Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 6

Ինչպէ՛ս օգտակար ժամանց ընտրել

Ինչպէ՛ս օգտակար ժամանց ընտրել

«Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» (Ա. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 10։31

1, 2. Ժամանցի նկատմամբ ո՞ր ընտրութիւնը պէտք է ընենք։

ՊԱՀ մը երեւակայէ որ համեղ պտուղ մը կ’առնես որ ուտես եւ յանկարծ կը նկատես որ անկէ մաս մը փճացած է։ Ի՞նչ կ’ընես։ Ունիս երեք ընտրութիւն. կրնաս փճացած մասով միասին լման պտուղը ուտել. կրնաս լման պտուղը թափել. կամ կրնաս պտուղին փճացած մասը կտրել ու միայն լաւ մասը ուտել։ Ո՞ր մէկը պիտի ընտրես։

2 Ժամանցը ձեւով մը այդ պտուղին նման է։ Երբեմն կ’ուզես քիչ մը զուարճանալ, բայց կ’անդրադառնաս որ ներկայիս ժամանցի տեսակներուն մեծ մասը բարոյապէս վատ է, նոյնիսկ՝ «փճացած»։ Ուստի ի՞նչ կ’ընես։ Ոմանք վատ ժամանցը հանդուրժելով կրնան այս աշխարհի հրամցուցած որեւէ ժամանց ընդունիլ։ Թերեւս ուրիշներ ամէն տեսակ ժամանց մերժեն, խորհելով որ այսպէս իրենց որեւէ վնաս չի հասնիր։ Տակաւին ուրիշներ կը զգուշանան վնասակար ժամանցներէ, բայց մերթ ընդ մերթ կ’ունենան յարաբերաբար օգտակար ժամանց։ Անձդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահելու համար ո՞ր ընտրութիւնը պէտք է ընես։

3. Այժմ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Շատերս երրորդ ընտրութիւնը պիտի ընէինք։ Մենք կը գիտակցինք թէ ժամանցի կարիքը ունինք, բայց կ’ուզենք միայն բարոյապէս մաքուր ժամանց ունենալ։ Հետեւաբար, պէտք է նկատի առնենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք որոշել, թէ ո՛ր ժամանցը օգտակար է եւ որը՝ վնասակար։ Սակայն նախ եւ առաջ քննարկենք, թէ ժամանցի մեր ընտրութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ ազդել Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքին։

«ԱՄԷՆ ԲԱՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ԸՐԷՔ»

4. Մեր նուիրումը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ ժամանցի մեր ընտրութեան։

4 Տարեց Վկայ մը, որ 1946–ին մկրտուած է, ըսաւ. «Նպատակ դրած եմ ներկայ գտնուիլ իւրաքանչիւր մկրտութեան դասախօսութեան եւ այնպէս մը մտիկ ընել, որ կարծես թէ ես եմ մկրտուողը»։ Ինչո՞ւ։ Ան կը բացատրէ. «Նուիրումս մտքիս մէջ վառ պահելը, հաւատարիմ մնալուս մէջ կարեւոր դեր խաղցած է»։ Անկասկած, այս խօսքին հետ համաձայն ես։ Երբ դուն քեզի յիշեցնես, թէ Եհովայի խոստացած ես ամբողջ կեանքդ իր ծառայութեան տրամադրել, ասիկա քեզ կը մղէ տոկալու (կարդա՛ Ժողովող 5։4)։ Արդարեւ, նուիրումիդ վրայ խոկալը ոչ միայն քրիստոնէական ծառայութեանդ հանդէպ հայեցակէտիդ պիտի ազդէ, այլ նաեւ՝ կեանքի միւս բոլոր մարզերուն, ներառեալ՝ ժամանցին։ Պօղոս առաքեալ այս ճշմարտութիւնը ընդգծեց, երբ իր օրուան քրիստոնեաներուն գրեց. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» (Ա. Կորնթացիս 10։31

