հարցերը անաչառ ու հաստատ կերպով ձեռք առնուին։ Օրէնքները բարելաւուեցան եւ Օգոստոս Կայսրին հաստատած բարեկարգումները զօրացնելու մտքով, ընկերային ու բարոյական օրէնքներ դրուեցան։ Սակայն, Տիբերիոս ‘ծրագիրներ մշակեց’, այնպէս որ Հռովմէացի պատմաբան Տակիտոս զինք նկարագրեց որպէս կեղծաւոր մարդ մը, որ ինքզինքին կեղծ երեւոյթ մը տալու մէջ վարպետ էր։ Իր մահուան ժամանակ, որ պատահեցաւ Հ.Դ. 37–ի Մարտին, Տիբերիոս նկատուած էր որպէս բռնապետ։

15. Առաջին դարու վերջաւորութեան ու երկրորդ դարու սկիզբը ի՞նչ էր Հռովմի դիրքը։

15 Հիւսիսի թագաւորին դերը կատարող Տիբերիոսի յաջորդներուն մէջ կային Գայոս Կայսր (Կալիգուլա), Կղօդիոս Ա., Ներոն, Վեսպասիանոս, Տիտոս, Դոմիտիանոս, Ներուաս, Տրայիանոս եւ Ադրիանոս։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Օգոստոսի յաջորդները մեծաւ մասամբ իր վարչական քաղաքականութիւնը եւ շինարարական ծրագիրները շարունակեցին, թէեւ նուազ նորամուծութեամբ, բայց՝ աւելի ցուցամոլութեամբ»։ Նոյն աշխատասիրութիւնը կը նշէ. «Առաջին դարու վերջաւորութեան ու երկրորդ դարու սկիզբը Հռովմը իր մեծութեան ու բնակչութեան զենիթին հասած էր»։ Թէեւ այս ժամանակ Հռովմ կայսերական սահմաններուն վրայ որոշ դժուարութիւններ ունէր, սակայն հարաւի թագաւորին հետ նախագուշակուած իր առաջին բախումը ունեցաւ միայն Հ.Դ. երրորդ դարուն։

Հարաւի Թագաւորին Դէմ Գրգռուած

16, 17. (ա) Դանիէլ 11։25–ի մէջ նկարագրուած հիւսիսի թագաւորին դերը ո՞վ ստանձնեց։ (բՀարաւի թագաւորին դերը ո՞վ ստանձնեց, եւ ասիկա ի՞նչպէս տեղի ունեցաւ։

16 Աստուծոյ հրեշտակը մարգարէութիւնը շարունակեց, ըսելով. «[Հիւսիսի թագաւորը] մեծ զօրքով իր զօրութիւնն ու սիրտը պիտի գրգռէ հարաւի թագաւորին դէմ։ Հարաւի թագաւորն ալ խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրքով պատերազմի պիտի ելլէ, բայց [հիւսիսի թագաւորը] պիտի չկարենայ դիմանալ. վասն զի անոր դէմ ծրագիրներ պիտի մշակուին։ Անոր ազնիւ կերակուրները ուտողները անգամ զանիկա պիտի կոտորեն եւ անոր զօրքը պիտի ցրուի ու շատերը պիտի սպաննուին»։—Դանիէլ 11։25, 26

17 Օկտաւիոս Եգիպտոսը հռովմէական գաւառ դարձնելէն շուրջ 300 տարի ետք, Հռովմէացի Աւրեղիանոս Կայսրը հիւսիսի թագաւորին դերը ստանձնեց։ Մինչ այդ, հռովմէական գաղութ եղող Պալմիրայի (Թատմոր) Սեբթիմիա Զենոբիա Թագուհին հարաւի թագաւորին դերը ստանձնած էր։ * (Տես՝ «Զենոբիա՝ Պալմիրայի Ռազմասէր Թագուհին», էջ 252–ի վրայ։) Պալմիրական բանակը Եգիպտոսը գրաւեց Հ.Դ. 269–ին, զայն Հռովմի համար ապահովելու պատճառաբանութեամբ։ Զենոբիա ուզեց Պալմիրան արեւելքի գլխաւոր քաղաքը դարձնել եւ Հռովմի արեւելեան գաւառներուն վրայ տիրել։ Զենոբիայի փառատենչութենէն ահաբեկած, Աւրեղիանոս անոր դէմ ելլելու համար «իր զօրութիւնն ու սիրտը» գրգռեց։

18. Աւրեղիանոս Կայսրին՝ հիւսիսի թագաւորին, եւ Զենոբիա Թագուհիին՝ հարաւի թագաւորին, միջեւ գոյութիւն ունեցող պայքարին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

