Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 8

Աստուած մաքուր անհատները կը սիրէ

Աստուած մաքուր անհատները կը սիրէ

«Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս» (ՍԱՂՄՈՍ 18։26

1-3. ա) Մայր մը ինչո՞ւ հոգ կը տանի որ իր երեխան կոկիկ ու մաքուր ըլլայ։ բ) Եհովան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ իր երկրպագուները մաքուր ըլլան, եւ ի՞նչ բան մեզ կը մղէ որ մաքուր մնանք։

ՄԱՅՐ մը իր երեխան կը պատրաստէ տունէն դուրս հանելու համար։ Նախ զայն կը լոգցնէ, ապա կոկիկ ու մաքուր հագուստներ կը հագցնէ։ Ան կը գիտակցի թէ երեխային մաքրութիւնը կենսական է անոր առողջութեան համար, ինչպէս նաեւ գիտէ, թէ իր երեխային դրսերեւոյթը լաւ կամ գէշ անդրադարձ կ’ունենայ ծնողքին վրայ։

2 Մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, նոյնպէս կ’ուզէ որ իր ծառաները մաքուր ըլլան։ Իր Խօսքը կ’ըսէ. «Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլաս» (Սաղմոս 18։26) *։ Եհովա մեզ կը սիրէ եւ գիտէ թէ մաքրութիւնը մեր օգտին համար է։ Ան նաեւ կ’ակնկալէ իր Վկաներէն, որ Ի՛ր վրայ լաւ անդրադարձ ունենան։ Արդարեւ, մեր մաքուր դրսերեւոյթն ու ընտիր վարքը, Եհովայի ու Իր սուրբ անուան փառք պիտի բերեն եւ ոչ թէ՝ անարգանք (Եզեկիէլ 36։22. կարդա՛ Ա. Պետրոս 2։12

3 Կ’ուզենք մաքուր մնալ, քանի որ գիտենք թէ Աստուած մաքուր անհատները կը սիրէ։ Եւ քանի որ զինք կը սիրենք, կը փափաքինք մեր ապրելակերպով իրեն պատիւ բերել։ Նաեւ կ’ուզենք իր սիրոյն մէջ մնալ։ Ուստի քննարկենք, թէ ինչո՛ւ պէտք է մաքուր մնանք, մաքուր ըլլալը ի՛նչ կը պարփակէ եւ անհատապէս ինչպէ՛ս կրնանք մաքուր մնալ։ Այսպիսի քննութիւն մը կրնայ մեզի օգնել տեսնելու, թէ ո՛ր մարզերուն մէջ բարելաւումներ ընելու կարիքը ունինք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԵՐ ԱՆՁԸ ՊԷՏՔ Է ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀԵՆՔ

4, 5. ա) Ի՞նչ է գլխաւոր պատճառը, որուն համար պէտք է մաքուր մնանք։ բ) Եհովայի մաքրութիւնը ինչպէ՞ս բացայայտ է իր տեսանելի ստեղծագործութեան մէջ։

4 Մաքուր պէտք է մնանք, քանի որ կը պաշտենք Աստուած մը, որ սուրբ ու մաքուր է (կարդա՛ Ղեւտացւոց 11։44, 45)։ Եհովա մեզի կը սորվեցնէ իր օրինակով։ Իր Խօսքը մեզ կը քաջալերէ. «Աստուծոյ նմանող եղէք» (Եփեսացիս 5։1

5 Եհովայի տեսանելի ստեղծագործութեան ընդմէջէն կը տեսնուի Իր բազմաթիւ յատկութիւնները, ինչպէս՝ մաքրութիւնը (Հռովմայեցիս 1։20)։ Եհովան այնպէս մը ծրագրած էր երկիրը, որ մարդոց համար մաքուր բնակավայր մը ըլլար։ Ան հաստատած է կենսոլորտային շրջաններ, որոնք մեր օդն ու ջուրը կը մաքրեն։ Օրինակ՝ որոշ մանրէներ աղբը կը վերածեն անվնաս նիւթերու։ Գիտնականներ այս սոված մանրէները օգտագործած են մաքրելու համար արկածով գոյացած նաւթային զանգուածներ կամ մարդուն անձնասիրութեան ու ագահութեան հետեւանքով յառաջացած որեւիցէ ապականութիւն։ Բացայայտ է որ ‘երկիրը շինողին’ համար մաքրութիւնը կարեւոր է (Երեմիա 10։12)։ Ուստի անիկա մեզի համար ալ կարեւոր պէտք է ըլլայ։

