Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարիտ երկրպագուները բնորոշել վերջին ժամանակին մէջ

Ճշմարիտ երկրպագուները բնորոշել վերջին ժամանակին մէջ

Գլուխ տասնըեօթը

Ճշմարիտ երկրպագուները բնորոշել վերջին ժամանակին մէջ

1. Դանիէլի 7–րդ գլուխին համաձայն, մեր օրերուն ի՞նչ արտակարգ փորձութիւններ պիտի գային փոքր ու անպաշտպան խումբ մը մարդոց վրայ։

 ՇԱՏ փոքր, անպաշտպան խումբ մը մարդիկ, հզօր աշխարհակալ ոյժի մը կողմէ վայրագ յարձակումի ենթարկուեցան։ Անոնք անվնաս դուրս եկան անկէ, եւ նոյնիսկ՝ վերանորոգուած. ո՛չ թէ իրենց անձնական ոյժին շնորհիւ, այլ, քանի որ անոնք Եհովա Աստուծոյ աչքին արժէքաւոր են։ Դանիէլի 7–րդ գլուխը նախագուշակած էր այս դէպքերը, որոնք Ի. դարուն սկիզբը տեղի ունեցան։ Արդ, որո՞նք էին այս մարդիկը։ Դանիէլի այդ նոյն գլուխը անոնց կ’ակնարկէր որպէս Եհովա Աստուծոյ՝ «Բարձրեալին սուրբերը»։ Նաեւ, կը յայտնէր թէ այս անհատները ի վերջոյ Մեսիական Թագաւորութեան մէջ իշխանակիցներ պիտի ըլլային։—Դանիէլ 7։13, 14, 18, 21, 22, 25-27

2. (ա) Եհովա իր օծեալ ծառաներուն հանդէպ ի՞նչպէս կը զգայ։ (բԱյս օրերուն, հետեւելիք իմաստուն ընթացքը ո՞րն է։

2 Ինչպէս Դանիէլի 11–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, հիւսիսի թագաւորը իր վախճանին պիտի հասնի, այս հաւատարիմ անհատներուն հոգեւոր երկրի ապահովութեան սպառնալէ ետք։ (Դանիէլ 11։45. համեմատել՝ Եզեկիէլ 38։18-23։) Այո, Եհովա հաւատարիմ օծեալները իր հովանաւորող թեւերուն տակ բերած է։ Սաղմոս 105։14, 15–ը կ’ըսէ. «[Եհովա] թագաւորներ ալ յանդիմանեց անոնց համար, ըսելով. ‘Իմ օծեալներուս մի՛ դպչիք ու իմ մարգարէներուս չարութիւն մի՛ ընէք’»։ Չէ՞ք համաձայնիր, որ այս փոթորկալից ժամանակներուն, հետզհետէ աճող ‘մեծ բազմութեան’ համար իմաստութիւն պիտի ըլլար կարելի եղածին չափ սերտօրէն ընկերակցիլ այս սուրբերուն հետ։ (Յայտնութիւն 7։9. Զաքարեայ 8։23) Յիսուս Քրիստոս յանձնարարեց որ ոչխարանման անհատներ ճիշդ ասիկա ընեն. իր օծեալ հոգեւոր եղբայրներուն հետ ընկերակցին, անոնց կատարած գործին աջակցելով։—Մատթէոս 25։31-46. Գաղատացիս 3։29

3. (ա) Յիսուսի օծեալ հետեւորդները գտնելը եւ անոնց հետ ընկերակցիլը ինչո՞ւ դիւրին չեն։ (բԴանիէլի 12–րդ գլուխը ի՞նչպէս պիտի օգնէ այս ուղղութեամբ։

3 Սակայն, Աստուծոյ Հակառակորդը՝ Սատանան, բացայայտ պատերազմ կը մղէ օծեալներուն դէմ։ Ան սուտ կրօնքը քաջալերած է, յաջողելով աշխարհը լեցնել կեղծ Քրիստոնեաներով։ Որպէս արդիւնք, շատեր մոլորած են։ Ուրիշներ, յուսահատօրէն կը փնտռեն ճշմարիտ կրօնքը ներկայացնողները։ (Մատթէոս 7։15, 21-23. Յայտնութիւն 12։9, 17) Նոյնիսկ անոնք որոնք «պզտիկ հօտ»ը կը գտնեն եւ անոնց հետ կ’ընկերակցին, պէտք է պայքարին իրենց հաւատքը պահելու համար, քանի որ այս աշխարհը յարատեւաբար կը ջանայ մարդոց հաւատքը հիւծել։ (Ղուկաս 12։32) Ձեր պարագան ի՞նչ է։ Դուք «Բարձրեալին սուրբերը» գտած եւ անոնց հետ ընկերակցութեան մէ՞ջ էք։ Տեղեա՞կ էք այն զօրաւոր ապացոյցներէն, թէ ձեր գտած անհատները փաստօրէն Աստուծոյ ընտրեալներն են։ Այսպիսի ապացոյց կրնայ ձեր հաւատքը ամրապնդել։ Անիկա նաեւ կրնայ ձեզ զինել, որպէսզի ուրիշներուն օգնէք ներկայ աշխարհի կրօնական խառնաշփոթութեան բուն պատճառը ըմբռնելու։ Դանիէլի 12–րդ գլուխը լեցուն է այս փրկարար գիտութեամբ։

Մեծ Իշխանը Գործի կը Լծուի

4. (ա) Դանիէլ 12։1–ը Միքայէլի մասին ի՞նչ երկու տարբեր բաներ կ’ըսէ։ (բԴանիէլ գրքի մէջ, կառավարիչի մը ‘կենալը’ յաճախ ի՞նչ կը նշանակէ։

4 Դանիէլ 12։1ի մէջ կը կարդանք. «Այն ժամանակ Միքայէլ մեծ իշխանը պիտի ելլէ, որ քու ժողովուրդիդ որդիներուն վրայ կենայ [«կը կենայ», ՆԱ]»։ Այս համարը, Միքայէլի մասին այս երկու տարբեր բաները կը գուշակէ. մէկը՝ թէ ան «կը կենայ», թելադրելով որոշ ժամանակաշրջան մը երկարող գործի կացութիւն մը. իսկ երկրորդը՝ թէ ան «պիտի ելլէ»՝ թելադրելով այդ ժամանակաշրջանին մէջ տեղի ունենալիք դէպք մը։ Նախ կ’ուզենք գիտնալ այն ժամանակաշրջանը, երբ Միքայէլ ‘Դանիէլի ժողովուրդին որդիներուն վրայ կը կենայ’։ Յիշեցէք որ Միքայէլը՝ Յիսուսի տրուած անուն մըն է, որպէս երկնային Իշխան իր դերին մէջ։ Անոր ‘կենալուն’ մասին եղած ակնարկութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, Դանիէլ գրքին մէջ այլ տեղեր այս արտայայտութեան գործածութեան կերպը։ Անիկա յաճախ թագաւորի մը առած քայլին, զոր օրինակ, թագաւորական հեղինակութիւն առնելուն կ’ակնարկէ։—Դանիէլ 11։2-4, 7, 20, 21

