Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 11

«Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի»

«Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի»

«Քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր» (ԱՌԱԿԱՑ 5։18

1, 2. Ի՞նչ հարցում պիտի քննարկենք եւ ինչո՞ւ։

ԱՄՈՒՍՆԱՑԱ՞Ծ ես։ Եթէ այո, ուրա՞խ ես, թէ ոչ ամուսնական լուրջ խնդիրներ ունիս։ Քու եւ կողակիցիդ միջեւ մտերմութիւնը պակսա՞ծ է։ Ամուսնական կեանքդ ուրախ չէ, բայց կը հանդուրժե՞ս անոր։ Եթէ այս է պարագադ, հաւանաբար կը ցաւիս որ ժամանակ մը կողակիցդ ու քեզ միացնող ջերմ յարաբերութիւնը այժմ պաղած է։ Որպէս ճշմարիտ քրիստոնեայ, վստահաբար պիտի փափաքէիր որ ամուսնութիւնդ սիրելի Աստուծոյդ՝ Եհովայի, փառք բերէր։ Ուստի ներկայ պարագաներդ թերեւս քեզի մտահոգութիւն ու սրտացաւ կը պատճառեն։ Ասով հանդերձ, մի՛ եզրակացներ թէ պարագադ անյոյս է։

2 Ներկայիս կա՛ն երջանիկ քրիստոնեայ ամոլներ, որոնց ամուսնութիւնը ատեն մը քայքայուելու վրայ էր, սակայն իրենց յարաբերութիւնը ամրապնդելու համար կերպ մը գտան։ Դուն ալ կրնաս ամուսնութեանդ մէջ գոհունակութիւն գտնել. ինչպէ՞ս։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՒ ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ԱՒԵԼԻ՛ ՄՕՏԵՑԻՐ

3, 4. Կողակիցներ ինչո՞ւ իրարու աւելի պիտի մօտենան, եթէ ջանան Աստուծոյ աւելի մօտենալ. բացատրէ՛։

3 Դուն ու կողակիցդ իրարու աւելի պիտի մօտենաք, եթէ ջանաք Աստուծոյ աւելի մօտենալ։ Ինչո՞ւ։ Պատկերացուր որ դուն ու կողակիցդ կը գտնուիք լերան մը հակառակ կողմերը։ Դուն կայնած ես լերան հիւսիսային ստորոտը, իսկ ան՝ հարաւային ստորոտը։ Երբ տակաւին լերան ստորոտն էք, ձեր միջեւ եղած հեռաւորութիւնը մեծ է։ Բայց երբ իւրաքանչիւրդ կը սկսիք կամաց–կամաց դէպի գագաթ մագլցիլ, այդ հեռաւորութիւնը կը սկսի հետզհետէ նուազիլ։ Ի՞նչ դաս կը սորվինք այս օրինակէն։

4 Եհովային լիովին ծառայելու համար թափած ջանքերդ, կարելի է համեմատել լեռ մը մագլցելու համար թափուած ջանքերուն հետ։ Քանի որ Եհովան կը սիրես, դուն արդէն իսկ կը ջանաս առումով մը լեռը մագլցիլ։ Սակայն, եթէ դուն եւ կողակիցդ իրարմէ հեռացած էք, ուրեմն կը նմանիք այն զոյգին, որ լերան հակառակ կողմերը կը մագլցի։ Բայց ի՞նչ կը պատահի եթէ շարունակէք մագլցիլ։ Անշուշտ, սկիզբը բաւական մեծ հեռաւորութիւն մը կը բաժնէ ձեզ իրարմէ, բայց որքա՛ն աւելի ջանք թափէք Աստուծոյ մօտենալու, կամ այլաբանօրէն՝ լեռը բարձրանալու, այնքա՛ն աւելի դուն եւ կողակիցդ իրարու պիտի մօտենաք։ Արդարեւ, Աստուծոյ մօտենալը կողակիցիդ մօտենալու բանալին է։ Սակայն ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։