6, 7. Մովսիսական օրէնքը ինչպէ՞ս շեշտեց թէ Եհովայի երկրպագուներէն մաքրութիւն պահանջուած էր։

6 Մաքուր մնալու ա՛յլ պատճառ մը այն է, թէ Եհովա՝ մեր Գերիշխանը, իր երկրպագուներէն մաքրութիւն կը պահանջէ։ Իսրայէլի տրուած Եհովայի Օրէնքին մէջ, մաքրութիւնը սերտօրէն առնչուած էր պաշտամունքին։ Օրինակ՝ այս Օրէնքը մանրամասնեց թէ Քաւութեան օրը, քահանայապետը պէտք էր լոգնար ոչ թէ մէկ, այլ երկու անգամ (Ղեւտացւոց 16։4, 23, 24)։ Քահանաներէն պահանջուած էր իրենց ձեռքերն ու ոտքերը լուալ՝ Եհովայի զոհեր մատուցանելէն առաջ (Ելից 30։17-21. Բ. Մնացորդաց 4։6)։ Օրէնքը ֆիզիքական անմաքրութեան ու ծիսական պղծութեան վերաբերեալ 70 պարագաներ նշեց։ Ծիսականօրէն անմաքուր իսրայէլացին, որեւէ կերպով չէր կրնար պաշտամունքի մասնակցիլ. կարգ մը պարագաներուն ան նոյնիսկ մահուան կը դատապարտուէր (Ղեւտացւոց 15։31)։ Ոեւէ անհատ որ կը մերժէր մաքրուելու պահանջին ենթարկուիլ, ներառեալ՝ իր մարմինն ու հագուստները լուալ, ‘ժողովուրդին մէջէն պէտք էր կորսուէր’ (Թուոց 19։17-20

7 Թէեւ այժմ Մովսիսական օրէնքին ներքեւ չենք, սակայն անիկա մեզի կ’օգնէ տարբեր հարցերու շուրջ Աստուծոյ մտածելակերպը հասկնալու։ Բացայայտ է թէ Օրէնքը շեշտեց, որ Աստուծոյ երկրպագուներէն մաքրութիւն պահանջուած էր։ Եհովան չէ փոխուած (Մաղաքիա 3։6)։ Ուստի, եթէ մեր պաշտամունքը «մաքուր ու անարատ» չըլլայ՝ իրեն ընդունելի չէ (Յակոբոս 1։27)։ Հետեւաբար, պէտք է գիտնանք թէ այս առնչութեամբ Ան մեզմէ ի՛նչ կ’ակնկալէ։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՉՔԻՆ ՄԱՔՈՒՐ ԸԼԼԱԼԸ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՊԱՐՓԱԿԷ

8. Եհովա ո՞ր մարզերուն մէջ մեզմէ կ’ակնկալէ մաքուր մնալ։

8 Աստուածաշունչին մէջ, մաքուր ըլլալու գաղափարը միայն ֆիզիքական մաքրութեան առնչուած չէ, այլ՝ մեր կեանքի բոլոր երեսակներուն։ Եհովա մեզմէ կ’ակնկալէ մաքուր մնալ չորս հիմնական մարզերու մէջ,– հոգեւոր, բարոյական, մտային ու ֆիզիքական։ Այժմ քննարկենք թէ ասոնցմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ կը պարփակէ։

9, 10. Ի՞նչ կը նշանակէ հոգեւորապէս մաքուր ըլլալ, եւ ճշմարիտ քրիստոնեաները ի՞նչ բանէ կը խուսափին։

9 Հոգեւոր մաքրութիւն։ Հոգեւորապէս մաքուր մնալ պարզապէս կը նշանակէ՝ ճշմարիտ պաշտամունքը սուտ պաշտամունքին հետ չխառնել։ Երբ իսրայէլացիները Բաբելոնէն Երուսաղէմ վերադարձան, անոնք պէտք էր հնազանդէին սա ներշնչեալ յորդորին. «Անկէ ելէ՛ք, պիղծ բանի մի՛ դպչիք. . . մաքուր եղէ՛ք» (Եսայի 52։11)։ Անոնք հայրենիք կը վերադառնային գլխաւորաբար Եհովայի պաշտամունքը վերահաստատելու համար։ Իրենց պաշտամունքը պէտք էր մաքուր ըլլար,– Աստուած անպատուող բաբելոնական կրօնքի ուսուցումներով ու սովորութիւններով չարատաւորուած։

