Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 3

Սիրէ անոնց՝ որոնց Աստուած կը սիրէ

Սիրէ անոնց՝ որոնց Աստուած կը սիրէ

«Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ» (ԱՌԱԿԱՑ 13։20

1-3. ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ անժխտելի ճշմարտութիւն մը կը յայտնէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ընտրել ընկերակիցներ, որոնք դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր վրայ։

ՄԱՐԴԻԿ, առումով մը, նման են սպունգի. անոնք հակամէտ են իրենց շուրջ գտնուող որեւէ բան իւրացնելու։ Շատ դիւրին է որդեգրել, նոյնիսկ անգիտակցաբար, մեր մտերիմներուն կեցուածքները, չափանիշները եւ նկարագրի գիծերը։

2 Աստուածաշունչը անժխտելի ճշմարտութիւն մը կը յայտնէ, երբ կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չար կ’ըլլայ» (Առակաց 13։20)։ Այս առակը չի խօսիր միայն մակերեսային յարաբերութեան մասին։ «Քալող» բառը կ’ակնարկէ շարունակ ընկերակցելուն։ Այս համարին մասին մեկնաբանելով, Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ. «Անհատի մը հետ քալել կը նշանակէ՝ անոր հանդէպ սէր եւ կապուածութիւն ունենալ»։ Չե՞ս համաձայնիր թէ հակամէտ ենք ընդօրինակելու անոնց՝ որոնց կը սիրենք։ Արդարեւ, այդ անձերը կրնան մեր վրայ դրական կամ բացասական խոր ազդեցութիւն ունենալ։

3 Ուստի Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար, կենսական է ընտրել ընկերակիցներ, որոնք մեր վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան։ Ինչպէ՞ս։ Պարզապէս սիրելով անոնց, որոնց Աստուած կը սիրէ, եւ Իր բարեկամները՝ մերը ընելով։ Այն անհատները, որոնք ունին յատկութիւններ զորս Եհովա կը փնտռէ իր բարեկամներուն մէջ, կրնան ըլլալ մեր լաւագոյն ընկերակիցները։ Ուստի քննարկենք թէ Աստուած ինչպիսի անհատներ կը սիրէ։ Երբ Եհովայի տեսակէտը մեր մտքին մէջ յստակ ըլլայ, աւելի լաւ զինուած պիտի ըլլանք ընտրելու լաւ ընկերակիցներ։

ԱՆՈՆՔ՝ ՈՐՈՆՑ ԱՍՏՈՒԱԾ ԿԸ ՍԻՐԷ

4. Եհովա ինչո՞ւ իրաւունք ունի բարեկամներ ընտրելու նկատմամբ իւրայատուկ ըլլալու, եւ ան ինչո՞ւ Աբրահամի ակնարկեց որպէս իր «բարեկամ»ը։

4 Եհովան իրաւունք ունի իր բարեկամները ուշադրութեամբ ընտրելու, քանի որ տիեզերքի Գերիշխանն է եւ իրեն հետ բարեկամութիւնը մեծագոյն առանձնաշնորհումն է։ Ուստի ան որո՞նց կ’ընտրէ որպէս բարեկամներ։ Եհովան կը մօտենայ բոլոր անոնց, որոնք կը վստահին եւ լման հաւատք կ’ընծայեն իրեն։ Օրինակ՝ նկատի առ Աբրահամ նահապետը, մարդ մը՝ որ ճանչցուած է իր ուշագրաւ հաւատքով։ Եհովան անկէ խնդրեց որ իր որդին զոհէ։ Ասիկա մարդկային հօր մը համար ինչ մե՜ծ փորձութիւն մըն է *։ Այսուհանդերձ, Աբրահամ «Իսահակը պատարագ մատուցանեց», լման հաւատք ունենալով թէ «Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել» (Եբրայեցիս 11։17-19)։ Քանի որ Աբրահամ այսպիսի հաւատք ու հնազանդութիւն ցուցաբերեց, Եհովան սիրալիրօրէն անոր ակնարկեց որպէս իր «բարեկամ»ը (Եսայի 41։8. Յակոբոս 2։21-23

