Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 16

Ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին դիրք բռնէ

Ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին դիրք բռնէ
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ պատկերներու եւ արձաններու գործածութեան մասին

  • Քրիստոնեաները կրօնական տօներու նկատմամբ ի՞նչ տեսակէտ ունին

  • Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատալիքներդ ուրիշներուն բացատրել, առանց զիրենք վիրաւորելու

1, 2. Սուտ կրօնքէն դուրս ելլելէ ետք, դուն քեզի ի՞նչ հարցում պէտք է ուղղես, եւ ինչո՞ւ կը խորհիս թէ ասիկա կարեւոր է:

ԵՆԹԱԴՐԵՆՔ որ տեղեկացար թէ ամբողջ բնակած շրջանդ ապականուած է, քանի որ անհատ մը ժամանակէ մը ի վեր գաղտնօրէն թունաւոր աղբեր թափած է, եւ այժմ կեանքի սպառնացող կացութիւն մը ստեղծուած է: Ի՞նչ պիտի ընես: Անկասկած եթէ կարենայիր՝ շրջանէն պիտի հեռանայիր: Բայց նոյնիսկ այդպէս ընելէ ետք, տակաւին հետեւեալ լուրջ հարցումը պիտի դիմագրաւէիր. ‘Արդեօք թունաւորուա՞ծ եմ’:

2 Նոյնանման կացութիւն մը կը ստեղծուի սուտ կրօնքի առնչութեամբ: Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ սուտ կրօնքը պիղծ ուսուցումներով ու սովորութիւններով ապականուած է (Բ. Կորնթացիս 6։17)։ Այս պատճառաւ կարեւոր է որ «մեծ Բաբելոն»էն՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն, դուրս ելլես (Յայտնութիւն 18։2, 4)։ Ասիկա ըրա՞ծ ես: Եթէ այո, ուրեմն գովելի ես: Բայց սուտ կրօնքի մը հետ կապերդ խզելը կամ անկէ հրաժարիլը բաւարար չէ: Այդ քայլը առնելէ ետք, պէտք է դուն քեզի հարց տաս. ‘Տակաւին մէջս սուտ կրօնքի հետքեր մնացա՞ծ են’: Նկատի առ կարգ մը օրինակներ:

ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ ԵՒ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՈՒ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ

3. ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ պատկերներու եւ արձաններու գործածութեան մասին, եւ ինչո՞ւ ոմանց համար Աստուծոյ տեսակէտը ընդունիլը կրնայ դժուար ըլլալ: բ) Ի՞նչ պէտք է ընես եթէ ունիս առարկաներ, որոնք սուտ պաշտամունքի հետ կապ ունին:

3 Շատեր, տարիներէ ի վեր իրենց տան մէջ պատկերներ կամ սրբարաններ ունեցած են: Դուն ալ ունեցա՞ծ ես: Եթէ այո, թերեւս զգաս թէ տարօրինակ կամ սխալ է Աստուծոյ աղօթել՝ առանց տեսանելի առարկաներու օգնութեան: Կրնաս նոյնիսկ զգալ թէ այդ առարկաներէն ոմանց կապուած ես: Սակայն Աստուած ի՛նքն է որ կ’որոշէ թէ ինչպէ՛ս պէտք է պաշտուի, եւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ ան չ’ուզեր որ պատկերներ ու արձաններ գործածենք (կարդա՛ Ելից 20։4, 5. Սաղմոս 115։4-8. Եսայի 42։8. Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Ուստի կրնաս ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին դիրք բռնել ոչնչացնելով սեփական առարկաներ, որոնք սուտ պաշտամունքի հետ կապ ունին: Ամէն գնով զանոնք նկատէ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Եհովա կը նկատէ որպէս «պիղծ» բաներ (Բ. Օրինաց 27։15

4. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ նախահայրերու պաշտամունքը անօգուտ է: բ) Եհովա ինչո՞ւ իր ժողովուրդը արգիլեց որեւէ տեսակի ոգեհարցութեան միջամուխ ըլլալէ:

4 Շատ մը սուտ կրօնքներու մէջ նաեւ սովորական է նախահայրերու պաշտամունքը: Ոմանք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվելէ առաջ կը հաւատային, թէ մեռելները անտեսանելի ոլորտի մը մէջ կ’ապրին, եւ թէ անոնք կրնան ողջերուն օգնել կամ վնասել: Թերեւս շատ ջանք կը թափէիր քու մահացած նախահայրերդ հանգստացնելու համար: Բայց ինչպէս որ այս գրքին 6–րդ գլուխին մէջ սորվեցար, մեռելները որեւէ վայրի մէջ չեն ապրիր: Հետեւաբար, անոնց հետ հաղորդակցելու փորձերդ անօգուտ են: Որեւէ տեղեկութիւն որ կը թուի գալ մեր մահացած սիրելիներէն, իրականութեան մէջ կու գայ դեւերէն: Այս պատճառաւ է որ Եհովա իսրայէլացիները արգիլեց մեռելներուն հետ խօսելէ, եւ որեւէ տեսակի ոգեհարցութեան միջամուխ ըլլալէ (կարդա՛ Բ. Օրինաց 18։10-12

5. Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ անցեալին պաշտամունքիդ մէջ պատկերներ կը գործածէիր, կամ նախահայրերուդ պաշտամունք կը մատուցանէիր:

5 Եթէ անցեալին պաշտամունքիդ մէջ պատկերներ գործածելու կամ նախահայրերուդ պաշտամունք մատուցանելու սովորութիւնը ունէիր, այժմ ի՞նչ կրնաս ընել: Կարդա՛, եւ խոկա՛ Աստուածաշունչի այն հատուածներուն վրայ, որոնք ցոյց կու տան Աստուծոյ տեսակէտը այս հարցերուն շուրջ: Ամէն օր Եհովայի աղօթէ, յայտնելով փափաքդ ճշմարիտ պաշտամունքին կողքին դիրք բռնելու, եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ իր մտածելակերպը ունենալու (Եսայի 55։9

ՆԱԽԿԻՆ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ ՉԷԻՆ ՏՕՆԵՐ

6, 7. ա) Սուրբ Ծնունդի տօնը ենթադրաբար ի՞նչ բան կը յիշատակէ, իսկ Յիսուսի առաջին դարու հետեւորդները զայն տօնեցի՞ն։ բ) Յիսուսի նախկին աշակերտներուն ապրած ժամանակ, ծննդեան տարեդարձները ի՞նչ բանի առնչուած էին։

6 Սուտ կրօնքը կրնայ անհատի մը պաշտամունքը ապականել՝ հանրածանօթ տօներու միջոցաւ։ Օրինակ՝ նկատի առ Սուրբ Ծնունդը, որ ենթադրաբար կը յիշատակէ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան թուականը, եւ քրիստոնէութիւն դաւանող գրեթէ բոլոր կրօնքները զայն կը տօնակատարեն: Այսուհանդերձ, փաստ չկայ որ Յիսուսի առաջին դարու աշակերտները տօնեցին այս տօնը։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ երկու դար անց, ո՛չ ոք գիտէր, եւ քիչեր հետաքրքրուած էին, թէ ան ճիշդ ե՛րբ ծնած էր» (Sacred Origins of Profound Things

7 Եթէ նոյնիսկ Յիսուսի աշակերտները անոր ծննդեան ճշգրիտ թուականը գիտնային, պիտի չտօնէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, ինչպէս հանրագիտարան մը կ’ըսէ, թէ նախկին քրիստոնեաները «ոեւէ անհատի ծնունդը տօնելը հեթանոսական սովորութիւն կը նկատէին» (The World Book Encyclopedia)։ Աստուածաշունչին մէջ նշուած են միայն երկու ծննդեան տարեդարձներ, երկուքն ալ Եհովան չպաշտող կառավարիչներու տարեդարձներն են (Ծննդոց 40։20. Մարկոս 6։21)։ Հեթանոս չաստուածներու ի պատիւ սարքուած ծննդեան տարեդարձներն ալ սովորական երեւոյթ մըն էին։ Օրինակ՝ մայիս 24–ին հռոմայեցիները կը տօնէին Տիանա չաստուածուհիին ծննդեան տարեդարձը, իսկ յաջորդ օրը անոնք կը տօնէին իրենց արեւի չաստուծոյն՝ Աբօլլոյի, ծննդեան տարեդարձը։ Հետեւաբար, ծննդեան տարեդարձները առնչուած էին հեթանոսութեան, եւ ոչ թէ՝ քրիստոնէութեան։