5, 6. (ա) Ո՞ր ժամանակամիջոցին է որ Միքայէլ կը ‘կենայ’։ (բՄիքայէլ ե՞րբ ‘կ’ելլէ’ եւ ի՛նչ հետեւանքներով։

5 Բացայայտ է որ հոս հրեշտակը Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ ուրիշ տեղ մասնաւորուած ժամանակաշրջան մը կը մատնանշէ։ Յիսուս զայն կոչեց իր «ներկայութիւնը» (Յունարէն բա·րու·սիա), երբ երկնքի մէջ պիտի իշխէր որպէս Թագաւոր։ (Մատթէոս 24։37-39) Այս ժամանակաշրջանը նաեւ կոչուած է «վերջին օրեր» եւ «վերջին ժամանակ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1. Դանիէլ 12։4, 9) 1914–ին այդ ժամանակաշրջանը սկսելէն ի վեր, Միքայէլ որպէս Թագաւոր երկնքի մէջ կեցած է։—Համեմատել՝ Եսայեայ 11։10. Յայտնութիւն 12։7-9։

6 Սակայն, Միքայէլ ե՞րբ «պիտի ելլէ»։ Այն ժամանակ, երբ ան ոտքի ելլէ, մասնաւոր քայլեր առնելու համար։ Յիսուս ասիկա ապագային պիտի ընէ։ Յայտնութիւն 19։11-16–ը մարգարէաբար կը նկարագրէ Յիսուսը որպէս Մեսիական հզօր Թագաւոր, որ հրեշտակային բանակ մը կ’առաջնորդէ եւ Աստուծոյ թշնամիներուն վրայ կործանում կը բերէ։ Դանիէլ 12։1–ը կը շարունակէ. «Այնպիսի նեղութեան ժամանակ մը պիտի ըլլայ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ»։ Որպէս Եհովայի Դահճապետը, Քրիստոս նախագուշակուած ‘մեծ նեղութեան’ ընթացքին, վերջ պիտի դնէ իրերու ամբարիշտ ամբողջ դրութեան։—Մատթէոս 24։21. Երեմեայ 25։33. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-8. Յայտնութիւն 7։14. 16։14, 16

7. (ա) Մօտալուտ «նեղութեան ժամանակ»ի ընթացքին բոլոր հաւատարիմներուն համար ի՞նչ յոյս կայ։ (բԵհովայի գիրքը ի՞նչ է, եւ ինչո՞ւ կենսական է անոր մէջ ըլլալ։

7 Այս մռայլ ժամանակի ընթացքին, հաւատք ունեցող մարդոց ի՞նչ պիտի պատահի։ Դանիէլի ըսուեցաւ. «Այն ժամանակ քու ժողովուրդդ պիտի ազատի, այսինքն ով որ գրքին մէջ գրուած գտնուի»։ (Համեմատել՝ Ղուկաս 21։34-36։) Ի՞նչ է այս գիրքը։ Հիմնականօրէն, անիկա կը ներկայացնէ Եհովա Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղողները, որոնք իր կամքը կը կատարեն։ (Մաղաքեայ 3։16. Եբրայեցիս 6։10) Անոնք որոնք կեանքի այս գրքին մէջ գրուած են, աշխարհի ամենէն ապահով մարդիկն են, քանի որ աստուածային պաշտպանութիւն կը վայելեն։ Ինչպիսի վնաս ալ հասնի անոնց, անիկա կրնա՛յ չեղեալ ըլլալ եւ պիտի ըլլայ ալ։ Եթէ նոյնիսկ մօտալուտ այս «նեղութեան ժամանակ»ը գալէն առաջ մահը խլէ զանոնք, Եհովայի անհուն յիշողութեան մէջ անոնք ապահով կը մնան։ Ան պիտի յիշէ զանոնք եւ Յիսուս Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին՝ պիտի յարուցանէ։—Գործք 24։15. Յայտնութիւն 20։4-6

Սուրբերը ‘կ’Արթննան’

8. Դանիէլ 12։2–ը ի՞նչ հաճելի հեռանկար մը կը մատուցանէ։

8 Յարութեան յոյսը իրապէս կը մխիթարէ։ Դանիէլ 12։2–ը այս մասին կը խօսի, ըսելով. «Երկրի հողին մէջ քնացողներուն շատերը պիտի արթննան, ոմանք յաւիտենական կեանքի համար, ոմանք ալ նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար»։ (Համեմատել՝ Եսայեայ 26։19։) Այս խօսքերը մեզի իրապէս կը յիշեցնեն ընդհանուր յարութեան մասին Յիսուս Քրիստոսի սրտայոյզ խոստումը։ (Յովհաննու 5։28, 29) Ի՜նչ զգայացունց յոյս մը։ Միայն խորհեցէք որ ձեր մեռած սիրելի բարեկամներուն ու ընտանիքի անդամներուն առիթ կը տրուի որ ապագային դարձեալ ապրին։ Բայց Դանիէլ գրքին մէջի այս խոստումը գլխաւորաբար տարբեր տեսակի յարութեան մը կ’ակնարկէ, յարութիւն մը որ արդէն տեղի ունեցած է։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ ըլլալ։

9. (ա) Ինչո՞ւ տրամաբանական է ակնկալել որ Դանիէլ 12։2–ը պիտի կատարուի վերջին օրերուն։ (բՄարգարէութիւնը ի՞նչպիսի յարութեան կ’ակնարկէ, եւ ի՛նչպէս գիտենք։