5. Եհովան ինչպէ՞ս կը նկատէ անոնք, որոնք հաւատարմօրէն իրեն կը հնազանդին։

5 Եհովան մեծապէս կ’արժեւորէ հաւատարմութիւնը եւ հնազանդութիւնը։ Ան կը սիրէ բոլոր անոնց, որոնք յօժար են իրեն հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը ամէն բանէ վեր դասելու (կարդա՛ Բ. Թագաւորաց 22։26, ՆԱ)։ Ինչպէս այս հրատարակութեան Գլուխ 1–ին մէջ տեսանք, Եհովան կը հաճի անոնց, որոնք կ’ընտրեն իրեն հնազանդիլ սէրէ մղուած։ Առակաց 3։32–ը կ’ըսէ. «Անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է»։ Անոնք, որոնք հաւատարմօրէն Աստուծոյ պահանջներուն գոհացում կու տան, Եհովայէ կը ստանան սիրալիր հրաւէր մը, իր հիւրերը դառնալու իր ‘վրանին’ մէջ, այսինքն՝ անոնք կը հրաւիրուին զինք պաշտելու, ինչպէս նաեւ անոնց առիթ կ’ընծայուի որեւէ ատեն աղօթքով իրեն մօտենալու (Սաղմոս 15։1-5

6. Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ կը սիրենք Յիսուսը, եւ Եհովա ինչպէ՞ս կը զգայ անոնց հանդէպ, որոնք կը սիրեն իր Որդին։

6 Եհովան կը սիրէ բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն Յիսուսը՝ իր միածին Որդին, որ ըսաւ. «Եթէ մէկը զիս սիրէ, իմ խօսքս պիտի պահէ ու իմ Հայրս զանիկա պիտի սիրէ եւ անոր պիտի գանք ու անոր քով օթեւան պիտի ընենք» (Յովհաննէս 14։23)։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ մեր սէրը Յիսուսի հանդէպ։ Վստահաբար իր պատուիրանները պահելով, ներառեալ՝ բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու յանձնարարութիւնը (Մատթէոս 28։19, 20. Յովհաննէս 14։15, 21)։ Յիսուսի հանդէպ մեր սէրը նաեւ ցոյց կու տանք, երբ «իր շաւիղներուն հետեւի[ն]ք», ընդօրինակելով զինք խօսքով ու գործով, որպէս անկատար մարդիկ մեր ամբողջ կարելին ընելով (Ա. Պետրոս 2։21)։ Եհովայի սիրտը կը հրճուի տեսնելով այն անհատներուն ջանքերը, որոնք Իր Որդւոյն հանդէպ սէրէ մղուած կը հետեւին քրիստոսանման ընթացքի մը։

7. Ինչո՞ւ իմաստութիւն է բարեկամանալ անոնց հետ, որոնք Եհովայի բարեկամներն են։

7 Եհովան իր բարեկամներուն մէջ կը փնտռէ՝ հաւատք, հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն եւ Յիսուսի եւ իր ճամբաներուն հանդէպ սէր։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը լաւ կ’ընէ ինքն իրեն հարց տալով. ‘Սերտ բարեկամներս այսպիսի յատկութիւններ ունի՞ն։ Եհովայի բարեկամները՝ իմ բարեկամներս դարձուցա՞ծ եմ’։ Ասիկա ընելը իմաստութիւն է։ Աստուածային յատկութիւններ մշակող եւ Թագաւորութեան բարի լուրը նախանձախնդրօրէն քարոզող անհատներ կրնան մեր վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալ։ Անոնք կրնան մեզ մղել որ Աստուած հաճեցնելու մեր վճռականութեան համաձայն ապրինք (տե՛ս « Ո՞վ է լաւ բարեկամը» շրջանակը)։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿԷ ՄԸ ՍՈՐՎԻԼ

