Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 13

Տօներ՝ որոնք Աստուած չեն հաճեցներ

Տօներ՝ որոնք Աստուած չեն հաճեցներ

«Քննեցէք թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին» (ԵՓԵՍԱՑԻՍ 5։10

1. Եհովան ինչպիսի՞ անհատներ իրեն կը քաշէ, եւ անոնք ինչո՞ւ պէտք է հոգեւորապէս արթուն մնան։

ՅԻՍՈՒՍ ըսաւ. «Ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ» (Յովհաննէս 4։23)։ Երբ Եհովան այսպիսի անհատներ գտնէ, ինչպէս որ քեզ գտած է, Ան զանոնք՝ իրեն եւ իր Որդւոյն կը քաշէ (Յովհաննէս 6։44)։ Ասիկա ի՜նչ մեծ պատիւ մըն է։ Սակայն Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը սիրողները պէտք է շարունակ ‘քննեն թէ ի՛նչ է Տէրոջը հաճելին’, որովհետեւ Սատանան խաբելու մէջ վարպետ է (Եփեսացիս 5։10. Յայտնութիւն 12։9

2. Բացատրէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը նկատէ անոնք, որոնք ճշմարիտ կրօնքը եւ սուտ կրօնքը կը միաձուլեն։

2 Նկատի առ թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Սինա լերան մօտ։ Երբ իսրայէլացիները Ահարոնէ խնդրեցին որ իրենց համար աստուած մը շինէ, ան ենթարկուելով ոսկի հորթ մը շինեց, ակնարկելով թէ անիկա Եհովան կը ներկայացնէր։ Ան ըսաւ. «Վաղը տօն է Տէրոջը»։ Արդեօք Եհովան ճշմարիտ կրօնքին եւ սուտ կրօնքին միաձուլուելուն նկատմամբ անտարբեր մնա՞ց։ Ո՛չ։ Ան այդ կռապաշտներէն շուրջ 3000–ը մահապատիժի ենթարկեց (Ելից 32։1-6, 10, 28)։ Ասկէ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ Եթէ կ’ուզենք Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ, պէտք է ‘պիղծ բանի չդպչինք’ եւ ճշմարտութիւնը նախանձախնդրօրէն պաշտպանենք ամէն տեսակի ապականութենէ (Եսայի 52։11. Եզեկիէլ 44։23. Գաղատացիս 5։9

3, 4. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչին սկզբունքները պէտք է մօտէն քննենք, երբ ժողովրդական սովորութիւններ ու տօներ նկատի կ’առնենք։

3 Այնքան ատեն որ առաքեալները ողջ էին, հաւատուրացութեան դէմ խոչընդոտ կը հանդիսանային։ Սակայն ցաւ ի սիրտ, անոնց մահէն ետք, այդպէս կոչուած քրիստոնեաներ, որոնք ճշմարտութեան հանդէպ սէր չունէին, սկսան հեթանոսական սովորութիւններ եւ տօներ որդեգրել՝ զանոնք քրիստոնէական պիտակելով (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։7, 10)։ Մինչ այս տօներէն քանի մը հատը կը քննարկենք, նկատէ թէ անոնք ոչ թէ Աստուծոյ, այլ աշխարհի՛ հոգին կ’արտացոլեն։ Ընդհանուր առմամբ, աշխարհիկ տօները հասարակաց յատկանիշներ ունին,– անոնք կը յագեցնեն մարմնի ցանկութիւնները եւ կը քաջալերեն կրօնական սուտ ուսուցումներն ու ոգեհարցութիւնը, որոնք «մեծ Բաբելոն»ի գլխաւոր յատկանիշներն են (Յայտնութիւն 18։2-4, 23) *։ Նաեւ ի մտի ունեցիր, թէ Եհովան անձամբ ականատես եղած է այդ զզուելի հեթանոսական–կրօնական սովորութիւններուն, որոնցմէ ծագում առին բազմաթիւ ժողովրդական սովորութիւններ։ Կասկած չկայ, որ Ան ներկայիս այս սովորութիւնները նո՛յնքան ընդվզեցուցիչ կը գտնէ։ Արդեօք մեզի համար իր տեսակէտը կարեւորագոյնը պէտք չէ՞ ըլլայ (Բ. Յովհաննէս 6, 7

