Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 18

Մկրտութիւնը եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ

Մկրտութիւնը եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնդ
  • Քրիստոնէական մկրտութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի

  • Մկրտուելու որակեալ ըլլալու համար ի՞նչ քայլեր պէտք է առնես

  • Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ Աստուծոյ նուիրուիլ

  • Մկրտուելու մասնայատուկ պատճառը ի՞նչ է

1. Եթովպիացի պալատական մը ինչո՞ւ խնդրեց մկրտուիլ։

«ԱՀԱ՛ ջուր, ալ ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ»։ Այս հարցումը ուղղուեցաւ եթովպիացի պալատականի մը կողմէ, առաջին դարուն։ Փիլիպպոս անունով քրիստոնեայ մը իրեն ապացուցանած էր, թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր։ Սուրբ Գրութիւններէն իր սորվածներէն խորապէս ազդուած՝ եթովպիացին քայլ առաւ յայտնելով իր փափաքը մկրտուելու (Գործք 8։26-36

2. Ինչո՞ւ մկրտութեան մասին պէտք է լրջօրէն մտածես։

2 Եթէ այս գրքին նախորդ գլուխները ուշադրութեամբ ուսումնասիրեցիր Եհովայի վկայի մը հետ, թերեւս պատրաստ ես հարցնելու հետեւեալը. ‘Ի՞նչ բան զիս կ’արգիլէ մկրտուելէ’։ Դուն արդէն սորվեցար Դրախտին մէջ յաւիտեան ապրելու Աստուածաշունչի խոստումին մասին (Ղուկաս 23։43. Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Նաեւ սորվեցար մեռելներու իսկական վիճակին եւ յարութեան յոյսին մասին (Ժողովող 9։5. Յովհաննէս 5։28, 29)։ Թերեւս կ’ընկերակցիս Եհովայի վկաներուն հետ՝ իրենց ժողովքային հանդիպումներուն, եւ անձամբ տեսած ես թէ անոնք ինչպէս ճշմարիտ կրօնքին կը հետեւին (Յովհաննէս 13։35)։ Ամենակարեւորը, հաւանաբար սկսար Եհովա Աստուծոյ հետ անձնական փոխյարաբերութիւն մը մշակել։

3. ա) Յիսուս իր հետեւորդներուն ի՞նչ պատուէր տուաւ։ բ) Մկրտութիւնը ինչպէ՞ս կը կատարուի։

3 Ինչպէ՞ս կրնաս ցոյց տալ թէ կը փափաքիս Աստուծոյ ծառայել։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք» (Մատթէոս 28։19)։ Յիսուս անձնապէս օրինակ հանդիսացաւ՝ ջուրի մէջ մկրտուելով։ Մկրտութեան ատեն անոր վրայ ջուր չսրսկուեցաւ, ոչ ալ մեռոնով օծուեցաւ (Մատթէոս 3։16)։ «Մկրտել» բառը ծագում կ’առնէ յունարէն բառէ մը, որ կը նշանակէ՝ «ջուրի մէջ խորասուզել»։ Հետեւաբար, քրիստոնէական մկրտութիւնը կը նշանակէ՝ ջուրին մէջ լիովին խորասուզուիլ կամ մխրճուիլ։

4. Մկրտութիւնը ի՞նչ կը նշէ։

4 Բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն Եհովա Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւն մը ունենալ, պէտք է ջուրի մէջ մկրտուին։ Հանրապէս մկրտուիլը կը նշէ, թէ կը փափաքիս Աստուծոյ ծառայել։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Եհովայի կամքը ուրախութեամբ կ’ուզես ընել (Սաղմոս 40։7, 8)։ Սակայն մկրտուելու որակեալ ըլլալու համար, որոշ քայլեր պէտք է առնես։

ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔ

5. ա) Մկրտուելու որակեալ ըլլալու համար առաջին քայլը ի՞նչ է։ բ) Քրիստոնէական ժողովները ինչո՞ւ կարեւոր են։

