Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 6

Ո՞ւր կը գտնուին մեռելները

Ո՞ւր կը գտնուին մեռելները
  • Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ մեռնինք

  • Ինչո՞ւ կը մեռնինք

  • Մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը կրնա՞յ մխիթարել մեզ

1-3. Մարդիկ մահուան մասին ի՞նչ հարցումներ կը հարցնեն, եւ զանազան կրօնքներ ի՞նչ պատասխաններ կը հայթայթեն։

ԱՍՈՆՔ հարցումներ են, որոնք մարդոց կողմէ կ’ուղղուին հազարաւոր տարիներէ ի վեր։ Անոնք կարեւո՛ր հարցումներ են։ Ո՛վ ալ ըլլանք կամ ո՛ւր ալ ապրինք, ասոնց պատասխանները իւրաքանչիւրս կը հետաքրքրեն։

2 Նախորդ գլուխին մէջ քննարկեցինք, թէ Յիսուս Քրիստոսի զոհը ինչպէ՛ս հարթեց յաւիտենական կեանքի ճամբան։ Նաեւ սորվեցանք թէ Աստուածաշունչը կը նշէ ժամանակ մը, երբ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ» (Յայտնութիւն 21։4)։ Բայց տակաւին՝ բոլորս կը մեռնինք։ Իմաստուն Սողոմոն թագաւոր ըսաւ. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին» (Ժողովող 9։5)։ Մենք կը ջանանք կարելի եղածին չափ երկար ապրիլ, միեւնոյն ատեն հարց կու տանք, թէ երբ մեռնինք ի՛նչ պիտի պատահի մեզի։

3 Երբ մեր սիրելիները կը մահանան, կը սգանք։ Եւ թերեւս հարց տանք. ‘Անոնց ի՞նչ պատահած է։ Արդեօք կը չարչարուի՞ն։ Անոնք մեր վրայ կը հսկե՞ն։ Անոնց կրնա՞նք օգնել։ Զիրենք դարձեալ պիտի տեսնե՞նք’։ Աշխարհի կրօնքները այս հարցումներուն այլազան պատասխաններ կը հայթայթեն։ Ոմանք կը սորվեցնեն, թէ եթէ պարկեշտ կեանք մը ապրիս՝ երկինք պիտի երթաս, բայց եթէ վատ կենցաղ մը վարես՝ չարչարանքի վայրի մը մէջ պիտի այրիս։ Այլ կրօնքներ կը սորվեցնեն, թէ մահուան ատեն մարդիկ հոգեղէն ծիր կը փոխադրուին իրենց նախահայրերուն միանալու համար։ Տակաւին ուրիշներ կը սորվեցնեն թէ մեռելները ենթաշխարհ մը կ’երթան դատուելու, ապա կը հոգեփոխուին, այսինքն՝ ուրիշ մարմնով մը կը վերածնին։

4. Կրօնքներուն մեծամասնութիւնը մահուան մասին ի՞նչ հիմնական գաղափար մը կը բաժնէ։

4 Այս բոլոր կրօնական ուսուցումները հիմնական մէկ գաղափար կը բաժնեն,– ֆիզիքական մարմնին մահէն ետք, մեզմէ մաս մը կը վերապրի։ Կրօնքներուն մեծամասնութիւնը, անցեալին ու ներկայիս, կը սորվեցնէ թէ մենք ձեւով մը կը շարունակենք յաւիտեան ապրիլ՝ տեսնելու, լսելու եւ մտածելու կարողութեամբ։ Սակայն ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, երբ մեր զգայարանքները մեր մտածումներով մէկտեղ, մեր ուղեղին գործունէութեանց առնչուած են։ Մահուան ժամանակ ուղեղը կը դադրի գործելէ։ Ուստի մեր յիշատակները, զգացումներն ու զգայարանքները չեն շարունակեր խորհրդաւոր կերպով մը ուղեղէն անկախ գործել։ Հետեւաբար, մեր ուղեղին մահանալէն ետք, անոնք կը դադրին գործելէ։

ՄԱՀՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ԻՐԱՊԷՍ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏԱՀԻ

5, 6. Աստուածաշունչը մեռելներուն վիճակին մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ։