4 Թէեւ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ, գիտենք թէ կարգ մը տօներ Եհովան չեն հաճեցներ, բայց ասիկա բաւարար չէ։ Մենք ամբողջ սրտով պէտք է հաստատօրէն վճռենք անոնց մէջ բացարձակապէս մասնակցութիւն չբերել։ Երբ նկատի առնենք թէ Եհովան ինչո՛ւ չի հաճիր այս տօներուն, վճռականօրէն պիտի խուսափինք ընելէ որեւէ բան, որ կրնայ մեր՝ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալուն արգելք հանդիսանալ։

ԱՄԱՆՈՐ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

5. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ Յիսուս ո՛չ 6 յունուարին, ոչ ալ 25 դեկտեմբերին ծնած էր։

5 Աստուածաշունչին մէջ որեւէ տեղ չէ նշուած Յիսուսի ծննդեան տարեդարձին մասին։ Իրականութեան մէջ, անոր ծննդեան ճիշդ թուականը յայտնի չէ։ Սակայն կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ան չէր ծնած 6 յունուարին կամ 25 դեկտեմբերին՝ երբ այդ շրջանին մէջ ցուրտ ձմեռ կ’ընէր *։ Ստոյգ պատճառներէն մէկն այն է որ, ըստ Ղուկասի արձանագրութեան, երբ Յիսուս ծնաւ՝ «դաշտաբնակ հովիւներ կային», որոնք իրենց հօտերը կը պահպանէին (Ղուկաս 2։8-11, ԱԾ)։ Եթէ հովիւները ամբողջ տարին ‘դաշտի մէջ բնակելու’ սովորութիւնը ունենային, ասիկա շատ կարեւոր տեղեկութիւն մը պիտի չըլլար։ Սակայն, որովհետեւ այդ ամիսներուն Բեթլեհէմի մէջ տեղատարափ անձրեւ եւ ձիւն կը տեղար, հօտերը ձմեռը փարախներու մէջ կը պատսպարուէին եւ հովիւները ‘դաշտին մէջ չէին բնակեր’։ Ասկէ զատ, Յովսէփ ու Մարիամ Բեթլեհէմ գացին, քանի որ Օգոստոս կայսրը հրամայած էր որ մարդահամար կատարուէր (Ղուկաս 2։1-7)։ Շատ անհաւանական է, որ կայսրը հռոմէական իշխանութենէն դժգոհ ժողովուրդէ մը պահանջէր, որ իր նախնիներուն ծննդավայրը ճամբորդէր՝ ձմրան ամենացուրտ ժամանակին։

6, 7. ա) Քրիստոնէական շատ մը սովորութիւններու արմատները ո՞ւր կը գտնուին։ բ) Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի շրջանին նուէրներ փոխանակելուն եւ որպէս քրիստոնեայ տալուն միջեւ ի՞նչ հակադրութիւն կայ։

6 Սուրբ Ծնունդը եւ Ամանորը (կամ՝ Նոր Տարին) աստուածաշնչական ծագում չունին *։ Այս տօներուն արմատները հեթանոսական են։ Օրինակ՝ Ամանորը անցեալին կը կոչուէր Նաւասարդ եւ նուիրուած էր հեթանոսական չաստուածներու՝ Արամազդի, Անահիտի եւ Վանատուրի։ Հայկական Համայնագիտարան–ը այս տօնին մասին կ’ըսէ. «Մինչեւ Ամանորի տօն դառնալը, Նաւասարդը. . . կար որպէս աշնանային բերքահաւաքի տօն։ Քրիստոնէութիւնը մուտք գործելէ ետք, Ամանորը փոխարինուեցաւ Քրիստոսի ծննդեան տօնով. . . Տասնութերորդ դարուն. . . հայերը. . . 1 յունուարը ընդունեցին որպէս տարուան սկիզբ եւ Ամանորի տօն, որ հիմնականօրէն պահեց ազգային նոյն ծէսերը»։

