Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 4

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս
  • Յիսուսի մասնայատուկ դերը ի՞նչ է

  • Ան ուրկէ՞ եկաւ

  • Ան ինչպիսի՞ անձնաւորութիւն մըն էր

1, 2. ա) Համբաւաւոր անհատի մը մասին որոշ բաներ գիտնալը ինչո՞ւ չի նշանակեր, թէ զինք իրապէս կը ճանչնաս։ բ) Յիսուսի մասին ի՞նչ շփոթութիւն առկայ է։

ԱՇԽԱՐՀԻ մէջ բազմաթիւ համբաւաւոր անհատներ կան։ Շատեր հանրածանօթ են իրենց միջավայրին, քաղաքին կամ երկրին մէջ, իսկ ուրիշներ համաշխարհային համբաւ կը վայելեն։ Սակայն պարզապէս համբաւաւոր անհատի մը անունը գիտնալը չի նշանակեր թէ զինք իրապէս կը ճանչնաս. ոչ ալ կը նշանակէ թէ իր ենթահողին եւ անձնաւորութեան մասին մանրամասնութիւններ գիտես։

2 Աշխարհի չորս կողմը մարդիկ Յիսուս Քրիստոսի մասին որոշ բաներ լսած են, հակառակ անոր որ ան երկրի վրայ շուրջ 2000 տարի առաջ ապրած է։ Այսուհանդերձ շատեր Յիսուսի իսկական ինքնութեան նկատմամբ շփոթած են։ Ոմանք կ’ըսեն թէ ան պարզապէս բարի մարդ մըն էր։ Ուրիշներ կը դաւանին թէ ան սովորական մարգարէ մըն էր։ Տակաւին ուրիշներ կը հաւատան, թէ Յիսուս Աստուած է եւ պէտք է պաշտուի։ Արդեօք պէ՞տք է զինք պաշտել։

3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Եհովան ու Յիսուս Քրիստոսը ճանչնաս։

3 Կարեւոր է որ Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը գիտնաս։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Այո, Եհովան ու Յիսուս Քրիստոսը իսկապէս ճանչնալը կրնայ դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել (Յովհաննէս 14։6)։ Ասկէ զատ, Յիսուս լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ ինչպէ՛ս ապրելու եւ ուրիշներու հետ ինչպէ՛ս վարուելու մէջ (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Այս գրքին առաջին գլուխին մէջ քննարկեցինք Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը։ Այժմ նկատի առնենք, թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ Յիսուս Քրիստոսի մասին։

ԽՈՍՏԱՑԵԱԼ ՄԵՍԻԱՆ

4. Ի՞նչ կը նշանակեն «Մեսիա» եւ «Քրիստոս» տիտղոսները։

4 Յիսուսի ծնունդէն շա՜տ առաջ, Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ Աստուծոյ կողմէ պիտի գար մէկը որպէս Մեսիան կամ Քրիստոսը։ «Մեսիա» (եբրայերէն բառ մը) եւ «Քրիստոս» (յունարէն բառ մը), երկու տիտղոսներն ալ կը նշանակեն՝ «Օծեալ»։ Այս խոստացեալ Անձը պիտի օծուէր, այսինքն՝ Աստուծոյ կողմէ պիտի նշանակուէր մասնայատուկ դիրքի մը վրայ։ Այս գրքին յաջորդ գլուխներուն մէջ աւելի պիտի սորվինք՝ Աստուծոյ խոստումներուն կատարման մէջ Մեսիային կարեւոր դերին մասին։ Նաեւ պիտի սորվինք՝ Յիսուսի միջոցաւ նոյնիսկ հիմա ստացուելիք օրհնութիւններուն մասին։ Սակայն Յիսուսի ծնունդէն առաջ, անկասկած շատեր հարց տուին. ‘Ո՞վ պիտի ըլլայ Մեսիան’։