9 Նկատի առէք այդ գլուխին բովանդակութիւնը։ 12–րդ գլուխին առաջին համարը կը կիրարկուի, ինչպէս տեսանք, ո՛չ միայն իրերու այս դրութեան վախճանին, այլ նաեւ՝ վերջին օրերու ամբողջ ժամանակաշրջանին։ Իրականութեան մէջ, այս գլուխին մէջ յիշուած բաներուն մեծամասնութիւնը ոչ թէ մօտալուտ երկրային դրախտին մէջ կը կատարուի, այլ՝ վերջին ժամանակին ընթացքին։ Այս ժամանակաշրջանին մէջ յարութիւն տեղի ունեցա՞ծ է։ Պօղոս առաքեալ գրեց՝ Քրիստոսի «ներկայութեան ատենը» «Քրիստոսիններ»ուն յարութեան մասին։ Սակայն, երկնքի մէջ ապրելու համար յարուցուողները «առանց ապականութեան» յարութիւն կ’առնեն։ (Ա. Կորնթացիս 15։23, 52, ՆԱ) Անոնցմէ ո՛չ մէկը «նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար» կը յարուցուի, ինչպէս նախագուշակուած էր Դանիէլ 12։2–ի մէջ։ Ուրիշ ձեւի յարութիւն ալ կա՞յ։ Աստուածաշունչին մէջ, յարութիւնը երբեմն հոգեւոր իմաստ մը կը կրէ։ Օրինակ, թէ՛ Եզեկիէլ գրքին եւ թէ Յայտնութիւն գրքին մէջ կան մարգարէական հատուածներ, որոնք հոգեւոր վերազարթնումի, կամ յարութեան, կը կիրարկուին։—Եզեկիէլ 37։1-14. Յայտնութիւն 11։3, 7, 11

10. (ա) Օծեալ մնացորդը ի՞նչ առումով յարուցուեցաւ վերջին ժամանակի ընթացքին։ (բՎերազարթնած օծեալներէն ոմանք ի՞նչպէս «նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար» վերակենդանացան։

10 Վերջին ժամանակին մէջ Աստուծոյ օծեալ ծառաներու այսպիսի հոգեւոր վերազարթնում մը եղա՞ծ է։ Այո՛։ Պատմական իրողութիւն մըն է թէ 1918–ին, հաւատարիմ Քրիստոնեաներու պզտիկ մնացորդ մը արտակարգ յարձակումի մը ենթարկուեցաւ, ընդմիջելով անոնց հանրային կազմակերպուած քարոզչութիւնը։ Ապա, հակառակ որ անհաւանական կը թուէր, 1919–ին անոնք հոգեւոր առումով վերակենդանացան։ Այս իրողութիւնները կը յարմարին Դանիէլ 12։2–ի մէջ նախագուշակուած յարութեան նկարագրութեան։ Այն ժամանակ ու անկէ ետք, արդարեւ ոմանք հոգեւորապէս ‘արթնցան’։ Դժբախտաբար, բոլորն ալ հոգեւորապէս կենդանի վիճակի մէջ չմնացին։ Անոնք որոնք արթննալէ ետք, նախընտրեցին մերժել Մեսիական Թագաւորը եւ լքեցին Աստուծոյ ծառայութիւնը, իրենք իրենց վրայ «նախատինք ու յաւիտենական անարգանք» բերին. ինչպէս նկարագրուած է Դանիէլ 12։2–ի մէջ։ (Եբրայեցիս 6։4-6) Սակայն, հաւատարիմ օծեալները, իրենց հոգեւոր վերակենդանացումը լաւ կերպով գործածելով, հաւատարմօրէն նեցուկ կանգնեցան Մեսիական Թագաւորին։ Անոնց հաւատարմութիւնը ի վերջոյ «յաւիտենական կեանքի» կ’առաջնորդէ, ինչպէս մարգարէութիւնը կը նշէ։ Հակառակութեան դիմաց անոնց հոգեւոր կայտառութիւնը ներկայիս մեզի կ’օգնէ որ զանոնք բնորոշենք։

Անոնք ‘Աստղերու Պէս կը Փայլին’

11. Ներկայիս որո՞նք են «իմաստունները», եւ անոնք ի՞նչ առումով աստղերու պէս կը փայլին։

11 Դանիէլի 12–դ գլուխին յաջորդ երկու համարները մեզի տակաւին կ’օգնեն, որ «Բարձրեալին սուրբերը» բնորոշենք։ 3–րդ համարին մէջ, հրեշտակը Դանիէլի կ’ըսէ. «Իմաստունները երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս ու անոնք որ շատերը արդարութեան կ’առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից»։ Ներկայիս որո՞նք են «իմաստունները»։ Դարձեալ իրողութիւնները կը նշեն «Բարձրեալին սուրբեր»ուն։ Արդարեւ, հաւատարիմ օծեալ մնացորդէն զատ որո՞նք ներատեսութիւն ունեցան ըմբռնելու թէ Միքայէլ Մեծ Իշխանը 1914–ին սկսաւ ‘կենալ’ որպէս Թագաւոր։ Ասոր նման ճշմարտութիւններ քարոզելով, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական նիստուկաց մը պահելով, անոնք այս հոգեւորապէս խաւար աշխարհին մէջ ‘լուսաւորներու պէս փայլած’ են։ (Փիլիպպեցիս 2։15. Յովհաննու 8։12) Անոնց մասին Յիսուս մարգարէացաւ. «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ»։—Մատթէոս 13։43

12. (ա) Վերջին ժամանակին ընթացքին, օծեալները ի՞նչպէս ‘շատերը արդարութեան առաջնորդելու’ մէջ մասնակցութիւն բերած են։ (բՕծեալները ի՞նչպէս շատերը արդարութեան պիտի առաջնորդեն ու «աստղերու պէս պիտի փայլին» Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին։

12 Դանիէլ 12։3–ը նոյնիսկ կ’ըսէ թէ այս օծեալ Քրիստոնեաները ի՛նչ գործով պիտի զբաղէին վերջին ժամանակին մէջ։ Անոնք ‘շատերը արդարութեան պիտի առաջնորդէին’։ Օծեալ մնացորդը սկսաւ Քրիստոսի 144,000 ժառանգակիցներուն մնացեալ թիւը հաւաքել։ (Հռովմայեցիս 8։16, 17. Յայտնութիւն 7։3, 4) Երբ այդ գործը ամբողջացաւ, ակներեւաբար 1930–ական թուականներու կիսուն, անոնք սկսան հաւաքել «ուրիշ ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն»ը։ (Յայտնութիւն 7։9. Յովհաննու 10։16) Անոնք ալ Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք կ’ընծայեն. հետեւաբար, մաքուր կեցուածք մը ունին Եհովայի առջեւ։ Ներկայիս միլիոնաւորներու հասնող մեծ բազմութիւնը այս ամբարիշտ աշխարհի մօտալուտ կործանումէն վերապրելու յոյսը կը տածէ։ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին, Յիսուս եւ իր 144,000 ընկերակից թագաւորներն ու քահանաները, երկրի հնազանդ մարդկութեան վրայ պիտի կիրարկեն փրկանքին լիարժէք օգուտները. այսպիսով բոլոր հաւատք գործադրողներուն պիտի օգնեն որ Ադամէ ժառանգուած մեղքի ամէն հետք իրենց վրայէն նետեն։ (Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 7։13, 14. 20։5, 6) Բառին լիարժէք առումով, այն ատեն օծեալները ‘շատերը արդարութեան առաջնորդելու’ մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն եւ երկնքի մէջ «աստղերու պէս պիտի փայլին»։ Քրիստոսի եւ իր իշխանակիցներուն երկնային փառաւոր կառավարութեան ներքեւ երկրի վրայ ապրելու յոյսը կ’արժեւորէ՞ք։ Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է «սուրբեր»ուն հետ մասնակցիլ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան։—Մատթէոս 24։14