Ճշմարիտ քրիստոնեաները նուէրներ կու տան՝ սէրէ մղուած

7 Այս տօներուն, հեթանոսները նուէրներ կը փոխանակէին եւ խրախճանքներ կը սարքէին. սովորութիւններ, որոնք մինչեւ օրս Ամանորին եւ Սուրբ Ծնունդին մաս կը կազմեն։ Թէեւ ներկայիս ալ մարդիկ Ամանորին կամ Սուրբ Ծնունդին նուէրներ կը փոխանակեն, բայց ատիկա Բ. Կորնթացիս 9։7–ի խօսքերուն հետ ներդաշնակ չէ, ուր կը կարդանք. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները սէրէ մղուած կու տան, անոնց տալը որոշ թուականի մը առնչուած չէ, ինչպէս նաեւ անոր փոխարէնը չեն ակնկալեր (Ղուկաս 14։12-14. կարդա՛ Գործք 20։35)։ Ասկէ զատ, անոնք շատ երախտապարտ են որ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի շրջանին առնչուած հարկադրանքներէն ազատուած են եւ տարուան այդ ժամանակին շատերու նման պարտքերու տակ իյնալու վտանգէն զերծ են (Մատթէոս 11։28-30. Յովհաննէս 8։32

8. Մոգերը Յիսուսի ծննդեան առթի՞ւ նուէրներ տուին անոր. բացատրէ՛։

8 Սակայն ոմանք կրնան առարկել, ըսելով. «Մոգերը Յիսուսի ծննդեան առթիւ անոր նուէրներ չտուի՞ն»։ Ո՛չ, անիկա անոր ծննդեան առթիւ չէր, հապա պարզապէս կերպ մըն էր ցոյց տալու իրենց յարգանքը կարեւոր անձնաւորութեան մը հանդէպ, ինչ որ այդ օրերուն ընդհանրացած սովորութիւն մըն էր (Գ. Թագաւորաց 10։1, 2, 10, 13. Մատթէոս 2։2, 11)։ Իրականութեան մէջ, անոնք նոյնիսկ Յիսուսի ծնած գիշերը չայցելեցին իրեն։ Երբ մոգերը հասան, Յիսուս մսուրին մէջ դրուած նորածին մը չէր, այլ՝ քանի մը ամսուան մանուկ մը, որ կ’ապրէր տան մը մէջ։

ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

9. Աստուածաշունչին նշած ծննդեան տարեդարձները ի՞նչ կերպով յատկանշական են։

9 Թէեւ մանուկի մը ծնունդը միշտ ալ մեծ ուրախութիւն պատճառած է, սակայն Աստուածաշունչը չի նշեր որ Աստուծոյ ծառաներէն ոեւէ մէկը իր ծննդեան տարեդարձը տօնած է (Սաղմոս 127։3)։ Արդեօք Աստուածաշունչը պարզապէս անտեսա՞ծ է այս առիթները։ Ո՛չ, քանի որ անիկա երկու ծննդեան տարեդարձներ կը յիշէ. առաջինը՝ Եգիպտոսի փարաւոնի մը, իսկ երկրորդը՝ Հերովդէս Անթիպասինը (կարդա՛ Ծննդոց 40։20-22. Մարկոս 6։21-29)։ Սակայն երկու դէպքերն ալ ներկայացուած են ժխտական կերպով, յատկապէս երկրորդը՝ որուն ընթացքին Յովհաննէս Մկրտիչ գլխատուեցաւ։

10, 11. Վաղեմի քրիստոնեաները ծննդեան տարեդարձները ինչպէ՞ս նկատեցին եւ ինչո՞ւ։

10 Համայնագիտարան մը կը նշէ. «Նախկին քրիստոնեաները անհատի մը ծննդեան տարեդարձը նկատեցին հեթանոսական սովորութիւն մը» (The World Book Encyclopedia)։ Օրինակ, վաղեմի յոյները կը հաւատային թէ իւրաքանչիւր անհատ պահապան ոգի մը ունէր, որ անհատին ծնած պահուն ներկայ կ’ըլլար եւ անոր ամբողջ կեանքի տեւողութեան անոր վրայ կը հսկէր։ Գիրք մը կ’ըսէ, թէ այդ ոգին «խորհրդաւոր յարաբերութիւն մը ունէր այն չաստուծոյն հետ, որուն ծննդեան օրը ծնած էր տուեալ անհատը» (The Lore of Birthdays)։ Տարեդարձները նաեւ երկար ատենէ ի վեր սերտօրէն առնչուած են աստղաբաշխութեան եւ աղթարքին։