Եթէ Աստուածաշունչի գիտութիւնը կիրարկես, ամուսնութիւնդ պիտի ամրապնդուի

5. ա) Եհովային ու կողակիցիդ աւելի մօտենալու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։ բ) Եհովան ամուսնութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէ։

5 Ըստ օրինակին, մագլցելու կարեւոր կերպ մըն է, որ դուն եւ կողակիցդ հետեւիք Աստուծոյ Խօսքին մէջ նշուած ամուսնութեան վերաբերեալ խրատներուն (Սաղմոս 25։4. Եսայի 48։17, 18)։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալի նշած յատուկ մէկ խրատը։ Ան ըսաւ. «Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի բոլորէն» (Եբրայեցիս 13։4, ԱԾ)։ Այս խօսքը ի՞նչ կը նշանակէ։ «Պատուական» է բան մը որ գովելի ու թանկագին է։ Եւ Եհովան ճի՛շդ այդպէս կը նկատէ ամուսնութիւնը, զայն արժեւորելով որպէս թանկագին բան։

ՇԱՐԺԱՌԻԹԴ ԹՈՂ ԸԼԼԱՅ՝ ԵՀՈՎԱՅԻ ՀԱՆԴԷՊ ՍՐՏԱԳԻՆ ՍԷՐ

6. Ամուսնութեան վերաբերեալ Պօղոսի խրատին բովանդակութիւնը ի՞նչ ցոյց կու տայ, եւ ասիկա ի մտի ունենալը ինչո՞ւ կարեւոր է։

6 Անշուշտ, որպէս Աստուծոյ ծառաներ, դուն ու կողակիցդ արդէն գիտէք թէ ամուսնութիւնը թանկագին, նոյնիսկ սուրբ է, եւ թէ Եհովան ի՛նք հաստատեց ամուսնութեան կարգադրութիւնը (կարդա՛ Մատթէոս 19։4-6)։ Սակայն, եթէ ամուսնական խնդիրներ կը դիմագրաւես, պարզապէս գիտնալդ թէ ամուսնութիւնը պատուական է, կրնայ դրդապատճառ մը չըլլալ որ իրարու հետ սիրով ու յարգանքով վարուիք։ Ուստի ի՞նչ բան ձեզ պիտի մղէ ասիկա ընելու։ Ուշադրութեամբ նկատի առ, թէ Պօղոս չըսաւ որ «ամուսնութիւնը պատուական է», այլ ըսաւ՝ «ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի»։ Ուստի ան պարզապէս դիտողութիւն մը չէր ըներ, հապա՝ յորդոր կու տար *։ Ասիկա ի մտի ունենալը, կրնայ քեզի օգնել որ կողակիցիդ հանդէպ գնահատութիւնդ աւելցնես։ Ինչո՞ւ։

7. ա) Աստուածաշնչական ի՞նչ պատուէրներու կը հնազանդինք եւ ինչո՞ւ։ բ) Անոնց հնազանդելով ի՞նչ լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգենք։

7 Պահ մը խորհէ, թէ ինչպէս կը նկատես աստուածաշնչական ա՛յլ պատուիրաններ, օրինակ՝ աշակերտելու յանձնարարութիւնը եւ պաշտամունքի համար իրարու քով հաւաքուելու յորդորը (Մատթէոս 28։19. Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Ճիշդ է որ, այս երկու պատուէրները կատարելը երբեմն կրնայ դժուար ըլլալ։ Քանի որ անհատները, որոնց կը քարոզես կրնան չընդառաջել, կամ աշխարհիկ գործդ քեզ այնքա՛ն ուժասպառ կը դարձնէ, որ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլը կրնայ պայքարի մը վերածուիլ։ Հակառակ ասոր, կը շարունակես Թագաւորութեան պատգամը քարոզել եւ քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Ո՛չ ոք կրնայ քեզ կասեցնել, ոչ իսկ Սատանան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովայի հանդէպ սրտագին սէրը քեզ կը մղէ, որ իր պատուիրաններուն հնազանդիս (Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Քարոզչութեան մասնակցելուդ եւ ժողովներուն ներկայ գտնուելուդ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Անոնք քեզի կու տան ներքին խաղաղութիւն եւ իսկական ուրախութիւն, քանի որ գիտես թէ Աստուծո՛յ կամքն է որ կը կատարես։ Իսկ այս զգացումները, իրենց կարգին զօրութիւնդ կը վերանորոգեն (Նէեմիա 8։10)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։