Անոնք «Հոս Հոն Պիտի Պտըտին»

13. Ի՞նչ առումով Դանիէլ գրքին խօսքերը գոցուած ու կնքուած են։

13 Դանիէլի տուած հրեշտակին բացատրութիւնները, որոնք սկսան Դանիէլ 10։20–էն, հիմա կ’եզրափակուին այս սրտապնդիչ խօսքերով. «Դո՛ւն, ո՛վ Դանիէլ, այս խօսքերը գոցէ ու գիրքը կնքէ մինչեւ վերջին ժամանակը։ Շատերը հոս հոն պիտի պտըտին ու գիտութիւնը պիտի շատնայ»։ (Դանիէլ 12։4, ստորանիշ) Ինչ որ Դանիէլ ներշնչման ներքեւ գրեց, արդարեւ մարդկային հասկացողութենէն գոցուած ու կնքուած մնաց։ Այո, նոյնիսկ Դանիէլ հետագային գրեց. «Ես լսեցի, բայց չհասկցայ»։ (Դանիէլ 12։8) Այս առումով, Դանիէլ գիրքը դարերով կնքուած մնաց։ Ներկայիս ի՞նչ կրնանք ըսել։

14. (ա) «Վերջին ժամանակ»ին ընթացքին, որո՞նք ‘հոս հոն պտըտած’ են եւ ո՛ւր։ (բԻ՞նչ ապացոյց կայ թէ Եհովա օրհնած է այս ‘հոս հոն պտըտիլը’։

14 Մենք առանձնաշնորհումը ունինք Դանիէլ գրքին մէջ նախագուշակուած «վերջին ժամանակ»ին մէջ ապրելու։ Ինչպէս մարգարէացուած էր, շատ հաւատարիմներ Աստուծոյ Խօսքին էջերուն մէջ ‘հոս հոն պտըտած’ են։ Ի՞նչ եղած է արդիւնքը։ Եհովայի օրհնութեամբ, ճշգրիտ գիտութիւնը շատցած է։ Եհովայի հաւատարիմ օծեալ Վկաները ներատեսութեամբ օրհնուած են, որու շնորհիւ հասկցած են որ Որդի մարդոյ Թագաւոր եղաւ 1914–ին, Դանիէլի մարգարէութեան գազաններուն ինքնութիւնը գիտցած են, ‘աւերող պղծութեան’ դէմ ազդարարած են. ասոնք միայն քանի մը օրինակներ են։ (Դանիէլ 11։31) Հետեւաբար, գիտութեան այս ճոխութիւնը, «Բարձրեալին սուրբերը» բնորոշող ուրիշ նշան մըն է։ Բայց Դանիէլ յաւելեալ ապացոյցներ ստացաւ։

Անոնք ‘կը Ցրուին’

15. Հիմա հրեշտակ մը ի՞նչ հարցում կը յարուցանէ, եւ այս հարցումը որո՞նք կը յիշեցնէ մեզի։

15 Կը յիշենք որ Դանիէլ հրեշտակային այս պատգամները ստացաւ «մեծ գետին»՝ Տիգրիսի՝ ափին։ (Դանիէլ 10։4) Հոս ան կը տեսնէ երեք հրեշտակներ եւ կ’ըսէ. «Ես՝ Դանիէլս՝ տեսայ թէ ուրիշ երկու մարդիկ կայներ էին, մէկը գետին մէկ եզերքը ու միւսը՝ գետին միւս եզերքը։ Մէկը ըսաւ այն կտաւ հագած մարդուն, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր. ‘Այս սքանչելի բաներուն վերջը ե՞րբ պիտի ըլլայ’»։ (Դանիէլ 12։5, 6) Հոս հրեշտակին յարուցած հարցումը անգամ մը եւս մեզի կը յիշեցնէ «Բարձրեալին սուրբերը»։ «Վերջին ժամանակ»ին սկիզբը, 1914–ին, անոնք խորապէս հետաքրքրուած էին գիտնալու թէ տակաւին ե՛րբ պիտի կատարուէին Աստուծոյ խոստումները։ Այս հարցումին պատասխանէն յայտնի կ’ըլլայ թէ սուրբերը այս մարգարէութեան կորիզը կը կազմեն։

16. Հրեշտակը ի՞նչ կը մարգարէանայ, եւ անոր կատարման ստոյգ ըլլալը ի՞նչպէս կը շեշտէ։

16 Դանիէլ կը շարունակէ ըսել. «Եւ լսեցի որ այն կտաւ հագած մարդը, որ գետին ջուրերուն վրայ կայնած էր, իր աջ ու ձախ ձեռքերը երկինք վերցնելով՝ յաւիտեան կենդանի եղողին վրայ երդում ըրաւ, որ ժամանակ մը, [«երկու», Արարատ] ժամանակներ ու կէս ժամանակ պիտի ըլլայ ու երբ սուրբ ժողովուրդին զօրութիւնը բոլորովին ցրուի, այս բոլորը պիտի կատարուին»։ (Դանիէլ 12։7) Ասիկա լուրջ հարց մըն է։ Հրեշտակը իր երկու ձեռքերը բարձրացնելով երդում կ’ընէ, թերեւս որպէսզի այս շարժուձեւը նկատելի ըլլայ լայն գետին երկու կողմերը գտնուող երկու հրեշտակներուն։ Ան այսպիսով կը շեշտէ այս մարգարէութեան կատարման բացարձակապէս ստոյգ ըլլալը։ Արդ, այս որոշուած ժամանակները ե՞րբ են։ Ասոր պատասխանը գտնելը այդքան ալ դժուար չէ որքան կը կարծէք։

17. (ա) Դանիէլ 7։25, Դանիէլ 12։7 եւ Յայտնութիւն 11։3, 7, 9–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւններուն մէջ ի՞նչ նմանութիւններ կան։ (բԵրեքուկէս ժամանակը ո՞րքան է։