11 Աստուծոյ վաղեմի ծառաները, ծննդեան սովորութիւնները կը մերժէին ոչ միայն հեթանոսական ու ոգեհարցական արմատներ ունենալնուն պատճառով, այլեւ հիմնուելով իրենց սկզբունքներուն վրայ։ Ինչո՞ւ։ Անոնք խոնարհ, համեստ տղամարդիկ ու կիներ էին, որոնք իրենց աշխարհ գալը այդքան ալ կարեւոր բան չնկատեցին, որպէսզի զայն տօնակատարէին (Միքիա 6։8. Ղուկաս 9։48) *։ Փոխարէնը, անոնք Եհովան փառաբանեցին եւ կեանքի թանկագին պարգեւին համար շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր (Սաղմոս 8։3, 4. 36։9. Յայտնութիւն 4։10բ) *։

12. Ինչպէ՞ս կրնայ մեր մահուան օրը մեր ծննդեան օրէն աղէկ ըլլալ։

12 Բոլոր անոնք, որոնք մինչեւ մահ հաւատարիմ կը մնան, իրենց մահէն ետք Աստուծոյ յիշողութեան մէջ կ’ըլլան, եւ իրենց ապագայ կեանքը երաշխաւորուած կ’ըլլայ (Յոբ 14։14, 15Ժողովող 7։1–ը կ’ըսէ. «Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է»։ Մեր «բարի անունը»՝ Աստուծոյ քով մեր ունեցած բարի համբաւն է, որ ձեռք ձգած ենք հաւատարմօրէն իրեն ծառայելով։ Յատկանշական է, թէ միակ տօնը որ քրիստոնեաներուն պատուէր տրուած է որ յիշատակեն, առնչուած է ոչ թէ ծննդեան, այլ՝ մահուան, այն ալ Յիսուսի մահուան, որուն գերազանց «անունը» մեր փրկութեան բանալին է (Եբրայեցիս 1։3, 4. Ղուկաս 22։17-20

ԶԱՏԻԿ՝ ՅԻՍՈՒՍԻ ՅԱՐՈՒԹԵԱ՞Ն ԹԷ ԱՐԳԱՍԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ

13, 14. Զատկի ժողովրդական սովորութիւններուն ծագումը ի՞նչ է։

13 Զատիկը, որ ներկայացուած է իբրեւ Քրիստոսի յարութեան տօն, խորքին մէջ ծագում առած է սուտ կրօնքէն։ Թերեւս հարց տաս թէ Զատիկին ինչո՞ւ հաւկիթ եւ նապաստակ կը գործածուի։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, թէ հաւկիթը «յայտնի դարձած է իբրեւ նոր կեանքի ու յարութեան խորհրդանիշ» (Encyclopædia Britannica)։ Իսկ նապաստակը հինէն ի վեր ծառայած է իբրեւ արգասաբերութեան խորհրդանիշ։ Հետեւաբար, Զատիկը իսկապէս արգասաբերութեան ծէս մըն է, որ ձախող կերպով ծպտուած է իբրեւ Քրիստոսի յարութեան տօն *։

14 Եհովան պիտի հանդուրժէ՞ր արգասաբերութեան գարշելի ծէսի մը գործածութիւնը, Իր Որդւոյն յարութիւնը յիշատակելու համար։ Բնա՛ւ երբեք (Բ. Կորնթացիս 6։17, 18)։ Իրականութեան մէջ, Սուրբ Գրութիւնները Յիսուսի յարութիւնը յիշատակելու ո՛չ պատուէր կու տան, ոչ ալ իրաւասութիւն։ Հետեւաբար, ասիկա ընելը եւ զայն Զատիկ անուանելը՝ կրկնակի անհաւատարմութիւն պիտի ըլլայ։

