Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 9

Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք

Արդեօք ‘վերջին օրերուն’ մէ՞ջ կ’ապրինք
  • Աստուածաշունչը մեր օրերուն տեղի ունեցող ո՞ր դէպքերը նախագուշակած է

  • Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս կը նկարագրէ ‘վերջին օրերուն’ ապրող մարդիկը

  • ‘Վերջին օրերուն’ նկատմամբ Աստուածաշունչը ի՞նչ լաւ բաներ կը նախագուշակէ

1. Ապագային մասին ուրկէ՞ կրնանք գիտնալ։

ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԷՆ լուրերը դիտելու ատեն բնաւ հարց տուա՞ծ ես. ‘Աշխարհը դէպի ո՞ւր կ’ընթանայ’։ Ողբերգութիւնները ա՛յնքան անակնկալ ու անսպասելիօրէն կը պատահին, որ ո՛չ ոք կրնայ նախատեսել թէ վաղը ի՛նչ պիտի պատահի (Յակոբոս 4։14)։ Սակայն Եհովա գիտէ թէ ապագան ի՛նչ կը վերապահէ (Եսայի 46։10)։ Շատ առաջ, իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, նախագուշակած է ոչ միայն մեր օրերուն տեղի ունեցող գէշ բաները, այլ նաեւ՝ մօտ ապագային տեղի ունենալիք սքանչելի բաները։

2, 3. Աշակերտները Յիսուսի ի՞նչ հարցում ուղղեցին, եւ ան ինչպէ՞ս պատասխանեց։

2 Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, որ չարութեան վերջ պիտի դնէ եւ երկիրը դրախտի պիտի վերածէ (Ղուկաս 4։43)։ Մարդիկ ուզեցին գիտնալ թէ Թագաւորութիւնը ե՛րբ պիտի գար։ Իրականութեան մէջ, Յիսուսի աշակերտներն ալ ուզեցին գիտնալ, իրեն հարցնելով. «Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին [«աշխարհի վախճանին», ՆԱ] նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։3)։ Առ ի պատասխան Յիսուս անոնց ըսաւ, թէ միայն Եհովա Աստուած գիտէ թէ աշխարհի վերջը ճիշդ ե՛րբ պիտի գայ (Մատթէոս 24։36)։ Բայց Յիսուս նախագուշակեց բաներ, որոնք երկրի վրայ տեղի պիտի ունենային, առաջ որ Թագաւորութիւնը մարդկութեան իսկական խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն բերէր։ Ինչ որ ան նախագուշակեց, հի՛մա տեղի կ’ունենայ։

3 Նախքան որ նկատի առնենք այն ապացոյցը թէ «աշխարհի վախճանին» մէջ կ’ապրինք, համառօտաբար խօսինք պատերազմի մը մասին, որ ո՛չ մէկ մարդկային արարած կարող էր տեսնել։ Անիկա տեղի ունեցաւ անտեսանելի հոգեղէն ծիրին՝ երկնքի մէջ, եւ անոր հետեւանքները մեզի կ’ազդեն։

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՐԿՆՔԻ ՄԷՋ

4, 5. ա) Յիսուս որպէս Թագաւոր գահակալուելէ անմիջապէս ետք երկնքի մէջ ի՞նչ տեղի ունեցաւ։ բ) Յայտնութիւն 12։12–ի համաձայն, երկնքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմին արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլար։

4 Այս գրքին նախորդ գլուխը բացատրեց թէ Յիսուս Քրիստոս երկնքի մէջ Թագաւոր եղաւ 1914–ին (կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14)։ Թագաւորական իշխանութիւն ստանալէն անմիջապէս ետք, Յիսուս քայլեր առաւ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Երկնքի մէջ պատերազմ ծագեցաւ. Միքայէլ [Յիսուսի տրուած անուն մը] ու իր հրեշտակները վիշապին [Բանսարկու Սատանան] հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ» *։ Սատանան ու իր չար հրեշտակները՝ դեւերը, պարտուելով երկնքէն երկիր վռնտուեցան։ Աստուծոյ հաւատարիմ հոգեղէն որդիները ուրախացան, քանի որ Սատանան ու իր դեւերը այլեւս երկինքը չեն։ Սակայն մարդոց պարագան նոյնը պիտի չըլլար։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչը նախագուշակեց. «Վա՜յ երկրին. . . վասն զի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտնութիւն 12։7, 9, 12