17 Այս մարգարէութիւնը ուշագրաւօրէն ուրիշ երկու մարգարէութիւններու կը նմանի։ Մէկը՝ որ նկատի առինք այս գրքին 9–րդ Գլուխին մէջ, կը գտնուի Դանիէլ 7։25–ի մէջ. իսկ միւսը՝ Յայտնութիւն 11։3, 7, 9–ի մէջ։ Նկատի առէք ասոնց կարգ մը նմանութիւնները։ Երկուքն ալ վերջին ժամանակին մէջ տեղի կ’ունենան։ Երկու մարգարէութիւններն ալ կը վերաբերին Աստուծոյ սուրբ ծառաներուն, ցոյց տալով որ անոնք պիտի հալածուէին եւ նոյնիսկ ժամանակաւորապէս պիտի չկարենային իրենց հանրային քարոզչութիւնը կատարել։ Երկուքն ալ ցոյց կու տան որ Աստուծոյ ծառաները կը վերակենդանանան, ապա կը շարունակեն իրենց գործը, շշմեցնելով իրենց հալածիչները։ Իսկ երկու մարգարէութիւններն ալ կը յիշեն սուրբերուն կրելիք դժուարութեան երկարութիւնը։ Դանիէլ գրքի մէջի երկու մարգարէութիւնները (7։25 եւ 12։7) կը նշեն «ժամանակ մը, ժամանակներ ու կէս ժամանակ»։ Ուսումնականները յաճախ կ’ընդունին որ ասիկա երեքուկէս ժամանակ կը նշանակէ։ Յայտնութիւնը նոյն ժամանակաշրջանի մասին կը խօսի որպէս 42 ամիս, կամ 1,260 օր։ (Յայտնութիւն 11։2, 3) Ասիկա կը հաստատէ որ Դանիէլի երեքուկէս ժամանակները, երեքուկէս տարուան կ’ակնարկեն, իւրաքանչիւր տարի 360 օր հաշուելով։ Բայց այս 1,260 օրը ե՞րբ սկսաւ։

18. (ա) Դանիէլ 12։7–ի համաձայն, ի՞նչ բան պիտի նշէր 1,260 օրուան վախճանը։ (բ«Սուրբ ժողովուրդին զօրութիւնը» ի վերջոյ ե՞րբ ցրուեցաւ, եւ ասիկա ի՞նչպէս տեղի ունեցաւ։ (գ) 1,260 օրերը ե՞րբ սկսան, եւ օծեալները ի՞նչպէս ‘քուրձ հագած մարգարէութիւն ըրին’ այդ շրջանին։

18 Մարգարէութիւնը բաւական յստակ է թէ 1,260 օրը ե՛րբ պիտի վերջանար. երբ «սուրբ ժողովուրդին զօրութիւնը բոլորովին ցրուի»։ 1918–ի կիսուն, Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կարկառուն անդամները, մէջը ըլլալով նախագահը՝ Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, կեղծ ամբաստանութիւններով, երկարատեւ արգելափակումի դատապարտուելով բանտարկուեցան։ Աստուծոյ սուրբերը արդարեւ տեսան իրենց գործին ‘ցրուիլը’ ու իրենց զօրութեան կտրուիլը։ 1918–ի կէսէն դէպի ետ երեքուկէս տարի հաշուելով, կը հասնինք 1914–ի վերջաւորութեան։ Այդ ժամանակ, օծեալներու պզտիկ խումբը իրենք զիրենք կը գօտեպնդէին կատաղի հալածանքին դէմ։ Առաջին Աշխարհամարտը ծագած էր եւ իրենց գործին դէմ հակառակութիւնը կը սաստկանար։ Անոնք նոյնիսկ 1915–ի տարուան համարը հիմնեցին իր հետեւորդներուն հարցուցած Յիսուսի հետեւեալ հարցումին վրայ. «Կրնա՞ք խմել այն գաւաթը որ ես պիտի խմեմ»։ (Մատթէոս 20։22) Ինչպէս նախագուշակուած էր Յայտնութիւն 11։3–ի մէջ, անոր յաջորդող 1,260 օրուան ժամանակաշրջանը սուգի ժամանակ մը եղաւ օծեալներուն համար. անոնք որպէս թէ քուրձ հագած կը մարգարէանային։ Հալածանքը աւելի սաստկացաւ։ Անոնցմէ ոմանք բանտարկուեցան, ուրիշներ խուժանային յարձակումի ենթարկուեցան եւ տակաւին ուրիշներ չարչարուեցան։ Ընկերութեան առաջին նախագահին՝ Չ. Թ. Ռասըլի՝ մահը 1916–ին, շատերը յուսալքութեան մատնեց։ Արդ, ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ այս խաւար ժամանակը քարոզող կազմակերպութեան վերջ դնէր՝ սուրբերուն սպաննուելով։

19. Յայտնութիւն 11–րդ գլուխի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս մեզի կը վստահեցնէ որ օծեալները երկար ժամանակ լուռ պիտի չմնային։

19 Յայտնութիւն 11։3, 9, 11–ի զուգահեռ մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ որ «երկու վկաներ»ուն սպանութենէն ետք, անոնք մեռած վիճակի մէջ կը մնան կարճ ժամանակ մը՝ երեքուկէս օր, մինչեւ որ վերակենդանանան։ Նոյն կերպով, Դանիէլի 12–րդ գլուխի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ որ սուրբերը լուռ պիտի չմնային, այլ իրենց դիմաց աւելի գործ պիտի ունենային։

Անոնք ‘կը Մաքրուին, կը Ճերմկնան ու կը Փորձուին’

20. Դանիէլ 12։10–ի համաձայն, իրենց դառն փորձառութիւններէն ետք, ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի գային օծեալներուն վրայ։

20 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Դանիէլ այս բաները գրի առաւ, բայց՝ չհասկցաւ։ Հաւանաբար ան հարց տուած ըլլալու էր թէ արդեօք սուրբերը իրենց հալածիչներուն ձեռքով պիտի բնաջնջուէի՞ն. քանի որ ան հարցուց. «Ասոնց վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Հրեշտակը պատասխանեց. «Գնա՛, ո՛վ Դանիէլ, քանզի այս խօսքերը մինչեւ վերջին ժամանակը գոցուած ու կնքուած են։ Շատերը պիտի մաքրուին ու պիտի ճերմկնան ու պիտի փորձուին, բայց ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի ընեն ու բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնայ, հապա իմաստունները պիտի հասկնան»։ (Դանիէլ 12։8-10) Ուստի, սուրբերուն համար վստահ յոյս մը կար։ Փոխանակ բնաջնջուելու, անոնք պիտի ճերմկնային, Եհովա Աստուծոյ առջեւ մաքուր կեցուածք մը վայելելով։ (Մաղաքեայ 3։1-3) Հոգեւոր հարցերու մէջ աւելի խորը թափանցելով, անոնք մաքուր պիտի մնային Աստուծոյ աչքին։ Ասոր հակառակը, ամբարիշտները պիտի մերժէին հասկնալ հոգեւոր բաները։ Բայց այս բոլոր բաները ե՞րբ տեղի պիտի ունենային։

