Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 11

Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը

Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը
  • Աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տառապանքը Աստուա՞ծ պատճառած է

  • Եդեմի պարտէզին մէջ ի՞նչ հարց ծագեցաւ

  • Աստուած ինչպէ՞ս պիտի ջնջէ մարդկային տառապանքին ազդեցութիւնները

1, 2. Ներկայիս մարդիկ ինչպիսի՞ տառապանքներ կը դիմագրաւեն, եւ ասիկա շատերը կը մղէ ի՞նչ հարցումներ ուղղելու։

ՊԱՏԵՐԱԶՄՈՎ պառակտուած երկրի մը մէջ, ահռելի կռիւէ մը ետք, սպաննուած հազարաւոր կիներ ու երեխաներ թաղուեցան՝ խաչերով շրջապատուած զանգուածային գերեզմանի մը մէջ։ Իւրաքանչիւր խաչ հետեւեալ հարցումը կը կրէր. «Ինչո՞ւ»։ Յաճախ մարդիկ այս ցաւագին հարցումը կը հարցնեն երբ՝ պատերազմը, աղէտը, հիւանդութիւնը կամ ոճիրը իրենց անմեղ սիրելիներուն կեանքը կը խլէ, իրենց տունը կը քանդէ, կամ այլ ձեւերով աննկարագրելի տառապանք կը պատճառէ։ Անոնք կ’ուզեն գիտնալ թէ ինչո՛ւ այսպիսի ողբերգութիւններ կը պատահին։

2 Աստուած ինչո՞ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Եթէ Եհովա Աստուած ամենազօր, սիրառատ, իմաստուն ու արդար է, աշխարհը ինչո՞ւ այսքան ատելութեամբ ու անիրաւութեամբ լեցուն է։ Այսպիսի հարցումներ երբեք քեզ շփոթեցուցա՞ծ են։

3, 4. ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ սխալ չէ հարցնել որ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ բ) Եհովա չարութեան ու տառապանքի նկատմամբ ինչպէ՞ս կը զգայ։

3 Արդեօք սխա՞լ է հարցնել թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Ոմանց կը թուի թէ այսպիսի հարցում մը հարցնելը կը նշանակէ, որ բաւարար հաւատք կամ Աստուծոյ հանդէպ յարգանք չունին։ Սակայն մինչ Աստուածաշունչը կը կարդաս, պիտի նկատես թէ հաւատարիմ ու աստուածավախ անհատներ ալ նոյնանման հարցումներ ունէին։ Օրինակ՝ Ամբակում մարգարէն Եհովայի հարցուց. «Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես։ Իմ առջեւս յափշտակութիւն եւ զրկանք կայ եւ դատ ու վէճ հանող կայ» (Ամբակում 1։3

Եհովա ամէն տառապանքի վերջ պիտի դնէ

4 Եհովա հաւատարիմ Ամբակում մարգարէն յանդիմանե՞ց այսպիսի հարցումներ ուղղելուն համար։ Ո՛չ։ Փոխարէն, Աստուած Ամբակումի սրտագին խօսքերը պարփակեց Աստուածաշունչի ներշնչեալ արձանագրութեան մէջ։ Աստուած նաեւ օգնեց իրեն, որ հարցերը աւելի յստակօրէն տեսնէ եւ իր հաւատքը զօրացնէ։ Եհովա կ’ուզէ քեզի հետ ալ նոյնպէս վարուիլ։ Մտաբերէ, որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ ան քեզ «կը հոգայ» (Ա. Պետրոս 5։7)։ Աստուած մարդոցմէ շա՜տ աւելի կ’ատէ չարութիւնն ու անոր պատճառած տառապանքը (Եսայի 55։8, 9)։ Ուրեմն աշխարհի մէջ ինչո՞ւ այսքան տառապանք կայ։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՔԱՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔ

5. Մարդկային տառապանքը բացատրելու համար, երբեմն ի՞նչ պատճառներ կը ներկայացուին, բայց Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ։