5 Հաճիս նկատի առ թէ երկնքի մէջ տեղի ունեցած պատերազմին արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլար։ Սատանան սաստիկ բարկացած ըլլալով՝ երկրի բնակիչներուն վրայ «վայ» կամ նեղութիւն պիտի բերէր։ Ինչպէս պիտի տեսնես, այժմ կ’ապրինք այդ «վայ»ի ժամանակին մէջ։ Բայց անիկա յարաբերաբար կարճատեւ պիտի ըլլայ,– միայն «քիչ ժամանակ» մը։ Նոյնիսկ Սատանան կը գիտակցի ասոր։ Աստուածաշունչը այս ժամանակին կ’ակնարկէ որպէս «վերջին օրեր» (Բ. Տիմոթէոս 3։1)։ Որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ, որ Աստուած շուտով երկրի վրայ Բանսարկուին ազդեցութեան վերջ պիտի դնէ։ Այժմ նկատի առնենք Աստուածաշունչին մէջ նախագուշակուած կարգ մը բաներ, որոնք հի՛մա իսկ տեղի կ’ունենան։ Ասոնք կը փաստեն թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք, եւ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շուտով յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի բերէ Եհովան սիրողներուն։ Նախ քննարկենք Յիսուսի տուած՝ մեր ապրած ժամանակը յատկանշող նշանին չորս երեսակները։

ԳԼԽԱՒՈՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ

6, 7. Պատերազմներու եւ սովերու նկատմամբ Յիսուսի խօսքերը ներկայիս ինչպէ՞ս կը կատարուին։

6 «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ» (Մատթէոս 24։7)։ Նախորդ դարուն, միլիոնաւորներ սպաննուած են պատերազմներու մէջ։ Բրիտանացի պատմաբան մը գրեց. «Պատմութեան մէջ 20–րդ դարը ամէնէն արիւնահեղն էր. . . անոր ընթացքին պատերազմները գրեթէ վերջ չունէին։ Շատ կարճ եղած է այն ժամանակամիջոցը, երբ երկրագունդի վրայ տեղի չեն ունեցած կազմակերպուած պատերազմներ»։ Աշխարհի դէպքերը ուսումնասիրող կազմակերպութիւն մը կ’ըսէ. «[20–րդ] դարուն, պատերազմի զոհերուն թիւը երեք անգամ աւելի էր, քան առաջին դարէն մինչեւ 1899–ը տեղի ունեցած բոլոր պատերազմներու զոհերուն թիւը» (Worldwatch Institute)։ 1914–էն ի վեր, աւելի քան 100 միլիոն անհատներ մեռած են պատերազմներու հետեւանքով։ Եթէ երբեք պատերազմի պատճառաւ հարազատի մը մահուան ցաւը զգացած ենք, ապա կրնանք պատկերացնել այն վիշտն ու ցաւը որ միլիոնաւոր մարդիկ կը զգան, երբ պատերազմի պատճառաւ հարազատ մը կը կորսնցնեն։

7 ‘Սովեր պիտի ըլլան’ (Մատթէոս 24։7)։ Հետազօտիչներ կ’ըսեն, թէ վերջին 30 տարիներու ընթացքին ուտելիքի արտադրութիւնը մեծապէս աւելցած է։ Այսուհանդերձ, սովերը կը շարունակուին, քանի որ շատեր ուտելիք գնելու համար բաւարար դրամ չունին, կամ բերք ստանալու համար հողամաս չունին։ Զարգացող երկիրներու մէջ, աւելի քան մէկ միլիառ մարդ ստիպուած է օրական մէկ տոլարով կամ նուազ եկամուտով ապրիլ։ Ասոնց մեծամասնութիւնը տեւական անօթութենէ կը տառապի։ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ’ենթադրէ, թէ թերի սննդառութիւնը գլխաւոր դեր կը խաղայ, ամէն տարի աւելի քան հինգ միլիոն երեխաներու մահուան մէջ։