5 Արդէն դուն սկսած ես առաջին քայլը առնել։ Ինչպէ՞ս։ Եհովան ու Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալով, թերեւս Աստուածաշունչի կանոնաւոր ուսումնասիրութեան մը միջոցով (կարդա՛ Յովհաննէս 17։3)։ Բայց սորվելիք ուրիշ բաներ ալ կան։ Քրիստոնեաները կը փափաքին Աստուծոյ ‘կամքին գիտութիւնովը լեցուիլ’ (Կողոսացիս 1։9)։ Այս առնչութեամբ շատ կ’օգնէ եւ կարեւոր է Եհովայի վկաներու ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլը (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Այդ ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլը քեզի պիտի օգնէ, Աստուծոյ մասին գիտութիւնդ աւելցնելու։

Աստուծոյ Խօսքէն ճշգրիտ գիտութիւն ստանալը, կարեւոր քայլ մըն է մկրտութեան որակեալ ըլլալու համար

6. Մկրտուելու որակեալ ըլլալու համար, Աստուածաշունչին մասին ո՞րքան գիտութիւն պէտք է ունենաս։

6 Անշուշտ, մկրտուելու որակեալ ըլլալու համար ամբողջ Աստուածաշունչը գիտնալու պէտք չունիս։ Եթովպիացի պալատականը որոշ գիտութիւն ունէր, բայց Սուրբ Գրութիւններուն կարգ մը հատուածները հասկնալու համար, օգնութեան կարիք ունէր (Գործք 8։30, 31)։ Նոյնպէս, դուն ալ տակաւին շատ բաներ ունիս սորվելիք։ Իրականութեան մէջ, երբեք պիտի չդադարիս Աստուծոյ մասին սորվելէ (Ժողովող 3։11)։ Սակայն մկրտուելէ առաջ, պէտք է գիտնաս եւ ընդունիս առնուազն Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները (Եբրայեցիս 5։12)։ Օրինակ՝ մեռելներու վիճակին մասին ճշմարտութիւնը, նաեւ Աստուծոյ անուան ու իր Թագաւորութեան կարեւորութիւնը։

7. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ քու վրադ։

7 Այսուհանդերձ, միայն գիտութիւն ունենալը բաւարար չէ, քանի որ «առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ» (Եբրայեցիս 11։6)։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ վաղեմի Կորնթոս քաղաքին մէջ երբ ոմանք քրիստոնէական պատգամը լսեցին՝ «հաւատացին ու մկրտուեցան» (Գործք 18։8)։ Նմանապէս, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը պէտք է քեզի օգնէ որ հաւատաս, թէ անիկա Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքն է։ Անիկա պէտք է քեզի օգնէ նաեւ հաւատք ունենալու՝ Աստուծոյ խոստումներուն եւ Յիսուսի զոհին փրկաբեր զօրութեան հանդէպ (Յեսու 23։14. Գործք 4։12. Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԲԱԺՆԵԼ

8. Ի՞նչ բան քեզ պիտի մղէ սորվածներդ ուրիշներու հետ բաժնելու։

8 Մինչ հաւատքը կ’աճի սրտիդ մէջ, պիտի չկարենաս սորվածներդ քեզի պահել (Երեմիա 20։9)։ Մեծապէս պիտի մղուիս ուրիշներու խօսելու Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 4։13

Հաւատքը պէտք է քեզ մղէ հաւատալիքներդ ուրիշներուն խօսելու

9, 10. ա) Որո՞նց հետ կրնաս սկսիլ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը բաժնել։ բ) Եթէ կ’ուզես Եհովայի վկաներու կազմակերպուած քարոզչութեան մասնակցիլ, ի՞նչ պէտք է ընես։

9 Թերեւս սկսիս Աստուածաշունչի ճշմարտութիւններուն մասին փափկանկատօրէն խօսիլ ազգականներուդ, բարեկամներուդ, դրացիներուդ ու գործակիցներուդ։ Ժամանակի ընթացքին, պիտի ուզես մասնակցիլ Եհովայի վկաներու կազմակերպուած քարոզչութեան։ Երբ այդ հանգրուանին հասնիս, ազատօրէն խօսէ Աստուածաշունչը քեզի հետ ուսումնասիրող Վկային հետ։ Եթէ պարզուի թէ քարոզչութեան մասնակցելու որակեալ ես, կարգադրութիւններ պիտի ըլլան, որ ժողովքի երէցներէն երկուքը տեսակցութիւն ունենան քեզի եւ ուսումնասիրութիւնդ վարողին հետ։

