Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը

Ո՞վ է Միքայէլ հրեշտակապետը

ՄԻՔԱՅԷԼ կոչուած հոգեղէն արարածը Աստուածաշունչին մէջ քիչ անգամ նշուած է։ Սակայն ամէն անգամ որ անոր ակնարկութիւն ըլլայ, ան գործի վրայ է։ Դանիէլի գրքին մէջ, Միքայէլ կը պայքարի չար հրեշտակներու հետ. Յուդայի նամակին մէջ, ան Սատանայի հետ կը վիճի. իսկ Յայտնութիւն գրքին մէջ, ան Բանսարկուին ու անոր դեւերուն դէմ կը պատերազմի։ Եհովայի իշխանութիւնը պաշտպանելով եւ Աստուծոյ թշնամիներուն դէմ կռուելով, Միքայէլ իր անուան նշանակութեան համաձայն կ’ապրի,– «Ո՞վ Աստուծոյ նման է»։ Սակայն ո՞վ է Միքայէլ։

Երբեմն անհատներ ճանչցուած կ’ըլլան մէկէ աւելի անուններով։ Օրինակ՝ Յակոբ նահապետ ճանչցուած է նաեւ՝ Իսրայէլ անունով, իսկ Պետրոս առաքեալ՝ Սիմոն անունով (Ծննդոց 49։1, 2. Մատթէոս 10։2)։ Նոյնպէս, Աստուածաշունչը կը նշէ թէ Միքայէլ Յիսուս Քրիստոսի տրուած այլ անուն մըն է, երկիր գալէն առաջ ու երկինք վերադառնալէն ետք։ Նկատի առնենք աստուածաշնչական պատճառներ, որոնք մեզ այս եզրակացութեան կը հասցնեն։

Հրեշտակապետ։ Աստուծոյ Խօսքը Միքայէլը կը կոչէ «հրեշտակապետը» (Յուդա 9)։ Նկատի առ թէ Միքայէլ կոչուած է հրեշտակապետը։ Ասիկա կը թելադրէ թէ միայն մէ՛կ այսպիսի հրեշտակ գոյութիւն ունի։ Իրականութեան մէջ, «հրեշտակապետ» արտայայտութիւնը Աստուածաշունչին մէջ միա՛յն եզակի ձեւով կը գտնուի, եւ ո՛չ մէկ անգամ յոգնակի ձեւով։ Ասկէ զատ, Յիսուսի նկատմամբ կ’ըսուի թէ հրեշտակապետի դիրք ունի։ Յարուցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի առնչութեամբ, Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։15–ը կ’ըսէ. «Տէրը ինք ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնով. . . երկնքէն պիտի իջնէ»։ Նկատի առի՞ր թէ Յիսուսի ձայնը նկարագրուած է որպէս հրեշտակապետի մը ձայնը։ Հետեւաբար, այս համարը կը թելադրէ թէ Յիսուս ի՛նքն է Միքայէլ հրեշտակապետը։

Զօրքերու Առաջնորդ։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ «Միքայէլ ու իր հրեշտակները վիշապին հետ պատերազմեցան։ Վիշապն ալ իր հրեշտակներով պատերազմեցաւ» (Յայտնութիւն 12։7)։ Ուստի Միքայէլ՝ հաւատարիմ հրեշտակներէ բաղկացած զօրքի մը Առաջնորդն է։ Յայտնութիւն գիրքը Յիսո՛ւսն ալ կը նկարագրէ որպէս հաւատարիմ հրեշտակներէ բաղկացած զօրքի մը Առաջնորդը (Յայտնութիւն 19։14-16)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ մասնայատուկ կերպով կը նշէ «Տէր Յիսուս»ը եւ «իր զօրաւոր հրեշտակներ»ը (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։7)։ Ուստի Աստուածաշունչը կը խօսի՝ թէ՛ Միքայէլի ու «իր հրեշտակներ»ուն, եւ թէ Յիսուսի ու «իր հրեշտակներուն» մասին (Մատթէոս 13։41. 16։27. 24։31. Ա. Պետրոս 3։22)։ Քանի որ Աստուածաշունչը ո՛չ մէկ տեղ կը նշէ, թէ երկնքի մէջ հաւատարիմ հրեշտակներու երկու խումբեր կան,– մէկը՝ Միքայէլի գլխաւորութեամբ, իսկ միւսը՝ Յիսուսի,– հետեւաբար, տրամաբանական է եզրակացնել թէ Միքայէլ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսն է, իր երկնային դերին մէջ *։

^ պարբ. 1 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, թէ Միքայէլ անունը Աստուծոյ Որդւոյն կը կիրարկուի, տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Բ., էջ 393-394 (անգլերէն), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։