5. Յիսուսի նկատմամբ, իր աշակերտները ի՞նչ բանէ լիովին վստահ էին։

5 Ք.Ե. առաջին դարուն, Նազովրեցի Յիսուսի աշակերտները լիովին համոզուած էին, թէ ան էր նախագուշակուած Մեսիան (Յովհաննէս 1։41)։ Աշակերտներէն մէկը՝ Սիմոն Պետրոս, յայտնապէս Յիսուսի ըսաւ. «Դուն ես Քրիստոսը» (Մատթէոս 16։16)։ Սակայն այդ աշակերտները ինչպէ՞ս կրնային վստահ ըլլալ,– եւ ինչպէ՞ս կրնանք մենք վստահ ըլլալ,– թէ Յիսուս իրապէս խոստացեալ Մեսիան է։

6. Լուսաբանէ թէ Եհովա ինչպէ՛ս հաւատարիմ մարդոց օգնեց Մեսիան բնորոշելու։

6 Աստուծոյ մարգարէները Մեսիային մասին բազմաթիւ մանրամասնութիւններ նախագուշակած էին։ Այս մանրամասնութիւններուն շնորհիւ ուրիշներ զինք պիտի բնորոշէին։ Կրնանք ասիկա հետեւեալ կերպով լուսաբանել. ենթադրենք որ քեզմէ խնդրուեցաւ որ երթաս օթոպիւսի կամ շոգեկառքի խճողուած կայարան կամ օդակայան մը, դիմաւորելու համար ճամբորդ մը, որ նախապէս բնաւ չես տեսած։ Եթէ մէկը քեզի այս ճամբորդին մասին կարգ մը մանրամասնութիւններ տար, ասիկա քեզի օգտակար չէ՞ր ըլլար։ Նմանապէս, Աստուածաշունչի մարգարէներուն միջոցաւ Եհովա մանրամասնօրէն նկարագրած էր, թէ Մեսիան ի՛նչ պիտի ընէր եւ ի՛նչ պարագաներ պիտի դիմագրաւէր։ Այս բազմաթիւ մարգարէութիւններուն կատարումը հաւատարիմ մարդոց պիտի օգնէր, որ յստակօրէն Մեսիան բնորոշէին։

7. Ի՞նչ են Յիսուսի առնչութեամբ կատարուած մարգարէութիւններէն երկուքը։

7 Նկատի առ միայն երկու օրինակ։ Առաջին, Միքիա մարգարէն աւելի քան 700 տարի առաջ նախագուշակեց, թէ խոստացեալ Մեսիան պիտի ծնէր Բեթլեհէմի մէջ,– Յուդայի երկրամասին մէջ գտնուող գիւղաքաղաք մը (Միքիա 5։2)։ Յիսուս ո՞ւր ծնաւ։ Նո՛յն այդ գիւղաքաղաքին մէջ (Մատթէոս 2։1, 3-9)։ Երկրորդ, Մեսիային յայտնուելէն դարեր առաջ, Դանիէլ 9։25–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութիւն մը նշեց անոր յայտնուելուն ճի՛շդ տարին,– Ք.Ե. 29 *։ Այս եւ այլ մարգարէութիւններու կատարումը կ’ապացուցանէ թէ Յիսուսն էր խոստացեալ Մեսիան։

Իր մկրտութեան ատեն, Յիսուս եղաւ Մեսիան կամ Քրիստոսը

8, 9. Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, Մեսիան ըլլալուն ո՞ր ապացոյցը յստակացաւ:

8 Ք.Ե. 29–ի վերջերը աւելի յստակօրէն փաստուեցաւ թէ Յիսուս Մեսիան էր։ Այդ տարին էր, որ Յիսուս Յովհաննէս Մկրտիչին քով գնաց, Յորդանան գետին մէջ մկրտուելու համար։ Եհովա Յովհաննէսի խոստացած էր նշան մը տալ, որպէսզի կարենար Մեսիան բնորոշել։ Յովհաննէս այդ նշանը տեսաւ Յիսուսի մկրտութեան ատեն։ Աստուածաշունչը մեզի այս դէպքին նկարագրութիւնը կու տայ. «Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, շուտ մը ջուրէն դուրս ելաւ եւ ահա երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար իր վրայ։ Եւ ահա երկնքէն ձայն մը եկաւ որ կ’ըսէր. ‘Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ’» (Մատթէոս 3։16, 17)։ Պատահածը տեսնելէ ու լսելէ ետք, Յովհաննէս կասկած չունեցաւ թէ Յիսուս Աստուծմէ ղրկուած էր (Յովհաննէս 1։32-34)։ Այդ պահուն՝ երբ Աստուծոյ հոգին կամ գործօն ուժը Յիսուսի վրայ թափուեցաւ, ան եղաւ Մեսիան կամ Քրիստոսը, Առաջնորդ եւ Թագաւոր ըլլալու նշանակուած անձը (Եսայի 55։4

9 Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը եւ անձամբ Եհովա Աստուծոյ տուած վկայութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր։ Սակայն Աստուածաշունչը Յիսուս Քրիստոսի մասին ուրիշ երկու կարեւոր հարցումներու պատասխաններն ալ կու տայ. ան ուրկէ՞ եկաւ եւ ինչպիսի՞ անձ մըն էր։

ՅԻՍՈՒՍ ՈՒՐԿԷ՞ ԵԿԱՒ

10. Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ՝ երկիր գալէ առաջ Յիսուսի գոյութեան մասին։

10 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ Յիսուս նախքան երկիր գալը՝ երկնքի մէջ կ’ապրէր։ Միքիա մարգարէացաւ թէ Մեսիան Բեթլեհէմ պիտի ծնէր եւ թէ անոր ծագումը «հինէն» էր (Միքիա 5։2)։ Բազմաթիւ առիթներով Յիսուս ըսաւ, թէ երկրի վրայ որպէս մարդ ծնելէ առաջ, ինք երկինքը կը գտնուէր (կարդա՛ Յովհաննէս 3։13. 6։38, 63. 17։4, 5)։ Երկնքի մէջ որպէս հոգեղէն արարած, Յիսուս Եհովայի հետ մասնայատուկ փոխյարաբերութիւն մը կը վայելէր։

11. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս Եհովայի ամենասիրելի Որդին է։

11 Յիսուս Եհովայի ամենասիրելի Որդին է՝ վաւերական պատճառներով։ Ան կոչուած է «բոլոր ստեղծուածներուն անդրանիկը», քանի որ Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնն էր (Կողոսացիս 1։15) *։ Բան մը եւս այս Որդին յատուկ կը դարձնէ։ Ան Աստուծոյ «միածին Որդին» է (Յովհաննէս 3։16)։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ Յիսուս միակն է որ ուղղակիօրէն Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է։ Յիսուս նաեւ միակն է, զոր Աստուած գործածեց միւս բոլոր բաները ստեղծելու ատեն (Կողոսացիս 1։16)։ Ասկէ զատ, Յիսուս կոչուած է «Բանը» (Յովհաննէս 1։14)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ան Աստուծոյ անունով կը խօսէր, անկասկած պատգամներ ու հրահանգներ հաղորդելով Հօր միւս որդիներուն՝ թէ՛ հոգեղէն եւ թէ մարդկային։

12. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ անդրանիկ Որդին Աստուծոյ հաւասար չէ։

12 Արդեօք անդրանիկ Որդին Աստուծոյ հաւասա՞ր է, ինչպէս ոմանք կը հաւատան։ Աստուածաշունչը այսպէս չի սորվեցներ։ Ինչպէս նախորդ պարբերութեան մէջ նշուեցաւ, Որդին ստեղծուած էր։ Ուստի բացայայտ է թէ ան սկիզբ ունէր. մինչդեռ Եհովա Աստուած ո՛չ սկիզբ, ո՛չ վերջ ունի (Սաղմոս 90։2)։ Միածին Որդին մտքէն իսկ չէ անցուցած իր Հօր հաւասար ըլլալ։ Աստուածաշունչը յստակօրէն կը սորվեցնէ, թէ Հայրը Որդիէն մեծ է (կարդա՛ Յովհաննէս 14։28. Ա. Կորնթացիս 11։3)։ Միայն Եհովան է «ամենակարող Աստուած»ը (Ծննդոց 17։1)։ Հետեւաբար, իրեն հաւասար մէկը չկայ *։