10 Ասիկա կարելի պիտի դարձնէ որ աւելի մօտէն ծանօթանաս կարգ մը երէցներու, որոնք Աստուծոյ հօտը կը հովուեն (Գործք 20։28. Ա. Պետրոս 5։2, 3)։ Եթէ այս երէցները տեսնեն թէ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները կը հասկնաս ու անոնց կը հաւատաս, նաեւ Աստուծոյ սկզբունքներուն համաձայն կ’ապրիս եւ իրապէս կը փափաքիս Եհովայի վկայ մը ըլլալ, անոնք քեզի պիտի իմացնեն թէ որակեալ ես դաշտի ծառայութեան մասնակցելու, որպէս բարի լուրի չմկրտուած հրատարակիչ։

11. Որակեալ ըլլալէ առաջ, ոմանք ի՞նչ փոփոխութիւններ պէտք է ընեն դաշտի ծառայութեան համար։

11 Միւս կողմէ, թերեւս հարկ տեսնես որ ապրելակերպիդ ու սովորութիւններուդ մէջ փոփոխութիւններ մտցնես, որպէսզի դաշտի ծառայութեան համար որակեալ ըլլաս։ Ասիկա կրնայ պարփակել վազ անցնիլ ընելէ բաներ, որոնք ուրիշներէ գաղտնի պահած ես։ Ուրեմն չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալու փափաքդ յայտնելէ առաջ, պէտք է զերծ ըլլաս լուրջ մեղքերէ, ինչպէս՝ սեռային անբարոյութիւն, գինովութիւն ու թմրամոլութիւն (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Գաղատացիս 5։19-21

ԶՂՋԱԼ ՈՒ ԴԱՐՁԻ ԳԱԼ

12. Զղջումը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։

12 Մկրտուելու որակեալ ըլլալէ առաջ, կարգ մը քայլեր եւս պէտք է առնես։ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Ապաշխարեցէ՛ք ու դարձի՛ եկէք, որպէս զի մեղքերնիդ ջնջուի» (Գործք 3։19)։ Ապաշխարել կը նշանակէ՝ ըրած արարքիդ համար անկեղծօրէն զղջալ։ Զղջալը շատ տեղին է, եթէ անհատը անբարոյ կեանք մը ապրած է, բայց նաեւ անհրաժեշտ է, նոյնիսկ եթէ մէկը յարաբերաբար բարոյապէս մաքուր կեանք վարած է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ բոլո՛ր մարդիկ մեղաւոր են եւ Աստուծոյ ներումին պէտք ունին (Հռովմայեցիս 3։23. 5։12)։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելէդ առաջ, Աստուծոյ կամքը չէիր գիտեր, ուստի ինչպէ՞ս պիտի կարենայիր անոր կամքին հետ լիովին ներդաշնակ ապրիլ։ Հետեւաբար, զղջումը անհրաժեշտ է։

13. Ի՞նչ է դարձի գալը։

13 Զղջումին պէտք է յաջորդէ ‘դարձի գալը’։ Ուստի զղջալէն աւելին պէտք է ընես։ Պէտք է նախկին ապրելակերպդ մերժես եւ հաստատօրէն վճռես, թէ ասկէ ետք ճիշդը պիտի ընես։ Զղջալն ու դարձի գալը, մկրտութենէդ առաջ առնուելիք քայլեր են։

ԱՆՁՆԱՊԷՍ ՆՈՒԻՐՈՒԻԼ

14. Մկրտուելէ առաջ ի՞նչ կարեւոր քայլ մը պէտք է առնես։

14 Մկրտուելէ առաջ առնուելիք կարեւոր քայլ մը եւս կայ։ Պէտք է անձդ Եհովա Աստուծոյ նուիրես։

Եհովայի անձնական նուիրումդ աղօթքով կատարա՞ծ ես

15, 16. Ի՞նչ կը նշանակէ անձդ Աստուծոյ նուիրել, եւ ի՞նչ բան անհատը կը մղէ այս քայլը առնելու։