5. Ղեւտացւոց 22։18-20–ը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ Հռովմայեցիս 12։1–ի ետին գտնուող անուղղակի ազդարարութիւնը տեսնելու։

5 Կեանքիդ մէջ ի՛նչ որ ալ ընես՝ Եհովայի պաշտամունքին առնչուած է։ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս ազդու արտայայտութիւն մը գործածեց, իր հաւատակիցներուն մտքին մէջ այս ճշմարտութիւնը տպաւորելու համար։ Ան զիրենք յորդորեց. «Ձեր մարմինները ընծայ[եց]էք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը» (Հռովմայեցիս 12։1)։ Քու մարմինդ կը պարփակէ՝ միտքդ, սիրտդ ու ֆիզիքական զօրութիւնդ, որոնք կը գործածես Աստուծոյ ծառայութեան մէջ (Մարկոս 12։30)։ Պօղոս այսպիսի բոլորանուէր ծառայութեան մասին կը խօսի որպէս զոհ։ «Զոհ» արտայայտութիւնը կը բովանդակէ անուղղակի ազդարարութիւն մը։ Մովսիսական օրէնքին ներքեւ, արատաւոր զոհը Աստուծմէ կը մերժուէր (Ղեւտացւոց 22։18-20)։ Նոյնպէս, եթէ քրիստոնեայի մը հոգեւոր զոհը որեւէ ձեւով արատաւոր է, Աստուած զայն պիտի մերժէ։ Սակայն քրիստոնեայի մը զոհը ինչպէ՞ս կրնայ արատաւոր ըլլալ։

6, 7. Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կրնայ իր մարմինը արատաւորել, եւ ասոր հետեւանքները ի՞նչ կրնան ըլլալ։

6 Պօղոս Հռոմի քրիստոնեաները խրատեց. «Ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք»։ Ան նաեւ անոնց ըսաւ, որ ‘մարմնին գործերը սպաննեն’ (Հռովմայեցիս 6։12-14. 8։13)։ Իր նամակին սկիզբները, ան «մարմնին գործեր»ուն վերաբերեալ կարգ մը օրինակներ նշած էր։ Մեղաւոր մարդկութեան ակնարկելով, ան ըսաւ. «Անոնց բերանը անէծքով ու դառնութիւնով լեցուն է», «անոնց ոտքերը կ’աճապարեն արիւն թափելու» եւ «Աստուծոյ վախը չկայ անոնց աչքերուն առջեւ» (Հռովմայեցիս 3։13-18)։ Քրիստոնեան իր մարմինը կ’արատաւորէ, եթէ իր «անդամները» գործածէ այսպիսի մեղաւոր սովորութիւններու անձնատուր ըլլալու համար։ Օրինակ՝ ներկայիս եթէ քրիստոնեայ մը դիտումնաւոր կերպով դիտէ պոռնկագրութիւն կամ վայրագութիւն ցուցադրող ֆիլմեր, ան իր աչքերը ‘մեղքի կ’ընծայէ’ եւ այսպէս՝ իր ամբողջ մարմինը կ’արատաւորէ։ Որեւէ պաշտամունք որ ան կը մատուցանէ հաւասար է զոհի մը, որ այլեւս անսուրբ է եւ Աստուծոյ անընդունելի (Բ. Օրինաց 15։21. Ա. Պետրոս 1։14-16. Բ. Պետրոս 3։11)։ Վնասակար ժամանց մը ընտրելուն պատճառով վճարուելիք ինչ սո՜ւղ գին մը։

7 Բացայայտօրէն, ժամանցի նկատմամբ քրիստոնեայի մը ընտրութիւնը լուրջ հետեւանքներ ունի։ Վստահաբար, պիտի ուզենք ընտրել այնպիսի ժամանց մը որ Աստուծոյ մատուցած մեր զոհը ընդունելի պիտի դարձնէ եւ ոչ թէ՝ արատաւորէ։ Այժմ քննարկենք թէ ինչպէ՛ս կրնանք որոշել թէ ո՛ր ժամանցը օգտակար է եւ որը՝ վնասակար։

