Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

Աստուծոյ անունը. այդ անուան գործածութիւնն ու նշանակութիւնը

Աստուծոյ անունը. այդ անուան գործածութիւնն ու նշանակութիւնը

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻԴ մէջ, Սաղմոս 83։18–ը ինչպէ՞ս թարգմանուած է։ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին մէջ այս համարը հետեւեալ կերպով թարգմանուած է. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Այս համարը, Աստուածաշունչի շատ մը այլ թարգմանութիւններ միեւնոյն կերպով կը թարգմանեն։ Սակայն բազմաթիւ թարգմանութիւններ Եհովա անունը կը հանեն եւ զայն կը փոխարինեն «Տէր» կամ «Աստուած» տիտղոսով։ Այս համարին մէջ պէտք է գործածուի տիտղո՞ս մը, թէ՞ Եհովա անունը։

Աստուծոյ անունը եբրայերէն տառերով

Համարը կը խօսի անուան մը մասին։ Եբրայերէն բնագիր լեզուին մէջ, որով Աստուածաշունչի մեծ մասը գրուած է, այստեղ իւրայատուկ անձնական անուն մը կ’երեւայ։ Անիկա եբրայերէն տառերէ կազմուած է՝ יהוה եւ կը հնչուի ԵՀՎՀ։ Հայերէն լեզուով, այս անունը սովորաբար կը թարգմանուի «Եհովա»։ Աստուածաշունչին մէջ այս անունը միայն մէ՞կ համարի մէջ կը գտնուի։ Ո՛չ։ Անիկա Եբրայերէն Գրութիւններուն բնագրին մէջ մօտաւորապէս 7000 անգամ նշուած է։

Աստուծոյ անունը որքա՞ն կարեւոր է։ Նկատի առ Յիսուս Քրիստոսի տուած տիպար աղօթքը, որ այսպէս կը սկսի. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատթէոս 6։9)։ Յետագային, Յիսուս Աստուծոյ աղօթեց. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Աստուած երկնքէն պատասխանեց, ըսելով. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ» (Յովհաննէս 12։28)։ Բացայայտօրէն, Աստուծոյ անունը չափազանց կարեւոր է։ Ուստի ինչո՞ւ կարգ մը թարգմանիչներ իրենց Աստուածաշունչի թարգմանութիւններէն հանած են Աստուծոյ անունը եւ զայն փոխարինած՝ տիտղոսներով։

Կը թուի թէ երկու գլխաւոր պատճառներ կան։ Առաջին, շատեր կը պնդեն թէ այս անունը պէտք չէ գործածուի, որովհետեւ զայն հնչելու սկզբնական ձեւը ներկայիս անծանօթ է։ Վաղեմի եբրայերէնը կը գրուէր առանց ձայնաւորներու։ Հետեւաբար, ո՛չ ոք վստահօրէն կրնայ ըսել, թէ աստուածաշնչական ժամանակներուն մարդիկ ԵՀՎՀ–ն ինչպէ՛ս կը հնչէին։ Սակայն ասիկա մեզ ե՞տ պէտք է պահէ Աստուծոյ անունը գործածելէ։ Աստուածաշնչական ժամանակներուն, Յիսուս անունը թերեւս կը հնչուէր Եշուա կամ հաւանաբար Եհոշուա,– ներկայիս ո՛չ ոք կրնայ ըսել թէ ճիշդ ինչպէս կը հնչուէր։ Այսուհանդերձ, համայն աշխարհի մէջ մարդիկ Յիսուս անուան տարբերակները կը գործածեն, զայն հնչելով այնպէս՝ ինչպէս իրենց լեզուին մէջ սովորական է։ Անոնք չեն վարանիր այդ անունը գործածելու, պարզապէս անոր համար, որ չեն գիտեր թէ առաջին դարուն անիկա ինչպէ՛ս կը հնչուէր։ Նոյնպէս, եթէ օտար երկիր մը կը ճամբորդես, թերեւս նկատես թէ քու անձնական անունդ օտար լեզուով տարբեր ձեւով կը հնչուի։ Հետեւաբար, անցեալին Աստուծոյ անունը ինչպէ՛ս հնչուելուն նկատմամբ եղած անորոշութիւնը, զայն չգործածելու պատճառ մը չէ։

Աստուածաշունչէն Աստուծոյ անունը ջնջելու համար յաճախ տրուած երկրորդ պատճառը առնչուած է հրեաներուն հնամենի մէկ աւանդութեան հետ։ Հրեաներէն շատեր կը հաւատան թէ Աստուծոյ անունը բնաւ պէտք չէ հնչուի։ Այս համոզումը որոշապէս հիմնուած է Աստուածաշունչի մէկ օրէնքին սխալ կիրարկման վրայ, որ կ’ըսէ. «Տէրոջը, քու Աստուծոյդ, անունը պարապ տեղ բերանդ չառնես. վասն զի Տէրը իր անունը պարապ տեղ բերան առնողը անմեղ պիտի չսեպէ» (Ելից 20։7

