Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 8

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
  • Աստուածաշունչը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ կ’ըսէ մեզի

  • Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի ընէ

  • Թագաւորութիւնը ե՞րբ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ երկրի վրայ

1. Այժմ ո՞ր հանրածանօթ աղօթքը պիտի քննարկենք։

ՀԱՄԱՅՆ աշխարհի մէջ միլիոնաւորներ ծանօթ են այն աղօթքին, զոր շատեր կը կոչեն «Հայր մեր» կամ «Տէրունական աղօթքը»։ Այս երկու արտայայտութիւնները կ’ակնարկեն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ տրուած տիպար աղօթքին։ Անիկա շատ իմաստալից աղօթք մըն է, եւ անոր առաջին երեք խնդրանքները նկատի առնելը քեզի պիտի օգնէ աւելի գիտնալու, թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։

2. Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց ո՞ր խնդրանքներուն մասին աղօթել։

2 Այս տիպար աղօթքին սկիզբը, Յիսուս իր ունկնդիրներուն պատուիրեց. «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ’» (Մատթէոս 6։9-13)։ Այս երեք խնդրանքներուն նշանակութիւնը ի՞նչ է։

3. Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ պէտք է գիտնանք։

3 Արդէն իսկ Աստուծոյ անուան մասին շատ բաներ սորվեցանք։ Նաեւ որոշ տարողութեամբ Աստուծոյ կամքին մասին քննարկեցինք,– մարդկութեան համար ի՛նչ ըրած է եւ տակաւին պիտի ընէ։ Սակայն Յիսուս ի՞նչ բանի կ’ակնարկէր, երբ մեզի ըսաւ որ աղօթենք. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Անոր գալը ինչպէ՞ս Աստուծոյ անունը պիտի սրբացնէ։ Եւ Թագաւորութեան գալը ինչպէ՞ս կապուած է Աստուծոյ կամքին կատարման հետ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉ Է

4. Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, եւ ո՞վ է անոր Թագաւորը։

4 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Եհովա Աստուծոյ կողմէ հաստատուած կառավարութիւն մըն է, որ իր կողմէ ընտրուած Թագաւոր մը ունի։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը ո՞վ է։ Յիսուս Քրիստոս։ Որպէս Թագաւոր, Յիսուս մարդկային բոլոր կառավարիչներէն մեծ է եւ կոչուած՝ «թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէրը» (Ա. Տիմոթէոս 6։15)։ Ան զօրութիւն ունի աւելի բարիք ընելու, քան մարդկային ոեւէ կառավարիչ, որքան ալ լաւ ըլլայ ան։

5. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ուրկէ՞ կ’իշխէ, եւ ի՞նչ բանի վրայ։

5 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ուրկէ՞ պիտի իշխէ։ Նախ նկատի առնենք թէ այժմ Յիսուս ո՞ւր կը գտնուի։ Հաւանաբար յիշես թէ ան տանջանքի ցիցի մը վրայ սպաննուեցաւ, յարուցանուեցաւ եւ ետքը երկինք համբարձաւ (Գործք 2։33)։ Հետեւաբար, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը գտնուի երկինքը։ Այս պատճառաւ է որ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ ‘երկնային թագաւորութիւն’ (Բ. Տիմոթէոս 4։18)։ Թէեւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկինքն է, սակայն անիկա հոնկէ պիտի իշխէ երկրի վրայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 11։15

6, 7. Ի՞նչ բան Յիսուսը արտակարգ Թագաւոր մը կը դարձնէ։

6 Ի՞նչ բան Յիսուսը արտակարգ Թագաւոր մը կը դարձնէ։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ ան երբե՛ք պիտի չմեռնի։ Յիսուսը մարդկային թագաւորներու հետ բաղդատելով Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ «միայն [ինք] ունի անմահութիւն՝ անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած» (Ա. Տիմոթէոս 6։16)։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ Յիսուսի իրագործելիք բոլոր բարիքները մնայուն պիտի ըլլան։ Վստահաբար, ան մեծամեծ ու լաւ բաներ պիտի ընէ։