15 Երբ ջերմեռանդ աղօթքով անձդ Եհովա Աստուծոյ նուիրես, կը խոստանաս առյաւէտ բացարձակ պաշտամունքդ իրեն տալ (Բ. Օրինաց 6։15)։ Սակայն անհատ մը ինչո՞ւ պիտի փափաքի ասիկա ընել։ Բացատրենք. ենթադրենք որ տղամարդ մը կը սկսի աղջկայ մը հետ ժամադրուիլ։ Որքա՛ն զայն մօտէն ճանչնայ եւ գրաւիչ յատկութիւնները տեսնէ, այնքա՛ն աւելի անով պիտի հրապուրուի։ Ժամանակի ընթացքին, բնական է որ առաջարկէ աղջկան իրեն հետ ամուսնանալ։ Ճիշդ է որ ամուսնանալը պիտի նշանակէ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստանձնել, բայց սէ՛րն է որ զինք պիտի մղէ այս կարեւոր քայլը առնելու։

16 Երբ Եհովան ճանչնաս եւ զինք սիրես, պիտի մղուիս անվերապահօրէն իրեն ծառայելու եւ առանց պայմանի զինք պաշտելու։ Ոեւէ անհատ որ կ’ուզէ Աստուծոյ Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետեւիլ, պէտք է «իր անձը ուրանայ» (Մարկոս 8։34)։ Մեր անձը կ’ուրանանք, երբ ուշադիր կ’ըլլանք որ մեր անձնական ցանկութիւններն ու նպատակակէտերը արգելք չեն հանդիսանար մեզի, Աստուծոյ հանդէպ ամբողջական հնազանդութիւն ցուցաբերելու։ Հետեւաբար, մկրտուելէդ առաջ, Եհովա Աստուծոյ կամքը ընելը պէտք է կեանքիդ գլխաւոր նպատակը ըլլայ (կարդա՛ Ա. Պետրոս 4։2

ՁԱԽՈՂԵԼՈՒ ՎԱԽԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ

17. Ոմանք ինչո՞ւ Աստուծոյ նուիրուելէ ետ կը կենան։

17 Ոմանք Եհովայի նուիրուելէ ետ կը կենան, քանի որ ձեւով մը կը քաշուին այսպիսի լուրջ քայլ մը առնելէ։ Որպէս նուիրուած քրիստոնեայ՝ Աստուծոյ համարատու ըլլալու գաղափարը կրնայ զիրենք վախցնել։ Ձախողելէ եւ Եհովան յուսախաբ ընելէ վախնալով, անոնք կը խորհին թէ լաւագոյն բանն է՝ իրեն չնուիրուիլ։

18. Ի՞նչ բան կրնայ քեզ մղել Եհովայի նուիրուելու։

18 Մինչ կը սորվիս Եհովան սիրել, պիտի մղուիս իրեն նուիրուելու եւ լաւագոյնդ ընելու որ այդ նուիրումին համաձայն ապրիս (Ժողովող 5։4)։ Նուիրուելէ ետք, վստահաբար պիտի ուզես ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալել եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնել’ (Կողոսացիս 1։10)։ Աստուած սիրելուդ պատճառաւ, իր կամքը ընելը դժուար պիտի չթուի քեզի։ Անկասկած պիտի համաձայնիս Յովհաննէս առաքեալին հետ, որ ըսաւ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհաննէս 5։3

19. Ինչո՞ւ պէտք չէ վախնաս Աստուծոյ նուիրուելէ։

19 Աստուծոյ նուիրուելու համար պայման չէ որ կատարեալ ըլլաս։ Եհովա գիտէ սահմանափակումներդ եւ երբե՛ք չ’ակնկալեր որ կարողութենէդ աւելին ընես (Սաղմոս 103։14)։ Ան կ’ուզէ որ դուն յաջողիս, եւ քեզի պիտի զօրակցի ու օգնէ (կարդա՛ Եսայի 41։10)։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ եթէ ամբողջ սրտովդ Եհովայի ապաւինիս, ան «քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ» (Առակաց 3։5, 6