5 Տարբեր կրօնքներու պատկանող մարդիկ դիմած են իրենց կրօնական առաջնորդներուն եւ ուսուցիչներուն, գիտնալու համար թէ ինչո՛ւ այսքան տառապանք կայ։ Յաճախ պատասխանը այն եղած է, թէ տառապանքը Աստուծոյ կամքն է եւ թէ ան առաջուընէ որոշած է պատահելիք բոլոր դէպքերը, ներառեալ՝ ողբերգութիւնները։ Շատերու ըսուած է թէ Աստուծոյ ճամբաները խորհրդաւոր են, կամ թէ ան մահ կը պատճառէ բոլորին, նոյնիսկ մանուկներուն, որպէսզի իրեն հետ երկնքի մէջ ըլլան։ Սակայն ինչպէս սորվեցար, Եհովա Աստուած բնա՛ւ չար բաներ չի պատճառեր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Քա՜ւ լիցի որ Աստուծոյ քով՝ չարութիւն ու Ամենակարողին քով անօրէնութիւն ըլլայ» (Յոբ 34։10

6. Շատեր ինչո՞ւ Աստուած այպանելու սխալը կը գործեն, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տառապանքին համար։

6 Գիտե՞ս թէ մարդիկ ինչո՛ւ Աստուած այպանելու սխալը կը գործեն, աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տառապանքին համար։ Շատ մը պարագաներուն, անոնք Ամենակալ Աստուածը կ’այպանեն, քանի որ կը խորհին թէ ա՛ն է այս աշխարհի իսկական իշխանը։ Անոնք չեն գիտեր այն պարզ, բայց կարեւոր ճշմարտութիւնը որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ։ Դուն այս ճշմարտութիւնը սորվեցար այս գրքին 3–րդ գլուխին մէջ։ Այս աշխարհի իսկական իշխանը՝ Բանսարկու Սատանան է։

7, 8. ա) Աշխարհը ինչպէ՞ս իր իշխանին անձնաւորութիւնը կ’արտացոլէ։ բ) Մարդկային անկատարութիւնը եւ ‘ժամանակն ու դիպուածը’ ինչպէ՞ս նպաստած են տառապանքին։

7 Աստուածաշունչը յստակօրէն կ’ըսէ. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Երբ ասոր մասին պահ մը խորհիս, տրամաբանական չի՞ թուիր քեզի։ Այս աշխարհը կ’արտացոլէ այն անտեսանելի հոգեղէն արարածին անձնաւորութիւնը, որ «բոլոր աշխարհ մոլորեցուց» (Յայտնութիւն 12։9)։ Սատանան ատելավառ, խաբեբայ ու անգութ է։ Ուստի իր ազդեցութեան ներքեւ գտնուող աշխարհը նոյնպէս լեցուն է ատելութեամբ, խաբեբայութեամբ եւ անգթութեամբ։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է՝ թէ ինչո՛ւ այսքան տառապանք կայ։

8 Երկրորդ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ այսքան տառապանք կայ, ինչպէս նկատի առինք 3–րդ գլուխին մէջ, այն է՝ թէ Եդեմի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած ըմբոստութենէն ի վեր, մարդկութիւնը անկատար ու մեղաւոր դարձած է։ Մեղաւոր մարդիկ հակումը ունին տիրապետութեան համար պայքարելու, եւ ասիկա յաճախ պատերազմներ, հարստահարութիւն ու տառապանք կը պատճառէ (Ժողովող 4։1. 8։9Տառապանքին երրորդ պատճառը՝ ‘ժամանակն ու դիպուածն’ է (կարդա՛ Ժողովող 9։11)։ Աշխարհի մը մէջ, ուր Եհովան չէ՛ պաշտպանող Իշխանը, մարդիկ կրնան տառապիլ, քանի որ դիպուածով սխալ ժամանակին՝ սխալ վայր մը կը գտնուին։

9. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովա վաւերական պատճառ մը ունի թոյլ տալու, որ տառապանքը շարունակուի։

