Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

Ճշմարտութիւնը՝ Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին մասին

Ճշմարտութիւնը՝ Հօր, Որդիին եւ սուրբ հոգիին մասին

ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ուսուցումին հաւատացողները կ’ըսեն թէ Աստուած երեք անձերէ կը բաղկանայ,– Հայրը, Որդին ու Սուրբ Հոգին։ Նաեւ կ’ըսուի, թէ այս երեքէն իւրաքանչիւրը միւսներուն հաւասար է, ամենակալ ու անսկիզբ է։ Հետեւաբար, Երրորդութեան վարդապետութեան համաձայն, Հայրը Աստուած է, Որդին Աստուած է եւ Սուրբ Հոգին Աստուած է, բայց եւ այնպէս միայն մէ՛կ Աստուած կայ։

Երրորդութեան հաւատացողներէն շատեր կ’ընդունին թէ այս ուսուցումը բացատրելու անկարող են։ Բայց թերեւս անոնք խորհին թէ Աստուածաշունչը այդպէս կը սորվեցնէ։ Կ’արժէ նշել թէ Աստուածաշունչին մէջ բնա՛ւ չենք հանդիպիր «Երրորդութիւն» բառին։ Սակայն հոն կը գտնե՞նք Երրորդութեան գաղափարը։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, ակնարկ մը նետենք աստուածաշնչական համարի մը վրայ, զոր Երրորդութեան կողմնակիցները յաճախ կը նշեն, զայն պաշտպանելու նպատակաւ։

«ԲԱՆԸ ԱՍՏՈՒԱԾ ԷՐ»

Յովհաննէս 1։1–ը կը նշէ. «Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր եւ Բանը Աստուած էր»։ Նոյն գլուխին մէջ, Յովհաննէս առաքեալ բացայայտօրէն ցոյց կու տայ թէ «Բանը» Յիսուսն է (Յովհաննէս 1։14)։ Սակայն, քանի որ Բանը Աստուած կը կոչուի, ոմանք կ’եզրակացնեն թէ Որդին ու Հայրը պէտք է նոյն Աստուծոյ մաս կազմեն։

Ի մտի ունեցիր թէ Աստուածաշունչին այս մասը սկիզբը գրուած էր յունարէնով։ Յետագային, թարգմանիչներ յունարէն բնագիրը թարգմանեցին ուրիշ լեզուներու։ Սակայն Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանիչներ, չգործածեցին «Բանը Աստուած էր» արտայայտութիւնը։ Ինչո՞ւ։ Աստուածաշունչին գործածած յունարէն լեզուին մասին իրենց ունեցած գիտութեան վրայ հիմնուելով, այս թարգմանիչները եզրակացուցին թէ «Բանը Աստուած էր» արտայայտութիւնը պէտք է տարբեր կերպով թարգմանուի։ Ինչպէ՞ս։ Հետեւեալները կարգ մը օրինակներ են. «Լոկոսը [Բանը] աստուածային էր» (A New Translation of the Bible)։ «Բանը աստուած մըն էր» (The New Testament in an Improved Version)։ «Բանը Աստուծոյ քով էր եւ անոր բնոյթը ունէր» (The Translator’s New Testament)։ Այս թարգմանութիւններուն համաձայն Բանը՝ Ամենակալ Աստուածը չէ *։ Այլ, Եհովայի արարածներուն մէջ իր վայելած բարձր դիրքին պատճառաւ է, որ Բանին կ’ակնարկուի որպէս «աստուած մը»։ Հոս՝ «աստուած» բառը կը նշանակէ «հզօր մէկը»։

ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՁԵՌՔ ՁԳԷ

Մարդոց մեծամասնութիւնը չի գիտեր Աստուածաշունչին գործածած յունարէն լեզուն։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ Յովհաննէս առաքեալ իրապէս ի՛նչ ըսել կ’ուզէր։ Հետեւեալ օրինակին մասին խորհէ. ուսուցիչ մը իր աշակերտներուն նիւթ մը կը բացատրէ, որմէ ետք աշակերտները տրուած բացատրութեան շուրջ տարակարծիք կ’ըլլան։ Անոնք ինչպէ՞ս կրնան այս հարցը լուծել։ Թերեւս կրնան ուսուցիչէն յաւելեալ տեղեկութիւններ խնդրել։ Անկասկած, յաւելեալ իրողութիւններ իմանալը կրնայ անոնց օգնել նիւթը աւելի լաւ հասկնալու։ Նոյնպէս, Յովհաննէս 1։1–ին իմաստը հասկնալու համար, կրնաս Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի դիրքին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ փնտռել։ Այս նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ գիտնալը, քեզի պիտի օգնէ ճիշդ եզրակացութեան յանգելու։