8, 9. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ երկրաշարժներու եւ մահտարաժամներու նկատմամբ Յիսուսի մարգարէութիւնները կատարուած են։

8 «Մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան» (Ղուկաս 21։11)։ Խումբ մը գիտնականներու համաձայն (U.S. Geological Survey), ամէն տարի միջին հաշուով 19 գլխաւոր երկրաշարժներ կ’ակնկալուին, որոնք շէնքերու վնաս հասցնելու եւ գետինը ճեղքելու չափ ուժգին են։ Իսկ ընդհանուր առմամբ, ամէն տարի շէնքեր ամբողջովին կործանելու ուժգնութեամբ զօրաւոր երկրաշարժներ տեղի ունեցած են։ Մատչելի եղող արձանագրութիւններ ցոյց կու տան, թէ 1900–էն ի վեր երկրաշարժներ խլած են աւելի քան երկու միլիոն կեանք։ Աղբիւր մը կ’ըսէ. «Արուեստագիտութեան յառաջդիմութիւնը շատ քիչ համեմատութեամբ նուազեցուցած է զոհերուն թիւը»։

9 ‘Պիտի ըլլան մահտարաժամներ’ (Ղուկաս 21։11)։ Հակառակ բժշկական յառաջդիմութեան, հին ու նոր հիւանդութիւններ տակաւին մարդկութիւնը կը հարուածեն։ Տեղեկագրութիւն մը կ’ըսէ թէ 20 հանրածանօթ հիւանդութիւններ,– ներառեալ՝ թոքախտ, ջերմախտ ու հնդկախտ,– վերջին տասնամեակներուն շատ աւելի սովորական դարձած են. իսկ ասոնցմէ ոմանք դեղերով բուժելը հետզհետէ դժուարացած է։ Իրականութեան մէջ, առնուազն 30 նոր հիւանդութիւններ երեւան եկած են, որոնցմէ շատերը անդարմանելի՝ նոյնիսկ մահացու են։

ՄԱՐԴԻԿ՝ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ

10. Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ի մէջ նախագուշակուած բնաւորութեան ո՞ր գիծերը կը տեսնես մարդոց մէջ ներկայիս։

10 Համաշխարհային կարգ մը զարգացումներ բնորոշելու կողքին, Աստուածաշունչը նախագուշակեց թէ վերջին օրերը պիտի յատկանշուէին մարդկային ընկերութեան փոփոխութեամբ։ Պօղոս առաքեալ նկարագրեց թէ, ընդհանուր առմամբ, մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի ըլլային։ Մեզի կ’ըսուի. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան» (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5)։ Պօղոս ըսաւ թէ մարդիկ պիտի ըլլային՝

  • անձնասէր

  • արծաթասէր

  • ծնողներու անհնազանդ

  • ապերախտ

  • անգութ

  • անժուժկալ

  • դաժանաբարոյ

  • աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր

  • աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են

11. Սաղմոս 92։7–ն ինչպէ՞ս կը նկարագրէ ամբարիշտներուն գլխուն գալիքը։

11 Արդեօք քու շրջապատիդ մէջ մարդիկ այսպիսի յատկութիւններ կը ցուցաբերե՞ն։ Անկասկած։ Ամէնուրեք բնաւորութեան գէշ գիծեր ունեցող մարդիկ կան։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ Աստուած շուտով գործի պիտի լծուի, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամբարիշտներուն խոտի պէս բուսնիլը ու բոլոր անօրէնութիւն գործողներուն ծաղկիլը իրենց յաւիտենական կորուստին կը տանին» (Սաղմոս 92։7

ԴՐԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐ

12, 13. Այս «վերջին ժամանակ»ին, ճշմարիտ «գիտութիւնը» ինչպէ՞ս շատցած է։

12 Ճիշդ ինչպէս որ Աստուածաշունչը նախագուշակած էր, արդարեւ վերջին օրերը «վայ»երով լեցուն են։ Սակայն այս խռոված աշխարհին մէջ, Եհովայի երկրպագուներուն առնչութեամբ դրական զարգացումներ տեղի կ’ունենան։

13 «Գիտութիւնը պիտի շատնայ», նախագուշակեց Դանիէլի գիրքը։ Ասիկա կ’ակնարկէ Աստուծոյ մասին ճշմարիտ գիտութեան շատնալուն։ Ասիկա ե՞րբ տեղի պիտի ունենար։ «Վերջին ժամանակ»ի ընթացքին (Դանիէլ 12։4)։ Յատկապէս 1914–էն ի վեր, Եհովա օգնած է իրեն իրապէս ծառայել փափաքողներուն, որ Աստուածաշունչի հասկացողութեան մէջ աճին։ Անոնց գնահատութիւնը աւելցած է թանկարժէք ճշմարտութիւններու հանդէպ, ինչպէս՝ Աստուծոյ անունն ու նպատակը, Յիսուս Քրիստոսի զոհը, մեռելներու վիճակը եւ յարութիւնը։ Ասկէ զատ, Եհովայի երկրպագուները սորված են վարել կեանք մը, որ իրենց օգտակար է եւ Եհովայի փառք կը բերէ։ Ինչպէս նաեւ աւելի յստակ հասկացողութիւն ձեռք ձգած են Աստուծոյ Թագաւորութեան դերին մասին, եւ սորված են թէ անիկա երկրի վրայ խնդիրները ինչպէ՛ս պիտի շտկէ։ Անոնք այս գիտութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածեն։ Այս հարցումը մեզ կը բերէ ուրիշ մարգարէութեան մը, որ կը կատարուի այս վերջին օրերուն մէջ։

«Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի» (Մատթէոս 24։14)

14. Ներկայիս Արքայութեան աւետարանին քարոզչութիւնը ո՞րքան համատարած է, եւ որո՞նք կը քարոզեն զայն։

14 «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի», ըսաւ Յիսուս Քրիստոս, աշխարհի վախճանին վերաբերեալ իր մարգարէութեան մէջ (կարդա՛ Մատթէոս 24։3, 14)։ Համայն աշխարհի մէջ, Արքայութեան աւետարանը,– Արքայութիւնը ի՛նչ է, անիկա ի՛նչ պիտի ընէ, եւ ինչպէ՛ս կրնանք անոր օրհնութիւնները ստանալ,– կը քարոզուի աւելի քան 230 երկիրներու մէջ եւ հարիւրաւոր լեզուներով։ Միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ նախանձախնդրօրէն Արքայութեան աւետարանը կամ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն։ Անոնք «բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» կու գան (Յայտնութիւն 7։9)։ Վկաները Աստուածաշունչի տնային ձրի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն միլիոնաւոր անհատներու հետ, որոնք կը փափաքին գիտնալ թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Այս մարգարէութիւնը ի՜նչ հոյակապ կերպով մը կը կատարուի, հակառակ անոր որ Յիսուս նախագուշակած էր թէ ճշմարիտ քրիստոնեաները ‘ամենուն ատելի պիտի ըլլային’ (Ղուկաս 21։17

ԴՈՒՆ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ

15. ա) Կը հաւատա՞ս թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք, եւ ինչո՞ւ։ բ) «Վերջը» ի՞նչ պիտի նշանակէ անոնց, որոնք Եհովայի կ’ընդդիմանան եւ անոնց՝ որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան կ’ենթարկուին։