10 Ներկայիս, մենք ալ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ պէտք է զգոյշ ըլլանք, որ սուտ պաշտամունքով չարատաւորուինք, քանի որ անոր ազդեցութիւնը համատարած է (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։20բ, 21)։ Շատ մը ժողովուրդներու աւանդութիւնները, գործունէութիւններն ու ծէսերը առնչուած են կրօնական սուտ ուսուցումներու, ինչպէս՝ հոգիի անմահութեան գաղափարը (Ժողովող 9։5, 6, 10)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները կը խուսափին կրօնական սուտ հաւատալիքներ պարփակող սովորութիւններէ *։ Բնաւ թոյլ պիտի չտանք որ ուրիշներ մեզ ճնշեն, որպէսզի Աստուածաշունչի չափանիշներուն մէջ զիջումներ ընենք եւ մաքուր պաշտամունքը արատաւորենք (Գործք 5։29

11. Բարոյական մաքրութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ, եւ ինչո՞ւ կենսական է որ այս մարզին մէջ մաքուր մնանք։

11 Բարոյական մաքրութիւն։ Բարոյապէս մաքուր մնալը կը պարփակէ ամէն տեսակի սեռային անբարոյութենէ ետ կենալ (կարդա՛ Եփեսացիս 5։5)։ Կենսական է որ բարոյապէս մաքուր մնանք։ Ինչպէս որ յաջորդ գլուխին մէջ պիտի տեսնենք, եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ պէտք է ‘պոռնկութենէ փախինք’։ Անզեղջօրէն սեռային անբարոյութիւն գործողները «Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10, 18)։ Աստուած այդպիսիները «պիղծերուն» հետ կը դասէ։ Եւ եթէ անոնք շարունակեն բարոյապէս մաքուր չմնալ, անոնց «բաժինը. . . երկրորդ մահը» պիտի ըլլայ (Յայտնութիւն 21։8

12, 13. Խորհուրդներու եւ արարքներու միջեւ ի՞նչ կապ կայ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր մտային մաքրութիւնը պահպանել։

12 Մտային մաքրութիւն։ Ընդհանրապէս, նախ կը խորհինք, ապա կը գործենք։ Ուստի, եթէ թոյլ տանք որ սխալ խորհուրդներ մեր մտքին ու սրտին մէջ արմատ կապեն, ուշ կամ կանուխ անմաքուր արարքներ պիտի գործենք (Մատթէոս 5։28. 15։18-20)։ Բայց եթէ մեր միտքը անարատ ու մաքուր խորհուրդներով լեցնենք, կրնանք մաքուր վարք մը պահպանել (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։8)։ Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք մեր միտքը մաքուր պահել։ Կերպերէն մէկն է խուսափիլ որեւէ ժամանցէ, որ կրնայ մեր միտքը ապականել *։ Ասկէ զատ, կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով կրնանք մեր միտքը մաքուր խորհուրդներով լեցնել (Սաղմոս 19։8, 9

13 Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար, կենսական է որ պահենք հոգեւոր, բարոյական ու մտային մաքրութիւն։ Մաքրութեան այս երեսակները լիովին քննարկուած են այս հրատարակութեան ա՛յլ գլուխներու մէջ։ Այժմ նկատի առնենք չորրորդ երեսակը՝ ֆիզիքական մաքրութիւնը։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՖԻԶԻՔԱՊԷՍ ՄԱՔՈՒՐ ՄՆԱԼ