8. Հետեւեալ անհատներուն միջեւ եղած փոխյարաբերութիւնները ի՞նչ կերպով կը տպաւորեն քեզ. ա) Նոեմին ու Հռութը, բ) երեք եբրայեցի երիտասարդները, գ) Պօղոսն ու Տիմոթէոսը։

8 Սուրբ Գրութիւնները կը բովանդակեն բազմաթիւ օրինակներ անհատներու մասին, որոնք լաւ ընկերակիցներ ընտրելով օգուտներ քաղեցին։ Կրնաս կարդալ Նոեմիի ու իր հարսին՝ Հռութի, Բաբելոնի մէջ երեք անբաժանելի եբրայեցի երիտասարդներուն, եւ Պօղոսի ու Տիմոթէոսի միջեւ եղած փոխյարաբերութիւններուն մասին (Հռութ 1։16. Դանիէլ 3։17, 18. Ա. Կորնթացիս 4։17. Փիլիպպեցիս 2։20-22)։ Սակայն այժմ կեդրոնանանք ուրիշ ուշագրաւ օրինակի մը վրայ. Դաւիթի ու Յովնաթանի միջեւ եղած բարեկամութիւնը։

9, 10. Դաւիթի ու Յովնաթանի միջեւ եղած բարեկամութեան հիմը ի՞նչ էր։

9 Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Դաւիթ Գողիաթը սպաննելէ ետք, «Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա» (Ա. Թագաւորաց 18։1)։ Հակառակ տարիքի զգալի տարբերութեան, անոնց միջեւ սկսաւ անբաժանելի բարեկամութիւն մը, որ յարատեւեց մինչեւ Յովնաթանի մահը պատերազմի դաշտին վրայ (Բ. Թագաւորաց 1։26) *։ Այս երկու բարեկամներուն միջեւ հաստատուած զօրաւոր կապին հիմը ի՞նչ էր։

10 Դաւիթն ու Յովնաթանը սերտ յարաբերութիւն մը ունէին, շնորհիւ Աստուծոյ հանդէպ իրենց սիրոյն եւ Իրեն հաւատարիմ մնալու զօրաւոր փափաքին։ Անոնք հոգեւոր կապով մը միացած էին իրարու։ Իւրաքանչիւրը դրսեւորեց յատկութիւններ, որոնք մէկը միւսին սիրելի դարձուցին։ Անկասկած Յովնաթան խորապէս տպաւորուած էր այս երիտասարդին քաջութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ, որ խիզախօրէն պաշտպանեց Եհովայի անունը։ Դաւիթ անտարակոյս յարգեց տարիքով իրմէ մեծ այս մարդը, որ հաւատարմօրէն Եհովայի կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնեցաւ եւ անձնուրացօրէն Դաւիթի շահերը իր շահերէն առաջ դասեց։ Օրինակ՝ նկատի առ թէ ի՛նչ պատահեցաւ, երբ Դաւիթ շատ վհատած էր եւ անապատին մէջ որպէս թափառական կ’ապրէր, Յովնաթանի հօր՝ չար Սաւուղ թագաւորի բարկութենէն փախչելու համար։ Արտակարգ հաւատարմութիւն դրսեւորելով, Յովնաթան նախաձեռնութիւնը առաւ եւ «գնաց Դաւիթին ու անոր ձեռքը Աստուծմով զօրացուց» (Ա. Թագաւորաց 23։16)։ Պահ մը խորհէ թէ Դաւիթ ի՛նչ զգաց, երբ իր սիրելի բարեկամը եկաւ եւ իրեն օգնութիւն եւ քաջալերութիւն տուաւ *։

11. Յովնաթանի ու Դաւիթի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք բարեկամութեան մասին։

11 Յովնաթանի ու Դաւիթի օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։ Նախ եւ առաջ, կը տեսնենք թէ բարեկամներու համար ամենակարեւոր հասարակաց բանը՝ հոգեւոր արժէքներն են։ Երբ մօտենանք անոնց, որոնք կը բաժնեն մեր հաւատալիքները, բարոյական արժէքները եւ Աստուծոյ հաւատարիմ մնալու փափաքը, կրնայ տեղի ունենալ գաղափարներու, զգացումներու եւ փորձառութիւններու փոխանակում մը, որ մեզ կը քաջալերէ եւ կը կերտէ (կարդա՛ Հռովմայեցիս 1։11, 12)։ Մեր հաւատակիցներուն մէջ կը գտնենք այսպիսի հոգեւոր մտայնութեան տէր ընկերակիցներ։ Սակայն ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Թագաւորութեան սրահ յաճախող ոեւէ անհատ լաւ ընկերակից մըն է։ Պայման չէ։