5 Մահուան ժամանակ ի՛նչ պատահիլը, Եհովայի՝ ուղեղի Ստեղծիչին համար գաղտնիք մը չէ։ Ան ասոր մասին ճշմարտութիւնը գիտէ, եւ մեռելներուն վիճակը կը բացատրէ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, որ յստակօրէն կը սորվեցնէ, թէ երբ անհատ մը մեռնի՝ գոյութենէ կը դադրի։ Մահը՝ կեանքին հակառակն է։ Մեռելները ո՛չ կը տեսնեն, ո՛չ կը լսեն, ոչ ալ կը խորհին։ Մեր մարմնին մահէն ետք մեզմէ ո՛չ իսկ մաս մը կը վերապրի։ Մենք անմահ հոգի կամ ոգի չունինք *։

Բոցը ո՞ւր գնաց

6 Սողոմոն դիտել տալէ ետք, թէ անոնք որ կ’ապրին գիտեն թէ պիտի մեռնին՝ գրեց. «Բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ Ապա ան այս հիմնական ճշմարտութիւնը մանրամասնեց ըսելով, թէ մեռելները ո՛չ կրնան սիրել, ոչ ալ կրնան ատել, եւ թէ «գերեզմանի[ն] մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ» (կարդա՛ Ժողովող 9։5, 6, 10)։ Նոյնպէս Սաղմոս 146։4–ը կ’ըսէ, թէ երբ մարդը մեռնի «անոր խորհուրդները կը կորսուին»։ Մենք մահկանացու ենք եւ մեր մարմինը մեռնելէն ետք՝ գոյութենէ կը դադրինք։ Մեր ապրած կեանքը մոմի մը բոցին պէս է։ Երբ բոցը մարենք, անիկա տեղ մը չ’երթար, այլ պարզապէս գոյութենէ կը դադրի։

ԻՆՉ ՈՐ ՅԻՍՈՒՍ ԸՍԱՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ

7. Յիսուս մահը ի՞նչ բանի հետ համեմատեց։

7 Յիսուս Քրիստոս մեռելներուն վիճակին մասին խօսեցաւ։ Երբ իր մօտիկ բարեկամը՝ Ղազարոս մահացաւ, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է»։ Աշակերտները կարծեցին թէ Յիսուս ըսել կ’ուզէր, թէ ան բառացիօրէն քնացած էր, որպէսզի ապաքինէր։ Բայց անոնք կը սխալէին։ Յիսուս բացատրեց. «Ղազարոս մեռաւ» (կարդա՛ Յովհաննէս 11։11-14)։ Նկատէ թէ Յիսուս մահը համեմատեց քունի հետ։ Ուրեմն Ղազարոս ո՛չ երկինքն էր, ոչ ալ կրակոտ դժոխքի մը մէջ։ Ան ո՛չ հրեշտակներուն, ոչ ալ իր նախահայրերուն քով գացած էր։ Ոչ ալ ան վերածնած էր որպէս ուրիշ մարդկային արարած մը։ Ղազարոս մահացած էր, որպէս թէ խո՜ր քունի մը մէջ ըլլար, ուր այլեւս ոչինչ կը զգար։ Այլ համարներ ալ մահը կը համեմատեն քունի հետ։ Օրինակ՝ երբ Ստեփանոս աշակերտը մինչեւ մահ քարկոծուեցաւ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ան «ննջեց» (Գործք 7։59)։ Նոյնպէս, Պօղոս առաքեալ գրեց թէ իր օրերուն ապրողներէն ոմանք «ննջեցին» (Ա. Կորնթացիս 15։6

Եհովա մարդիկը ստեղծեց որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին

8. Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Աստուծոյ նպատակը չէր որ մարդիկ մեռնէին։