8. Ծննդեան տարեդարձներու եւ նախապաշարումի միջեւ եղած կապը բացատրէ։

8 Ուրիշ պատճառով մըն ալ առաջին դարու քրիստոնեաները Յիսուսի ծննդեան տարեդարձը չտօնեցին։ Հաւանաբար, Յիսուսի աշակերտները գիտէին թէ ծննդեան տարեդարձները կապ ունէին նախապաշարումի հետ։ Օրինակ՝ վաղեմի յոյներէն ու հռոմայեցիներէն շատեր կը հաւատային, թէ իւրաքանչիւր անհատի ծննդեան պահուն ոգի մը ներկայ կ’ըլլար, եւ կը պաշտպանէր զինք իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Այս ոգին խորհրդաւոր յարաբերութիւն մը ունէր այն չաստուծոյն հետ, որուն ծննդեան օրը ծնած էր տուեալ անհատը» (The Lore of Birthdays)։ Վստահաբար Եհովա չի հաճիր որեւէ տօնակատարութեան, որ Յիսուսը կը կապէ նախապաշարումի հետ (Եսայի 65։11, 12)։ Ուստի ինչպէ՞ս եղաւ որ շատեր սկսան Սուրբ Ծնունդը տօնել:

ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻՆ ԾԱԳՈՒՄԸ

9. Դեկտեմբեր 25–ը ինչպէ՞ս սկսաւ Յիսուսի ծնունդը յիշատակող օրը նկատուիլ։

9 Յիսուսի ծնունդին վրայ քանի մը հարիւր տարի անցնելէն ետքն էր, որ մարդիկ սկսան իր ծննդեան տարեդարձը տօնել դեկտեմբեր 25–ին *։ Սակայն ասիկա Յիսուսի ծննդեան թուականը չէր, քանի որ ակներեւաբար ան ծնած էր հոկտեմբերին *։ Ուստի ինչո՞ւ դեկտեմբեր 25–ը ընտրուեցաւ։ Յետագային, քրիստոնեաներ ըլլալ դաւանողներէն ոմանք թերեւս «փափաքեցան որ այս թուականը զուգադիպի ‘անպարտելի արեւուն ծննդեան տարեդարձը’ նշող հեթանոս հռոմէական տօնին» (The New Encyclopædia Britannica)։ Ձմրան, երբ արեւը կը թուէր իր ամենատկար վիճակին մէջ ըլլալ, հեթանոսները ծէսեր կը կատարէին, որպէսզի ջերմութեան ու լոյսի այս աղբիւրը իր հեռաւոր ճամբորդութենէն վերադառնար։ Կը կարծուէր թէ դեկտեմբեր 25–ը այն օրն էր, երբ արեւը կը սկսէր վերադառնալ։ Ուստի ջանալով հեթանոսները հաւատափոխ դարձնել, կրօնական առաջնորդները որդեգրեցին այս տօնը եւ փորձեցին զայն ներկայացնել իբրեւ «քրիստոնէական» տօն *։