18 Զենոբիայի գլխաւորութեամբ առաջնորդուած տարրը՝ հարաւի թագաւորը, իր երկու զօրավարներուն, Զաբդասի եւ Զաբբայի հրամանատարութեան ներքեւ գտնուող «խիստ մեծ ու զօրաւոր զօրքով պատերազմ» ընելու ‘ելաւ’ հիւսիսի թագաւորին դէմ։ Բայց Աւրեղիանոս Եգիպտոսը գրաւեց եւ Փոքր Ասիոյ ու Սուրիոյ վրայ արշաւեց։ Էմէզայի (ներկայիս Հօմս) մէջ Զենոբիա պարտուեցաւ, որմէ ետք, Պալմիրա քաշուեցաւ։ Երբ Աւրեղիանոս այդ քաղաքը պաշարեց, Զենոբիա խիզախօրէն պաշտպանեց զայն, բայց չյաջողեցաւ։ Ինք եւ իր որդին Պարսկաստան փախան, սակայն Հռովմէացիները բռնեցին զանոնք Եփրատ Գետին մօտ։ Պալմիրացիները իրենց քաղաքը յանձնեցին Հ.Դ. 272–ին։ Աւրեղիանոս խնայեց Զենոբիան, զայն Հ.Դ. 274–ին Հռովմի մէջ իր յաղթական շքերթին ամենացցուն դէմքը դարձնելով։ Ան իր կեանքին մնացեալ օրերը որպէս Հռովմէացի տիրուհի մը ապրեցաւ։

19. Աւրեղիանոս ի՞նչպէս ինկաւ ‘իր դէմ մշակուած ծրագիրներուն’ պատճառաւ։

19 Աւրեղիանոս ‘իր դէմ մշակուած ծրագիրներուն չկրցաւ դիմանալ’։ Հ.Դ. 275–ին, ան Պարսիկներու դէմ արշաւի մը ձեռնարկեց։ Մինչ ան Թրակիոյ մէջ առիթի մը կը սպասէր որ նեղուցը կտրելով Փոքր Ասիա անցնէր, ‘իր կերակուրը ուտողները’ իր դէմ դաւեր լարեցին եւ զինք ‘կոտորեցին’։ Ան կարգ մը անկարգութիւններու համար իր քարտուղարը՝ Երոսը՝ պատժելու վրայ էր։ Սակայն, Երոս կարգ մը պաշտօնեաներու անուններով շինծու ցանկ մը շինեց, որոնք իբրեւ թէ սպաննուելու համար նշանակուած էին։ Այս անուանացանկը տեսնելով, Աւրեղիանոսի պաշտօնեաները դաւադրութեամբ զինք սպաննեցին։

20. Հիւսիսի թագաւորին «զօրքը» ի՞նչպէս ‘ցրուեցաւ’։

20 Աւրեղիանոս Կայսրի մահով հիւսիսի թագաւորին դերը վերջ չգտաւ։ Անոր յաջորդեցին Հռովմէացի ուրիշ կառավարիչներ։ Ժամանակ մը, արեւմուտքի մէջ կայսր մը կար եւ ուրիշ մը՝ արեւելքի մէջ։ Այս մարդոց իշխանութեան ներքեւ, հիւսիսի թագաւորին «զօրքը» ‘ցրուեցաւ’ եւ հիւսիսէն եկող Գերման ցեղախումբերու ներխուժումներուն պատճառաւ շատեր ‘սպաննուեցան’։ Գոթացիները Հ.Դ. չորրորդ դարուն հռովմէական սահմաններէն ներս մտան։ Մէկը միւսին ետեւէն արշաւանքները շարունակուեցան։ Հ.Դ. 476–ին, Գերման առաջնորդ Օդոակրը, Հռովմի մէջ տիրող վերջին կայսրը գահընկէց ըրաւ։ Վեցերորդ դարու սկիզբը, արեւմուտքի մէջ Հռովմէական Կայսրութիւնը քայքայուած էր եւ Գերման թագաւորներ կ’իշխէին Բրիտանիոյ, Գաղղիոյ, Իտալիոյ, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Սպանիոյ վրայ։ Կայսրութեան արեւելեան մասը գոյատեւեց մինչեւ ԺԵ. դար։

Մեծ Կայսրութիւն մը կը Բաժնուի

21, 22. Կոստանդիանոս ի՞նչ փոփոխութիւններ բերաւ Հ.Դ. չորրորդ դարուն։

21 Առանց անհարկի մանրամասնութիւններ տալով դարեր տեւած Հռովմէական Կայսրութեան քայքայման մասին, Եհովայի հրեշտակը հիւսիսի թագաւորին եւ հարաւի թագաւորին յաւելեալ իրագործումներուն մասին շարունակեց նախագուշակել։ Սակայն, Հռովմէական Կայսրութեան մէջ եղած որոշ զարգացումներու մասին հակիրճ վերաքաղ մը մեզի պիտի օգնէ որ երկու մրցակից թագաւորները բնորոշենք հետագայ ժամանակներուն։

22 Չորրորդ դարուն, Հռովմէացի Կոստանդիանոս Կայսրը հաւատուրաց Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք դարձուց։ Ան նոյնիսկ Հ.Դ. 325–ին Փոքր Ասիոյ Նիկիա քաղաքին մէջ խորհրդաժողով մը գումարել տուաւ եւ անձնապէս զայն հովանաւորեց։ Հետագային, Կոստանդիանոս կայսերական արքունիքը Հռովմէն փոխադրեց Բիւզանդիոն, կամ Կոստանդնուպոլիս, այդ քաղաքը իր նոր մայրաքաղաքը դարձնելով։ Հռովմէական Կայսրութիւնը շարունակուեցաւ մէկ կայսրի իշխանութեան ներքեւ, մինչեւ Թէոդոսիոս Ա. Կայսրին մահը, որ տեղի ունեցաւ Հ.Դ. 395 Յունուար 17–ին։