7 Նկատի առ Յիսուսի նկատմամբ Աստուածաշունչի հետեւեալ մարգարէութիւնը. «Անոր վրայ պիտի հանգչի Տէրոջը Հոգին, իմաստութեան ու հանճարի Հոգին, խորհուրդի ու զօրութեան Հոգին, գիտութեան եւ Աստուծոյ վախին Հոգին։ Անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուի եւ իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ» (Եսայի 11։2-4)։ Այս խօսքերը ցոյց կու տան, թէ երկրի բնակչութեան համար, Յիսուս արդար ու կարեկից Թագաւոր մը պիտի ըլլար։ Չե՞ս փափաքիր այսպիսի կառավարիչ մը ունենալ։

8. Որո՞նք Յիսուսի հետ պիտի իշխեն։

8 Ահաւասիկ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ուրիշ ճշմարտութիւն մը. Յիսուս առանձին պիտի չիշխէ, ան իշխանակիցներ պիտի ունենայ։ Օրինակ՝ Պօղոս առաքեալ Տիմոթէոսի ըսաւ. «Եթէ համբերենք, անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ» (Բ. Տիմոթէոս 2։12)։ Արդարեւ, Պօղոս, Տիմոթէոս եւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած այլ հաւատարիմներ, Յիսուսի հետ պիտի իշխեն երկնային Թագաւորութեան մէջ։ Սակայն քանի՞ հոգիներ այդ առանձնաշնորհումը պիտի ունենան։

9. Յիսուսի հետ քանի՞ հոգի պիտի իշխէ, եւ Աստուած ե՞րբ սկսաւ զանոնք ընտրել։

9 Ինչպէս որ այս գրքին 7–րդ գլուխին մէջ նշուած էր, Յովհաննէս առաքեալի տրուեցաւ տեսիլք մը, որուն մէջ ան տեսաւ «Գառնուկը [Յիսուս Քրիստոս] կայներ էր Սիօն լերանը վրայ [երկնքի մէջ իր թագաւորական դիրքը] ու անոր հետ հարիւր քառասունչորս հազարը, որոնք ունէին անոր անունը եւ անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած»։ Որո՞նք են այս 144,000–ը։ Յովհաննէս անձնապէս մեզի կ’ըսէ. «Ասոնք Գառնուկին ետեւէն կ’երթան՝ ուր որ ան երթայ. ասոնք մարդոց մէջէն գնուեցան Աստուծոյ ու Գառնուկին երախայրի ըլլալու» (Յայտնութիւն 14։1, 4)։ Այո, անոնք Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդներ են, յատկապէս ընտրուած՝ երկնքի մէջ իրեն հետ իշխելու համար։ Մահանալէ ապա երկնային կեանքի յարուցանուելէ ետք, անոնք Յիսուսի հետ ‘երկրի վրայ պիտի թագաւորեն’ (Յայտնութիւն 5։10)։ Առաքեալներուն ժամանակէն ի վեր, Աստուած հաւատարիմ քրիստոնեաներ կ’ընտրէ 144,000–ը ամբողջացնելու համար։

10. Ինչո՞ւ սիրալիր կարգադրութիւն մըն է Յիսուսի եւ 144,000–ի իշխելը մարդկութեան վրայ։

10 Ինչո՞ւ շատ սիրալիր կարգադրութիւն մըն է Յիսուսի եւ 144,000–ի իշխելը մարդկութեան վրայ։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ Յիսուս գիտէ թէ ի՛նչ ըսել է մարդ արարած ըլլալ ու չարչարուիլ։ Յիսուսի առնչութեամբ Պօղոս ըսաւ. «Ո՛չ թէ այնպիսի քահանայապետ մը ունինք՝ որ կարող չըլլայ մեր տկարութիւններուն կարեկից ըլլալ, հապա ինք ամէն կերպով փորձը առած է մեզի նման, բայց առանց մեղքի» (Եբրայեցիս 4։15. 5։8)։ Յիսուսի իշխանակիցներն ալ որպէս մարդ արարածներ տառապած ու համբերած են։ Ասկէ զատ, անոնք անկատարութեան դէմ պայքարած եւ ամէն տեսակ հիւանդութիւններու տոկացած են։ Վստահաբար, անոնք մարդկութեան դիմագրաւած խնդիրները պիտի հասկնան։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԷ

11. Յիսուս ինչո՞ւ իր աշակերտներուն ըսաւ, թէ պէտք է աղօթեն որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ երկնքի մէջ։