ՍԵՐՏ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԸՆՏՐԵԼ

12, 13. ա) Ինչո՞ւ պէտք է ընտրողական ըլլանք, նոյնիսկ երբ քրիստոնեայ հաւատակիցներէն բարեկամներ կ’ընտրենք։ բ) Առաջին դարու ժողովքները ի՞նչ պարագայ դիմագրաւեցին, մղելով Պօղոսը ի՞նչ զօրաւոր ազդարարութիւններ տալու։

12 Նոյնիսկ ժողովքին մէջ պէտք է ընտրողական ըլլանք, եթէ կ’ուզենք որ մեր ընկերակիցները մեզ հոգեւորապէս կերտեն։ Ասիկա մեզ պէ՞տք է զարմացնէ։ Ո՛չ։ Ճիշդ ինչպէս որ ծառի մը վրայ որոշ պտուղ մը աւելի ժամանակ կրնայ պահանջել հասուննալու համար, նոյնպէս ժողովքին մէջ կարգ մը քրիստոնեաներ աւելի երկար ժամանակ կրնան պահանջել հոգեւորապէս հասուննալու համար։ Ուստի որեւէ ժողովքի մէջ կը գտնենք քրիստոնեաներ, որոնք հոգեւոր աճման տարբեր մակարդակներու վրայ կը գտնուին (Եբրայեցիս 5։12–6։3)։ Անշուշտ, նորեկներուն կամ տկարներուն հանդէպ համբերութիւն ու սէր կը ցուցաբերենք, քանի որ կ’ուզենք անոնց օգնել որ հոգեւորապէս աճին (Հռովմայեցիս 14։1. 15։1

13 Երբեմն ժողովքին մէջ կրնայ ծագիլ որոշ պարագայ մը, որ մեզմէ պահանջէ մեր ընկերակցութեան նկատմամբ զգուշանալ։ Օրինակ՝ ոմանք կրնան կասկածելի վարք մը ունենալ, մինչ ուրիշներ՝ դժգոհ կամ գանգատող ոգի մը զարգացնել։ Առաջին դարու ժողովքները նոյնանման պարագայ մը դիմագրաւեցին։ Թէեւ քրիստոնէական ժողովքին մեծամասնութիւնը հաւատարիմ էր, բայց ոմանք պատշաճ վերաբերմունք չցուցաբերեցին։ Օրինակ՝ Կորնթոսի ժողովքին կարգ մը անդամները քրիստոնէական ուսուցումներուն չկառչեցան, ուստի Պօղոս ժողովքը զգուշացուց, ըսելով. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կորնթացիս 15։12, 33)։ Պօղոս նաեւ Տիմոթէոսը զգուշացուց, որ նոյնիսկ քրիստոնեայ հաւատակիցներուն մէջ թերեւս գտնուին անհատներ, որոնք կրնան պարկեշտօրէն չվարուիլ։ Ան Տիմոթէոսի ըսաւ որ այնպիսիներէն հեռու կենայ, այսինքն՝ անոնց հետ մտերմութիւն չընէ (կարդա՛ Բ. Տիմոթէոս 2։20-22

14. Ինչպէ՞ս կրնանք կիրարկել ընկերակցութիւններու վերաբերեալ Պօղոսի ազդարարութիւններուն ետին գտնուող սկզբունքը։