ՆՈՒԻՐՈՒՄԴ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԷ՝ ՄԿՐՏՈՒԵԼՈՎ

20. Եհովայի նուիրուիլը ինչո՞ւ հանրապէս պէտք է գիտցուի։

20 Մեր քննարկած նիւթերուն շուրջ խորհիլը, քեզի պիտի օգնէ՝ աղօթքով Եհովայի անձնական նուիրումդ կատարելու։ Ամէն անհատ որ իրապէս Աստուած կը սիրէ, պէտք է նաեւ ‘բերանով դաւանի փրկուելու համար’ (Հռովմայեցիս 10։10, ԱԾ)։ Իսկ ասիկա ինչպէ՞ս կ’ըլլայ։

Մկրտութիւնը կը խորհրդանշէ, թէ անցեալի ապրելակերպէն հրաժարած ենք եւ այժմ ողջ ենք Աստուծոյ կամքը կատարելու համար

21, 22. Ինչպէ՞ս կրնաս հաւատքդ հանրապէս ‘դաւանիլ’։

21 Ժողովքիդ երէցներու մարմինի համակարգողին տեղեկացուր թէ կ’ուզես մկրտուիլ։ Ան պիտի նշանակէ քանի մը երէցներ, որպէսզի քեզի հարցնեն Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումներուն շուրջ կարգ մը հարցումներ։ Եթէ այս երէցները տեսնեն թէ որակեալ ես, անոնք քեզի պիտի ըսեն որ կրնաս յաջորդ առիթով մկրտուիլ *։ Սովորաբար այդ առիթներուն կը ներկայացուի մկրտութեան նշանակութիւնը բացատրող դասախօսութիւն մը։ Ապա դասախօսը կը հրաւիրէ մկրտութեան բոլոր թեկնածուները, որպէսզի երկու հարցումներու պատասխանեն, իրենց հաւատքը հանրապէս ‘բերանով դաւանելու’ համար։

22 Մկրտութիւնն է որ քեզ հանրապէս կը բնորոշէ որպէս Աստուծոյ նուիրուած անհատ մը եւ հետեւաբար՝ Եհովայի վկայ մը։ Մկրտութեան թեկնածուները ամբողջովին ջուրին մէջ կը մխրճուին, հանրապէս ցոյց տալու համար թէ Եհովայի նուիրում մը կատարած են։

ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆԴ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

23. Ի՞նչ կը նշանակէ մկրտուիլ «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»։

23 Յիսուս ըսաւ թէ իր աշակերտները պիտի մկրտուէին «յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (Մատթէոս 28։19)։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ մկրտութեան թեկնածուն կ’ընդունի Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի հեղինակութիւնը (Սաղմոս 83։18. Մատթէոս 28։18)։ Ան նաեւ կ’ընդունի Աստուծոյ սուրբ հոգիին՝ կամ գործօն ուժին՝ դերն ու գործունէութիւնը (Գաղատացիս 5։22, 23. Բ. Պետրոս 1։21

24, 25. ա) Մկրտութիւնը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ բ) Ո՞ր հարցումը պատասխանի կը կարօտի։

24 Սակայն մկրտութիւնը պարզ լոգանք մը չէ։ Անիկա շատ կարեւոր բանի մը խորհրդանիշն է։ Ջուրին տակը իջնելը կը խորհրդանշէ թէ դուն «մեռած» ես, այսինքն՝ անցեալի ապրելակերպէդ հրաժարած ես։ Ջուրէն դուրս ելլելը կը նշէ, թէ այժմ ողջ ես Աստուծոյ կամքը կատարելու համար։ Նաեւ մտաբերէ թէ անձնական նուիրում կատարած ես Եհովա Աստուծոյ, եւ ոչ թէ գործունէութեան, հարցի, մարդոց կամ կազմակերպութեան մը։ Նուիրումդ ու մկրտութիւնդ միայն սկիզբն են Աստուծոյ հետ շատ սերտ բարեկամութեան՝ մտերիմ փոխյարաբերութեան (Սաղմոս 25։14

25 Մկրտութիւնը երաշխիք մը չէ որ փրկուիս։ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ահով ու դողով անձերնուդ փրկութիւնը գործեցէք» (Փիլիպպեցիս 2։12)։ Մկրտութիւնը միայն սկիզբ մըն է։ Հարցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ։ Այս գրքին վերջին գլուխը այս հարցումին պիտի պատասխանէ։