‘ՉԱՐԷՆ ԶԶՈՒԷ’

8, 9. ա) Ընդհանրապէս, ժամանցը ի՞նչ երկու խումբի կը բաժնուի։ բ) Ժամանցի ո՞ր ձեւերը կը մերժենք եւ ինչո՞ւ։

8 Ընդհանրապէս, ժամանցը կրնայ բաժնուիլ երկու տեսակի. ժամանց, որմէ քրիստոնեաները բացարձակապէս կը խուսափին եւ ժամանց, որ կարգ մը քրիստոնեաներ կրնան ընդունելի գտնել, իսկ ուրիշներ՝ անընդունելի։ Նախ նկատի առնենք ժամանցի այն տեսակը, որմէ քրիստոնեաները կը խուսափին։

9 Ինչպէս Գլուխ 1–ին մէջ նշուած էր, ժամանցի կարգ մը ձեւեր ուշագրաւ կը դարձնեն գործունէութիւններ, որոնք Աստուածաշունչին մէջ բացայայտօրէն դատապարտուած են։ Առ զոր օրինակ կայքէջերը, շարժապատկերները, հեռատեսիլի յայտագիրները, նաեւ երաժշտութիւնը՝ որ կը բովանդակէ չափազանց բռնութիւն կամ դիւային ու պոռնկագրական նիւթեր, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ գարշելի, անբարոյ սովորութիւններ։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները պէտք է մերժեն ժամանցի այսպիսի նուաստացած ձեւերը, քանի որ անոնք Աստուածաշունչի սկզբունքները կամ օրէնքները ոտնակոխող գործունէութիւնները կը նկարագրեն որպէս ընդունելի բաներ (Գործք 15։28, 29. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Յայտնութիւն 21։8)։ Այսպիսի վնասակար ժամանցներ մերժելով, Եհովայի կ’ապացուցանես թէ ի՛րապէս ‘չարէն կը զզուիս’ եւ հաստատօրէն ‘չարութենէ կը հեռանաս’։ Հետեւաբար, «անկեղծ հաւատք» կ’ունենաս (Հռովմայեցիս 12։9. Սաղմոս 34։14. Ա. Տիմոթէոս 1։5

10. Ժամանցի նկատմամբ ի՞նչ պատճառաբանութիւն վտանգաւոր է եւ ինչո՞ւ։

10 Սակայն ոմանք կրնան խորհիլ, թէ անբարոյութիւն դիտելը անվնաս է։ Անոնք կը պատճառաբանեն. ‘Ճիշդ է որ այսպիսի բաներ կը դիտեմ, բայց այսպիսի բաներ երբեք չեմ ըներ’։ Սակայն այսպիսի պատճառաբանութիւն խաբէական է ու վտանգաւոր (կարդա՛ Երեմիա 17։9)։ Եթէ Եհովայի դատապարտած բաները դիտելը ժամանց կը նկատենք, իրապէս ‘չարէն զզուած’ կ’ըլլա՞նք։ Մեր անձը կրկին անգամ չար վարքի ենթարկելը մեր զգայարանքները պիտի բթացնէ (Սաղմոս 119։70, ՆԱ. Ա. Տիմոթէոս 4։1, 2)։ Ասիկա կրնայ ազդել մեր արարքներուն կամ ուրիշներու մեղաւոր վարքին հանդէպ մեր տեսակէտին։

11. Գաղատացիս 6։8–ի ճիշդ ըլլալը ինչպէ՞ս փաստուած է ժամանցի նկատմամբ։

11 Խորքին մէջ, ասիկա պատահած է կարգ մը քրիստոնեաներու, որոնք ազդուելով սովորաբար իրենց դիտածէն, անբարոյ արարքներ գործած են։ Անոնք փորձառաբար սորված են թէ «ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ» (Գաղատացիս 6։8)։ Բայց այսպիսի ցաւալի հետեւանքէ կարելի է խուսափիլ։ Եթէ մտքիդ մէջ ցանես ինչ որ բարոյապէս մաքուր է, կեանքիդ մէջ ուրախութեամբ պիտի հնձես ինչ որ օգտակար է (տե՛ս « Ինչպիսի՞ ժամանց պէտք է ընտրեմ» շրջանակը)։