8 Աստուծոյ սկզբնական նպատա՞կն էր որ մարդիկ մեռնէին։ Բնա՛ւ երբեք։ Եհովա մարդը ստեղծեց որ երկրի վրայ յաւիտեան ապրի։ Ինչպէս որ այս գրքին նախորդ գլուխներուն մէջ սորվեցանք, Աստուած մարդկային առաջին զոյգը հաճելի դրախտի մէջ դրաւ։ Ան զանոնք կատարեալ առողջութեամբ օժտեց։ Եհովա անոնց համար միա՛յն լաւ բաներ փափաքեցաւ։ Սիրալիր ծնողք մը կ’ուզէ՞ որ իր զաւակները ծերութեան ու մահուան ցաւերէ տառապին։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Եհովա իր զաւակները կը սիրէր եւ կ’ուզէր որ անոնք երկրի վրայ անվերջ երջանկութիւն վայելեն։ Աստուածաշունչը մարդոց նկատմամբ կ’ըսէ. «[Եհովա] մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ» (Ժողովող 3։11)։ Աստուած մեզ յաւիտեան ապրելու փափաքով ստեղծած է եւ այդ փափաքը իրականացնելու համար կարգադրութիւններ ըրած է։

ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆ

9. Եհովա Ադամի համար ի՞նչ արգելք դրաւ, եւ այս պատուէրին հնազանդիլը ինչո՞ւ դժուար չէր։

9 Արդ, մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։ Պատասխանը ստանալու համար, պէտք է նկատի առնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ երկրի վրայ միայն մէկ մարդ ու մէկ կին կային։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Տէր Աստուած գետնէն՝ տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ. . . բուսցուց» (Ծննդոց 2։9)։ Սակայն մէկ արգելք կար։ Եհովա Ադամի ըսաւ. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս» (Ծննդոց 2։16, 17)։ Այս պատուէրին հնազանդիլը դժուար բան մը չէր։ Բազմաթիւ այլ ծառեր կային, որոնցմէ Ադամն ու Եւան կրնային ուտել։ Բայց այժմ անոնց յատուկ պատեհութիւն մը տրուեցաւ, որ իրենց երախտագիտութիւնը ցուցաբերեն Անոր հանդէպ, որ իրենց ամէն բան տուաւ, ներառեալ՝ կատարեալ կեանք։ Անոնց հնազանդութիւնը նաեւ ցոյց պիտի տար, թէ իրենց երկնաւոր Հօր հեղինակութիւնը կը յարգեն եւ կ’ուզեն անոր սիրալիր ուղղութեան հետեւիլ։

10, 11. ա) Առաջին մարդկային զոյգը ինչպէ՞ս Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցաւ։ բ) Ադամի ու Եւայի անհնազանդութիւնը ինչո՞ւ լուրջ հարց մըն էր։

10 Ցաւօք սրտի, մարդկային առաջին զոյգը ընտրեց Եհովայի անհնազանդ ըլլալ։ Օձի մը միջոցաւ խօսելով, Սատանան Եւային հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Եւան պատասխանեց. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք’» (Ծննդոց 3։1-3

11 Սատանան ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով» (Ծննդոց 3։4, 5)։ Սատանան ուզեց որ Եւան հաւատայ, թէ արգիլուած պտուղէն ուտելով պիտի օգտուի։ Ըստ իրեն, Եւան կրնար անձամբ որոշել թէ ի՛նչ է ճիշդը եւ ի՛նչ է սխալը. ան կրնար իր ուզածը ընել։ Սատանան նաեւ ամբաստանեց Եհովան, ըսելով՝ թէ Ան ստած էր պտուղը ուտելուն հետեւանքներուն նկատմամբ։ Եւան Սատանային հաւատաց։ Ուստի ան պտուղէն առաւ եւ կերաւ։ Ապա իր ամուսինին ալ տուաւ անկէ, եւ ան ալ կերաւ։ Անոնք տգիտութեամբ չըրին այդ արարքը։ Անոնք գիտէին թէ կ’ընէին ճիշդ ինչ որ Աստուած իրենց ըսած էր որ չընեն։ Պտուղէն ուտելով, անոնք դիտումնաւոր կերպով չհնազանդեցան պարզ ու տրամաբանական պատուէրի մը։ Անոնք իրենց երկնաւոր Հայրը ու անոր հեղինակութիւնը արհամարհեցին։ Անշուշտ իրենց սիրալիր Ստեղծիչին հանդէպ այսպիսի անարգալից վերաբերմունք անարդարանալի էր։

12. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել հասկնալու, թէ Եհովա ի՛նչ զգաց, երբ Ադամն ու Եւան իրեն ընդդիմացան։