14 Ինչպէ՞ս կրնանք կիրարկել Պօղոսի ազդարարութիւններուն ետին գտնուող սկզբունքը։ Խուսափելով ընկերակցելէ ոեւէ անհատի հետ,– ժողովքէն ներս կամ դուրս,– որ կրնայ ապականիչ ազդեցութիւն բանեցնել մեր վրայ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։6, 7, 14)։ Մեր հոգեւորութիւնը պէտք է պաշտպանենք։ Յիշէ թէ սպունգի մը նման կ’իւրացնենք մեր սերտ բարեկամներուն կեցուածքներն ու սովորութիւնները։ Ինչպէս որ չենք կրնար սպունգը քացախին մէջ մխրճել ապա ակնկալել որ ջուրով լեցուի, նոյնպէս չենք կրնար ընկերակցիլ անհատներու հետ, որոնք ապականիչ ազդեցութիւն կը բանեցնեն մեր վրայ, ապա ակնկալել որ դրական բաներ իւրացնենք (Ա. Կորնթացիս 5։6

Հաւատակիցներու մէջ կրնաս լաւ ընկերներ գտնել

15. Ի՞նչ կրնաս ընել ժողովքին մէջ հոգեւոր մտածելակերպ ունեցող բարեկամներ գտնելու համար։

15 Արդարեւ, մեծ հաւանականութիւն կայ որ լաւ ընկերակիցներ գտնենք մեր հաւատակիցներուն մէջ (Սաղմոս 133։1)։ Ինչպէ՞ս կրնաս ժողովքին մէջ հոգեւոր մտածելակերպ ունեցող բարեկամներ գտնել։ Մինչ աստուածային յատկութիւններ կը մշակես, անկասկած քեզի պէս մտածելակերպ ունեցող անհատներ քեզմով պիտի հրապուրուին։ Միեւնոյն ատեն, թերեւս հարկ ըլլայ կարգ մը գործնական քայլեր առնել, որպէսզի նախաքայլը առնես եւ նոր բարեկամութիւններ հաստատես (տե՛ս « Ինչպէ՛ս լաւ բարեկամներ ունեցանք» շրջանակը)։ Գտիր անհատներ, որոնք կը դրսեւորեն այնպիսի յատկութիւններ, զորս կը փափաքիս արտացոլել։ Սիրտդ ‘լայն բանալու’ Աստուածաշունչի խրատին հետեւելով, գտիր հաւատակիցներու մէջ բարեկամներ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ցեղը, ազգութիւնը կամ մշակոյթը (Բ. Կորնթացիս 6։13. կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։17)։ Միմիայն հասակակիցներուդ հետ մի՛ բարեկամանար։ Մտաբերէ՛ թէ Յովնաթան տարիքով շա՜տ մեծ էր Դաւիթէն։ Տարիքով մեծ անհատներ կրնան բարեկամութիւնը ճոխացնել իրենց փորձառութեամբ եւ իմաստութեամբ։

ԵՐԲ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԾԱԳԻՆ

16, 17. Եթէ հաւատակից մը ձեւով մը մեզ վիրաւորէ, ինչո՞ւ ժողովքէն պէտք չէ հեռանանք։

16 Քանի որ տարբեր անձնաւորութիւններ ու ենթահողի պատկանող անհատներ կան ժողովքին մէջ, ատեն–ատեն հարցեր կրնան ծագիլ։ Հաւատակից մը կրնայ ըսել կամ ընել բան մը, որ կրնայ վիրաւորել մեր զգացումները (Առակաց 12։18)։ Երբեմն ալ կրնան խնդիրներ ծագիլ՝ անձնաւորութեան տարբերութիւններու, անհասկացողութիւններու կամ տարակարծութիւններու պատճառաւ։ Այսպիսի խնդիրներու պատճառաւ պիտի գայթակղի՞նք եւ ժողովքէն պիտի հեռանա՞նք։ Անշուշտ ոչ, եթէ Եհովայի եւ իր սիրած անհատներուն հանդէպ իսկական սէր ունինք։