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ՝ ՀԻՄՆՈՒԱԾ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

12. Գաղատացիս 6։5–ը ինչպէ՞ս առնչուած է ժամանցի, եւ անձնական որոշումներ կայացնելու նկատմամբ ի՞նչ ուղղութիւն ունինք։

12 Այժմ քննարկենք ժամանցի այն տեսակը, որ Աստուծոյ Խօսքին մէջ ո՛չ ուղղակիօրէն դատապարտուած է, ոչ ալ բացայայտօրէն ընդունելի է։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, երբ այս ձեւի ժամանց ընտրէ, պէտք է անձամբ որոշէ, թէ ըստ իրեն ինչն է օգտակար ժամանցը (կարդա՛ Գաղատացիս 6։5)։ Սակայն, երբ այսպիսի ընտրութեան առջեւ գտնուինք, առանց ուղղութեան չենք։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ սկզբունքներ կամ հիմնական ճշմարտութիւններ, որոնք մեզ կարող կը դարձնեն Եհովայի մտածելակերպը ըմբռնելու։ Այս սկզբունքներուն ուշադրութիւն ընծայելով պիտի կարենանք ըմբռնել, թէ «ի՞նչ է Տէրոջը կամքը» ամէն բանի մէջ, ներառեալ՝ ժամանցի ընտրութիւնը (Եփեսացիս 5։17

13. Ի՞նչ բան մեզ պիտի մղէ խուսափելու այն ժամանցներէն, որոնք կրնան Եհովան տհաճեցնել։

13 Հասկնալի է որ բոլոր քրիստոնեաները միեւնոյն տարողութեամբ բարոյական ըմբռնում կամ խորատեսութիւն չեն զարգացուցած (Փիլիպպեցիս 1։9, ՆԱ)։ Ասկէ զատ, անոնք կը գիտակցին, թէ ժամանցի մարզին մէջ ճաշակները իրարմէ կը տարբերին։ Հետեւաբար, պէտք չէ ակնկալենք որ բոլոր քրիստոնեաներն ալ ճիշդ միեւնոյն որոշումները կայացնեն։ Բայց եւ այնպէս, ո՛րքան աւելի թոյլ տանք որ աստուածային սկզբունքներ մեր մտքին ու սրտին ազդեն, ա՛յնքան աւելի պիտի մղուինք խուսափելու այն ժամանցներէն, որոնք կրնան Եհովան տհաճեցնել (Սաղմոս 119։11, 129. Ա. Պետրոս 2։16

14. ա) Երբ ժամանց կ’ընտրենք, ի՞նչ ազդակ նկատի պէտք է առնենք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Թագաւորութեան շահերը մեր կեանքին մէջ առաջնահերթ տեղը պահել։

14 Երբ ժամանց կ’ընտրենք, նկատի առնուելիք կարեւոր ազդակ մը եւս կայ. ժամանակդ։ Ընտրած ժամանցիդ բովանդակութիւնը կը յայտնէ թէ ի՛նչ բան ընդունելի կը գտնես, իսկ անոր համար յատկացուցած ժամանակիդ քանակը կը յայտնէ թէ ի՛նչ բան կարեւոր կը գտնես։ Անշուշտ, քրիստոնեաներուն համար հոգեւոր բաները կարեւորագոյնն են (կարդա՛ Մատթէոս 6։33)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնաս ստուգել, որ Թագաւորութեան շահերը կեանքիդ մէջ առաջնահերթ տեղը կը մնան։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Նայեցէք որ զգուշութեամբ քալէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս, հապա իմաստուններու պէս։ Ժամանակը ծախու առէք» (Եփեսացիս 5։15, 16)։ Արդարեւ, երբ ժամանցի համար յստակ ժամանակ որոշես, ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ «աւելի կարեւոր բաներ»ուն համար հարկ եղած ժամանակը ունենաս,– գործունէութիւններ, որոնք հոգեւոր բարօրութեանդ կը նպաստեն (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ

15. Ինչո՞ւ խոհեմութիւն է ժամանց ընտրելու ատեն նախազգուշացումներ առնել։

15 Նաեւ խոհեմութիւն է ժամանց ընտրելու ատեն զգոյշ ըլլալ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Վերադառնանք պտուղի օրինակին։ Պտուղին փճացած մասը անուշադիր կերպով ուտելէ խուսափելու համար, ոչ միայն վնասուած մասը կը կտրես, այլ նաեւ անոր շրջակայքը։ Նոյն բանը կրնանք ընել ժամանց ընտրելու ատեն։ Խոհեմ քրիստոնեան կը խուսափի ոչ միայն Աստուածաշունչի սկզբունքները բեկանող բաներէն, այլ նաեւ ժամանցի այն կերպերէն, որոնք կասկածելի կամ հոգեւորապէս վնասակար տարրեր կը բովանդակեն (Առակաց 4։25-27)։ Աստուծոյ Խօսքին սերտօրէն կառչիլը քեզի պիտի օգնէ որ ճիշդ ասիկա ընես։

«ԻՆՉ ՈՐ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆՈՎ» Է

Ժամանց ընտրելու ատեն աստուածային սկզբունքները կիրարկելը մեզ հոգեւոր վնասներէ կը պաշտպանէ

16. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ բարոյական հարցերու շուրջ Եհովայի տեսակէտը ունինք։ բ) Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը ինչպէ՞ս կրնայ կենցաղդ դառնալ։

16 Երբ ճշմարիտ քրիստոնեաները ժամանց կ’ընտրեն, անոնք նախ Եհովայի տեսակէտը հաշուի կ’առնեն։ Աստուածաշունչը կը յայտնէ Եհովայի զգացումներն ու չափանիշները։ Օրինակ՝ Սողոմոն թագաւոր կը նշէ կարգ մը բաներ, որոնք Եհովան կ’ատէ, ինչպէս՝ «ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր» (Առակաց 6։16-19)։ Եհովայի տեսակէտը ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ քու տեսակէտիդ։ Սաղմոսերգուն կը յորդորէ. «Ո՛վ Տէրը սիրողներ, չարութիւնը ատեցէ՛ք» (Սաղմոս 97։10)։ Ժամանցի առնչութեամբ ընտրութիւններդ պէտք է ցոյց տան, թէ ի՛րապէս կ’ատես ինչ որ Եհովան կ’ատէ (Գաղատացիս 5։19-21)։ Նաեւ ի մտի ունեցիր, թէ ոչ թէ այն ինչ որ հանրութեան առջեւ՝ այլ ինչ որ առանձնութեան մէջ կ’ընես, կը յայտնէ քու ինչպիսի անձ մը ըլլալդ (Սաղմոս 11։4. 16։8)։ Ուստի, եթէ սրտանց փափաք ունիս կեանքիդ բոլոր մարզերուն մէջ Եհովայի տեսակէտը արտացոլել բարոյական հարցերու առնչութեամբ, միշտ պիտի ընտրես բաներ, որոնք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ են։ Ասիկա ընելը կենցաղդ պիտի դառնայ (Բ. Կորնթացիս 3։18