13. Աստուածաշունչը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ Որդիին կ’ակնարկէ որպէս «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերը»։

13 Եհովա եւ իր անդրանիկ Որդին միլիառաւոր տարիներ սերտ փոխյարաբերութիւն վայելած են,– աստղազարդ երկինքն ու երկիրը ստեղծուելէն շա՜տ առաջ։ Անոնք որքա՜ն շատ կը սիրէին զիրար (Յովհաննէս 3։35. 14։31)։ Այս սիրելի Որդին ճիշդ իր Հօր նման էր։ Ասոր համար Աստուածաշունչը Որդիին կ’ակնարկէ որպէս «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերը» (Կողոսացիս 1։15)։ Այո, ճիշդ ինչպէս որ որդի մը կրնայ զանազան կերպերով մեծապէս իր հօր նմանիլ, նոյնպէս այս երկնային Որդին արտացոլեց իր Հօր յատկութիւններն ու անձնաւորութիւնը։

14. Եհովայի միածին Որդին ինչպէ՞ս որպէս մարդ ծնաւ։

14 Եհովայի միածին Որդին սիրայօժար երկինքը ձգեց եւ երկիր եկաւ որպէս մարդ ապրելու համար։ Սակայն թերեւս հարց տաս. ‘Ինչպէ՞ս կարելի էր որ հոգեղէն արարած մը իբրեւ մարդ ծնէր’։ Ասիկա իրագործելու համար, Եհովա հրաշք մը գործեց։ Ան իր անդրանիկ Որդիին կեանքը երկնքէն փոխադրեց Մարիամ կոչուած հրեայ կոյսի մը արգանդը։ Ասոր մէջ մարդկային հայր մը պարփակուած չէր։ Այսպէս Մարիամ կատարեալ որդի մը ծնաւ եւ զայն կոչեց Յիսուս (Ղուկաս 1։30-35

ՅԻՍՈՒՍ ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ ԷՐ

15. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, թէ Յիսուսի միջոցաւ Եհովան աւելի լաւ կը ճանչնանք։

15 Երկրի վրայ այն ինչ որ Յիսուս ըսաւ ու ըրաւ, մեզի կ’օգնէ զինք լաւ ճանչնալու։ Ասկէ զատ, Յիսուսի միջոցաւ Եհովան աւելի լաւ կը ճանչնանք։ Ինչո՞ւ։ Մտաբերէ թէ այս Որդին իր Հօր կատարեալ պատկերն է։ Այս պատճառաւ է որ Յիսուս իր աշակերտներէն մէկուն ըսաւ. «Ան որ զիս տեսաւ՝ Հայրը տեսաւ» (Յովհաննէս 14։9)։ Աստուածաշունչի չորս Աւետարանները,– Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս ու Յովհաննէս,– շատ բան կը պատմեն Յիսուս Քրիստոսի կեանքին, գործունէութեան ու առանձնայատկութիւններուն մասին։

16. Յիսուսի հիմնական պատգամը ի՞նչ էր, եւ իր ուսուցումները ո՞ր աղբիւրէն էին։

16 Յիսուս հանրածանօթ էր որպէս «Վարդապետ» կամ ուսուցիչ (Յովհաննէս 1։38. 13։13)։ Ան ի՞նչ սորվեցուց։ Հիմնականօրէն իր պատգամն էր՝ «արքայութեան աւետարանը» կամ Թագաւորութեան բարի լուրը,– այսինքն՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, երկնային կառավարութիւնը որ ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ եւ հնազանդ մարդկութեան վրայ անվերջ օրհնութիւններ պիտի տեղացնէ (Մատթէոս 4։23)։ Ասիկա որո՞ւ պատգամն էր։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Իմ ուսուցումս՝ ի՛մս չէ, հապա զիս ղրկողի՛նն է» (Յովհաննէս 7։16, ԱԾ)։ Յիսուս գիտէր թէ իր Հայրը կ’ուզէր, որ մարդիկ Թագաւորութեան բարի լուրին մասին լսեն։ 8–րդ գլուխին մէջ, Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր իրագործելիք բաներուն մասին աւելին պիտի սորվինք։