17 Որպէս մեր Ստեղծիչն ու կեանքի Հայթայթիչը, Եհովան արժանի է մեր սիրոյն եւ ամբողջական նուիրուածութեան (Յայտնութիւն 4։10բ)։ Նոյնպէս ալ քրիստոնէական ժողովքը որ ան կը գործածէ, արժանի է մեր հաւատարիմ աջակցութեան (Եբրայեցիս 13։17)։ Ուստի, եթէ հաւատակից մը ձեւով մը մեզ վիրաւորէ կամ յուսախաբ ընէ, ժողովքէն պէտք չէ հեռանանք, ցոյց տալով մեր զայրոյթը։ Այսպիսի բան մը ինչպէ՞ս կրնանք ընել, երբ մեզ վիրաւորողը Եհովան չէ։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը երբեք թոյլ պէտք չէ տայ, որ Իրեն եւ իր ժողովուրդին կռնակ դարձնենք (կարդա՛ Սաղմոս 119։165

18. ա) Ժողովքին մէջ խաղաղութիւն յառաջացնելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։ բ) Ներելը՝ երբ վաւերական հիմ մը կայ, ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։

18 Հաւատակիցներու հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ՝ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն յառաջացնելու։ Եհովան իր սիրած անհատներէն կատարելութիւն չի սպասեր, ուստի մենք ալ պէտք չէ սպասենք։ Սէրը մեզ կարող կը դարձնէ փոքր յանցանքները անտեսելու, մտաբերելով թէ բոլորս ալ անկատար ենք եւ սխալներ կը գործենք (Առակաց 17։9. Ա. Պետրոս 4։8)։ Սէրը մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք առատօրէն «իրարու ներել» (Կողոսացիս 3։13)։ Այս խրատը կիրարկելը միշտ ալ դիւրին չէ։ Եթէ թոյլ տանք որ բացասական զգացումներ մեր վրայ տիրապետեն, կրնանք հակումը ունենալ զայրացած մնալու, թերեւս զգալով թէ մեր բարկութիւնը ձեւով մը կը պատժէ մեզ վիրաւորողը։ Սակայն իրականութեան մէջ, զայրացած մնալը մեզի վնասակար է։ Բայց ներելը՝ երբ վաւերական հիմ մը կայ, ճոխ օրհնութիւններ կը բերէ մեզի (Ղուկաս 17։3, 4)։ Անիկա մեզի կու տայ մտքի ու սրտի խաղաղութիւն, կը պահէ ժողովքին խաղաղութիւնը եւ ամէն բանէ աւելի կը պահպանէ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը (Մատթէոս 6։14, 15. Հռովմայեցիս 14։19

Ե՛ՐԲ ՊԷՏՔ Է ԴԱԴՐԻՆՔ ԸՆԿԵՐԱԿՑԵԼԷ

19. Ի՞նչ պարագաներ կրնան ծագիլ, որոնք անհրաժեշտ կը դարձնեն դադրեցնել մեր ընկերակցութիւնը ժողովքի մէկ անդամին հետ։

19 Երբեմն մեզմէ կը պահանջուի որ ժողովքի մէկ անդամին հետ ընկերակցելէ դադրինք։ Այսպիսի պարագայ մը կրնայ ծագիլ, երբ անհատը, որ անզեղջօրէն Աստուծոյ օրէնքը բեկանած է՝ կը վտարուի, կամ ան հաւատքը կը մերժէ՝ սուտ վարդապետութիւն սորվեցնելով կամ ժողովքին հետ իր ընկերակցութիւնը խզելով։ Աստուծոյ Խօսքը բացայայտօրէն մեզի կ’ըսէ որ այսպիսիներուն հետ ‘չխառնուինք’ (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 5։11-13. Բ. Յովհաննէս 9-11) *։ Իսկական մարտահրաւէր մըն է խուսափիլ անհատէ մը, որ մեր բարեկամը կամ ազգականն է։ Հաստատ կեցուածք մը պիտի առնե՞նք, ցոյց տալով թէ Եհովայի եւ իր արդար օրէնքներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը ամէն բանէ վեր կը դասենք։ Մի՛ մոռնար որ Եհովան մեծապէս կ’արժեւորէ հաւատարմութիւնն ու հնազանդութիւնը։