17. Ժամանց ընտրելէ առաջ, մենք մեզի ի՞նչ հարցումներ պէտք է ուղղենք։

17 Ուրիշ ի՞նչ կրնաս ընել վստահ ըլլալու համար, որ ժամանց ընտրելու ատեն Եհովայի մտածելակերպին հետ ներդաշնակ կը գործես։ Պահ մը խորհէ այս հարցումին մասին. ‘Այս ժամանցը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ ինծի եւ Աստուծոյ առջեւ իմ կեցուածքիս’։ Օրինակի համար, որոշ շարժապատկեր մը դիտել որոշելէ առաջ, դուն քեզի հարց տուր. ‘Այս շարժապատկերին բովանդակութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ազդէ խղճմտանքիս’։ Այժմ քննարկենք թէ այս նիւթին վերաբերեալ ի՛նչ սկզբունքներ կը կիրարկուին։

18, 19. ա) Փիլիպպեցիս 4։8–ի մէջ գտնուող սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որոշելու համար, թէ մեր ժամանցը օգտակար է կամ ոչ։ բ) Ուրիշ ի՞նչ սկզբունքներ կրնան քեզի օգնել որ լաւ ժամանց ընտրես (տե՛ս ստորանիշը)։

18 Կարեւոր սկզբունք մը կը գտնուի Փիլիպպեցիս 4։8–ին մէջ, ուր կ’ըսէ. «Ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք»։ Հոս Պօղոս ժամանցի մասին չէր խօսեր, այլ սրտին խորհրդածութիւններուն մասին, որոնք պէտք է կեդրոնանան Աստուած հաճեցնող բաներու վրայ (Սաղմոս 19։14)։ Այսուհանդերձ, Պօղոսի խօսքերը սկզբունքով կրնան կիրարկուիլ ժամանցի հարցին։ Ինչպէ՞ս։

19 Դուն քեզի հարց տուր. ‘Շարժապատկերներու, տեսաերիզի խաղերու, երաժշտութեան կամ ժամանցի ա՛յլ տեսակներու ընտրութիւնս միտքս կը լեցնէ՞ այն «ինչ որ մաքրութիւնով» է’։ Օրինակի համար, շարժապատկեր մը դիտելէ ետք, մտքիդ մէջ ի՞նչ պատկերներ դրոշմուած կը մնան։ Եթէ անոնք հաճելի, մաքուր ու թարմացուցիչ են, այն ատեն կը գիտնաս թէ ժամանցդ օգտակար էր։ Սակայն, եթէ դիտած շարժապատկերդ պատճառ ըլլայ որ մտածես անմաքուր բաներու մասին, ուրեմն ժամանցդ վատառողջ, նոյնիսկ վնասակար էր (Մատթէոս 12։33. Մարկոս 7։20-23)։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ բարոյապէս անմաքուր բաներու մասին մտածելը ներքին խաղաղութիւնդ կը խանգարէ, Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքիդ վնաս կը հասցնէ եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնդ կրնայ քանդել (Եփեսացիս 5։5. Ա. Տիմոթէոս 1։5, 19)։ Քանի որ այսպիսի ժամանց վնասակար է քեզի, վճռէ՛ անկէ խուսափիլ (Հռովմայեցիս 12։2) *։ Ընդօրինակէ՛ սաղմոսերգուն, որ Եհովայի աղօթեց. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն» (Սաղմոս 119։37

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՈՒՏԸ ՓՆՏՌԷ

20, 21. Ա. Կորնթացիս 10։23, 24–ը ի՞նչ կապ ունի օգտակար ժամանց ընտրելուն հետ։

20 Պօղոս աստուածաշնչական կարեւոր սկզբունք մը նշեց, որ պէտք է հաշուի առնուի, երբ անձնական որոշումներ կայացուին։ Ան ըսաւ. «Ամէն բան ինծի օրինաւոր է, բայց ո՛չ թէ ամէն բան շինութիւն կ’ընէ։ Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10։23, 24)։ Այս սկզբունքը ի՞նչ կապ ունի օգտակար ժամանց ընտրելուն հետ։ Դուն քեզի պէտք է հարց տաս. ‘Ընտրած ժամանցս ինչպէ՞ս պիտի ազդէ ուրիշներուն’։