10. Անցեալին, ոմանք ինչո՞ւ Սուրբ Ծնունդը չէին տօներ։

10 Սուրբ Ծնունդի տօնին հեթանոսական արմատներ ունենալը շատո՜նց ծանօթ էր։ Աստուածաշնչական ծագում չունենալուն համար, անիկա 17–րդ դարուն Անգլիոյ եւ կարգ մը ամերիկեան գաղութներու մէջ արգիլուած էր։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք Սուրբ Ծնունդի օրը գործի չերթալով տունը կը մնային, տուգանք կը վճարէին։ Սակայն շատ չանցած, հին սովորութիւնները վերադարձան եւ անոնց վրայ նորերը աւելցան։ Սուրբ Ծնունդը դարձեալ կարեւոր տօն մը եղաւ եւ շատ մը երկիրներու մէջ մինչեւ օրս տակաւին այդպէս է։ Հետեւաբար, սուտ կրօնքին եւ Սուրբ Ծնունդի տօնին միջեւ եղած կապերուն պատճառաւ է որ անոնք, որոնք կը փափաքին Աստուած հաճեցնել, ո՛չ այս տօնը կը տօնեն, ոչ ալ հեթանոսական պաշտամունքին մէջ արմատներ ունեցող որեւէ այլ տօն *։

ՏՕՆԵՐՈՒ ԾԱԳՈՒՄԸ ԻՐԱՊԷ՞Ս ԿԱՐԵՒՈՐ Է

11. Շատեր ի՞նչ պատճառով տօներ կը տօնեն, սակայն ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը։

11 Շատեր կ’ընդունին թէ կարգ մը տօներ հեթանոսական ծագում ունին, ինչպէս Սուրբ Ծնունդը, ասով հանդերձ կը զգան թէ զանոնք տօնելը սխալ չէ։ Իրականութեան մէջ, շատեր այս տօները պահելու ժամանակ սուտ պաշտամունքի մասին չեն խորհիր, այլ պարզապէս զանոնք կը նկատեն ընտանիքները իրարու մօտեցնող առիթներ: Դուն ալ այդպէս կը նկատե՞ս։ Եթէ այո, հաւանական է որ ընտանիքիդ հանդէպ սէրդ է որ ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին դիրք բռնելդ կը դժուարացնէ, եւ ոչ թէ սուտ կրօնքի հանդէպ սէրդ։ Վստա՛հ եղիր թէ Եհովա՝ Ան որ ընտանիքին ծագում տուաւ՝ կ’ուզէ որ ազգականներուդ հետ լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենաս (Եփեսացիս 3։14, 15)։ Սակայն կրնաս այս փոխյարաբերութիւնները զօրացնել, Աստուծոյ ընդունելի կերպերով։ Նկատի ունենալով թէ ի՛նչ բան պէտք է ըլլայ մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնը, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին» (Եփեսացիս 5։10

Աղբին մէջէն վերցուած շաքարեղէն մը կ’ուտե՞ս

12. Բացատրէ թէ ինչո՛ւ պէտք է խուսափինք պիղծ ծագում ունեցող սովորութիւններէ եւ տօներէ։

12 Թերեւս կը զգաս, թէ տօներու ծագումը շատ կապ չունի ներկայիս անոնց տօնակատարուած կերպին հետ։ Տօներու ծագումը իրապէ՞ս կարեւոր է։ Բացատրենք. ենթադրենք որ աղբին մէջ շաքարեղէն մը տեսար, զայն վերցնելով կ’ուտե՞ս։ Անշո՛ւշտ ոչ, քանի որ անիկա աղտոտած է։ Այդ շաքարեղէնին նման, տօները կրնան հաճելի թուիլ, բայց անոնք անմաքուր տեղերէ վերցուած են։ Ուստի ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին դիրք բռնելու համար, պէտք է Եսայի մարգարէին հայեցակէտը ունենանք, որ ճշմարիտ երկրպագուներուն ըսաւ. «Պիղծ բանի մի՛ դպչիք» (Եսայի 52։11

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՄԲ ՎԱՐՈՒԷ

13. Երբ տօներու չես մասնակցիր, ի՞նչ հարցեր կրնան ծագիլ։

13 Երբ կ’որոշես տօներու չմասնակցիլ, հարցեր կրնան ծագիլ։ Օրինակ՝ կարգ մը գործակիցներ թերեւս հարց տան, թէ գործատեղիիդ մէջ որոշ տօնական գործունէութիւններու ինչո՛ւ չես մասնակցիր։ Ի՞նչ պիտի ընես եթէ Սուրբ Ծնունդի առթիւ նուէր մը տրուի քեզի։ Զայն ընդունիլը սխալ պիտի ըլլա՞յ։ Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ կողակիցդ հաւատալիքներդ չի բաժներ։ Ինչպէ՞ս կրնաս ուշադիր ըլլալ որ տօներ չտօնելու պատճառաւ զաւակներդ զրկուած չզգան։