11 Երբ Յիսուս ըսաւ թէ իր աշակերտները պէտք է Աստուծոյ Թագաւորութեան գալուն համար աղօթեն, ան նաեւ ըսաւ թէ անոնք պէտք է աղօթեն որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ «ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ Աստուած երկինքն է, եւ իր կամքը երկնքի մէջ մի՛շտ կատարուած է՝ իր հաւատարիմ հրեշտակներուն միջոցաւ։ Սակայն այս գրքին 3–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք, թէ չար հրեշտակ մը դադրեցաւ Աստուծոյ կամքը կատարելէ եւ պատճառ եղաւ որ Ադամն ու Եւան մեղանչեն։ 10–րդ գլուխին մէջ աւելի պիտի սորվինք, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ այդ չար հրեշտակին մասին, որ մեզի ծանօթ է որպէս Բանսարկու Սատանայ։ Քանի որ Սատանայի եւ իրեն հետեւիլ ընտրող հոգեղէն արարածներուն՝ դեւերուն, թոյլատրուեցաւ ժամանակ մը երկնքի մէջ մնալ, ուրեմն այդ միջոցին երկնքի մէջ գտնուող արարածներուն ո՛չ բոլորը Աստուծոյ կամքը կը կատարէին։ Բայց այս վիճակը պիտի փոխուէր, երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսէր իշխել։ Նոր գահակալուած Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս, Սատանայի դէմ պատերազմ պիտի մղէր (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։7-9

12. Յայտնութիւն 12։10–ի մէջ ո՞ր երկու կարեւոր դէպքերը նկարագրուած են։

12 Հետեւեալ մարգարէական խօսքերը կը նկարագրեն ետքը տեղի ունենալիք դէպքերը. «Մեծ ձայն մը լսեցի երկնքի մէջ, որ կ’ըսէր. ‘Հիմա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը ու զօրութիւնը եւ թագաւորութիւնը ու անոր Օծեալին իշխանութիւնը. վասն զի մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը [Սատանան] վար ձգուեցաւ, որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր’» (Յայտնութիւն 12։10)։ Այս համարին մէջ նկարագրուած երկու շատ կարեւոր դէպքերը նկատեցի՞ր։ Առաջին, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը սկսի իշխել, եւ երկրորդ՝ Սատանան երկնքէն վար կը ձգուի դէպի երկիր։

13. Սատանայի երկնքէն վար ձգուելուն հետեւանքները ի՞նչ եղած են։

13 Այս երկու դէպքերուն հետեւանքները ի՞նչ եղած են։ Երկնքի մէջ պատահած բաներուն առնչութեամբ, կը կարդանք. «Ասոր համար ուրախացէք, ո՛վ երկինք ու անոր մէջ բնակողներ» (Յայտնութիւն 12։12)։ Արդարեւ, երկնքի մէջ գտնուող հաւատարիմ հրեշտակները կ’ուրախանան, քանի որ Սատանան ու իր դեւերը վար ձգուելով, այժմ երկնքի մէջ մնացին միայն Եհովա Աստուծոյ հաւատարիմ արարածները։ Այլեւս հոն կատարեալ խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն կը տիրէ։ Այժմ երկնքի մէջ Աստուծոյ կամքը կը կատարուի։

Սատանայի ու իր դեւերուն երկնքէն դուրս նետուիլը երկրին վայ բերաւ։ Այսպիսի խնդիրներ շուտով վերջ պիտի գտնեն

14. Սատանայի երկիր նետուելուն հետեւանքը ի՞նչ եղած է։

14 Սակայն ի՞նչ կարելի է ըսել երկրին մասին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։12)։ Սատանան երկնքէն վռնտուելուն եւ կարճ ժամանակ ունենալուն համար բարկացած է։ Բարկացած ըլլալով, ան երկրի վրայ նեղութիւն կամ «վայ» կը պատճառէ։ Այս «վայ»ին մասին աւելի պիտի սորվինք յաջորդ գլուխին մէջ։ Ասիկա ի մտի ունենալով, թերեւս հարց տանք. Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ պատճառ ըլլալ որ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի։

15. Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը երկրին նկատմամբ։

15 Լաւ, մտաբերէ թէ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է։ Ինչպէս 3–րդ գլուխին մէջ սորվեցար, Եդեմի մէջ Աստուած ցոյց տուաւ թէ իր կամքն է՝ որ երկիրը ըլլայ դրախտ, ուր պիտի ապրէր արդար մարդկային ցեղ մը, առանց մեռնելու։ Սատանան պատճառ եղաւ որ Ադամն ու Եւան մեղանչեն, եւ ասիկա երկրի նկատմամբ Աստուծոյ կամքին կատարման ազդեց, բայց զայն չփոխեց։ Եհովա տակաւին նպատակադրած է, որ ‘արդարները ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ բնակին’ (Սաղմոս 37։29)։ Արդարեւ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ասիկա պիտի իրագործէ։ Ի՞նչ կերպով։