21 Թերեւս խղճմտանքդ ներէ հետամուտ ըլլալու ժամանցի մը, որ դուն «օրինաւոր» կամ ընդունելի կը նկատես։ Բայց, երբ նկատես թէ աւելի զգայուն խղճմտանքով հաւատացեալներ զայն առարկելի կը գտնեն, թերեւս որոշես անկէ հրաժարիլ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս ըսաւ, չես ուզեր «եղբայրներուն դէմ մեղանչել» կամ նոյնիսկ ‘Քրիստոսին դէմ մեղանչել’, եւ այսպէս՝ հաւատակիցներուդ աւելի՛ դժուարացնել Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալը։ Սակայն կ’ուզես հնազանդիլ սա յորդորին. «Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք» (Ա. Կորնթացիս 8։12. 10։32)։ Ներկայիս, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը կիրարկեն Պօղոսի այս նկատառութիւն եւ կարեկցութիւն արտայայտող խրատը, խուսափելով ժամանցներէ, որոնք կրնան «օրինաւոր» ըլլալ, բայց «շինութիւն» չընել։ (Հռովմայեցիս 14։1. 15։1

22. Քրիստոնեաները ինչո՞ւ ժամանցի շուրջ իրարմէ տարբեր տեսակէտներ ունին։

22 Սակայն ուրիշներուն օգուտը փնտռելը ուրիշ երեսակ մըն ալ ունի։ Աւելի զգայուն խղճմտանքով քրիստոնեան պէտք չէ պնդէ, որ քրիստոնէական ժողովքի բոլոր անդամները պատշաճ ժամանցի նկատմամբ ի՛ր տեսակէտը որդեգրեն։ Եթէ պնդէ, պիտի նմանի վարորդի մը, որ կը պնդէ թէ նոյն ճամբով ընթացող միւս վարորդները ի՛ր նախընտրած արագութեամբ վարեն իրենց ինքնաշարժները։ Ասիկա տրամաբանական չէ։ Ան քրիստոնէական սէրէ մղուած պէտք է յարգէ ժամանցի նկատմամբ իր հաւատակիցներուն տեսակէտները, որոնք թէեւ իրենինէն տարբեր են, սակայն չեն հակասեր քրիստոնէական սկզբունքներուն։ Այդպէս վարուելով, ան իր ‘բանաւորութիւնը յայտնի կ’ընէ ամէն մարդոց’ (Փիլիպպեցիս 4։5, ՆԱ. Ժողովող 7։16

23. Ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ որ օգտակար ժամանց կ’ընտրես։

23 Կարճ խօսքով, ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ որ օգտակար ժամանց կ’ընտրես։ Մերժէ՛ ամէն տեսակի ժամանց, որ բացայայտօրէն կը ցուցադրէ բարոյապէս նուաստացած գործունէութիւններ, որոնք Աստուծոյ Խօսքին մէջ բացէ ի բաց դատապարտուած են։ Հետեւէ՛ աստուածաշնչական այն սկզբունքներուն, որոնք կրնան կիրարկուիլ Աստուածաշունչին մէջ որոշապէս չնշուած ժամանցի կերպերուն։ Խուսափէ՛ ժամանցներէ, որոնք կրնան խղճմտանքիդ վնաս հասցնել եւ սիրայօժարօրէն հրաժարէ՛ այնպիսի ժամանցներէ, որոնք կրնան ուրիշներու զգայուն խղճմտանքը նեղացնել, յատկապէս՝ հաւատակիցներու։ Եթէ որոշես ասոնք գործադրել՝ Աստուծոյ փառք պիտի բերես եւ քեզ ու ընտանիքդ Իր սիրոյն մէջ պիտի պահես։

^ պարբ. 19 Ժամանցի կիրարկուող կարգ մը ա՛յլ սկզբունքներ կը գտնուին Առակաց 3։31. 13։20. Եփեսացիս 5։3, 4. եւ Կողոսացիս 3։5, 8, 20–ի մէջ։