23. (ա) Հռովմէական Կայսրութիւնը ի՞նչ բաժանում կրեց Թէոդոսիոսի մահուընէ ետք։ (բԱրեւելեան Կայսրութիւնը ե՞րբ վերջ գտաւ։ (գ) 1517–ին ո՞վ կ’իշխէր Եգիպտոսի վրայ։

23 Թէոդոսիոսի մահէն ետք, Հռովմէական Կայսրութիւնը իր որդիներուն մէջ բաժնուեցաւ։ Ոնորիոս առաւ արեւմտեան մասը, իսկ Արքատիոս՝ արեւելեան մասը, Կոստանդնուպոլիսը իր մայրաքաղաքը ընելով։ Բրիտանիան, Գաղղիան, Իտալիան, Սպանիան եւ Հիւսիսային Ափրիկէն արեւմտեան հատուածին պատկանող գաւառներ էին։ Մակեդոնիան, Թրակիան, Փոքր Ասիան, Սուրիան եւ Եգիպտոսը արեւելեան հատուածին գաւառներն էին։ Հ.Դ. 642–ին, Եգիպտոսի մայրաքաղաքը՝ Աղեքսանդրիան, Սարակինոսներու (Արաբներու) ձեռքը ինկաւ եւ Եգիպտոսը խալիֆաներու գաւառ մը դարձաւ։ 1449–ի Յունուարին, Կոստանդիանոս ԺԱ. արեւելքի վերջին կայսրը եղաւ։ Օսմանեան Թուրքերը Սուլթան Մուհամմէտ Բ.–ի առաջնորդութեան ներքեւ գրաւեցին Կոստանդնուպոլիսը 29 Մայիս 1453–ին, վերջ դնելով Հռովմէական Արեւելեան Կայսրութեան։ 1517–ին, Եգիպտոս թրքական գաւառ մը դարձաւ։ Սակայն, ժամանակ մը ետք, վաղեմի հարաւի թագաւորին այս երկիրը արեւմտեան հատուածէն եղող ուրիշ կայսրութեան մը հսկողութեան տակ պիտի անցնէր։

24, 25. (ա) Ըստ կարգ մը պատմաբաններու, Հռովմէական Սրբազան Կայսրութեան սկիզբը ի՞նչով նշուեցաւ։ (բՎերջապէս ի՞նչ պատահեցաւ Հռովմէական Սրբազան Կայսրութեան «կայսր» տիտղոսին։

24 Հռովմէական Կայսրութեան արեւմտեան թեւին մէջ Հռովմի Կաթողիկէ եպիսկոպոսը բարձրացաւ, ի մասնաւորի Լեւոն Ա. Պապը, որ հռչակաւոր էր պապական իրաւունքները պաշտպանելու մէջ՝ Հ.Դ. հինգերորդ դարուն։ Ժամանակ մը ետք, Պապը ստանձնեց արեւմտեան հատուածին վրայ կայսրի թագադրութիւնը։ Ասիկա տեղի ունեցաւ Հռովմի մէջ, Հ.Դ. 800–ի Ծննդեան Օրը, երբ Լեւոն Գ. Պապը նոր Հռովմէական Արեւմտեան Կայսրութեան կայսր թագադրեց Ֆռանկացի Թագաւոր Շարլը (Շարլըմայն)։ Այս թագադրութիւնը Հռովմի մէջ կայսրութիւնը վերարծարծեց եւ ըստ կարգ մը պատմաբաններու, Հռովմէական Սրբազան Կայսրութեան սկիզբը նշեց։ Անկէ սկսեալ առկայ եղան Արեւելեան Կայսրութիւնը եւ արեւմուտքի մէջ Հռովմէական Սրբազան Կայսրութիւնը, որոնց երկուքն ալ Քրիստոնէութիւն կը դաւանէին։

25 Ժամանակի ընթացքին, Շարլըմայնի յաջորդները փաստացիօրէն անյաջող կառավարիչներ եղան։ Նոյնիսկ ժամանակ մը կայսերական աթոռը թափուր մնաց։ Մինչ այդ, Գերման Թագաւոր Օթթօ Ա. Իտալիոյ հիւսիսային ու կեդրոնական մեծ մասին վրայ ձեռք դրած էր։ Ան ինքզինք Իտալիոյ թագաւոր հռչակեց։ Հ.Դ. 962 Փետրուար 2–ին, Յովհաննէս ԺԲ. Պապը Օթթօ Ա.–ը Հռովմէական Սրբազան Կայսրութեան կայսր թագադրեց։ Անոր մայրաքաղաքը Գերմանիոյ մէջ էր եւ կայսրերը Գերմանացիներ էին, ինչպէս նաեւ՝ իրենց հպատակներուն մեծ մասը։ Հինգ դար ետք, Աւստրիացի Հէփսպըրկ տոհմը «կայսր» տիտղոսը ձեռք ձգեց եւ զայն պահեց Հռովմէական Սրբազան Կայսրութեան մնացեալ տարիներու տեւողութեան։

Երկու Թագաւորները Դարձեալ Յստակօրէն Բնորոշուած

26. (ա) Հռովմէական Սրբազան Կայսրութեան վախճանին մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։ (բՈ՞վ ելաւ որպէս հիւսիսի թագաւոր։