9 Մեզի համար մխիթարական է գիտնալ թէ տառապանք պատճառողը Աստուած չէ։ Ան պատասխանատու չէ պատերազմներուն, ոճիրներուն ու հարստահարութեան, կամ նոյնիսկ մարդոց տառապանք պատճառող բնական աղէտներուն համար։ Տակաւին պէտք է գիտնանք, թէ Եհովա ինչո՛ւ կը թոյլատրէ այսքան տառապանք։ Եթէ ան Ամենակալն է, ուրեմն զայն կասեցնելու զօրութիւնը ունի, բայց ինչո՞ւ ասիկա չ’ըներ։ Այն սիրառատ Աստուածը որ մենք ճանչցանք, վաւերական պատճառ մը ունենալու է (Ա. Յովհաննէս 4։8

ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑ ՄԸ ԿԸ ՅԱՐՈՒՑՈՒԻ

10. Սատանան ի՞նչ բան հարցականի տակ դրաւ, եւ ինչպէ՞ս։

10 Գիտնալու համար թէ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը, պէտք է մտաբերենք այն ժամանակը, երբ տառապանքը սկսաւ։ Երբ Սատանան Ադամն ու Եւան մղեց Եհովայի անհնազանդ գտնուելու, կարեւոր հարց մը յարուցուեցաւ։ Սատանան Եհովայի զօրութիւնը հարցականի տակ չդրաւ. քանի որ նոյնիսկ ան գիտէ թէ Եհովայի զօրութիւնը անսահման է։ Փոխարէն, ան հարցականի տակ դրաւ Եհովայի իշխելու իրաւունքը։ Եհովան ստախօս մը կոչելով, որ իր հպատակները բարի բաներէ կը զրկէ, Սատանան ամբաստանեց Զինք որպէս վատ իշխան մը (կարդա՛ Ծննդոց 3։2-5)։ Ան հասկցնել ուզեց, թէ մարդկութիւնը Աստուծոյ իշխանութենէն անկախ՝ աւելի լաւ կեանք մը պիտի վարէր։ Ասիկա Եհովայի գերիշխանութեան՝ իր իշխելու իրաւունքին՝ վրայ յարձակում մըն էր։

11. Եհովա ինչո՞ւ պարզապէս չբնաջնջեց Եդեմի ըմբոստները։

11 Ադամն ու Եւան Եհովայի դէմ ըմբոստացան։ Կարծես թէ անոնք կ’ըսէին. ‘Պէտք չունինք որ Եհովա մեր Իշխանը ըլլայ։ Մենք անձա՛մբ կրնանք որոշել թէ ի՛նչն է ճիշդը եւ ի՛նչն է սխալը’։ Եհովան այս հարցը ինչպէ՞ս կրնար լուծել։ Ան ինչպէ՞ս կրնար բոլոր մտացի արարածներուն սորվեցնել, թէ ըմբոստները սխալ են եւ թէ իր իշխելու կերպը արդարեւ լաւագոյնն է։ Անհատ մը կրնայ ըսել, թէ Աստուած պարզապէս պէտք էր որ ըմբոստները բնաջնջէր եւ նոր զոյգ մը ստեղծէր։ Բայց Եհովա երկիրը Ադամի ու Եւայի սերունդով լեցնելու իր նպատակը արդէն յայտնած էր եւ կ’ուզէր որ անոնք երկրային դրախտի մէջ ապրէին (Ծննդոց 1։28)։ Եհովա միշտ իր նպատակները կ’իրագործէ (Եսայի 55։10, 11)։ Ասկէ զատ, Եդեմի ըմբոստները բնաջնջելը, Եհովայի իշխելու իրաւունքին մասին յարուցուած հարցին պատասխանը տուած պիտի չըլլար։

12, 13. Օրինակով մը ցոյց տուր թէ Եհովա ինչո՛ւ թոյլատրած է Սատանայի, որ այս աշխարհին իշխանը ըլլայ, եւ մարդոց, որ իրենք զիրենք կառավարեն։