21. (ա) Դանիէլ 12։11–ի մէջ նախագուշակուած ժամանակաշրջանը պիտի սկսէր երբ ո՞ր պայմանները լեցուէին։ (բԻ՞նչ էր «մշտնջենապէս այրուող զոհ»ը, եւ անիկա ե՞րբ վերցուեցաւ։ (Տես՝ էջ 298–ի շրջագիծը։)

21 Դանիէլի ըսուեցաւ. «Մշտնջենապէս այրուող զոհին վերցուելուն եւ աւերող պղծութեանը դրուելուն ժամանակէն հազար երկու հարիւր ինիսուն օր պիտի ըլլայ»։ Ուստի, այս ժամանակաշրջանը պիտի սկսէր, երբ որոշ պայմաններ լեցուէին։ «Մշտնջենապէս այրուող զոհը» * պէտք էր վերցուէր։ (Դանիէլ 12։11) Հրեշտակը ո՞ր զոհին կ’ակնարկէր։ Երկրային որեւէ տաճարի մէջ կատարուած անասնական զոհերուն չէր ակնարկեր։ Այո, Երուսաղէմի երբեմնի տաճարն անգամ Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին՝ «ճշմարտին օրինակն» էր, որ ի զօրու եղաւ, երբ Քրիստոս անոր Քահանայապետը եղաւ Հ.Դ. 29–ին։ Մաքուր պաշտամունքի համար Աստուծոյ կարգադրութիւնը ներկայացնող այս հոգեւոր տաճարին մէջ, մշտատեւ մեղքի պատարագներ մատուցանելու կարիք չկայ, քանի որ «Քրիստոս մէկ անգամ պատարագ մատուցուեցաւ՝ շատերուն մեղքերը վերցնելու համար»։ (Եբրայեցիս 9։24-28) Սակայն, բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաները այս տաճարին մէջ զոհեր կը մատուցանեն։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Անոր [Քրիստոսի] ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին»։ (Եբրայեցիս 13։15) Ուստի, մարգարէութեան այս առաջին պայմանը՝ «մշտնջենապէս այրուող զոհին» վերցուիլը, տեղի ունեցաւ 1918–ի կիսուն, երբ քարոզչութիւնը գրեթէ առկախուեցաւ։

22. (ա) Ի՞նչ է աւերում գործող ‘պղծութիւնը’, եւ անիկա ե՞րբ հաստատուեցաւ։ (բԴանիէլ 12։11–ի մէջ նախագուշակուած ժամանակաշրջանը ե՞րբ սկսաւ եւ ե՛րբ վերջացաւ։

22 Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ երկրորդ պայմանին՝ ‘աւերող պղծութիւնը դրուելուն’, կամ հաստատուելուն, մասին։ Երբ Դանիէլ 11։31–ը նկատի առինք, արդէն տեսանք թէ այս պղծութիւնը նախ Ազգերու Դաշնակցութիւնն էր, որ հետագային անգամ մը եւս երեւան եկաւ որպէս Միացեալ Ազգեր։ Երկուքն ալ պղծութիւն են, քանի որ ողջունուած են որպէս երկրի խաղաղութեան միակ յոյսը։ Այս կերպով, շատերուն սրտին մէջ, այս հաստատութիւնները իրապէս Աստուծոյ Թագաւորութեան տեղը կ’առնեն։ Ազգերու Դաշնակցութիւնը պաշտօնապէս առաջարկուեցաւ 1919–ի Յունուարին։ Այդ ժամանակ, ուրեմն, Դանիէլ 12։11–ի երկու պայմաններն ալ լեցուած էին։ Ուստի, 1,290 օրերը սկսան 1919–ի սկիզբը եւ շարունակուեցան մինչեւ 1922–ի աշունը (Հիւսիսային Կիսագունդի համար)։

23. Դանիէլի 12–րդ գլուխին մէջ նախագուշակուած 1,290 օրերու ընթացքին, Աստուծոյ սուրբերը ի՞նչպէս հետզհետէ աւելի մաքուր կեցուածք մը ունեցան։

23 Այդ ժամանակամիջոցին, Աստուծոյ աչքին ճերմկնալու ու մաքրուելու համար սուրբերը ջանք թափեցի՞ն։ Անշո՛ւշտ։ 1919–ի Մարտին, Դիտարանի Ընկերութեան նախագահը եւ անոր մօտիկ ընկերակիցները բանտէն ազատ արձակուեցան։ Հետագային անոնք իրենց դէմ եղած կեղծ ամբաստանութիւններէն անպարտ յայտարարուեցան։ Շատ լաւ գիտակցելով որ իրենց գործը չէր վերջացած, անոնք անմիջապէս գործի լծուեցան, համաժողով մը կազմակերպելով 1919–ի Սեպտեմբերին։ Նոյն տարին, Դիտարան–ին առընթեր պարբերաթերթ մը լոյս տեսաւ։ Այս պարբերաթերթը, որ նախապէս Ոսկեդար կը կոչուէր (այժմ՝ Զարթի՛ր), միշտ նեցուկ կանգնած է Դիտարան–ին, այս աշխարհի ապականութիւնը քօղազերծելով եւ Աստուծոյ ժողովուրդին օգնելով որ մաքուր մնայ։ Նախագուշակուած 1,290 օրերուն վերջաւորութեան, սուրբերը մաքրուելու ու վերահաստատուելու մէջ բաւական մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած էին։ 1922–ի Սեպտեմբերին, այս ժամանակաշրջանը վերջանալու ժամանակ, անոնք Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.), շրջադարձային համաժողով մը ունեցան։ Անիկա հսկայական զարկ մը տուաւ քարոզչութեան։ Սակայն, տակաւին յաւելեալ յառաջդիմութիւն ընելու կարիքը կար։ Անիկա յաջորդ յատկանշական ժամանակաշրջանին վերապահուած էր։

Սուրբերուն Համար Ուրախութիւն

24, 25. (ա) Դանիէլ 12։12–ի մէջ ի՞նչ ժամանակաշրջան նախագուշակուած էր, եւ անիկա բացայայտօրէն ե՞րբ սկսաւ ու ե՛րբ վերջացաւ։ (բ) 1,335 օրերուն սկիզբը, օծեալ մնացորդին հոգեւոր կացութիւնը ի՞նչ էր։