26 Նաբոլէոն Ա. մահացու հարուած մը տուաւ Հռովմէական Սրբազան Կայսրութեան, երբ 1805–ի ընթացքին Գերմանիոյ մէջ իր տարած յաղթանակներէն ետք մերժեց ճանչնալ անոր գոյութիւնը։ Գահը պաշտպանելու անկարող ըլլալով,Օգոստոս 1806–ին, Ֆրանսիս Բ. Կայսրը հրաժարեցաւ հռովմէական կայսերական դիրքէն եւ որպէս Աւստրիոյ կայսր իր ազգային կառավարութեան մէջ քաշուեցաւ։ Ուստի, Հռովմէական Կաթողիկէ Պապ Լեւոն Գ.–ի եւ Ֆռանկացի Թագաւոր Շարլըմայնի կողմէ հիմնուած Հռովմէական Սրբազան Կայսրութիւնը վերջ գտաւ 1,006 տարի ետք։ 1870–ին, Հռովմ Իտալիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաքը եղաւ, Վատիկանէն անկախ։ Յաջորդ տարին, Վիլհելմ Ա.–ի կայսր հռչակումով, գերմանական կայսրութիւն մը սկսաւ։ Այսպիսով, արդի հիւսիսի թագաւորը՝ Գերմանիան՝ աշխարհի թատերաբեմին վրայ բարձրացաւ։

27. (ա) Եգիպտոս ի՞նչպէս բրիտանական խնամապետութեան ներքեւ եկաւ։ (բՈ՞վ հարաւի Թագաւորին դերը ստանձնեց։

27 Բայց արդի հարաւի թագաւորը ո՞վ էր։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ Բրիտանիան ԺԷ. դարուն գերիշխան զօրութիւն մը դարձաւ։ Բրիտանական առեւտրական ճամբան խանգարել փափաքելով, Նաբոլէոն Ա. Եգիպտոսը նուաճեց 1798–ին։ Պատերազմ մը ծայր տուաւ, եւ Բրիտանօ–Օսմանեան դաշնագրութիւն մը պարտադրեց որ Ֆրանսացիները քաշուին Եգիպտոսէ, որ պայքարին սկիզբէն բնորոշուած էր որպէս հարաւի թագաւոր։ Յաջորդ դարուն, Եգիպտոսի մէջ բրիտանական հեղինակութիւնը զօրացաւ։ 1882–էն ետք, Եգիպտոս իրապէս Բրիտանիոյ հպատակ երկիր մը դարձաւ։ 1914–ին, երբ Առաջին Աշխարհամարտը ծագեցաւ, Եգիպտոս Թուրքիոյ պատկանեցաւ եւ կառավարուեցաւ խտէվիի՝ կամ փոխարքայի՝ մը կողմէ։ Այդ պատերազմին մէջ Թուրքիա Գերմանիոյ կողմը անցնելէ ետք, սակայն, Բրիտանիան խտէվիները վերցուց եւ Եգիպտոսը բրիտանական խնամապետութիւն հռչակեց։ Աստիճանաբար սերտ կապեր հաստատելով, Բրիտանիան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժը դարձան։ Անոնք միասնաբար հարաւի թագաւորին դիրքը գրաւեցին։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Քանի որ «հիւսիսի թագաւոր» եւ «հարաւի թագաւոր» անուանումները տիտղոսներ են, անոնք կրնան ակնարկել որեւէ իշխող տարրի. անիկա ըլլայ թագաւոր, թագուհի թէ ազգերու զանգուած։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Հռովմէացի ո՞ր կայսրն էր որ առաջին անգամ ելաւ որպէս հիւսիսի թագաւոր, եւ ան ե՞րբ «հարկապահանջ» մը ղրկեց։

Օգոստոսէն ետք ո՞վ առաւ հիւսիսի թագաւորին դիրքը, եւ ի՞նչպէս ‘ուխտին Իշխանը ջարդուեցաւ’։

Աւրեղիանոս՝ հիւսիսի թագաւորին, եւ Զենոբիա՝ հարաւի թագաւորին, միջեւ գոյութիւն ունեցող պայքարին արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

Հռովմէական Կայսրութեան ի՞նչ պատահեցաւ, եւ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, ո՞ր ուժերը գրաւեցին երկու թագաւորներուն դիրքերը։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 248-251]

ՄԷԿԸ ՊԱՏՈՒՈՒԱԾ՝ ՄԻՒՍԸ ԱՆԱՐԳՈՒԱԾ

ՄԷԿԸ՝ կռիւներով պառակտուած հանրապետութիւն մը աշխարհակալ կայսրութեան մը կը վերածէ։ Միւսը՝ 23 տարուան մէջ անոր հարստութիւնը քսանապատիկ կ’ընէ։ Մէկը՝ մեռած ժամանակ պատուուած անհատ մըն էր, բայց միւսը՝ անարգուած։ Հռովմի այս երկու կայսրերուն իշխանութիւնը կ’ընդգրկէր Յիսուսի կեանքին ու ծառայութեան շրջանը։ Որո՞նք էին ասոնք։ Իսկ ինչո՞ւ մէկը պատուուած էր, իսկ միւսը՝ ոչ։

ԱՆ «ՀՌՈՎՄԸ ԱՂԻՒՍՈՎ ԳՏԱՒ՝ ԲԱՅՑ ՄԱՐՄԱՐԻՈՆՈՎ ՁԳԵՑ»