12 Բացատրենք. ի՞նչ պիտի զգայիր եթէ քու մեծցուցած եւ հոգ տարած տղադ կամ աղջիկդ քեզի անհնազանդ գտնուէր այնպիսի կերպով մը, որ ցոյց կու տար թէ ո՛չ յարգանք, ոչ ալ սէր ունի քեզի հանդէպ։ Վստահաբար ասիկա կրնայ մե՛ծ սրտացաւ պատճառել քեզի։ Այժմ պատկերացուր թէ Եհովա որքա՛ն ցաւ զգաց, երբ Ադամն ու Եւան իրեն ընդդիմացան։

Ադամ հողէն շինուեցաւ, եւ ան հողին վերադարձաւ

13. Եհովան ի՞նչ ըսաւ թէ պիտի պատահէր Ադամի՝ երբ մեռնէր, եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։

13 Եհովա անհնազանդ Ադամն ու Եւան յաւիտեան ապրեցնելու պատճառ մը չունէր այլեւս։ Ուստի ճիշդ ինչպէս որ ինք ըսած էր, անոնք մեռան։ Ադամն ու Եւան գոյութենէ դադրեցան։ Անոնք հոգեղէն ծիր չփոխադրուեցան։ Ասիկա գիտենք, որովհետեւ Եհովա՝ Ադամի անհնազանդութիւնը իր երեսին ըսելէն ետք, շարունակեց. «Գետինը [պիտի վերադառնաս], ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս» (Ծննդոց 3։19)։ Աստուած Ադամը գետնի հողէն շինած էր (Ծննդոց 2։7)։ Անկէ առաջ, Ադամ գոյութիւն չունէր։ Հետեւաբար, երբ Եհովա ըսաւ թէ Ադամ հողին պիտի վերադառնար, Ան ըսել ուզեց թէ Ադամ չգոյութեան վիճակին պիտի վերադառնար։ Ադամ անկենդան պիտի ըլլար, ճիշդ այն հողին պէս, որմէ շինուած էր։

14. Ինչո՞ւ կը մեռնինք։

14 Կարելի էր որ Ադամն ու Եւան մինչեւ օրս ողջ մնային, բայց անոնք մեռան, որովհետեւ ընտրեցին Աստուծոյ անհնազանդ գտնուիլ, այսպիսով անոնք մեղանչեցին։ Իսկ մեր մահանալուն պատճառը այն է՝ թէ Ադամի մեղաւոր վիճակը, նաեւ մահը, իր ամբողջ սերունդին փոխանցուեցաւ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 5։12)։ Մեղքը՝ ժառանգական ահաւոր հիւանդութեան մը նման է, որմէ ո՛չ ոք կրնայ ազատիլ։ Իսկ անոր հետեւանքը՝ մահը, անէծք է։ Անիկա թշնամի է եւ ոչ թէ բարեկամ (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Որքա՜ն երախտապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովա փրկանքը հայթայթեց, մեզ այս սարսափելի թշնամիէն ազատելու համար։

ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳԻՏՆԱԼԸ ՕԳՏԱԿԱՐ Է

15. Մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը ինչո՞ւ մխիթարական է։

15 Այն ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ մեռելներու վիճակին մասին, մխիթարական է։ Ինչպէս տեսանք, մեռելները ո՛չ կը ցաւին, ոչ ալ կը տառապին։ Անոնցմէ վախնալու պատճառ չկայ, որովհետեւ անոնք չեն կրնար մեզի վնաս հասցնել։ Անոնք ո՛չ մեր օգնութեան կարիք ունին, ոչ ալ կրնան մեզի օգնել։ Ո՛չ մենք կրնանք անոնց հետ խօսիլ, ոչ ալ անոնք կրնան մեզի հետ խօսիլ։ Բազմաթիւ կրօնական առաջնորդներ կը դաւանին, թէ կրնան մեռելներուն օգնել, եւ ասոր հաւատացողները նոյնիսկ անոնց դրամ կու տան։ Սակայն ճշմարտութիւնը գիտնալը մեզ կը պաշտպանէ այսպիսի սուտեր խօսողներու կողմէ խաբուելէ։

16. Բազմաթիւ կրօնքներու ուսուցումներուն վրայ ո՞վ ազդեցութիւն բանեցուցած է, եւ ի՞նչ կերպով։