16, 17. Դանիէլ 2։44–ը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին մեզի ի՞նչ կ’ըսէ։

16 Նկատի առ Դանիէլ 2։44–ի մէջ գտնուող մարգարէութիւնը. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Ասիկա մեզի Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՞նչ կ’ըսէ։

17 Առաջին, ասիկա մեզի կ’ըսէ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի հաստատուէր «այն թագաւորներուն օրերը» կամ՝ մինչ այլ թագաւորութիւններ տակաւին գոյութիւն ունին։ Երկրորդ, անիկա մեզի կ’ըսէ թէ Թագաւորութիւնը յաւիտեան պիտի մնայ։ Անիկա ուրիշ կառավարութիւններու կողմէ պիտի չնուաճուի կամ չփոխարինուի։ Երրորդ, կը տեսնենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ այս աշխարհի թագաւորութիւններու միջեւ պատերազմ տեղի պիտի ունենայ, որմէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը յաղթական դուրս պիտի գայ։ Վերջաւորութեան, անիկա մարդկութեան վրայ տիրող միակ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ։ Այն ատեն մարդիկ ցարդ գոյութիւն ունեցած լաւագոյն իշխանութեան ներքեւ պիտի ապրին։

18. Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ այս աշխարհի կառավարութիւններուն միջեւ տեղի ունենալիք վերջնական պատերազմը ի՞նչ կը կոչուի։

18 Աստուածաշունչը շատ բաներ ունի ըսելիք Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ այս աշխարհի կառավարութիւններուն միջեւ տեղի ունենալիք այդ վերջնական պատերազմին մասին։ Օրինակ՝ անիկա կը սորվեցնէ թէ մինչ այդ պատերազմը կը մօտենայ, չար ոգիներ սուտեր պիտի տարածեն «բոլոր աշխարհի թագաւորներ»ը խաբելու համար։ Ի՞նչ նպատակաւ։ «Որպէսզի զանոնք [թագաւորները] Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին համար հաւաքեն»։ Երկրի թագաւորները պիտի հաւաքուին ‘տեղ մը, որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի’ (Յայտնութիւն 16։14, 16)։ Այս երկու համարներուն վրայ հիմնուելով, մարդկային կառավարութիւններուն եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջեւ տեղի ունենալիք վերջնական պատերազմը կը կոչուի Արմագեդոնի պատերազմը։

19, 20. Ի՞նչ բան արգելք կը հանդիսանայ, որ ներկայիս Աստուծոյ կամքը կատարուի երկրի վրայ։

19 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Արմագեդոնի պատերազմով ի՞նչ պիտի իրագործէ։ Պահ մը դարձեալ խորհէ թէ երկրի նկատմամբ Աստուծոյ կամքը ինչ է։ Եհովա Աստուած նպատակադրեց որ երկիրը լեցուի արդար ու կատարեալ մարդկային ցեղով մը, որ Դրախտին մէջ իրեն կը ծառայէ։ Ներկայիս ի՞նչ բաներ արգելք կը հանդիսանան որ ասիկա տեղի ունենայ։ Արգելք հանդիսացող բաներէն մէկը այն է, թէ մենք մեղաւոր ենք եւ հետեւաբար կը հիւանդանանք ու կը մեռնինք։ Սակայն 5–րդ գլուխին մէջ սորվեցանք թէ Յիսուս մեզի համար մեռաւ, որպէսզի մենք կարենանք յաւիտեան ապրիլ։ Այս առնչութեամբ, հաւանաբար յիշես Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած հետեւեալ խօսքը. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհաննէս 3։16

20 Երկրորդ արգելքը այն է, թէ շատեր չար բաներ կ’ընեն։ Անոնք կը ստեն, խաբեբայութիւն կ’ընեն եւ անբարոյութիւն կը գործեն։ Անոնք չեն ուզեր Աստուծոյ կամքը ընել։ Չար բաներ ընող անհատները պիտի բնաջնջուին Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմին ընթացքին (կարդա՛ Սաղմոս 37։10)։ Երրորդ արգելքը, որուն պատճառաւ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը չի կատարուիր, այն է՝ թէ կառավարութիւններ մարդիկը չեն քաջալերեր որ զայն կատարեն, որովհետեւ անոնց մեծամասնութիւնը անզօր, անգութ կամ փտած է։ Աստուածաշունչը բացայայտօրէն կ’ըսէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար» (Ժողովող 8։9

21. Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս պատճառ պիտի ըլլայ որ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի։

21 Արմագեդոնէն ետք, մարդկութիւնը միայն մէկ կառավարութեան ներքեւ պիտի ապրի, որն է՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Այս Թագաւորութիւնը Աստուծոյ կամքը պիտի կատարէ եւ հոյակապ օրհնութիւններ պիտի բերէ։ Օրինակ՝ անիկա Սատանան ու իր դեւերը պիտի վերցնէ (Յայտնութիւն 20։1-3)։ Ինչպէս նաեւ Յիսուսի զոհին արժէքը պիտի կիրարկուի, այնպէս որ հաւատարիմ մարդիկ այլեւս պիտի չհիւանդանան ու չմեռնին։ Փոխարէն, Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, անոնք պիտի կարենան յաւիտեան ապրիլ (կարդա՛ Յայտնութիւն 22։1-3)։ Նաեւ երկիրը դրախտի պիտի վերածուի։ Հետեւաբար, Թագաւորութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ, որ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարուի եւ Աստուծոյ անունը սրբացուի։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ թէ ի վերջոյ, Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ ապրող իւրաքանչիւր անհատ Եհովայի անունը պիտի պատուէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ Ե՞ՐԲ ԳՈՐԾԻ ՊԻՏԻ ԼԾՈՒԻ

22. Ուրկէ՞ գիտենք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը չեկաւ, երբ Յիսուս երկրի վրայ էր կամ՝ իր յարութենէն անմիջապէս ետք։

22 Երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ որ աղօթեն՝ «քու թագաւորութիւնդ գայ», բացայայտ էր որ Թագաւորութիւնը այդ ժամանակ տակաւին չէր եկած։ Արդեօք անիկա եկաւ, երբ Յիսուս երկի՞նք համբարձաւ։ Ո՛չ, քանի որ թէ՛ Պետրոս եւ թէ Պօղոս ըսին թէ Յիսուսի յարութենէն ետք, անոր վրայ կատարուեցաւ Սաղմոս 110։1–ի մէջ նշուած մարգարէութիւնը, որ կ’ըսէ. «Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ. ‘Նստէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’» (Գործք 2։32-35. Եբրայեցիս 10։12, 13)։ Ուրեմն սպասման ժամանակ մը կար։

Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի երկրի վրայ՝ ինչպէս երկինքը

23. ա) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ սկսաւ իշխել։ բ) Յաջորդ գլուխին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։

23 Այդ ժամանակը որքա՞ն պիտի տեւէր։ 19–րդ եւ 20–րդ դարերու ընթացքին, Աստուածաշունչի անկեղծ աշակերտներ աստիճանաբար ըմբռնեցին թէ սպասման ժամանակը վերջ պիտի գտնէր 1914–ին (այս թուականին համար, տե՛ս «1914. Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ յատկանշական տարի մը» յաւելուածը)։ 1914–ին սկսած համաշխարհային դէպքերը կը հաստատեն, թէ Աստուածաշունչի այս անկեղծ աշակերտներուն ունեցած հասկացողութիւնը ճիշդ էր։ Աստուածաշունչի մարգարէութեան կատարումը ցոյց կու տայ, թէ 1914–ին Քրիստոս Թագաւոր եղաւ եւ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը սկսաւ իշխել։ Ուստի ներկայիս, մենք կ’ապրինք Սատանայի ունեցած «քիչ ժամանակ»ին մէջ (Յայտնութիւն 12։12. Սաղմոս 110։2)։ Նաեւ ստոյգ կրնանք ըսել, թէ շուտով Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գործի պիտի լծուի, որպէսզի երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կատարէ։ Ասիկա սքանչելի լուր մը չե՞ս նկատեր։ Կը հաւատա՞ս թէ ասիկա իրականութիւն է։ Յաջորդ գլուխը քեզի պիտի օգնէ տեսնելու, թէ Աստուածաշունչը ի՛րապէս կը սորվեցնէ այս բաները։