Հ.Դ.Ա. 44–ին, երբ Յուլիոս Կայսր սպաննուեցաւ, իր քրոջ թոռը Գայոս Օկտաւիոս հազիւ 18 տարեկան էր։ Յուլիոս Կայսրի որդեգիր զաւակը եւ գլխաւոր ժառանգորդը ըլլալով, երիտասարդ Օկտաւիոս անմիջապէս ճամբայ ինկաւ դէպի Հռովմ, իր ժառանգութեան տիրանալու համար։ Հոն ան շատ մեծ հակառակորդի մը հանդիպեցաւ, Կայսրի գլխաւոր տեղակալին՝ Մարկոս Անտոնիոսի, որ կ’ակնկալէր գլխաւոր ժառանգորդը ըլլալ։ Անոր յաջորդող քաղաքական մեքենայութիւնները եւ ոյժի պայքարը տեւեցին 13 տարի։

Եգիպտացի Թագուհիին՝ Կղէոպատրայի, եւ իր սիրահարին՝ Մարկոս Անտոնիոսի, միացեալ ուժերը պարտութեան մատնելէն ետքն էր (Հ.Դ.Ա. 31–ին) որ Օկտաւիոս Հռովմէական Կայսրութեան անվիճելի կառավարիչը եղաւ։ Յաջորդ տարին, Անտոնիոս եւ Կղէոպատրա անձնասպան եղան եւ Օկտաւիոս իր կայսրութեան կցեց Եգիպտոսը։ Յունական Կայսրութեան վերջին հետքը այս կերպով վերցուեցաւ եւ Հռովմ աշխարհակալ ոյժ դարձաւ։

Մտաբերելով որ Յուլիոս Կայսրի միահեծան իշխանութիւն ի գործ դնելը իր սպանութեան առաջնորդեց, Օկտաւիոս զգոյշ եղաւ որ նոյն սխալը չգործէ։ Ուստի, հանրապետութիւն նախընտրող Հռովմէացիներու զգացումները չվիրաւորելու համար, ան իր միապետութիւնը ծպտեց հանրապետութիւն անուան տակ։ Ան «թագաւոր» եւ «բռնապետ» տիտղոսներէն հրաժարեցաւ։ Քայլ մը աւելի երթալով, ան բոլոր գաւառներուն ղեկավարութիւնը Հռովմէական Ծերակոյտին յանձնելու իր դիտաւորութիւնը յայտնեց եւ առաջարկեց իր ունեցած պաշտօններէն հրաժարիլ։ Այս ռազմավարութիւնը ազդու եղաւ։ Ասիկա գնահատող Ծերակոյտը ստիպեց որ Օկտաւիոս իր դիրքերը եւ կարգ մը գաւառներուն հսկողութիւնը պահէ։

Ասկէ զատ, Հ.Դ.Ա. 27 Յունուար 16–ին, Ծերակոյտը Օկտաւիոսի շնորհեց «Օգոստոս» տիտղոսը, որ կը նշանակէ «Վսեմացուած, Սրբազան»։ Օկտաւիոս ոչ միայն ընդունեց այս տիտղոսը, այլ նաեւ իր անունով կոչեց ամիս մը, եւ Փետրուարէն օր մը փոխ առաւ, որպէսզի Օգոստոս ամիսը նոյնքան օր ունենայ, որքան Յուլիս ամիսը, որ Յուլիոս Կայսրի անունով կոչուած էր։ Օկտաւիոս այս կերպով Հռովմի առաջին կայսրը եղաւ եւ անկէ ետք ճանչցուեցաւ որպէս Օգոստոս Կայսր, կամ «Օգոստոս Ա.»։ Հետագային ան նաեւ «ծայրագոյն հայրապետ» (բոնթիֆէքս մաքսիմուս) տիտղոսն ալ առաւ եւ Հ.Դ.Ա. 2–ին, Յիսուսի ծնած տարին, Ծերակոյտը իրեն տուաւ «Հայր Հայրենեաց» տիտղոսը։

Նոյն տարին, «Օգոստոս կայսրէն հրաման ելաւ որ բոլոր աշխարհ գրուի։ . . . Ամէնքը կ’երթային աշխարհագիրը մտնելու՝ ամէն մէկը իր քաղաքին մէջ»։ (Ղուկաս 2։1-3) Այս հրամանին որպէս հետեւանք, Յիսուս ծնաւ Բեթլէհէմի մէջ, կատարելով Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը։—Դանիէլ 11։20. Միքիայ 5։2

Օգոստոսի ներքեւ եղող կառավարութիւնը որոշ չափով պարկեշտ էր եւ կայուն դրամական դրութիւն մը ունէր։ Օգոստոս նամակաբաշխական պիտանի դրութիւն մըն ալ հաստատեց եւ ճամբաներ ու կամուրջներ կառուցանեց։ Ան վերակազմակերպեց բանակը, մնայուն ծովոյժ մը ստեղծեց եւ կայսերական թիկնապահներու ընտրանի խումբ մը հաստատեց, որոնք կոչուեցան Պրետորական Պահակներ։ (Փիլիպպեցիս 1։13, ՆԱ) Իր հովանաւորութեան ներքեւ, Վիրգիլիոսի եւ Ովրատիոսի նման գրողներ ծաղկեցան եւ քանդակագործներ գեղեցիկ ստեղծագործութիւններ ըրին այն ոճով որ ներկայիս կը կոչուի դասական ոճ։ Օգոստոս Յուլիոս Կայսրի կողմէ կիսաւարտ մնացած շինարարութիւնները ամբողջացուց եւ վերանորոգեց շատ մը տաճարներ։ Իր հաստատած Փաքս Ռոմանա–ն («Հռովմէական Խաղաղութիւն») աւելի քան 200 տարի տեւեց։ Հ.Դ. 14 Օգոստոս 19–ին, 76 տարեկան Օգոստոսը մեռաւ եւ հետագային աստուածացուցին զինք։