24 Եհովայի հրեշտակը սուրբերուն նկատմամբ իր մարգարէութիւնը կ’եզրափակէ հետեւեալ խօսքերով. «Երանի՜ անոր որ պիտի սպասէ ու հազար երեք հարիւր երեսունըհինգ օրուան պիտի հասնի»։ (Դանիէլ 12։12) Այս ժամանակին սկսելուն ու վերջանալուն մասին հրեշտակը որեւէ տեղեկութիւն չտուաւ։ Պատմութենէն կը հասկնանք որ անիկա պարզապէս կը հետեւի նախորդ ժամանակաշրջանին։ Այդ պարագային, անիկա պիտի սկսէր 1922–ի աշնան եւ պիտի տեւէր մինչեւ 1926–ի գարնան վերջաւորութիւնը (Հիւսիսային Կիսագունդին համար)։ Այդ ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան, սուրբերը ուրախ վիճակի մէջ եկա՞ն։ Այո՛, հոգեւոր մասնայատուկ կերպերով։

25 Նոյնիսկ 1922–ի համաժողովէն ետք (ցոյց տրուած՝ էջ 302–ի վրայ), Աստուծոյ սուրբերէն ոմանք տակաւին կարօտով իրենց ետին կը նայէին։ Անոնց ժողովներուն մէջ ուսումնասիրութեան գլխաւոր գիրքը Աստուածաշունչը եւ Չ. Թ. Ռասըլի Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ու հատորներն էին։ Այն ժամանակ, ընդհանուր կարծիք մը կար թէ 1925–ին յարութիւնը պիտի սկսէր եւ երկրի վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատուէր։ Ուստի, շատեր իրենց մտքին մէջ թուական մը ունենալով կը ծառայէին։ Ոմանք հանրութեան քարոզելու գործին մասնակցիլը հպարտօրէն մերժեցին։ Ասիկա քաջալերական վիճակ մը չէր։

26. Մինչ 1,335 օրերը ընթացքի մէջ էին, օծեալներուն հոգեւոր վիճակը ի՞նչպէս փոխուեցաւ։

26 Սակայն մինչ 1,335 օրերը ընթացքի մէջ էին, այս վիճակը սկսաւ փոխուիլ։ Քարոզչութիւնը առաջնահերթ տեղը գրաւեց, երբ՝ կանոնաւոր կարգադրութիւններ եղան, որպէսզի ամէն անհատ դաշտի ծառայութեան մասնակցի։ Ամէն շաբաթ Դիտարան–ը ուսումնասիրելու համար ժողովներ յայտագրուեցան։Մարտ 1925–ի թիւը (Անգլերէն) պատմական հետեւեալ յօդուածը կը կրէր՝ «Ազգին Ծնունդը». Աստուծոյ ժողովուրդին ամբողջական բացատրութիւն մը տալով 1914-1919–ի ժամանակամիջոցին պատահած բաներուն մասին։ 1925–ը անցնելէ ետք, սուրբերը այլեւս անմիջական ու բացայայտ ժամկէտի մը համար չէին ծառայեր Աստուծոյ։ Ընդհակառակը, Եհովայի անուան սրբացումը առաջնակարգ տեղը կը գրաւէր։ Այս կենսական ճշմարտութիւնը որեւէ ատենէ աւելի շեշտուեցաւՅունուար 1926–ի Դիտարան–ին (Անգլերէն) հետեւեալ յօդուածին մէջ՝ «Ո՞վ Պիտի Պատուէ Եհովան»։ 1926 Մայիսի համաժողովին, Ազատագրութիւն գիրքը լոյս տեսաւ։ (Տես՝ էջ 302։) Ասիկա մէկն էր այն նոր գիրքերու շարքէն, որ պիտի փոխարինէր Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ–ը։ Այլեւս սուրբերը անցեալին չէին նայեր։ Անոնք վստահութեամբ ապագային ու իրենց դիմաց եղող գործին կը նայէին։ Ուստի, ինչպէս մարգարէացուած էր, 1,335 օրերուն վերջաւորութեան, սուրբերը ուրախ վիճակի մէջ բերուած էին։

27. Դանիէլի 12–րդ գլուխին ընդհանուր ակնարկ մը նետելը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի օծեալներուն ինքնութիւնը վերջնականապէս գիտնանք։

27 Անշուշտ, այս խառնաշփոթ ժամանակաշրջանի ընթացքին բոլորն ալ չտոկացին։ Անկասկած ասոր համար էր որ հրեշտակը շեշտած էր ‘սպասելու’ կարեւորութիւնը։ Անոնք որոնք տոկացին ու սպասեցին՝ մեծապէս օրհնուեցան։ Դանիէլի 12–րդ գլուխին ընդհանուր ակնարկ մը նետելը, ասիկա կը պարզէ։ Ինչպէս նախագուշակուած էր, օծեալները հոգեւոր առումով վերակենդանացան, կամ յարութիւն առին։ Անոնց ուշագրաւ հասկացողութիւն տրուեցաւ Աստուծոյ Խօսքէն. անոր մէջ ‘հոս հոն պտըտելու’ համար հեղինակութիւն ստացան եւ սուրբ հոգիով առաջնորդուելով դարաւոր խորհուրդներ քակեցին։ Եհովա զանոնք մաքրեց ու հոգեւորապէս փայլեցուց՝ աստղերու պէս։ Հետեւաբար, անոնք շատերուն օգնեցին որ Եհովա Աստուծոյ առջեւ արդար կեցուածք մը ունենան։

28, 29. Մինչ «վերջին ժամանակը» իր վախճանին կը մօտենայ, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր վճռակամութիւնը։

28 «Բարձրեալին սուրբերը» բնորոշելու համար տրուած այս բոլոր մարգարէական նշաններով, անհատ մը զանոնք չճանչնալու կամ անոնց հետ չընկերակցելուն համար ի՞նչպէս կրնայ ինքզինք արդարացնել։ Հոյակապ օրհնութիւններ կը սպասեն մեծ բազմութեան անդամներուն, որոնք Եհովայի ծառայելու համար հետզհետէ նուազող այս օծեալ դասակարգին կը միանան։ Բոլորս ալ պէտք է շարունակենք ակնկալութեամբ Աստուծոյ խոստումներուն կատարումը սպասել։ (Ամբակումայ 2։3) Մեր օրերուն, տասնեակ տարիներէ ի վեր Միքայէլ Մեծ Իշխանը ‘կեցած’ է իր ժողովուրդին ի նպաստ։ Ան մօտ ատենէն, որպէս Աստուծոյ կողմէ նշանակուած դահիճ՝ իրերու այս դրութեան դէմ քայլեր պիտի առնէ։ Այս քայլը առած ժամանակ, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը։