14, 15. Ի՞նչ կրնաս ընել, երբ տօներու առթիւ շնորհաւորական խօսքեր ուղղուին քեզի կամ մէկը փափաքի քեզի նուէր մը տալ։

14 Լաւ դատողութեան պէտք ունինք գիտնալու համար իւրաքանչիւր պարագային ինչպէ՛ս վարուիլ: Եթէ տօներու առթիւ շնորհաւորական խօսքեր ուղղուին քեզի, պարզապէս կրնաս շնորհակալութիւն յայտնել։ Բայց ենթադրենք որ բարի մաղթանքներ ներկայացնող անհատը մէկն է, որ կանոնաւորաբար կը տեսնես գործիդ մէջ կամ այլուր, այդ պարագային թերեւս որոշես աւելին ըսել։ Բոլոր պարագաներուն ալ, փափկանկատ եղիր։ Աստուածաշունչը կը խրատէ. «Ձեր խօսքը ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ ու գիտնաք թէ ի՛նչպէս կը վայլէ ձեզի ամէն մէկուն պատասխան տալ» (Կողոսացիս 4։6)։ Զգոյշ եղիր որ ուրիշներու հետ անյարգալից կերպով չվարուիս, հապա կեցուածքդ փափկանկատօրէն բացատրէ։ Յստակացուր թէ նուէրներ փոխանակելու կամ հաւաքոյթներու հակառակ չես, այլ՝ կը նախընտրես ասոնք ընել ուրիշ առիթներով։

15 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ մէկը փափաքի քեզի նուէր տալ։ Շատ բան կախեալ է պարագաներէն։ Նուէր տուողը կրնայ ըսել. «Գիտեմ թէ դուն այս տօնը չես տօներ, բայց եւ այնպէս, կ’ուզեմ որ ընդունիս այս նուէրը»։ Թերեւս որոշես թէ այս պարագաներուն ներքեւ նուէրը ընդունիլը չի նշանակեր թէ տօնակատարութեան կը մասնակցիս։ Իսկ եթէ նուէր տուողը հաւատալիքներուդ ծանօթ չէ, կրնաս ըսել թէ դուն խնդրոյ առարկայ տօնը չես տօներ։ Ասիկա կ’օգնէ բացատրելու թէ այդ առթիւ ինչո՛ւ նուէրը կ’ընդունիս, բայց դուն քու կարգիդ նուէր չես տար։ Միւս կողմէ, իմաստութիւն է նուէր մը չընդունիլ, եթէ անիկա դիտմամբ քեզի կը տրուի՝ ցոյց տալու համար, թէ դուն հաւատալիքներուդ չես կառչիր կամ նիւթական շահերու սիրոյն կը համակերպիս։

ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ

16. Տօներու առնչուած հարցերու մէջ ինչպէ՞ս կրնաս փափկանկատ ըլլալ։

16 Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ ընտանիքիդ անդամները հաւատալիքներդ չեն բաժներ։ Դարձեալ, փափկանկատ եղիր։ Հարկ չկայ որ իւրաքանչիւր սովորութեան կամ տօնակատարութեան համար, որ ազգականներդ կ’ուզեն պահել, խնդիր հանես։ Փոխարէն, յարգէ իրենց տեսակէտները, ճիշդ ինչպէս որ կ’ուզես որ իրենք ալ յարգեն քու տեսակէտներդ (կարդա՛ Մատթէոս 7։12)։ Խուսափէ որեւէ արարքէ որ քեզ մասնակից կը դարձնէ այդ տօնին։ Այսուհանդերձ, տրամաբանող եղիր այն բաներուն նկատմամբ, որոնք այդ տօնին հետ ուղղակիօրէն կապ չունին։ Անշուշտ, միշտ պէտք է վարուիս այնպէս մը, որ մաքուր խղճմտանք պահպանես (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 1։18, 19