Օգոստոս հպարտացած էր որ ինք «Հռովմը աղիւսով գտաւ՝ բայց մարմարիոնով ձգեց»։ Չուզելով որ Հռովմը վերադառնայ նախկին հանրապետութեան կռիւով լեցուն օրերուն, ան մտադրեց իր յաջորդը նախապատրաստել։ Բայց իր յաջորդին նկատմամբ շատ ընտրութիւն չունէր։ Իր զարմիկը, երկու թոռները, փեսան եւ խորթ որդի մը, բոլորն ալ մեռած ըլլալով, գահը մնաց իր խորթ զաւկին՝ Տիբերիոսի։

«ԱՆԱՐԳ ՄԷԿԸ»

Օգոստոսի մահէն ամիս մը չանցած Հռովմէական Ծերակոյտը 54 տարու Տիբերիոսը կայսր հռչակեց։ Տիբերիոս ապրեցաւ ու տիրեց մինչեւ Հ.Դ. 37 Մարտ։ Հետեւաբար, Յիսուսի հանրային ծառայութեան ընթացքին, ինքն էր Հռովմի կայսրը։

Որպէս կայսր, Տիբերիոս թէ՛ արժանիքներ ունէր եւ թէ թերութիւններ։ Ան չէր սիրեր պերճանքի համար դրամ ծախսել. ահաւասիկ արժանիք մը։ Որպէս հետեւանք, կայսրութիւնը բարգաւաճեցաւ. ան դրամ յատկացուցած էր աղէտեալ գօտիներու վերանորոգման համար։ Տիբերիոս ինքզինք պարզ մարդ կը սեպէր. ան մերժեց մեծարգոյ տիտղոսները, եւ ընդհանրապէս կայսրի պաշտամունքը փոխանակ իրեն ուղղելու, Օգոստոսի կ’ուղղէր. այս բոլորը իր վարկը աւելցուցին։ Ան Օգոստոսի կամ Յուլիոս Կայսրի նման օրացոյցին վրայ իր անունով ամիս մը չանուանեց, ոչ ալ թոյլ տուաւ որ ուրիշներ այդ կերպով զինք պատուեն։

Տիբերիոսի թերութիւնները սակայն, իր արժանիքներէն շատ էին։ Ան ծայր աստիճան կասկածամիտ եւ կեղծաւոր էր ուրիշներու հետ իր գործառնութեանց մէջ, եւ իր իշխանութիւնը իր կողմէ հրամայուած սպանութիւններու շարքով լեցուեցաւ. այդ զոհերուն մէջ կային նաեւ իր հին բարեկամներէն շատեր։ Ան մեծ դաւաճանութիւն (լէզ մաճէսթէ) կոչուած օրէնքն ալ ընդլայնեց, խռովարար արարքներէ զատ, իր անձին դէմ ըսուած պարզ զրպարտիչ բառերն ալ անոր մէջ մտցնելով։ Հաւանաբար այս օրէնքին հիման վրայ Հրեաները ճնշում բանեցուցին Հռովմէացի Կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսի վրայ, որպէսզի Յիսուս սպաննուի։—Յովհաննու 19։12-16

Տիբերիոս Պրետորական Պահակները տեղաւորեց Հռովմի շուրջ, քաղաքի պարիսպներուն հիւսիսը զօրանոցներ շինելով։ Պահակներուն ներկայութիւնը, իր հեղինակութեան սպառնացող Ծերակոյտը վախի մէջ կը ձգէր, եւ ժողովուրդին մէջ որեւէ անկարգութիւն հսկողութեան տակ կը պահէր։ Տիբերիոս լրտեսական ցանցն ալ քաջալերեց. իր իշխանութեան վերջին տարիները սարսափով նշուած էին։

Իր մահուան ժամանակ, ան նկատուած էր որպէս բռնապետ։ Երբ մեռաւ, Հռովմէացիները ուրախութիւն ըրին եւ Ծերակոյտը մերժեց զինք աստուածացնել։ Այս եւ ուրիշ պատճառներով, Տիբերիոսի մէջ կը տեսնենք մարգարէութեան կատարումը, որ կ’ըսէր թէ «անարգ մէկը պիտի ելլէ», որպէս «հիւսիսի թագաւոր»։—Դանիէլ 11։15, 21

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Օկտաւիոս ի՞նչպէս Հռովմի առաջին կայսրը եղաւ։

Օգոստոսի կառավարութեան իրագործումներուն մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։

Տիբերիոսի արժանիքներն ու թերութիւնները ի՞նչ էին։

«Անարգ մէկ»ուն մասին եղած մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ Տիբերիոսի վրայ։

[Նկար]

Տիբերիոս

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 252-255]