15 Քանի որ ներկայիս Աստուածաշունչի շատ մը մարգարէութիւններ կը կատարուին, ուրեմն չե՞ս համաձայնիր թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Բարի լուրը Եհովայի ուզած տարողութեամբ քարոզուելէ ետք, «վերջը» անպայման պիտի գայ (Մատթէոս 24։14)։ «Վերջը» կ’ակնարկէ այն ժամանակին, երբ Աստուած երկրի վրայէն չարութիւնը պիտի ջնջէ։ Եհովա պիտի գործածէ Յիսուսն ու հզօր հրեշտակներ, բնաջնջելու համար կամովին Իրեն ընդդիմացող բոլոր մարդիկը (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9)։ Սատանան ու իր դեւերը այլեւս պիտի չմոլորեցնեն ազգերը։ Անկէ ետք, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի տեղացնէ օրհնութիւններ բոլոր անոնց վրայ, որոնք իր արդար իշխանութեան կ’ենթարկուին (Յայտնութիւն 20։1-3. 21։3-5

16. Խոհեմութիւն է որ ի՞նչ ընես։

16 Քանի որ Սատանայի դրութեան վերջը մօտ է, մենք մեզի պէտք է հարց տանք. ‘Այժմ ի՞նչ պէտք է ընեմ’։ Խոհեմութիւն է որ շարունակես աւելին սորվիլ Եհովայի ու մեզմէ պահանջած բաներուն մասին (Յովհաննէս 17։3)։ Աստուածաշունչի ժրաջան աշակերտ մը եղիր։ Սովորութիւն դարձուր կանոնաւորաբար ընկերակցիլ անոնց հետ, որոնք կը ջանան Եհովայի կամքը կատարել (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Եհովան ճանչցիր՝ իր Խօսքը ուսումնասիրելով, եւ կեանքիդ մէջ հարկ եղած փոփոխութիւնները կատարէ, որպէսզի կարենաս իր հաճութիւնը վայելել (Յակոբոս 4։8

17. Չարերուն կործանումը ինչո՞ւ շատերը անակնկալի պիտի բերէ։

17 Յիսուս նախագուշակեց, որ մարդոց մեծամասնութիւնը պիտի անտեսէ այն ապացոյցը թէ մենք վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Չարերուն կործանումը յանկարծակի ու անսպասելի կերպով տեղի պիտի ունենայ։ Գիշերուան գողի պէս, անիկա մարդոց մեծամասնութիւնը անակնկալի պիտի բերէ (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2)։ Յիսուս զգուշացուց թէ Որդին մարդոյ գալուստը կամ ներկայութիւնը,– այն ժամանակը երբ պիտի իշխէ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը վերջին օրերուն ընթացքին,– պիտի ըլլայ Նոյի օրերուն նման, ըսելով. «Ինչպէս էին այն օրերը ջրհեղեղէն առաջ՝ կ’ուտէին, կը խմէին, կին կ’առնէին ու էրկան կու տային՝ մինչեւ այն օրը երբ Նոյ տապանը մտաւ, չգիտցան՝ մինչեւ ջրհեղեղը եկաւ ու ամէնքը վերցուց, Որդի մարդոյ գալուստն ալ այնպէս պիտի ըլլայ» (Մատթէոս 24։37-39

18. Յիսուսի ո՞ր զգուշացումը պէտք է լուրջի առնենք։

18 Հետեւաբար, Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ [Աստուծոյ հաւանութիւնը ունենալով] կայնելու արժանի ըլլաք» (Ղուկաս 21։34-36)։ Յիսուսի խօսքերը լուրջի առնելը խոհեմութիւն է։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Եհովա Աստուծոյ ու «Որդին մարդոյ»՝ Յիսուս Քրիստոսի հաւանութիւնը ունեցողները, ամբարիշտ աշխարհին կործանումէն վերապրելու եւ մօտալուտ սքանչելի նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրելու հեռանկարը ունին (Յովհաննէս 3։16. Բ. Պետրոս 3։13

^ պարբ. 4 Տեղեկութիւններու համար՝ թէ Միքայէլ Յիսուս Քրիստոսի տրուած անուն մըն է, տե՛ս «Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը» յաւելուածը։