12 Այս հարցը հասկնալու համար, նկատի առնենք օրինակ մը. պատկերացուր ուսուցիչ մը, որ իր աշակերտներուն կը սորվեցնէ դժուար թուաբանական խնդրի մը լուծումը։ Խելացի, բայց ըմբոստ աշակերտ մը կը պնդէ, թէ խնդիրը լուծելու ուսուցիչին կերպը սխալ է։ Հասկցնել ուզելով թէ ուսուցիչը անկարող է, այս ըմբոստը կը պնդէ, թէ ի՛նք խնդիրը լուծելու աւելի լաւ կերպ մը գիտէ։ Աշակերտներէն ոմանք կը խորհին թէ ան ճիշդ է, ուստի անոնք ալ կ’ըմբոստանան։ Ուսուցիչը ի՞նչ պէտք է ընէ։ Եթէ ան ըմբոստները դասարանէն դուրս դնէ, ասիկա միւս աշակերտներուն ինչպէ՞ս պիտի ազդէ։ Թերեւս անոնք հաւատան, թէ իրենց ըմբոստ դասընկերը եւ անոր միացողները ճիշդ են։ Կրնայ ըլլալ որ միւս աշակերտները ուսուցիչին հանդէպ իրենց յարգանքը կորսնցնեն, խորհելով թէ ուսուցիչը կը վախնայ որ իր սխալ ըլլալը փաստուի։ Սակայն ենթադրենք որ ուսուցիչը ըմբոստ աշակերտին թոյլատրէ որ դասարանին ցոյց տայ, թէ ինք տուեալ խնդիրը ի՛նչ կերպով պիտի լուծէ։

Աշակերտը ուսուցիչէն աւելի՞ որակեալ է

13 Եհովա այս ուսուցիչին նման բան մը ըրած է։ Մտաբերէ թէ Եդեմի ըմբոստները այս հարցին մէջ պարփակուած միակ անձերը չէին։ Միլիոնաւոր հրեշտակներ պատահածը կը դիտէին (Յոբ 38։7. Դանիէլ 7։10)։ Այս ըմբոստութեան հետ Եհովայի վարուելու կերպը մեծապէս պիտի ազդէր այդ հրեշտակներուն եւ ի վերջոյ՝ ամբողջ մտացի ստեղծագործութեան։ Ուստի Եհովա ի՞նչ ըրած է։ Ան թոյլատրած է Սատանայի որ ցոյց տայ, թէ ինք մարդկութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կառավարէ։ Աստուած նաեւ թոյլատրած է, որ մարդիկ իրենք զիրենք կառավարեն՝ Սատանայի առաջնորդութեան ներքեւ։

14. Ի՞նչ օգուտ պիտի ունենայ Եհովայի որոշումը, որ մարդոց թոյլատրէ որ իրենք զիրենք կառավարեն։

14 Մեր օրինակին մէջի ուսուցիչը գիտէ, թէ ըմբոստ աշակերտը ու իր կողքին կանգնող դասընկերները սխալ են։ Բայց ան նաեւ գիտէ, որ եթէ անոնց պատեհութիւնը տայ որ ջանան իրենց առարկութիւնը փաստել, ասիկա ամբողջ դասարանին օգտակար պիտի ըլլայ։ Ինչպէ՞ս։ Երբ ըմբոստները ձախողին, բոլոր պարկեշտ աշակերտները պիտի տեսնեն, թէ ուսուցի՛չն է դասարանը առաջնորդելու միակ որակեալ անհատը։ Անոնք նաեւ պիտի հասկնան պատճառը, երբ յետագային ուսուցիչը ըմբոստները դասարանէն դուրս դնէ։ Նոյնպէս, Եհովա գիտէ թէ բոլոր պարկեշտամիտ մարդիկը եւ հրեշտակները պիտի օգտուին, երբ տեսնեն թէ Սատանան ու իրեն ընկերակցող ըմբոստները ձախողեցան, եւ թէ մարդիկ իրենք զիրենք կառավարելու կարող չեն։ Վաղեմի Երեմիա մարգարէին նման, անոնք հետեւեալ կարեւոր ճշմարտութիւնը պիտի սորվին. «Գիտեմ, ո՛վ Տէր, թէ մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՔԱՆ ԵՐԿԱՐ