29 Այս հարցումին պատասխանը ներկայիս ուղղամիտ կեանք մը վարելու նկատմամբ մեր ընտրութենէն կախեալ պիտի ըլլայ։ Ասիկա ընելու մեր վճռակամութիւնը զօրացնելու համար, մինչ «վերջին ժամանակը» իր աւարտին կը մօտենայ, Դանիէլ գրքին վերջին համարը նկատի առնենք։ Յաջորդ գլուխին մէջ պիտի խօսինք անոր մասին եւ ասիկա մեզի պիտի օգնէ տեսնելու թէ Դանիէլ ի՛նչպէս ‘կեցաւ’ իր Աստուծոյն առջեւ, իսկ ապագային ան ի՛նչպէս պիտի ‘կենայ’։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 21 Յունարէն Եօթանասնից–ին մէջ պարզապէս «զոհ» թարգմանուած է։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Միքայէլ ո՞ր ժամանակաշրջանի ընթացքին ‘կը կենայ’, եւ ան ե՞րբ ու ի՛նչպէս պիտի «ելլէ»։

Դանիէլ 12։2–ը ի՞նչպիսի յարութեան մը կ’ակնարկէ։

Ո՞ր թուականները կը նշեն սկիզբը եւ վերջաւորութիւնը՝

Դանիէլ 12։7–ի մէջ յիշուած երեքուկէս ժամանակներուն։

Դանիէլ 12։11–ի մէջ յիշուած 1,290 օրուան։

Դանիէլ 12։12–ի մէջ մարգարէացուած 1,335 օրուան։

Դանիէլի 12–րդ գլուխին ուշադրութիւն ընծայելը ի՞նչպէս կ’օգնէ մեզի որ Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուները բնորոշենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 298]

ՄՇՏՆՋԵՆԱՊԷՍ ԱՅՐՈՒՈՂ ԶՈՀԻՆ ՎԵՐՑՈՒԻԼԸ

Դանիէլ գրքին մէջ, «մշտնջենապէս այրուող զոհ» արտայայտութիւնը հինգ անգամ կ’երեւնայ։ Անիկա փառաբանութեան զոհին՝ «շրթունքներուն պտուղ»ին՝ կ’ակնարկէ, զոր Եհովա Աստուծոյ ծառաները կանոնաւորաբար իրեն կը մատուցանեն։ (Եբրայեցիս 13։15) Դանիէլ 8։11, 11։31 եւ 12։11–ի մէջ անոր վերցուիլը նախագուշակուած էր։

Երկու աշխարհամարտերու ընթացքին, Եհովայի ծառաները դառնօրէն հալածուեցան «հիւսիսի թագաւոր»ին ու «հարաւի թագաւոր»ին պատկան հողամասերուն մէջ։ (Դանիէլ 11։14, 15) «Մշտնջենապէս այրուող զոհ»ին վերցուիլը տեղի ունեցաւ Ա. Աշխարհամարտի վերջաւորութեան, երբ քարոզչութիւնը գրեթէ առկախուեցաւ 1918–ի կիսուն։ (Դանիէլ 12։7) Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, «մշտնջենապէս այրուող զոհ»ը դարձեալ 2,300 օր «վերցուեցաւ» Անգլօ–Ամերիկեան Աշխարհակալ Ոյժին կողմէ։ (Դանիէլ 8։11-14. տես՝ այս գրքին 10–րդ Գլուխը։) Անիկա Նացի «բազուկներ»ուն կողմէ դարձեալ վերցուեցաւ ժամանակ մը, որու տեւողութիւնը մասնաւորուած չէ Աստուածաշունչին մէջ։—Դանիէլ 11։31. տես՝ այս գրքին 15–րդ Գլուխը։

[Ցուցակ/Նկարներ՝ էջ 301]

ԴԱՆԻԷԼ ԳՐՔԻՆ ՄԱՐԳԱՐԷԱԿԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆՆԵՐԸ

Եօթը ժամանակ (2,520 տարի). Հ.Դ.Ա. 607 Հոկտեմբերէն մինչեւ

Դանիէլ 4։16, 25 Հ.Դ. 1914 Հոկտեմբեր

(Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատուած։

Տես՝ այս գրքին 6–րդ Գլուխը։)

Երեքուկէս ժամանակ 1914 Դեկտեմբերէն՝ մինչեւ 1918 Յունիս

(1,260 օր). (Օծեալ Քրիստոնեաներուն նեղութիւն կը տրուի։

Դանիէլ 7։25. 12։7 Տես՝ այս գրքին 9–րդ Գլուխը։)

2,300 իրիկուններ եւ 1 կամ 15 Յունիս 1938–էն մինչեւ

առաւօտներ. 8 կամ 22 Հոկտեմբեր 1944

Դանիէլ 8։14 («Մեծ բազմութիւն»ը երեւան կու գայ, կը բազմանայ։

Տես՝ այս գրքին 10–րդ Գլուխը։)

70 եօթնեակ (490 տարի). Հ.Դ.Ա. 455–էն՝ մինչեւ Հ.Դ. 36

Դանիէլ 9։24-27 (Մեսիային գալը եւ իր

երկրային ծառայութիւնը։ Տես՝ այս գրքին

11–րդ Գլուխը։)

1,290 օր. 1919 Յունուարէն՝ մինչեւ

Դանիէլ 12։11 1922 Սեպտեմբեր

(Օծեալ Քրիստոնեաները կը զարթնին

եւ հոգեւորապէս կը յառաջդիմեն։)

1,335 օր. 1922 Սեպտեմբերէն՝ մինչեւ 1926 Մայիս

Դանիէլ 12։12 (Օծեալ Քրիստոնեաներ

ուրախ վիճակի մէջ կը բերուին։)

[Նկարներ՝ էջ 287]

Եհովայի կարկառուն ծառաներէն ոմանք անիրաւօրէն Ճորճիա Նահանգին մէջ (Ա.Մ.Ն.) Աթլանթայի պետական բանտը նետուեցան։ Ձախէն՝ աջ. (նստած) Ա. Հ. Մէգմիլըն, Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ, Ու. Է. Վան Էմպըրկ. (կայնած) Ճ. Հ. Ֆիշըր, Ռ. Ճ. Մարթին, Ճ. Տէգգա, Ֆ. Հ. Ռոպիսըն եւ Գ. Ժ. Ուուտուորթ

[Նկարներ՝ էջ 299]

Շրջադարձային համաժողովներ տեղի ունեցան Սիտըր Փոյնթի մէջ, Օհայօ (Ա.Մ.Ն.), 1919–ին (վերեւ) եւ 1922–ին (ստորեւ)

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 302]