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋ

15. Տեառնընդառաջը ի՞նչ ծագում ունի եւ ի՞նչ բանի առնչուած է։

15 Ա՛յլ հանրածանօթ տօն մըն է Տեառնընդառաջը կամ Տէրնտեսը։ Անիկա կը տօնուի 14 փետրուարին, Յիսուսի ենթադրեալ ծննդեան թուականէն՝ 6 յունուարէն, 40 օր ետք։ Այս տօնը տօնելով, հաւատացեալները իբրեւ թէ ‘Տէրոջը առջեւ կու գային’։ Սակայն իրօք անիկա հեթանոսական ծագում ունի եւ առնչուած է կրակապաշտութեան եւ ոգեհարցութեան։ Հայկական Հանրագիտարան–ին համաձայն, Տեառնընդառաջի «մէջ պահպանուած են նախաքրիստոնէական մաքրագործական հին ծէսերը, յատկապէս կրակապաշտութեան առնչուած։ Այդ օրը՝ մարդիկ եկեղեցիներու եւ տուներու բակերուն մէջ, տանիքները, փողոցներուն մէջ խարոյկներ կը վառէին եւ անոնց շուրջ դառնալով կ’երգէին ու կ’աղօթէին։ Նորապսակ հարսեր կրակին վրայէն կը ցատկէին, մաքրագործուելու եւ իրենց ապագայ սերունդին վրայ օրհնութիւններ բերելու համար։ Ամուլ կիներ ‘սրբազան’ կրակով իրենց քղանցքները կ’այրէին՝ յուսալով բուժուիլ»։ Իսկ Տեառնընդառաջի ոգեհարցական սովորութիւններուն նկատմամբ, Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարանը կը գրէ. «Տեառնընդառաջի խարոյկի ծուխին ուղղութենէն կը հաստատուէր թէ ո՛ր կողմի արտերը բերրի պիտի ըլլային։ Եթէ ընտանիքին մէջ հիւանդ մը ըլլար, տանիքը հանելով զինք կը մօտեցնէին խարոյկին՝ որպէսզի բուժուէր։ Կրակին կը վերագրէին բուժելու, մաքրագործելու եւ դեւեր վանելու զօրութիւնը, իսկ խարոյկին վրայէն ցատկիլը կրնար անհատը չարէն պաշտպանել»։

ՀԱՐՍԱՆԻՔԴ ՄԱՔՈՒՐ ՊԱՀԷ

16, 17. ա) Ամուսնանալ ծրագրող ամոլներ ինչո՞ւ պէտք է տեղական հարսանեկան սովորութիւնները քննեն Աստուածաշունչի սկզբունքները նկատի ունենալով։ բ) Բրինձ նետելու կամ նման սովորութիւններու նկատմամբ քրիստոնեաներ ի՞նչ նկատի պէտք է առնեն։

16 Մօտ ատենէն, Մեծ Բաբելոնի մէջ «փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ պիտի չլսուին» (Յայտնութիւն 18։23)։ Ինչո՞ւ։ Մասամբ՝ իր ոգեհարցական սովորութիւններուն պատճառով, որոնք կրնան ամուսնութիւն մը պղծել հարսանիքի օրէն իսկ (Մարկոս 10։6-9

17 Սովորութիւնները երկրէ երկիր կը տարբերին։ Կարգ մը անմեղ թուող սովորութիւններ, կրնան բաբելոնական արմատներ ունենալ։ Կ’ենթադրուի թէ այդ սովորութիւնները զոյգը կամ իրենց հիւրերը «բախտաւոր» կը դարձնեն (Եսայի 65։11, ստորանիշ)։ Այս աւանդութիւններէն մէկն է հարսին ու փեսային վրայ բրինձ կամ նման բաներ նետելը։ Այս սովորութիւնը թերեւս ծագում կ’առնէ այն հաւատալիքէն, թէ ուտելիքը չար ոգիները կը հանդարտեցնէ եւ արգելք կը հանդիսանայ, որ անոնք հարսին ու փեսային վնաս հասցնեն։ Ասկէ զատ, բրինձը վաղուց խորհրդաւոր կերպով առնչուած է արգասաբերութեան, երջանկութեան ու երկարակեցութեան։ Հետեւաբար, բացայայտ է թէ բոլոր անոնք, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալ, պիտի մերժեն այսպիսի պիղծ սովորութիւններ (կարդա՛ Բ. Կորնթացիս 6։14-18