15, 16. ա) Եհովա ինչո՞ւ թոյլատրած է որ տառապանքը ա՛յսքան երկար տեւէ։ բ) Եհովա ինչո՞ւ արգելք չէ հանդիսացած որ գէշ պատահարներ տեղի ունենան, ինչպէս՝ ահռելի ոճիրներ։

15 Սակայն Եհովա ինչո՞ւ թոյլատրած է որ տառապանքը ա՛յսքան երկար տեւէ։ Եւ ան ինչո՞ւ գէշ պատահարներուն արգելք չի հանդիսանար։ Նկատի առ երկու բան, որոնք օրինակին մէջի ուսուցիչը պիտի չընէր։ Առաջին՝ ան արգելք պիտի չհանդիսանար որ ըմբոստ աշակերտը իր առարկութիւնը ներկայացնէ։ Երկրորդ՝ ուսուցիչը ըմբոստին պիտի չօգնէր որ խնդիրը իր պնդած կերպով լուծէ։ Նոյնպէս, նկատի առ երկու բան, որոնք Եհովա վճռած է չընել։ Առաջին՝ ան Սատանայի ու իր կողքին կանգնողներուն արգելք չէ հանդիսացած որ փորձեն փաստել, թէ իրենք են ճիշդը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ եղած է որ անոնց ժամանակ տրուի։ Հազարաւոր տարիներու ընթացքին, մարդկութիւնը կրցած է ամէն տեսակի ինքնավարութիւն կամ մարդկային կառավարութիւն փորձել։ Մարդկութիւնը գիտութեան եւ այլ մարզերու մէջ որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրած է, բայց՝ անիրաւութիւնը, աղքատութիւնը, ոճիրը եւ պատերազմը ա՛լ աւելի շատցած են։ Այժմ փաստուած է թէ մարդկային իշխանութիւնը ձախողած է։

16 Երկրորդ՝ Եհովա Սատանայի չէ օգնած աշխարհը կառավարելու։ Օրինակի համար, եթէ Աստուած ահռելի ոճիրները կանխարգիլէր, ան ըմբոստներուն առարկութեան թիկունք կանգնած չէ՞ր ըլլար։ Աստուած պատճառ չէ՞ր ըլլար որ մարդիկ խորհէին, որ թերեւս մարդիկ կրնա՛ն իրենք զիրենք կառավարել՝ առանց աղէտալի հետեւանքներու։ Եթէ Եհովա այս կերպով վարուէր, ան սուտի մը մեղսակից եղած պիտի ըլլար։ Բայց «անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի» (Եբրայեցիս 6։18

17, 18. Եհովա ի՞նչ պիտի ընէ մարդկային իշխանութեան եւ Սատանայի ազդեցութեան հասցուցած բոլոր վնասներուն նկատմամբ։

17 Սակայն ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այն բոլոր վնասներուն մասին, որոնք տեղի ունեցած են Աստուծոյ դէմ երկարատեւ ըմբոստութեան ընթացքին։ Լաւ կ’ընենք եթէ յիշենք թէ Եհովա ամենակարող է։ Ուստի ան կրնա՛յ եւ պիտի՛ ջնջէ մարդկային տառապանքին ազդեցութիւնները։ Ինչպէս նախապէս սորվեցանք, մեր մոլորակին ապականումը պիտի կասեցուի՝ երկիրը Դրախտի վերածուելով։ Մեղքին հետեւանքները պիտի ջնջուին՝ Յիսուսի զոհին հանդէպ հաւատք ընծայելով, իսկ մահուան հետեւանքները՝ յարութեան միջոցաւ։ Այսպիսով Աստուած Յիսուսը պիտի գործածէ ‘Սատանային գործերը քանդելու’ (Ա. Յովհաննէս 3։8)։ Եհովա այս բոլորը պիտի իրագործէ ճի՛շդ ժամանակին։ Կրնանք ուրախ ըլլալ որ ան աւելի կանուխ չէ ըրած ասիկա, քանի որ անոր համբերատարութիւնը մեզի առիթ տուած է, որ ճշմարտութիւնը սորվինք եւ իրեն ծառայենք (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։9, 10)։ Մինչ այդ, Աստուած յարատեւ կը փնտռէ անկեղծ երկրպագուներ, եւ անոնց կ’օգնէ որ այս տագնապալից աշխարհին մէջ իրենց դիմագրաւած որեւէ տառապանքի տոկան (Յովհաննէս 4։23. Ա. Կորնթացիս 10։13