20, 21. ա) Ինչո՞ւ վտարումը սիրալիր կարգադրութիւն մըն է։ բ) Ինչո՞ւ կենսական է որ մեր ընկերակիցները իմաստութեամբ ընտրենք։

20 Վտարումը իրապէս Եհովայի սիրալիր մէկ կարգադրութիւնն է։ Ինչպէ՞ս։ Անզեղջ մեղաւոր մը վտարելը ցոյց կու տայ՝ Եհովայի սուրբ անուան եւ Անոր չափանիշներուն հանդէպ սէր (Ա. Պետրոս 1։15, 16)։ Վտարումը կը պաշտպանէ ժողովքը։ Ժողովքին հաւատարիմ անդամները կամակոր մեղաւորներու վնասակար ազդեցութենէն կը պաշտպանուին եւ կրնան իրենց պաշտամունքը շարունակել, քաջ գիտնալով որ ժողովքը ապահով ապաստանարան մըն է այս չար աշխարհին մէջ (Ա. Կորնթացիս 5։7. Եբրայեցիս 12։15, 16)։ Այս ազդու կրթութիւնը յանցագործին հանդէպ սէր ցոյց կու տայ։ Անիկա կրնայ զինք սթափեցնել որ ինքզինքին գայ եւ Եհովայի վերադառնալու համար հարկ եղած քայլերը առնէ (Եբրայեցիս 12։11

21 Անխուսափելի իրողութիւն մըն է, թէ մեր սերտ ընկերակիցները կրնան մեր վրայ խոր ազդեցութիւն ձգել։ Ուստի կենսական է, որ մեր ընկերակիցները իմաստութեամբ ընտրենք։ Եհովայի բարեկամները մեր բարեկամները դարձնելով եւ Աստուծոյ սիրած անհատները սիրելով, մենք մեզ շրջապատած կ’ըլլանք լաւագոյն բարեկամներով։ Ինչ որ իրենցմէ կ’իւրացնենք մեզի պիտի օգնէ, որ Եհովան հաճեցնելու մեր վճռականութեան համաձայն ապրինք։

^ պարբ. 4 Այս բանը Աբրահամէն խնդրելով, Եհովան գաղափար մը տուաւ այն զոհաբերութեան մասին, որ ինք պիտի ընէր, իր միածին Որդին զոհ մատուցանելով (Յովհաննէս 3։16)։ Սակայն Աբրահամի պարագային, Եհովան միջամտեց եւ Իսահակի փոխարէն խոյ մը հայթայթեց (Ծննդոց 22։1, 2, 9-13

^ պարբ. 9 Դաւիթ պատանի մըն էր,– պարզապէս «մանուկ» մը,– երբ Գողիաթը սպաննեց, եւ շուրջ 30 տարեկան էր, երբ Յովնաթան մեռաւ (Ա. Թագաւորաց 17։33. 31։2. Բ. Թագաւորաց 5։4)։ Յովնաթան, շուրջ 60 տարեկան էր երբ մեռաւ, հետեւաբար Դաւիթէն շուրջ 30 տարի մեծ էր։

^ պարբ. 10 Ինչպէս արձանագրուած է Ա. Թագաւորաց 23։17–ի մէջ, Յովնաթան Դաւիթը քաջալերելու համար հինգ բաներ ըսաւ. 1) ան Դաւիթը յորդորեց, որ չվախնայ, 2) հաւաստիացուց, որ Սաւուղի ջանքերը պիտի ձախողին, 3) յիշեցուց, թէ Աստուած խոստացած էր, որ ան թագաւորութիւնը պիտի ստանձնէր, 4) ուխտեց, հաւատարիմ մնալ իրեն, 5) ըսաւ, թէ նոյնիսկ Սաւուղ տեղեակ էր թէ Յովնաթան Դաւիթի հաւատարիմ էր։

^ պարբ. 19 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, թէ վտարուածի կամ ընկերակցութիւնը խզած անհատի մը հետ ինչպէս վարուիլ, տե՛ս «Վտարուածի մը հետ ինչպէ՛ս վարուիլ» յաւելուածը։