14. Ֆիզիքական մաքրութիւնը ինչո՞ւ պարզապէս անձնական հարց չէ։

14 Ֆիզիքական մաքրութիւնը կը պարփակէ մեր մարմիններն ու շրջապատը մաքուր պահել։ Արդեօք այս մարզին մէջ մաքուր ըլլալը անձնակա՞ն հարց է, որուն մէկը իրաւունք չունի խառնուելու։ Եհովան պաշտողներուն համար պարագան այդպէս չէ։ Ինչպէս նախապէս նշեցինք, Եհովան մեր ֆիզիքական մաքրութիւնով հետաքրքրուած է, ո՛չ թէ միայն քանի որ անիկա մեզի համար շատ օգտակար է, այլ քանի որ մենք իր վրայ լաւ կամ գէշ անդրադարձ կրնանք ունենալ։ Պահ մը խորհէ այս գլուխին սկիզբը նշուած օրինակին մասին։ Երբ տեսնես երեխայ մը որ միշտ աղտոտ կամ թափթփած է, ասիկա իր ծնողքին մասին գէշ տպաւորութիւն մը չի՞ տար։ Նոյնպէս չենք ուզեր որ մեր դրսերեւոյթը կամ կենցաղը որեւէ կերպով մեր երկնաւոր Հօր անարգանք բերէ, կամ մեր քարոզած պատգամը նսեմացնէ։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Ոեւէ մէկուն գայթակղութիւն չենք պատճառեր, որպէս զի մեր պաշտօնը չարատաւորուի։ Բայց ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս» (Բ. Կորնթացիս 6։3, 4)։ Ուստի ինչպէ՞ս կրնանք ֆիզիքապէս մաքուր մնալ։

15, 16. Մաքրութեան լաւ սովորութիւնները ի՞նչ կը պարփակեն, եւ մեր հագուստները ինչպէ՞ս պէտք է ըլլան։

15 Մեր անձնական մաքրութիւնն ու երեւոյթը։ Թէեւ մշակոյթներն ու կեանքի պայմանները երկրէ երկիր կը տարբերին, սակայն ընդհանրապէս կարելի է օճառ ու ջուր գտնել կանոնաւորաբար լոգնալու եւ մենք մեզ ու մեր զաւակները մաքուր պահելու համար։ Մաքրութեան լաւ սովորութիւնները կ’ընդգրկեն մեր ձեռքերը օճառով ու ջուրով լուալ՝ ուտելէ կամ ուտելիք ձեռնելէ առաջ, արտաքնոց գործածելէ եւ երեխայի մը տակը մաքրելէ կամ փոխելէ ետք։ Մեր ձեռքերը օճառով ու ջուրով լուալը կրնայ մեզ հիւանդութիւններէ զերծ պահել եւ նոյնիսկ կեանքեր փրկել։ Անիկա կրնայ վնասակար ժահրերու եւ մանրէներու տարածման արգելք հանդիսանալ, մարդոց օգնելով որ փորհարութեան առնչուած հիւանդութիւններէ խուսափին։ Այն երկիրներուն մէջ, ուր տուները սովորաբար կոյուղիներ չունին, կարելի է կղկղանքէն ձերբազատուիլ՝ զայն թաղելով, ինչպէս որ վաղեմի Իսրայէլի մէջ կ’ընէին (Բ. Օրինաց 23։12, 13

16 Մեր հագուստներն ալ պէտք է կանոնաւորաբար լուացուին, որպէսզի մաքուր ու կոկիկ ըլլան։ Պայման չէ որ քրիստոնեայի մը հագուստները սուղնոց կամ վերջին նորոյթէն ըլլան, այլ պէտք է որ կոկիկ, մաքուր ու պատշաճ ըլլան (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10)։ Ուր որ ալ գտնուինք, կ’ուզենք մեր դրսերեւոյթը ‘մեր Փրկիչ Աստուծոյ վարդապետութիւնը զարդարէ’ (Տիտոս 2։10

17. Ինչո՞ւ մեր տունն ու շրջապատը մաքուր ու ներկայանալի պէտք է ըլլան։

17 Մեր տունն ու շրջապատը։ Մեր տունը կրնայ հոյակապ կամ շքեղ չըլլալ, բայց պէտք է որ պարագաներուն ներած չափով մաքուր ու կոկիկ ըլլայ։ Նոյնպէս, եթէ ժողովներու կամ դաշտի ծառայութեան երթալու համար ինքնաշարժ կը գործածենք, պէտք է մեր լաւագոյնը ընենք որ զայն ներսէն ու դուրսէն բաւականաչափ մաքուր պահենք։ Չմոռնանք որ մաքուր տուն մը ու շրջապատ մը ինքնին վկայութիւն կու տան մեր Աստուծոյն մասին։ Ի վերջոյ, մենք մարդոց կը սորվեցնենք որ Եհովան մաքուր Աստուած է, եւ թէ ան ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ եւ իր Թագաւորութիւնը շուտով մեր երկրային բնակարանը պիտի վերածէ դրախտի (Յայտնութիւն 11։18. Ղուկաս 23։43)։ Վստահաբար կ’ուզենք որ մեր տան ու պիտոյքներուն երեւոյթը ուրիշներուն ցոյց տայ, թէ հիմակուընէ կը մշակենք մաքուր սովորութիւններ, որոնք նոր աշխարհին մէջ ընդունելի պիտի ըլլան՝ ու անոր պիտի յարմարին։