Օրինակ՝ նկատի առ թէ Յովհաննէս ինչ կը շարունակէ գրել առաջին գլուխին 18–րդ համարին մէջ. «Մէկը երբե՛ք [Ամենակալ] Աստուած տեսած չէ»։ Սակայն մարդիկ տեսած են Յիսուսը՝ Որդին, քանի որ Յովհաննէս կ’ըսէ. «Բանը [Յիսուս] մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ, եւ անոր փառքը տեսանք» (Յովհաննէս 1։14)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ Որդին Ամենակալ Աստուծոյ մէկ մասն է։ Յովհաննէս նաեւ կ’ըսէ թէ Բանը «Աստուծոյ քով» էր։ Սակայն անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ մէկու մը քով ըլլալ եւ միեւնոյն ատեն ըլլալ ա՛յդ անձը։ Ասկէ զատ, ըստ Յովհաննէս 17։3–ի, Յիսուս իր եւ իր երկնաւոր Հօր միջեւ յստակ զանազանութիւն մը կը դնէ։ Ան իր Հայրը կը կոչէ՝ «միմիայն ճշմարիտ Աստուած»ը։ Իսկ Աւետարանին վերջաւորութեան, Յովհաննէս հարցերը կ’ամփոփէ, ըսելով. «Ասոնք գրուեցան, որպէս զի հաւատաք թէ Յիսուսը Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս 20։31)։ Նկատէ թէ Յիսուս կոչուած է ոչ թէ Աստուած, այլ՝ Աստուծոյ Որդին։ Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ հայթայթուած այս յաւելեալ տեղեկութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հասկցուի Յովհաննէս 1։1–ը։ Յիսուս՝ Բանը, «աստուած մըն» է այն առումով, որ բարձր դիրք ունի, բայց Ամենակալ Աստուածը չէ։

ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀԱՍՏԱՏԷ

Անգամ մը եւս ուսուցիչին եւ աշակերտներուն օրինակին վրայ մտածէ։ Պատկերացուր որ նոյնիսկ ուսուցիչին յաւելեալ բացատրութիւնը ունկնդրելէ ետք, անոնցմէ ոմանք տակաւին կասկածներ ունին։ Անոնք ի՞նչ կրնան ընել։ Անոնք կրնան ուրիշ ուսուցիչի մը դիմել, նոյն նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգելու համար։ Եթէ երկրորդ ուսուցիչը հաստատէ առաջին ուսուցիչին բացատրութիւնը, աշակերտներուն մեծամասնութեան կասկածները կրնան փարատիլ։ Նոյնպէս, եթէ վստահ չես թէ Աստուածաշունչի գրողներէն Յովհաննէսը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէր Յիսուսի եւ Ամենակալ Աստուծոյ միջեւ եղած փոխյարաբերութեան մասին, յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաս դիմել Աստուածաշունչի ա՛յլ գրողի մը։ Զոր օրինակ, նկատի առ ինչ որ Մարկոս գրած է։ Ամբարիշտ աշխարհի վերջին առնչութեամբ Յիսուսի խօսքերը մէջբերելով, ան կը գրէ. «Այն օրուան ու ժամուն համար մէ՛կը չի գիտեր, ո՛չ երկնքի մէջ եղող հրեշտակները եւ ո՛չ Որդին. հապա՝ միայն Հայրը» (Մարկոս 13։32)։ Այս խօսքերը ինչպէ՞ս կը հաստատեն թէ Յիսուս Ամենակալ Աստուածը չէ։

Յիսուս կ’ըսէ թէ Հայրը Որդիէն աւելի գիտէ։ Սակայն եթէ Յիսուս Ամենակալ Աստուծոյ մէկ մասն էր, ան պիտի գիտնար նոյն իրողութիւնները, զորս իր Հայրը գիտէր։ Հետեւաբար, Որդին ու Հայրը չեն կրնար հաւասար ըլլալ։ Այսուհանդերձ, ոմանք պիտի ըսեն. ‘Յիսուս երկու բնոյթ ունէր։ Հոս ան կը խօսի որպէս մարդ’։ Բայց նոյնիսկ եթէ այս ըլլար պարագան, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ սուրբ հոգիին մասին։ Եթէ սուրբ հոգին Աստուծոյ մաս կը կազմէ՝ ինչպէս Հայրը, ուրեմն Յիսուս ինչո՞ւ չ’ըսեր թէ սուրբ հոգին գիտէ՝ այն ինչ որ Հայրը գիտէ։

Մինչ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնդ կը շարունակես, պիտի հանդիպիս այս նիւթին առնչուող բազմաթիւ այլ աստուածաշնչական հատուածներու, որոնք պիտի հաստատեն Հօրը, Որդիին եւ սուրբ հոգիին մասին ճշմարտութիւնը (Սաղմոս 90։2. Գործք 7։55. Կողոսացիս 1։15

^ պարբ. 3 Յովհաննէս 1։1–ի մասին յաւելեալ քննարկութեան համար, տե՛ս «Պէ՞տք է հաւատաք Երրորդութեան» գրքոյկը, էջ 26-29, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։