8, 9. ա) Ի՞նչ բան կրնայ մեզ մղել ամուսնութիւնը պատուելու յորդորին հնազանդելու եւ ինչո՞ւ։ բ) Այժմ ի՞նչ երկու կէտեր նկատի պիտի առնենք։

8 Ճիշդ ինչպէս որ Աստուծոյ հանդէպ սէրը քեզ կը մղէ քարոզելու եւ իրարու քով հաւաքուելու պատուէրներուն հնազանդելու, հակառակ դժուարութիւններու, նոյնպէս Եհովայի հանդէպ սէրը կրնայ քեզ մղել հնազանդելու ամուսնութիւնդ պատուական դարձնելու աստուածաշնչական յորդորին, նոյնիսկ եթէ ատիկա ընելը դժուար թուի քեզի (Եբրայեցիս 13։4. Սաղմոս 18։29. Ժողովող 5։4)։ Ասկէ զատ, ինչպէս որ քարոզելու եւ իրարու քով հաւաքուելու ջանքերդ Աստուած կ’օրհնէ, նոյնպէս ամուսնութիւնդ պատուելու ջանքերդ Եհովան պիտի նկատէ եւ օրհնէ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։3. Եբրայեցիս 6։10

9 Ուստի ինչպէ՞ս կրնաս ամուսնութիւնդ պատուական դարձնել։ Պէտք է խուսափիս ամուսնութեանդ վնաս հասցնող վարմունքէ։ Նաեւ պէտք է ամուսնական կապդ ամրապնդելու քայլեր առնես։

ԽՈՒՍԱՓԷ՛ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԴ ԱՆՊԱՏՈՒՈՂ ԽՕՍԵԼԱԿԵՐՊԷ ՈՒ ՎԱՐՔԷ

10, 11. ա) Ինչպիսի՞ վարք ամուսնութիւնը կ’անպատուէ։ բ) Մեր կողակիցին ի՞նչ պէտք է հարցնենք։

10 Անգամ մը քրիստոնեայ կին մը նշեց. «Եհովայի կ’աղօթեմ որ ինծի ոյժ տայ որ տոկամ»։ Ի՞նչ բանի։ Ան կը բացատրէ. «Ամուսինս զիս խօսքերով կը վիրաւորէ։ Թերեւս տեսանելի վէրքեր չեմ կրեր, բայց յարատեւաբար իր խոցոտող դիտողութիւնները, ինչպէս՝ ‘Դուն վրաս բեռ ես’, ‘Դուն անարժէք մէկն ես’, խորապէս սիրտս վիրաւորած են»։ Այս կինը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ լուրջ հարց մը. ամուսնութեան ծիրէն ներս վիրաւորական խօսակցութիւն։

11 Ի՜նչ ցաւալի է, երբ քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ կողակիցներ իրարու վիրաւորական խօսքեր կ’ուղղեն, պատճառելով զգացական վէրքեր, որոնք դիւրաւ չեն բուժուիր։ Բացայայտ է որ ամուսնութիւն մը, ուր վիրաւորական խօսակցութիւն կայ՝ պատուական չէ։ Ինչպէ՞ս է քո՛ւ ամուսնական կեանքդ։ Ասիկա գիտնալու համար կողակիցիդ խոնարհաբար հարցուր. ‘Խօսելակերպս վիրաւորակա՞ն է’։ Եթէ կողակիցդ կը զգայ թէ խօսքերդ յաճախ վիրաւորած են զինք, պէտք է պատրաստ ըլլաս խօսելակերպդ բարեփոխելու (Գաղատացիս 5։15. կարդա՛ Եփեսացիս 4։31