17. Ինչպէ՞ս կրնաս զաւակներուդ օգնել որ զրկուած չզգան, երբ տեսնեն որ ուրիշներ տօներ կը տօնեն։

17 Իսկ ի՞նչ կրնաս ընել, որպէսզի զաւակներդ չզգան թէ Աստուածաշունչին հակասող տօներու չմասնակցելու պատճառով զրկուած են։ Շատ բան կախեալ է թէ տարուան տարբեր ժամանակներուն իրենց համար ի՛նչ կ’ընես։ Կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակներուն նուէրներ տալու համար որոշ ժամանակներ կ’որոշեն։ Լաւագոյն նուէրներէն մէկը, որ կրնաս զաւակներուդ տալ, քու ժամանակդ ու սիրալիր ուշադրութիւնդ է։

ՃՇՄԱՐԻՏ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԱՊՐԷ

Ճշմարիտ կրօնքին հետեւիլը իսկական երջանկութիւն կը բերէ

18. Քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին դիրք բռնելու։

18 Աստուած հաճեցնելու համար, պէտք է սուտ պաշտամունքը մերժես եւ ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին դիրք բռնես։ Ասիկա ի՞նչ կը պարփակէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Քրիստոնէական ժողովները ուրախ առիթներ են, որպէսզի Աստուած պաշտես իր ընդունած կերպով (Սաղմոս 22։22. 122։1)։ Այս ժողովներուն, հաւատարիմ քրիստոնեաները զիրար կը քաջալերեն (Հռովմայեցիս 1։12

19. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ ուրիշներուն խօսիս Աստուածաշունչէն սորված բաներուդ մասին:

19 Ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին կրնաս դիրք բռնել ա՛յլ կերպով մըն ալ. ուրիշներուն խօսելով այն բաներուն մասին, որոնք սորվեցար Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով։ Շատեր իրապէս կը հառաչեն ու կ’ողբան աշխարհի մէջ ներկայիս տեղի ունեցող չարութեան համար։ Թերեւս անձամբ կը ճանչնաս այսպիսի անհատներ։ Ինչո՞ւ անոնց հետ չխօսիս Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած ապագայ յոյսիդ մասին։ Մինչ ճշմարիտ քրիստոնեաներու հետ կ’ընկերակցիս եւ ուրիշներու կը խօսիս Աստուածաշունչի հոյակապ ճշմարտութիւններուն մասին որոնք սորվեցար, պիտի նկատես թէ սուտ պաշտամունքի սովորութիւններուն վերաբերեալ սրտիդ մէջ մնացած որեւէ ցանկութիւն, աստիճանաբար պիտի անհետանայ։ Վստահ եղիր, որ շատ ուրախ պիտի ըլլաս եւ բազմաթիւ օրհնութիւններ պիտի ստանաս, եթէ ճշմարիտ պաշտամունքի կողքին դիրք բռնես (Մաղաքիա 3։10

^ պարբ. 9 Կարգ մը երկիրներու մէջ Սուրբ Ծնունդը կը տօնուի յունուար 6–ին։

^ պարբ. 9 Դեկտեմբեր 25–ի ընտրութեան մէջ նաեւ դեր խաղցաւ Սատուրնալիա տօնը։ Հռոմէական երկրագործութեան չաստուածը պատուող այս տօնակատարութիւնը տեղի կ’ունենար դեկտեմբեր 17-24։ Սատուրնալիայի ընթացքին, խնճոյքներ ու զուարճութիւններ տեղի կ’ունենային եւ նուէրներ կը փոխանակուէին։

^ պարբ. 10 Քննարկելու համար թէ ճշմարիտ քրիստոնեաները ուրիշ հանրածանօթ տօներ ինչպէ՛ս կը նկատեն, տե՛ս «Տօները պէ՞տք է պահենք» յաւելուածը։