17. Յիսուս ո՞ւր ուսուցանեց, եւ ուրիշներուն սորվեցնելու համար ինչո՞ւ շատ ջանք թափեց։

17 Յիսուս ո՞ւր սորվեցուց։ Հոն ուր մարդ կար,– արտերուն, քաղաքներուն, գիւղերուն, շուկաներուն ու տուներուն մէջ։ Ան չսպասեց որ մարդիկ իր քով գան, այլ ի՛նք անոնց քով գնաց (Մարկոս 6։56. Ղուկաս 19։5, 6)։ Յիսուս ինչո՞ւ այսքան ջանք թափեց ու իր ժամանակին մեծ մասը քարոզելու եւ սորվեցնելու տրամադրեց։ Որովհետեւ Աստուծոյ կամքն էր որ Յիսուս այդպէս ընէր, եւ ան միշտ իր Հօր կամքը ըրաւ (Յովհաննէս 8։28, 29)։ Սակայն Յիսուս քարոզելու ուրիշ պատճառ մըն ալ ունէր։ Ան զինք տեսնելու եկող ամբոխներուն կը կարեկցէր (կարդա՛ Մատթէոս 9։35, 36)։ Անոնք անտեսուած էին իրենց կրօնական առաջնորդներուն կողմէ, որոնցմէ կ’ակնկալուէր իրենց սորվեցնել Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը։ Յիսուս գիտէր թէ մարդիկ որքա՜ն կարիքը ունէին Թագաւորութեան պատգամը լսելու։

18. Յիսուսի ո՞ր յատկութիւնները շատ գրաւիչ կը գտնես։

18 Յիսուս ջերմ ու խոր զգացումներու տէր մարդ մը ըլլալով, շատեր զինք դիւրամերձ ու ազնիւ կը նկատէին։ Նոյնիսկ երեխաներ իր ներկայութեան հանգիստ կը զգային (Մարկոս 10։13-16)։ Յիսուս անաչառ էր։ Ան խարդախութիւնն ու անիրաւութիւնը կ’ատէր (Մատթէոս 21։12, 13)։ Յիսուսի օրերուն, երբ կիներու հանդէպ քիչ յարգանք կը ցուցաբերուէր եւ անոնք քիչ իրաւունքներու տէր էին, ան անոնց հետ արժանապատուութեամբ վարուեցաւ (Յովհաննէս 4։9, 27)։ Յիսուս իսկապէս խոնարհ էր։ Առիթով մը, ան իր առաքեալներուն ոտքերը լուաց,– ծառայութիւն մը՝ որ սովորաբար աննշան ծառայ մը կը կատարէր։

Յիսուս քարոզեց մարդոց, ո՛ւր որ ալ գտնուէին

19. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս ուրիշներու կարիքներուն նկատմամբ զգայուն էր։

19 Յիսուս ուրիշներու կարիքներուն նկատմամբ զգայուն էր։ Ասիկա յատկապէս ակնյայտ էր, երբ Աստուծոյ հոգիին զօրութեամբ ան հրաշալի բուժումներ կը կատարէր (Մատթէոս 14։14)։ Օրինակ՝ բորոտ մը Յիսուսի մօտենալով ըսաւ. «Եթէ ուզես, կրնաս զիս մաքրել»։ Յիսուս այս մարդուն ցաւն ու տառապանքը անձնապէս զգաց։ Խղճալով՝ ան իր ձեռքը երկնցուց եւ մարդուն դպաւ ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ Ա՛րդարեւ հիւանդը բժշկուեցաւ (Մարկոս 1։40-42)։ Կրնա՞ս երեւակայել թէ այդ մարդը ինչ զգացած ըլլալու էր։

ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ

20, 21. Յիսուս ինչպէ՞ս Աստուծոյ հաւատարմօրէն հնազանդելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ։

20 Յիսուս Աստուծոյ հաւատարմօրէն հնազանդելու լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ։ Ան իր երկնաւոր Հօր հաւատարիմ մնաց այլազան պարագաներու մէջ եւ ամէն տեսակ հակառակութեան ու տառապանքի ներքեւ։ Յիսուս Սատանայի փորձութիւններուն վճռականօրէն ու յաջողապէս դէմ դրաւ (Մատթէոս 4։1-11)։ Ժամանակ մը, Յիսուսի ազգականներէն ոմանք իրեն հաւատք չընծայեցին, նոյնիսկ ըսելով թէ ան «խելռած» է (Մարկոս 3։21)։ Բայց Յիսուս թոյլ չտուաւ որ անոնք իր վրայ ազդեցութիւն բանեցնեն. հապա Աստուծոյ գործը կատարելու մէջ յարատեւեց։ Հակառակ ամէն նախատինքի ու գէշ վերաբերմունքի, Յիսուս ինքնազսպում ցուցաբերեց՝ բնաւ չփորձելով իր հակառակորդներուն վնաս հասցնել (Ա. Պետրոս 2։21-23

21 Յիսուս հաւատարիմ մնաց մինչեւ մահ,– անգութ ու տանջալից մահ մը՝ իր թշնամիներուն ձեռքով (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։8)։ Նկատի առ, թէ ան իր մարդկային կեանքին վերջին օրը ի՛նչ բաներու տոկաց։ Ան ձերբակալուեցաւ, սուտ վկաներու կողմէ ամբաստանուեցաւ, անիրաւ դատաւորներու կողմէ դատապարտուեցաւ, խուժաններու կողմէ ծաղրուեցաւ եւ զինուորներու ձեռքով չարչարուեցաւ։ Ցիցի մը գամուելով, ան իր վերջին շունչը առաւ եւ աղաղակեց. «Ամէն բան կատարուեցաւ» (Յովհաննէս 19։30. Գործք 5։30)։ Սակայն Յիսուսի մահուան երրորդ օրը, իր երկնաւոր Հայրը զինք հոգեղէն կեանքի յարուցանեց (Ա. Պետրոս 3։18)։ Քանի մը շաբաթ ետք, ան երկինք վերադարձաւ։ Հոն, Յիսուս «Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ» եւ սպասեց որ արքայական իշխանութիւն ստանայ (Եբրայեցիս 10։12, 13

22. Յիսուս մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով ի՞նչ իրագործեց։

22 Յիսուս մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով ի՞նչ իրագործեց։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի մահը մեզի պատեհութիւն կու տայ որ դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտեան ապրինք, ինչ որ ներդաշնակ է Եհովայի սկզբնական նպատակին հետ։ Յիսուսի մահը ասիկա ինչպէ՞ս կարելի կը դարձնէ։ Յաջորդ գլուխին մէջ այս նիւթը պիտի քննարկուի։

^ պարբ. 7 Յիսուսի կապակցաբար կատարուած Դանիէլի մարգարէութեան բացատրութեան համար, տե՛ս «Դանիէլի մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը նախագուշակէ Մեսիային գալուստը» յաւելուածը։

^ պարբ. 11 Եհովա կոչուած է Հայր, որովհետեւ Ստեղծիչն է (Եսայի 64։8)։ Քանի որ Յիսուս Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է, ան կոչուած է Աստուծոյ Որդի։ Նոյնանման պատճառներով միւս հոգեղէն արարածները, եւ նոյնիսկ մարդ Ադամը, կոչուած են Աստուծոյ որդիներ (Յոբ 1։6. Ղուկաս 3։38

^ պարբ. 12 Անդրանիկ Որդիին Աստուծոյ հաւասար չըլլալուն նկատմամբ յաւելեալ ապացոյցներու համար, տե՛ս «Ճշմարտութիւնը՝ Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին մասին» յաւելուածը։