12. Անհատի մը պաշտամունքը ինչպէ՞ս կրնայ Աստուծոյ աչքին փուճ նկատուիլ։

12 Ի մտի ունեցիր, թէ ամուսնական կեանքէդ ներս խօսելակերպդ կ’ազդէ Եհովայի հետ փոխյարաբերութեանդ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ մէկը զինք կրօնասէր կը սեպէ ու իր լեզուին սանձ չի դներ, այլ իր սիրտը կը խաբէ, անոր կրօնասիրութիւնը փուճ է» (Յակոբոս 1։26)։ Խօսելակերպդ պաշտամունքիդ մէկ մասն է. կարելի չէ զանոնք իրարմէ անջատել։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր, թէ այնքան ատեն որ Աստուծոյ կը ծառայես, տանդ մէջ ինչպէս կը վարուիս կարեւոր չէ։ Հաճիս դուն քեզ մի՛ խաբեր, ասիկա լուրջ հարց է (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։7)։ Թերեւս որոշ կարողութիւններ ունիս եւ պաշտամունքիդ մէջ նախանձախնդիր ես, բայց եթէ գիտակցաբար կողակիցդ խօսքերով վիրաւորես, ամուսնական կարգադրութիւնը կ’անպատուես եւ Աստուծոյ աչքին պաշտամունքդ փուճ կը նկատուի։

13. Ամուսնացած անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ իր կողակիցին զգացումները վիրաւորել։

13 Ամոլներ նաեւ պէտք է արթուն ըլլան, որ անուղղակիօրէն իրարու զգացումները չվիրաւորեն։ Նկատի առ երկու օրինակ։ Առաջին՝ միայնակ մայր մը որ յաճախ հեռաձայնով երկար ժամեր կը խօսի իր ժողովքէն ամուսնացած եղբօր մը հետ, անկէ խրատ ստանալու համար։ Երկրորդ՝ ամուրի եղբայր մը որ ամէն շաբաթ երկար ժամեր կը ծառայէ ամուսնացած քրոջ մը հետ։ Վերոնշեալ եղբայրն ու քոյրը թերեւս պատշաճ շարժառիթներ ունին, բայց եւ այնպէս, անոնց վարքը ինչպէ՞ս կ’ազդէ իրենց կողակիցին։ Նոյնանման պարագայ ունեցող կին մը, ըսաւ. «Եթէ նկատեմ որ ամուսինս շատ ժամանակ եւ ուշադրութիւն կու տայ ժողովքի մէկ ա՛յլ քրոջ, վիրաւորուած եւ նուաստացած կը զգամ»։

14. ա) Ծննդոց 2։24–ի մէջ ի՞նչ ամուսնական պարտաւորութիւն շեշտուած է։ բ) Մենք մեզի ի՞նչ հարցում պէտք է ուղղենք։

14 Հասկնալի է, որ վերոնշեալ ամուսնացած քոյրը եւ նման պարագաներ դիմագրաւող ուրիշներ վիրաւորուած զգան, քանի որ իրենց կողակիցները ամուսնութեան շուրջ Աստուծոյ հիմնական հետեւեալ պատուէրը կ’անտեսեն. «Այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի» (Ծննդոց 2։24)։ Անշուշտ, ամուսնացած անհատներ տակաւին իրենց ծնողքը կը յարգեն, բայց Աստուծոյ կարգադրութիւնն է, որ անոնց առաջնահերթ պարտաւորութիւնը իրենց կողակիցին հանդէպ ըլլայ։ Նոյնպէս, քրիստոնեաները կը սիրեն իրենց հաւատակիցները, բայց եւ այնպէս, անոնց գլխաւոր պատասխանատուութիւնը իրենց կողակիցին հանդէպ պէտք է ըլլայ։ Հետեւաբար, երբ ամուսնացած քրիստոնեաներ հաւատակիցներու հետ անտեղիօրէն երկար ժամանակ անցընեն կամ չափազանց մտերմանան, մանաւանդ հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հետ, անոնք իրենց ամուսնութեան մէջ լարուածութիւն մը կը ստեղծեն։ Ամուսնութեանդ մէջ նման խնդիր մը կա՞յ։ Դուն քեզի հարց տուր. ‘Արդեօք կողակիցիս բաւականաչափ ժամանակ, ուշադրութիւն եւ սէր կու տա՞մ, որոնց ան արժանի է’։