Ֆիզիքական մաքրութիւնը կը պարփակէ մեր մարմիններն ու շրջապատը մաքուր պահել

18. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր Թագաւորութեան սրահին հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։

18 Մեր պաշտամունքի վայրը։ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ յարգանք ցուցաբերելու մեր Թագաւորութեան սրահին հանդէպ, որ շրջանին մէջ ճշմարիտ պաշտամունքի կեդրոնն է։ Երբ նորեկներ սրահ գան, կ’ուզենք որ մեր պաշտամունքի վայրով լաւ տպաւորուին։ Սրահը գրաւիչ պահելու համար, զայն պէտք է կանոնաւորաբար մաքրենք ու նորոգենք։ Երբ մեր Թագաւորութեան սրահը լաւ վիճակի մէջ պահելու համար մեր լաւագոյնը կ’ընենք, անոր հանդէպ յարգանք ցուցաբերած կ’ըլլանք։ Մեր պաշտամունքի վայրին մաքրութեան, ‘նորոգման ու շինութեան’ համար մեր ժամանակը սիրայօժար յատկացնելը՝ առանձնաշնորհում է (Բ. Մնացորդաց 34։10)։ Նոյն սկզբունքները կը կիրարկուին, երբ կը հաւաքուինք համաժողովի սրահի մը կամ նոյն նպատակին համար գործածուած ա՛յլ համալիրի մը մէջ։

ՄԵՐ ԱՆՁԸ ՊԻՂԾ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ՄԱՔՐԵՆՔ

19. Մեր անձը ֆիզիքապէս մաքուր պահելու համար ի՞նչ բանէ պէտք է զգուշանանք, եւ ասոր նկատմամբ Աստուածաշունչը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ։

19 Մեր անձը ֆիզիքապէս մաքուր պահելու համար, պէտք է խուսափինք պիղծ սովորութիւններէ, ինչպէս՝ ծխախոտի ու ալքոլի չափազանց գործածութիւնը, նաեւ մոլի դարձնող կամ ուղեղին ազդող թմրեցուցիչներու ոչ–բժշկական գործածութիւնը։ Աստուածաշունչը մասնայատուկ կերպով չի նշեր ներկայիս համատարած եղող բոլոր անմաքուր ու զզուելի սովորութիւնները, բայց կը նշէ սկզբունքներ, որոնք կրնան մեզի օգնել ըմբռնելու թէ Եհովան այսպիսի բաներու նկատմամբ ի՛նչ կը զգայ։ Քանի որ այս հարցերուն շուրջ Եհովայի տեսակէտը գիտենք, իրեն հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ ընելու այնպիսի բաներ, որոնք իրեն հաճելի են։ Այժմ նկատի առնենք աստուածաշնչական հինգ սկզբունքներ։

20, 21. Եհովա կ’ուզէ որ ինչպիսի՞ սովորութիւններէ զերծ ըլլանք, եւ ասիկա ընելու ի՞նչ զօրաւոր պատճառ մը ունինք։

20 «Սիրելինե՛ր, որովհետեւ մենք այս խոստումները ունինք, մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը» (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Եհովան կ’ուզէ որ զերծ ըլլանք այն սովորութիւններէն, որոնք մեր մարմինը կ’ապականեն, եւ մեր հոգիին՝ կամ տիրական մտածելակերպին վնաս կը հասցնեն։ Հետեւաբար, պէտք է խուսափինք այն մոլութիւններէն, որոնք մեր ֆիզիքական ու մտային առողջութեան վնաս կը հասցնեն։