18 Ոմանք կրնան հարց տալ. «Կարելի՞ էր որ այս ամբողջ տառապանքին առաջքը առնուէր, եթէ Աստուած Ադամն ու Եւան ստեղծած ըլլար այնպիսի կերպով մը, որ չկարենային ըմբոստանալ»։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, պէտք է որ մտաբերես Եհովայի քեզի շնորհած մէկ թանկարժէք պարգեւը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՊԱՐԳԵՒԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԱԾԵՍ

Աստուած պիտի օգնէ քեզի որ տառապանքին տոկաս

19. Եհովա մեզի ի՞նչ թանկարժէք պարգեւ մը շնորհած է, եւ զայն ինչո՞ւ պէտք է արժեւորենք։

19 Ինչպէս 5–րդ գլուխին մէջ տեսանք, մարդիկ ազատ կամքով ստեղծուեցան։ Կը գիտակցի՞ս թէ ասիկա որքա՜ն թանկարժէք պարգեւ մըն է։ Աստուած ստեղծած է անթիւ անասուններ, որոնք մեծաւ մասամբ բնազդով կ’առաջնորդուին։ Մարդ արարածը շինած է կարգ մը մարդամեքենաներ, որոնք կրնան ծրագրուիլ կատարելու համար իւրաքանչիւր հրաման։ Ուրախ կ’ըլլայի՞նք, եթէ Աստուած մեզ անոնց պէս շինած ըլլար։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Մենք ուրախ ենք որ ազատութիւնը ունինք ընտրելու՝ թէ ինչպիսի անհատ մը կ’ուզենք ըլլալ, ինչպիսի կեանքի ընթացքի կ’ուզենք հետեւիլ, ինչպիսի բարեկամութիւններ կ’ուզենք հաստատել, եւ այլն։ Մենք կը սիրենք որոշ ազատութիւն վայելել. Աստուած ալ կ’ուզէ ասիկա։

20, 21. Ինչպէ՞ս կրնանք ազատ կամքի պարգեւը լաւագոյն կերպով գործածել, եւ ինչո՞ւ պէտք է ուզենք ասիկա ընել։

20 Եհովա ստիպողաբար կատարուած ծառայութեամբ հետաքրքրուած չէ (Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Բացատրենք. ո՞ր մէկը ծնող մը աւելի կ’ուրախացնէ՝ երբ մանուկը ըսէ «կը սիրեմ քեզ», քանի որ ուրիշ մը իրեն թելադրած է այդպէս ըսել, կամ՝ երբ սրտանց ըսէ այդ խօսքը։ Ուրեմն հարցումը հետեւեալն է. «Դուն ինչպէ՞ս պիտի գործածես Եհովայի կողմէ քեզի պարգեւուած ազատ կամքը»։ Սատանան, Ադամը եւ Եւան ազատ կամքը ամէնէն գէշ կերպով գործածեցին։ Անոնք Եհովա Աստուածը մերժեցին։ Դո՞ւն ինչ պիտի ընես։

21 Պատեհութիւնը ունիս ազատ կամքի սքանչելի պարգեւը լաւագոյն կերպով գործածելու։ Ուրեմն կրնաս միանալ այն միլիոնաւորներուն, որոնք Եհովայի կողքին դիրք բռնած են։ Անոնք Աստուած կ’ուրախացնեն, որովհետեւ գործօն կերպով կը փաստեն թէ Սատանան ստախօս եւ լիովին ձախող իշխան մըն է (Առակաց 27։11)։ Դո՛ւն ալ կրնաս ասիկա ընել՝ կեանքի ճիշդ ընթացքը ընտրելով։ Ասիկա պիտի բացատրուի յաջորդ գլուխին մէջ։