Այս օրէնքը կ’արգիլէ Աստուծոյ անուան սխալ գործածութիւնը։ Բայց արդեօք անիկա կ’արգիլէ՞ անուան յարգալից գործածութիւնը։ Բնա՛ւ երբեք։ Եբրայերէն Գրութիւնները («Հին Կտակարանը») գրողները բոլորն ալ հաւատարիմ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ կողմէ վաղեմի իսրայէլացիներուն տրուած Օրէնքին համաձայն ապրեցան։ Բայց եւ այնպէս, անոնք յաճախ Աստուծոյ անունը գործածեցին։ Օրինակ՝ անոնք զայն պարփակեցին բազմաթիւ սաղմոսներու մէջ, որոնք երկրպագուներու կողմէ բարձրաձայն կը տաղերգուէին։ Եհովա Աստուած նոյնիսկ պատուիրած է իր երկրպագուներուն, որ իր անունը կանչեն, եւ իր հաւատարիմ ծառաները ասոր հնազանդած են (Յովէլ 2։32. Գործք 2։21)։ Հետեւաբար, ներկայիս ճշմարիտ քրիստոնեաները Աստուծոյ անունը յարգալից կերպով գործածելու չեն վարանիր, ինչպէս որ անկասկած Յիսուս ըրաւ (Յովհաննէս 17։26

Աստուածաշունչի թարգմանիչներ լուրջ սխալ մը կը գործեն, երբ Աստուծոյ անունը տիտղոսներով կը փոխարինեն։ Այսպէս ընելով անոնք Աստուած հեռաւոր ու անդէմ անձնաւորութիւն մը կը դարձնեն, մինչ Աստուածաշունչը մարդիկը կը յորդորէ որ ‘Տէրոջ հետ մտերմութիւն’ մշակեն (Սաղմոս 25։14, ԱԾ)։ Պահ մը խորհէ մտերիմ մէկ բարեկամիդ մասին։ Եթէ անոր անունը բնաւ չգիտնայիր, որքանո՞վ մօտիկ պիտի ըլլայիր իրեն։ Նոյնպէս, եթէ մարդիկ Աստուծոյ Եհովա անունը չգիտնան, ինչպէ՞ս կրնան իրապէս մօտիկ ըլլալ Աստուծոյ։ Ասկէ աւելին, երբ մարդիկ Աստուծոյ անունը չեն գործածեր, անոր հոյակապ նշանակութեան մասին ալ անտեղեակ կը մնան։ Աստուծոյ անուան նշանակութիւնը ի՞նչ է։

Աստուած իր անուան նշանակութիւնը անձամբ բացատրեց իր հաւատարիմ ծառային՝ Մովսէսի։ Երբ Մովսէս Աստուծոյ անուան մասին հարցուց, Եհովա պատասխանեց. «Ես պիտի ըլլամ ինչ որ կ’ուզեմ ըլլալ» (Ելից 3։14, ՆԱ)։ Ռոթըրհէմի թարգմանութիւնը (անգլերէն), այս խօսքերը կը թարգմանէ հետեւեալ կերպով. «Պիտի ըլլամ այն, ինչ որ կը հաճիմ ըլլալ»։ Ուստի Եհովա կրնայ ըլլալ այն ինչ որ հարկ է՝ իր նպատակները իրագործելու համար, եւ կրնայ պատճառ դառնալ որ իր ստեղծագործութիւնը ընէ ինչ որ հարկ է՝ Իր կամքը կատարելու համար։

Ենթադրենք որ դուն կրնաս ըլլալ այն ինչ որ կ’ուզես ըլլալ։ Այդ պարագային բարեկամներուդ համար ի՞նչ կ’ընես։ Եթէ անոնցմէ մէկը լուրջ հիւանդութեան մը բռնուի, կրնաս հմուտ բժիշկ մը դառնալ եւ զինք բուժել։ Եթէ ուրիշ բարեկամ մը սնանկանայ, կրնաս հարուստ բարերար մը ըլլալ եւ զինք ազատել։ Սակայն իրողութիւնը այն է, թէ ամէն բան ըլլալու կարողութիւնդ սահմանափակ է։ Բոլորիս պարագան ալ նոյնն է։ Մինչ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրես, պիտի զարմանաս տեսնելով թէ Եհովա ինչպէս կ’ըլլայ այն ինչ որ հարկ է, իր խոստումները իրագործելու համար։ Եւ ան կը հաճի իր զօրութիւնը գործածել՝ ի նպաստ զինք սիրողներուն (Բ. Մնացորդաց 16։9)։ Անոնք որոնք Եհովայի անունը չեն գիտեր, իր անձնաւորութեան այս գեղեցիկ երեսակները չեն ըմբռներ։

Յստակ է ուրեմն, թէ Եհովա անունը Աստուածաշունչէն պէտք չէ՛ հանուի։ Անոր իմաստը գիտնալը եւ զայն մեր պաշտամունքին մէջ ազատօրէն գործածելը, շատ ազդու միջոցներ են մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի մօտենալու համար *։

^ պարբ. 3 Աստուծոյ անուան, անոր նշանակութեան եւ պաշտամունքի մէջ զայն գործածելու պատճառներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածային անունը որ յաւիտեան պիտի գոյատեւէ գրքոյկը (անգլերէն), եւ Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկը, մաս 1, երկուքն ալ հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։