16 Կրօնքդ համաձա՞յն է մեռելներուն մասին Աստուածաշունչին սորվեցուցածին հետ։ Կրօնքներուն մեծամասնութիւնը համաձայն չէ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ անոնց ուսուցումները Սատանայէն ազդուած են։ Ան այս կրօնքները կը գործածէ, մարդոց հաւատալ տալու թէ իրենց մարմնին մահէն ետք պիտի շարունակեն հոգեղէն ծիրին մէջ ապրիլ։ Սատանան այս եւ ուրիշ սուտեր կը գործածէ, մարդիկը Եհովա Աստուծմէ հեռացնելու համար։ Ինչպէ՞ս։

17. Յաւիտենական չարչարանքի ուսուցումը ինչո՞ւ Եհովան կ’անարգէ։

17 Ինչպէս նախապէս նշուեցաւ, կարգ մը կրօնքներ կը սորվեցնեն թէ եթէ անհատ մը վատ կենցաղ վարէ, մահէն ետք ան տանջանքի կրակոտ վայր մը պիտի երթայ, հոն յաւիտեան չարչարուելու համար։ Այս ուսուցումը Աստուած կ’անարգէ։ Եհովա սիրոյ Աստուած է, եւ մարդիկը այս կերպով բնաւ չի չարչարեր (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Ի՞նչ պիտի զգայիր մարդու մը նկատմամբ, որ անհնազանդ երեխայ մը պատժելու համար, անոր ձեռքը կրակին մէջ կը դնէ։ Այսպիսի անհատ մը պիտի յարգէի՞ր եւ պիտի փափաքէի՞ր իրեն ծանօթանալ։ Վստահաբար ո՛չ։ Թերեւս պիտի խորհէիր թէ ան շատ անգութ է։ Նոյնպէս Սատանան կ’ուզէ որ հաւատանք, թէ Եհովա մարդիկը կրակին մէջ կը չարչարէ յաւիտեան,– միլիառաւոր տարիներ։

18. Մեռելներուն պաշտամունքը կրօնական ո՞ր սուտին վրայ հիմնուած է։

18 Սատանան նաեւ կը գործածէ կարգ մը կրօնքներ, սորվեցնելու համար թէ մահէն ետք մարդիկ կը դառնան հոգիներ, որոնք ողջերու կողմէ պէտք է յարգուին ու պատուուին։ Այս ուսուցումին համաձայն, մեռելներու հոգիները կրնան դառնալ հզօր բարեկամներ կամ ահաւոր թշնամիներ։ Շատեր այս սուտին կը հաւատան։ Անոնք մեռելներէն վախնալով անոնց պատիւ ու պաշտամունք կը մատուցանեն։ Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ մեռելները ննջած են եւ թէ պէտք է պաշտենք միա՛յն ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան, մեր Ստեղծիչն ու Մատակարարը (Յայտնութիւն 4։10բ

19. Մահուան մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը մեզի կ’օգնէ աստուածաշնչական ի՞նչ ա՛յլ ուսուցում հասկնալու։

19 Մեռելներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտնալը քեզ կը պաշտպանէ կրօնական սուտերով մոլորուելէ։ Անիկա նաեւ կ’օգնէ Աստուածաշունչի ա՛յլ ուսուցումներ հասկնալու։ Օրինակ՝ երբ գիտնաս թէ մարդիկ մահուան ատեն հոգեղէն ծիր չեն փոխադրուիր, դրախտային երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի խոստումը իրական իմաստ կը ստանայ քեզի համար։

20. Յաջորդ գլուխին մէջ ի՞նչ հարցում նկատի պիտի առնենք։

20 Շատոնց, արդար մարդը՝ Յոբ, սա հարցումը յարուց. «Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք» (Յոբ 14։14Մահացած անհատ մը կրնա՞յ ետ կեանքի բերուիլ։ Ինչ որ Աստուածաշունչը ասոր մասին կը սորվեցնէ՝ խորապէս մխիթարական է. յաջորդ գլուխը ասիկա ցոյց պիտի տայ։

^ պարբ. 5 «Հոգի» եւ «ոգի» բառերուն քննարկութեան համար, տե՛ս ««Հոգի» եւ «ոգի». այս բառերը իրապէս ի՞նչ կը նշանակեն» յաւելուածը։