15. Մատթէոս 5։28–ի համաձայն, քրիստոնեայ ամոլներ ինչո՞ւ պէտք է խուսափին հակառակ սեռի պատկանող ոեւէ անձի անտեղիօրէն ուշադրութիւն ընծայելէ։

15 Ասկէ աւելի, ամուսնացած քրիստոնեաներ, որոնք իրենց կողակիցը չեղող հակառակ սեռի պատկանող ոեւէ անձի անտեղիօրէն ուշադրութիւն կ’ընծայեն, անխոհեմօրէն իրենք զիրենք վտանգաւոր կացութեան մէջ կը դնեն։ Ցաւալիօրէն, կարգ մը քրիստոնեայ ամոլներ հակառակ սեռի պատկանող անհատներու հետ անտեղիօրէն մտերմանալով, ռոմանթիկ զգացումներ զարգացուցած են (Մատթէոս 5։28)։ Իբրեւ արդիւնք, այս զգացական կապերը առաջնորդած են այնպիսի արարքներու, որոնք ամուսնութիւնը անպատուած են։ Նկատի առ թէ Պօղոս առաքեալ այս նիւթին շուրջ ի՛նչ ըսաւ։

ԹՈՂ «ԱՆԿՈՂԻՆԸ՝ ԱՆԱՐԱՏ ՊԱՀՈՒԻ»

16. Պօղոս ամուսնութեան վերաբերեալ ի՞նչ պատուէր կու տայ։

16 «Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի» յորդորը տալէն անմիջապէս ետք, Պօղոս հետեւեալ ազդարարութիւնը աւելցուց. «[Թող] անկողինը՝ անարատ պահուի, քանի որ Աստուած պիտի դատէ պոռնկողներն ու շնացողները» (Եբրայեցիս 13։4, ԱԾ)։ Պօղոս «անկողին» բառը գործածեց սեռային յարաբերութեան ակնարկելու համար։ Այս յարաբերութիւնը «անարատ» կամ բարոյապէս մաքուր է, եթէ անիկա միայն ամուսնական կարգադրութեան ծիրէն ներս է։ Հետեւաբար, քրիստոնեաները կը հնազանդին սա ներշնչեալ խօսքին. «Երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր» (Առակաց 5։18

17. ա) Շնութեան նկատմամբ աշխարհի տեսակէտը ինչո՞ւ քրիստոնեաներուն պէտք չէ ազդէ։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք Յոբի օրինակին հետեւիլ։

17 Իրենց կողակիցէն զատ մէկու մը հետ սեռային յարաբերութիւն ունեցողները, Աստուծոյ բարոյական օրէնքները մեծապէս կ’անարգեն։ Շատեր շնութիւնը կը նկատեն սովորական ու ընդունելի վարք մը։ Սակայն ուրիշներ շնութիւնը ինչ ալ նկատեն, ասիկա պէտք չէ ազդէ քրիստոնեայի մը տեսակէտին։ Քրիստոնեաները կը գիտակցին թէ ոչ թէ մարդը, հապա «Աստուած պիտի դատէ պոռնկողներն ու շնացողները» (Եբրայեցիս 10։31. 12։29)։ Հետեւաբար, ճշմարիտ քրիստոնեաները այս նիւթին շուրջ Եհովայի տեսակէտին կը կառչին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 12։9)։ Մտաբերէ Յոբ նահապետի խօսքը. «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի» (Յոբ 31։1)։ Արդարեւ, ճշմարիտ քրիստոնեաները ‘իրենց աչքերուն հետ ուխտ կ’ընեն’ եւ իրենց կողակիցը չեղող հակառակ սեռի պատկանող ոեւէ անհատի ցանկութեամբ չեն նայիր, որպէսզի շնութեան առաջնորդող որեւէ քայլ առնելէ խուսափին (տե՛ս «Աստուածաշունչին տեսակէտը ամուսնալուծումի եւ բաժանումի նկատմամբ» յաւելուածը)։