ԶԵՆՈԲԻԱ՝ ՊԱԼՄԻՐԱՅԻ ՌԱԶՄԱՍԷՐ ԹԱԳՈՒՀԻՆ

«ԱՆ ԹՈՒԽ էր . . . ակռաները մարգարտային սպիտակութիւն ունէին եւ իր մեծ սեւ աչքերը անսովոր կերպով կը կայծկլտային, շատ գրաւիչ քաղցրութեամբ մեղմացուած։ Ձայնը ուժեղ եւ բարեհնչիւն էր։ Իր առնական ըմբռնումը ուսումով աւելի զօրացած եւ զարդարուած էր։ Ան լաւ գիտէր Լատիներէն, բայց նոյնքան կատարելագործուած կերպով ծանօթ էր յունական, ասորական եւ եգիպտական լեզուներուն»։ Պատմաբան Էտուարտ Կիպպոն այսպէս կը գովաբանէ Զենոբիան, սուրիական Պալմիրա քաղաքի ռազմասէր թագուհին։

Զենոբիայի ամուսինն էր Պալմիրացի ազնուական Օդենատոսը, որու Հ.Դ. 258–ին Հռովմի հիւպատոս տիտղոսը շնորհուած էր, Հռովմէական Կայսրութեան ի նպաստ Պարսկաստանի դէմ իր կատարած յաջող արշաւանքին պատճառաւ։ Երկու տարի ետք, Օդենատոս Հռովմէացի Գալենոս Կայսրին կողմէ ստացաւ Ամբողջ Արեւելքի Կառավարիչ (գոռէգթոր թոթիուս Օրիէնթիս) տիտղոսը. ասիկա՝ Պարսկաստանի Շափուր Ա. Թագաւորին վրայ իր տարած յաղթանակին որպէս ճանաչում։ Օդենատոս վերջապէս ինքզինքին տուաւ «թագաւոր թագաւորաց» տիտղոսը։ Օդենատոսի այս յաջողութիւնները մեծաւ մասամբ կրնան վերագրուիլ Զենոբիայի քաջութեան եւ խոհեմութեան։

ԶԵՆՈԲԻԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԻՄՆԵԼ

Հ.Դ. 267–ին, իր փառքի զենիթին վրայ եղող Օդենատոս եւ իր ժառանգորդը սպաննուեցան։ Զենոբիա իր ամուսնոյն տեղը առաւ, քանի որ իր որդին տակաւին շատ փոքր էր ասոր համար։ Գեղեցիկ, փառատենչ, որպէս կառավարիչ կարող, իր ամուսնոյն հետ արշաւանքներու վարժ, եւ քանի մը լեզուի լաւ տիրապետած ըլլալով, ան իր հպատակներուն յարգանքը եւ աջակցութիւնը կրցաւ շահիլ։ Զենոբիա անյագ սորվող էր եւ՝ միշտ մտաւորականներով շրջապատուած։ Իր խորհրդատուներէն մէկն էր իմաստասէր եւ ճարտար ատենաբան Կասիոս Լոնկինոսը, որու մասին կ’ըսուէր որ «ապրող գրադարան եւ շրջուն թանգարան» մըն էր։ Պալմիրա եւ Իր Կայսրութիւնը—Զենոբիայի Ապստամբութիւնը Հռովմի Դէմ (Անգլերէն) գրքին մէջ, հեղինակ Ռիչըրտ Սթոնմէն կը նշէ. «Օդենատոսի մահէն ետք հինգ տարուան ընթացքին . . . Զենոբիա իր ժողովուրդին մտքին մէջ ինքզինք հաստատած էր որպէս Արեւելքի տիրակալուհի»։

Զենոբիայի տիրապետութեան մէկ կողմը կար Պարսկաստանը, զոր ինք եւ իր ամուսինը անդամալուծած էին, իսկ միւս կողմը՝ քանդուելու վրայ եղող Հռովմը։ Այդ ժամանակ, Հռովմէական Կայսրութեան վիճակներուն մասին, պատմաբան Ճ. Մ. Ռապըրթց կ’ըսէ. «Երրորդ դարը . . . Հռովմի համար ահաւոր ժամանակ մըն էր թէ՛ արեւելեան եւ թէ արեւմտեան ճակատներուն վրայ, իսկ ներսը՝ քաղաքացիական պատերազմի նոր շրջան մը եւ յաջորդներու միջեւ կռիւ մը սկսած էր։ Քսաներկու կայսրեր (առանց հաշուելու յաւակնորդները) եկան ու գացին»։ Սուրիացի տիրակալուհին միւս կողմէ, իր իշխանութեան մէջ լաւ հիմ ունեցող բացարձակ միապետ մըն էր։ «Երկու կայսրութիւններուն [Պարսկաստանի ու Հռովմի] վիճակը կշռադատելով, ան կրնար բաղձալ երրորդ կայսրութիւն մը ստեղծել, որ երկուքին վրայ տիրէր», դիտել կու տայ Սթոնմէն։

Զենոբիայի համար, իր կայսերական ոյժը ընդլայնելու պատեհութիւնը ծագեցաւ Հ.Դ. 269–ին, երբ Եգիպտոսի մէջ երեւցաւ հռովմէական տիրապետութեան յաւակնորդ մը։ Զենոբիայի բանակը անմիջապէս քալեց Եգիպտոսի վրայ, ապստամբը ջախջախեց եւ երկիրը գրաւեց։ Ինքզինք Եգիպտոսի թագուհի հռչակելով, ան իր անունով մետաղադրամներ կոխել տուաւ։ Արդ, իր թագաւորութիւնը Նեղոս Գետէն մինչեւ Եփրատ կը տարածուէր։ Զենոբիա իր կեանքին այս շրջանին էր որ «հարաւի թագաւոր» դիրքը գրաւեց։—Դանիէլ 11։25, 26

ԶԵՆՈԲԻԱՅԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ

Զենոբիա իր մայրաքաղաքը՝ Պալմիրան՝ այն աստիճան զօրացուց եւ գեղեցկացուց, որ անիկա հռովմէական աշխարհի մեծ քաղաքներուն շարքին դասուեցաւ։ Կը կարծուէր որ անոր բնակչութիւնը 150,000–էն աւելի էր։ Հանրային հոյակապ կառոյցներով, տաճարներով, պարտէզներով, սիւներով եւ յուշարձաններով լեցուն էր Պալմիրան, որ 21 քմ. շրջագիծ ունեցող պարիսպով շրջապատուած քաղաք մըն էր։ Աւելի քան 15 մեթր բարձրութիւն ունեցող կորնթական սիւնաշարքեր՝ շուրջ 1,500 հատ՝ եզերած էին մայրուղին։ Քաղաքը լեցուն էր հերոսներու ու հարուստ բարերարներու արձաններով եւ կիսանդրիներով։ Հ.Դ. 271–ին, Զենոբիա իր եւ իր հանգուցեալ ամուսնոյն արձանները կանգնել տուաւ։

Պալմիրայի ամենագեղեցիկ կառոյցներէն մէկն էր Արեւու Տաճարը, որ անկասկած կը տիրապետէր քաղաքին կրօնական գործունէութեան վրայ։ Զենոբիա հաւանաբար կը պաշտէր արեւ–աստուծոյն հետ առնչութիւն ունեցող աստուածութիւն մը։ Սակայն, երրորդ դարու Սուրիան բազմակրօն երկիր մըն էր։ Զենոբիայի հողամասերուն մէջ կային դաւանեալ Քրիստոնեաներ, Հրեաներ եւ արեւու ու լուսնի երկրպագուներ։ Ի՞նչ էր իր կեցուածքը պաշտամունքի այս տարբեր կերպերուն հանդէպ։ Սթոնմէն հեղինակը կ’ըսէ. «Իմաստուն կառավարիչ մը իր ժողովուրդին պատշաճ թուող որեւէ սովորութիւն պիտի չանտեսէ։ . . . Կը կարծուէր որ . . . աստուածներ կանգնած էին Պալմիրայի կողքին»։ Երեւութապէս Զենոբիա կրօնական գետնի վրայ թոյլատու էր։

Իր զարմանալի անձնաւորութեամբ, Զենոբիա շատերուն հիացմունքին առարկան դարձաւ։ Դանիէլի մարգարէութեան մէջ նախագուշակուած քաղաքական էութիւն մը ներկայացնելու մէջ իր խաղցած դերը շատ մեծ կարեւորութիւն ունէր։ Սակայն, անոր իշխանութիւնը տեւեց հազիւ հինգ տարի։ Հռովմէացի Կայսր Աւրեղիանոս պարտութեան մատնեց Զենոբիան Հ.Դ. 272–ին եւ յետոյ անվերականգնելի կերպով աւերեց Պալմիրան։ Զենոբիայի հանդէպ գթութեամբ վարուեցաւ։ Կ’ըսուի որ ան Հռովմէացի ծերակուտականի մը հետ ամուսնացաւ եւ իր կեանքին մնացեալ մասը մեկուսացած կեանք մը վարեց։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Զենոբիայի անձնաւորութիւնը ի՞նչպէս բնութագրուած է։

Զենոբիայի կարգ մը քաջագործութիւնները ի՞նչ էին։

Կրօնքի հանդէպ Զենոբիայի կեցուածքը ի՞նչ էր։

[Նկար]

Զենոբիա Թագուհին իր զինուորներուն խօսք կ’ուղղէ

[Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 246]

ԴԱՆԻԷԼ 11։20-26–Ի ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ

Հիւսիսի Հարաւի

Թագաւորը Թագաւորը

Դանիէլ 11։20 Օգոստոս

Դանիէլ 11։21-24 Տիբերիոս

Դանիէլ 11։25, 26 Աւրեղիանոս Զենոբիա Թագուհի

Հռովմէական Գերմանական Բրիտանիան,

Կայսրութեան Կայսրութիւնը որու կը յաջորդէ

նախագուշակուած Անգլօ–Ամերիկեան

քայքայումով Աշխարհակալ Ոյժը

կը կազմուին

[Նկար]

Տիբերիոս

[Նկար]

Աւրեղիանոս

[Նկար]

Շարլըմայնի արձանիկը

[Նկար]

Օգոստոս

[Նկար]

ԺԷ. դարու բրիտանական ռազմանաւ

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 230]

[Նկար՝ էջ 233]

Օգոստոս

[Նկար՝ էջ 234]

Տիբերիոս

[Նկար՝ էջ 235]

Օգոստոսի հրամանին պատճառաւ, Յովսէփ եւ Մարիամ Բեթլէհէմ գացին

[Նկար՝ էջ 237]

Ինչպէս մարգարէացուած էր, Յիսուս մահուամբ ‘ջարդուեցաւ’

[Նկարներ՝ էջ 245]

1. Շարլըմայն 2. Նաբոլէոն Ա. 3. Վիլհելմ Ա. 4. Գերմանացի զինուորներ, Ա. Աշխարհամարտ