21 Աստուածաշունչը մեզի կու տայ զօրաւոր պատճառ մը, որ ‘մեր անձերը ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք’։ Նկատի առ Բ. Կորնթացիս 7։1–ը, որ կը սկսի սա խօսքերով. «Որովհետեւ մենք այս խոստումները ունինք»։ Ո՞ր խոստումները։ Նախորդ համարներուն մէջ Եհովան կը խոստանայ. «Ես ձեզ պիտի ընդունիմ եւ ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ» (Բ. Կորնթացիս 6։17, 18)։ Պահ մը երեւակայէ. Եհովան կը խոստանայ քեզ պաշտպանել, հոգալ եւ սիրել, ինչպէս հայր մը կը սիրէ իր զաւակը։ Սակայն Եհովան այս խոստումները պիտի կատարէ միայն, եթէ «մարմնի ու հոգիի» պղծութիւններէն խուսափիս։ Ուստի որքա՜ն անմտութիւն պիտի ըլլայ թոյլ տալ, որ որեւէ գարշելի սովորութիւն քեզմէ խլէ Եհովայի հետ թանկարժէք ու սերտ փոխյարաբերութիւն մը։

22-25. Աստուածաշնչական ո՞ր սկզբունքները կրնան մեզի օգնել պիղծ սովորութիւններէ խուսափելու։

22 «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատթէոս 22։37)։ Յիսուս ըսաւ, որ ասիկա մեծագոյն պատուիրանն է (Մատթէոս 22։38)։ Եհովա այսպիսի սիրոյ արժանի է։ Որպէսզի զինք սիրենք մեր ամբողջ սրտով, անձով ու մտքով, պէտք է խուսափինք այնպիսի սովորութիւններէ, որոնք մեր կեանքը կը կարճեցնեն կամ մեր աստուածատուր մտային կարողութիւնները կը բթացնեն։

23 «[Եհովա] կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան» (Գործք 17։24, 25)։ Կեանքը Աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն է։ Մենք Կենսատուն կը սիրենք. ուստի կ’ուզենք անոր պարգեւին հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։ Կը խուսափինք մեր առողջութեան վնաս հասցնող սովորութիւններէ, քանի որ կը գիտակցինք թէ այսպիսի սովորութիւններ ունենալով արհամարհած կ’ըլլանք կեանքի պարգեւը (Սաղմոս 36։9

24 «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22։39)։ Անմաքուր սովորութիւնները յաճախ կ’ազդեն ոչ միայն անոր գերին դարձողին, այլեւ իր շուրջը եղողներուն։ Օրինակ, երկրորդական ծխողները, այսինքն՝ ծխողներու հետ ապրողները, կրնան մեծապէս վնասուիլ ծխախոտէն։ Անհատ մը որ իր շուրջիններուն վնաս կը հասցնէ, կը բեկանէ մեր ընկերը սիրելու աստուածային պատուէրը։ Իսկ եթէ դաւանի թէ ինք Աստուած կը սիրէ՝ կը ստէ (Ա. Յովհաննէս 4։20, 21

25 «Յորդորէ՛, որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին» (Տիտոս 3։1)։ Շատ մը երկիրներու մէջ, որոշ թմրեցուցիչներ ունենալը կամ գործածելը օրէնքին դէմ է։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ այս օրէնքին կը հնազանդինք (Հռովմայեցիս 13։1

26. ա) Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ բ) Աստուծոյ աչքին մաքուր մնալը ինչո՞ւ կեանքի լաւագոյն ընթացքն է։

26 Ուստի Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար պէտք է մաքուր մնանք, ոչ թէ մէկ կամ երկու, այլ բոլոր մարզերուն մէջ։ Պիղծ սովորութիւնները լքելը կամ անոնցմէ խուսափիլը կրնայ դիւրին չըլլալ, բայց անկարելի չէ *։ Իրապէս ասիկա կեանքի լաւագոյն ընթացքն է, քանի որ Եհովա մեզի միշտ օգտակար եղածը կը սորվեցնէ (կարդա՛ Եսայի 48։17)։ Ամենակարեւորը, մաքուր մնալով կրնանք գոհունակութիւն զգալ, գիտակցելով թէ մեր սիրած Աստուծոյն վրայ լաւ անդրադարձ կ’ունենանք, եւ հետեւաբար իր սիրոյն մէջ կը մնանք։

^ պարբ. 2 «Մաքուր» թարգմանուած բնագիր լեզուին բառը երբեմն ֆիզիքական մաքրութիւն կը բնութագրէ, բայց յաճախ՝ բարոյական կամ հոգեւոր մաքրութիւն։

^ պարբ. 67 Անունը փոխուած է։