18. Հարսանիք ծրագրող զոյգը եւ հրաւիրեալները աստուածաշնչական ո՞ր սկզբունքներով պէտք է առաջնորդուին։

18 Եհովային ծառաները նաեւ ետ կը կենան սովորութիւններէ, որոնք կրնան քրիստոնէական հարսանիքները եւ խրախճանքները արատաւորել կամ ոմանց խղճմտանքը նեղացնել։ Օրինակի համար, անոնք կը խուսափին խայթող հեգնանք կամ սեռային ակնարկումներ բովանդակող վիրաւորական ճառեր տալէ, նաեւ կը զգուշանան անախորժ կատակներ կամ դիտողութիւններ ընելէ, որոնք կրնան նորապսակ զոյգը կամ ուրիշները նեղ կացութեան մատնել (Առակաց 26։18, 19. Ղուկաս 6։31. 10։27)։ Անոնք նաեւ կը խուսափին կազմակերպելէ հարսանեկան շռայլ խրախճանքներ, որոնք կ’արտացոլեն ոչ թէ համեստութիւն, այլ՝ «երկրաւոր ինչքերով հպարտանալ»ը (Ա. Յովհաննէս 2։16, ՆԹ)։ Եթէ հարսանիքդ կը ծրագրես, բնաւ մի՛ մոռնար որ Եհովան կ’ուզէ որ այդ բացառիկ օրդ ըլլայ ուրախութեամբ յիշուելու արժանի օր մը եւ ոչ թէ ափսոսանքի օր *։

ԿԵՆԱՑ ԽՄԵԼ. ԿՐՕՆԱԿԱ՞Ն ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆ

19, 20. Գիրքի մը համաձայն, կենաց խմելը ուրկէ՞ ծագում առած է եւ այս սովորութիւնը ինչո՞ւ քրիստոնեաներուն համար անընդունելի է։

19 Հարսանիքներու եւ ա՛յլ խնճոյքներու ընթացքին սովորութիւն է կենաց խմելը։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Կենաց խմելը. . . հաւանաբար ոչ կրօնական բնոյթ ունեցող արդի սովորութիւն մըն է, որ մեզի հասած է հինէն, երբ մարդիկ չաստուածներուն որպէս ընծայ սուրբ ըմպելիքներ կը մատուցանէին. . . եւ փոխարէնը ատոնցմէ կ’ակնկալէին իրականացնել որոշ փափաք մը, որ կը դրսեւորուէր աղօթքի ձեւով եւ կ’ամփոփուէր սա բառերով՝ ‘կենացդ’ կամ ‘առողջութեանդ’» (International Handbook on Alcohol and Culture, 1995)։

20 Ճիշդ է որ շատեր կենաց խմելը կրօնական սովորութիւն կամ աւելորդապաշտութիւն կրնան չսեպել, սակայն, գինիի բաժակները դէպի երկինք բարձրացնելը կրնայ նկատուիլ «երկինքէն»՝ գերմարդկային ուժէ մը օրհնութիւն խնդրել, բան մը որ Աստուածաշունչին հետ ներդաշնակ չէ (Յովհաննէս 14։6. 16։23) *։

«Ո՛Վ ՏԷՐԸ ՍԻՐՈՂՆԵՐ, ՉԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏԵՑԷ՛Ք»

21. Քրիստոնեաները կրօնական ծագում չունեցող ո՞ր ժողովրդական տօնակատարութիւններէն պէտք է խուսափին եւ ինչո՞ւ։