18. ա) Եհովայի աչքին շնութիւնը որքա՞ն լուրջ է։ բ) Շնութեան եւ կռապաշտութեան միջեւ ի՞նչ նմանութիւն կայ։

18 Եհովայի աչքին շնութիւնը որքա՞ն լուրջ է։ Մովսիսական օրէնքը մեզի կ’օգնէ շնութեան նկատմամբ Եհովայի զգացումները հասկնալու։ Իսրայէլի մէջ, շնութիւնն ու կռապաշտութիւնը մահապատիժի արժանի յանցագործութիւններ էին (Ղեւտացւոց 20։2, 10)։ Այս երկուքին միջեւ նմանութիւն մը կը տեսնե՞ս։ Նկատի առ հետեւեալը։ Կուռք պաշտող իսրայէլացին, Եհովային հետ իր ուխտը կը դրժէր։ Շնութիւն գործող իսրայէլացին ալ իր կողակիցին հետ իր ուխտը կը դրժէր. երկուքն ալ դաւաճանութիւն կ’ընէին (Ելից 19։5, 6. Բ. Օրինաց 5։9. կարդա՛ Մաղաքիա 2։14)։ Ուստի երկո՛ւքն ալ այպանելի էին Եհովայի՝ հաւատարիմ ու վստահելի Աստուծոյն առջեւ (Սաղմոս 33։4

19. Ի՞նչ բան կրնայ շնութիւնը մերժելու անհատին վճռականութիւնը ամրապնդել եւ ինչո՞ւ։

19 Անշուշտ, քրիստոնեաները Մովսիսական օրէնքին ներքեւ չեն։ Այսուհանդերձ, երբ ի մտի ունենանք թէ վաղեմի Իսրայէլի մէջ շնութիւնը լուրջ մեղք մը կը սեպուէր, ասիկա կրնայ քրիստոնեաներուն վճռականութիւնը ամրապնդել, որ նման արարք մը չգործեն։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ հետեւեալ բաղդատութիւնը. եկեղեցի մը մտնելով եւ արձանի մը առջեւ ծունկի գալով պիտի աղօթէի՞ր։ Պիտի ըսես. ‘Երբե՛ք’։ Սակայն կարելի՞ է որ փորձուիս ասիկա ընել մեծ գումարի մը փոխարէն։ Պիտի պատասխանես. ‘Անկարելի՛ է’։ Արդարեւ, կուռք մը պաշտելով Եհովայի դաւաճանելու գաղափարն իսկ ճշմարիտ քրիստոնեային համար զզուելի է։ Նմանապէս, քրիստոնեաները պէտք է զզուին շնութիւն գործելով իրենց Աստուծոյն՝ Եհովային, ինչպէս նաեւ իրենց կողակիցին դաւաճանելու գաղափարէն, ի՛նչ որ ալ ըլլայ այդ մեղաւոր արարքին դրդապատճառը (Սաղմոս 51։1, 4. Կողոսացիս 3։5)։ Բնա՛ւ պիտի չուզենք գործել որեւէ արարք, որ կրնայ ուրախացնել Սատանան, բայց մեծապէս կ’անարգէ Եհովան եւ ամուսնութեան սրբազան կարգադրութիւնը։

ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԿԱՊԴ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ

20. Կարգ մը ամուսնութիւններու մէջ ի՞նչ պատահած է. լուսաբանէ՛։

20 Ամուսնութիւնը անպատուող վարքէն խուսափելէ զատ ի՞նչ քայլեր կրնաս առնել, որպէսզի կողակիցիդ հանդէպ սէրդ վերարծարծես։ Ասոր պատասխանելու համար, ամուսնութիւնը նմանցնենք տունի մը, իսկ ազնիւ խօսքերը, նկատառու արարքներն ու կողակիցներու իրարու ուղղած պատուարժան արտայայտութիւնները՝ տան գեղեցկութեան նպաստող զարդեղէններու։ Եթէ իրարու մօտիկ կը զգաք, ձեր ամուսնութիւնը կը նմանի տան մը, որ յարդարուած է զայն գունաւորող ու ջերմացնող զարդեղէններով։ Եթէ սէրդ նուազի, այդ զարդեղէնները աստիճանաբար կ’անհետանան, ամուսնութիւնդ վերածելով ձանձրացուցիչ ու դատարկ տան մը։ Բայց քանի որ կը փափաքիս Աստուծոյ հետեւեալ պատուէրին հնազանդիլ՝ «ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի», պիտի մղուիս վիճակը բարելաւելու։ Ի վերջոյ, թանկագին ու պատուական բան մը նորոգուելու արժանի է։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնաս ընել։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով կը հաստատուի։ Շտեմարանները գիտութեամբ եւ ամէն տեսակ պատուական ու վայելուչ գանձերով կը լեցուին» (Առակաց 24։3, 4)։ Նկատի առ թէ այս խօսքերը ինչպէս կրնան ամուսնութեան կիրարկուիլ։

21. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր ամուսնական կապը աստիճանաբար զօրացնել (տե՛ս նաեւ « Ինչպէ՞ս կրնամ ամուսնութիւնս բարելաւել» շրջանակը)։

21 Երջանիկ տուն մը լեցնող պատուական գանձերուն մէջ կան հետեւեալին նման յատկութիւններ. ճշմարիտ սէր, աստուածավախութիւն ու ամուր հաւատք (Առակաց 15։16, 17. Ա. Պետրոս 1։7)։ Այս յատկութիւններուն շնորհիւ ամուսնական կապը կ’ամրապնդուի։ Սակայն նկատի առի՞ր թէ վերոնշեալ առակին մէջի տան շտեմարանները ի՛նչ բանի միջոցաւ լեցուած են պատուական գանձերով. «գիտութեամբ»։ Այո՛, երբ Աստուածաշունչի գիտութիւնը կիրարկուի, անիկա զօրութիւնը ունի մարդոց մտածելակերպը փոխելու եւ զիրենք մղելու, որ իրարու հանդէպ իրենց սէրը վերարծարծեն (Հռովմայեցիս 12։2. Փիլիպպեցիս 1։9)։ Ուստի, երբ դուն ու կողակիցդ միասնաբար ժամանակ տրամադրէք եւ հանդարտօրէն նկատի առնէք աստուածաշնչական հատուածներ, ինչպէս՝ օրուան համարը կամ ամուսնութեան վերաբերող Դիտարան–ի կամ Զարթի՛ր–ի աստուածաշնչական յօդուած մը, կարծես թէ նկատի կ’առնէք սիրուն զարդեղէն մը, որ կրնայ ձեր տունը գեղեցկացնել։ Եւ երբ Եհովայի հանդէպ սէրը ձեզ մղէ ամուսնութեան մէջ կիրարկելու անոնց մէջ թելադրուած խրատը, կարծես թէ այդ զարդեղէնը ձեր տան մէջ զետեղած կ’ըլլաք։ Առ ի արդիւնք, վերադարձուցած կ’ըլլաք ատեն մը ձեր ամուսնութիւնը գունաւորող ու ջերմացնող զարդեղէններէն մաս մը։

22. Ինչպիսի՞ գոհունակութիւն կրնանք զգալ, երբ մեր ամուսնութիւնը ամրապնդելու մէջ ջանանք մեր բաժինը բերել։

22 Ճիշդ է որ այդ զարդեղէնները մէկ առ մէկ իրենց նախկին տեղերը վերադարձնելը բաւական ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ։ Այսուհանդերձ, եթէ ջանաս քեզի ինկած բաժինը ընել, խոր գոհունակութիւն պիտի զգաս, գիտնալով որ Աստուածաշունչի հետեւեալ պատուէրին կը հնազանդիս. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռովմայեցիս 12։10. Սաղմոս 147։11)։ Ամէն բանէ աւելի, ամուսնութիւնդ պատուական դարձնելու անկեղծ ջանքերդ, քեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պիտի պահեն։

^ պարբ. 6 Ամուսնութեան վերաբերեալ Պօղոսի յորդորը մաս կը կազմէ շարք մը ա՛յլ յորդորներու (Եբրայեցիս 13։1-5