21 Կարգ մը երկիրներու մէջ տեղի կ’ունենան տարեկան քարնավալներ՝ անվայել պարերով փառատօներ, ուր նոյնիսկ կը փառաբանուի միասեռական կենցաղը։ Այս փառատօները Մեծ Բաբելոնի կողմէ ուղղակիօրէն կամ անուղղակի կերպով քաջալերուած են եւ կ’արտացոլեն աշխարհի արագօրէն նուաստացող չափանիշները։ Եհովան սիրողներուն համար պատշաճ պիտի ըլլա՞ր այսպիսի առիթի մը ներկայ գտնուիլ կամ զայն հեռատեսիլէն դիտել։ Այսպիսով անոնք չարութեան հանդէպ իսկական ատելութիւն ցուցաբերած պիտի ըլլա՞ն (Սաղմոս 1։1, 2. 97։10)։ Որքա՜ն աւելի լաւ պիտի ըլլար սաղմոսերգուին կեցուածքը ընդօրինակել, որ աղօթեց. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն» (Սաղմոս 119։37

22. Քրիստոնեան ե՞րբ իր խղճմտանքին համաձայն կրնայ որոշել թէ որոշ տօնի մը պիտի մասնակցի՛ թէ ոչ։

22 Տօներու ընթացքին, քրիստոնեան պէտք է ուշադիր ըլլայ որ իր վարքով ուրիշները չտպաւորէ, թէ ինք տօնակատարութեան կը մասնակցի։ Պօղոս գրեց. «Թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք եւ թէ ի՛նչ գործ որ ընէք, ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» (Ա. Կորնթացիս 10։31, տե՛ս « Իմաստուն որոշումներ կայացնել» շրջանակը)։ Միւս կողմէ, եթէ սովորութիւն մը կամ տօն մը բացայայտօրէն սուտ կրօնքին առնչուած չէ, քաղաքական կամ ազգայնական որեւէ առիթի մաս չի կազմեր եւ Աստուածաշունչի սկզբունքները չի բեկաներ, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կրնայ անձնապէս որոշել որ անոր պիտի մասնակցի՛ թէ ոչ։ Միեւնոյն ատեն, ան պէտք է ուրիշներուն զգացումները նկատի առնէ, որպէսզի գայթակղութեան պատճառ չըլլայ։

ԱՍՏՈՒԱԾ ՓԱՌԱԲԱՆէ՝ ԽՕՍՔՈՎ ՈՒ ԳՈՐԾՈՎ

23, 24. Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովայի արդար չափանիշներուն մասին լաւ վկայութիւն մը տալ։

23 Շատեր, որոշ ժողովրդական տօներ կը նկատեն ընտանեօք եւ բարեկամներով հաւաքուելու առիթներ։ Հետեւաբար, եթէ մէկը սխալ կերպով ենթադրէ թէ այդ առիթներուն չմասնակցելու մեր աստուածաշնչական կեցուածքը անսիրալիր կամ ծայրայեղ է, կրնանք ազնուօրէն իրեն բացատրել, թէ Վկաները ընտանեօք ու բարեկամներով հաւաքուիլը կը սիրեն ու կ’արժեւորեն, սակայն ոչ միայն որոշ թուականներու, հապա ամբողջ տարուան ընթացքին (Առակաց 11։25. Ժողովող 3։12, 13. Բ. Կորնթացիս 9։7)։ Բայց քանի որ Աստուած եւ Իր արդար չափանիշները կը սիրենք, չենք ուզեր այսպիսի ուրախ առիթներ արատաւորել Զինք ընդվզեցնող սովորութիւններով (տե՛ս « Ճշմարիտ պաշտամունքը մեծագոյն ուրախութեան աղբիւր է» շրջանակը)։

24 Կարգ մը Վկաներ, յաջողութիւն գտած են անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերողներու հետ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ * գրքին 16–րդ գլուխէն կէտեր քննարկելով։ Դո՛ւն ալ կրնաս անոնց օրինակին հետեւիլ, սակայն մտաբերէ որ մեր նպատակը սրտեր շահիլն է, եւ ոչ թէ՝ վիճաբանութիւններ։ Ուստի յարգալից եղիր, հեզութեամբ վարուէ եւ «խօսք[դ] ամէն ատեն շնորհքով, որպէս թէ աղով համովցած ըլլայ» (Կողոսացիս 4։6

25, 26. Ծնողներ ինչպէ՞ս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել, որ Եհովայի հանդէպ իրենց հաւատքին ու սիրոյն մէջ աճին։

25 Որպէս Եհովայի ծառաներ, մեր հաւատալիքներուն լաւատեղեակ ենք։ Մենք գիտենք թէ ինչո՛ւ որոշ բաներու կը հաւատանք ու զանոնք կ’ընենք, իսկ ուրիշ բաներէ կը խուսափինք (Եբրայեցիս 5։14)։ Ուստի ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք որ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն վրայ խորհրդածեն։ Ասիկա ընելով՝ անոնց հաւատքը կը զօրացնէք, կ’օգնէք որ Աստուածաշունչի հիման վրայ պատասխաններ տան բոլոր անոնց՝ որոնք իրենց հաւատալիքներուն մասին կը հարցնեն, նաեւ իրենց կը վստահեցնէք որ Եհովան զիրենք կը սիրէ (Եսայի 48։17, 18. Ա. Պետրոս 3։15

26 Բոլոր անոնք, որոնք «հոգիով ու ճշմարտութիւնով» Աստուած կը պաշտեն, ոչ միայն աստուածաշնչական հիմ չունեցող տօները կը մերժեն, այլ նաեւ կը ջանան կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ պարկեշտ ըլլալ (Յովհաննէս 4։23)։ Ներկայիս շատեր պարկեշտութիւնը գործնական չեն գտներ։ Սակայն ինչպէս յաջորդ գլուխին մէջ պիտի տեսնենք, Աստուծոյ ճամբաները միշտ լաւագոյնն են։

^ պարբ. 3 Տե՛ս « Տօնին մասնակցի՞մ թէ ոչ» շրջանակը։ Կարգ մը տօներ ու սովորութիւններ նշուած են Դիտարանի հրատարակութիւններու նիւթերու ցանկ–ին մէջ, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 5 Հիմնուելով Աստուածաշունչի ժամանակագրութեան եւ աշխարհիկ պատմութեան վրայ, հաւանաբար Յիսուս ծնած էր Ք.Ա. 2–ին, հրէական անթանի ամսուն, որ մեր ներկայ օրացոյցով սեպտեմբեր–հոկտեմբեր ամիսներն են (տե՛ս Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, հատոր Բ., էջ 56-57 [անգլերէնով], հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ)։

^ պարբ. 6 Հետաքրքրական է, որ Արեւմտեան երկիրներուն մէջ Յիսուսի ծնունդը կը նշուի ոչ թէ 6 յունուարին, այլ՝ 25 դեկտեմբերին։ Իրականութեան մէջ, այդ օրը հեթանոս հռոմայեցիները կը տօնէին արեւի չաստուած՝ Միթրայի (Միհր) ծննդեան տարեդարձը, որ յետագային «քրիստոնէական» տօն պիտակուեցաւ եւ կոչուեցաւ Սուրբ Ծնունդ։

^ պարբ. 11 Օրէնքի ուխտը կը պահանջէր, որ ծննդաբերութենէ ետք կին մը Աստուծոյ մեղքի պատարագ մատուցանէր (Ղեւտացւոց 12։1-8)։ Ասիկա դառնօրէն կը յիշեցնէր, թէ մարդիկ իրենց զարմին մեղք կը փոխանցեն։ Այս օրինական պահանջը օգնեց իսրայէլացիներուն, որ երեխայի մը ծնունդին նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենան եւ, թերեւս ալ, զիրենք ետ կեցուց ծննդեան տարեդարձներու առնչուած հեթանոսական սովորութիւններ որդեգրելէ (Սաղմոս 51։5

^ պարբ. 13 Նկատառութեան արժանի է, թէ Զատիկը, որ անգլերէնով Easter կը կոչուի, առնչուած է Eostre–ի կամ Eastre–ի՝ արգասաբերութեան չաստուածուհիին։ Բառարանի մը համաձայն. «[Այս չաստուածուհին] լուսնին վրայ նապաստակ մը ունէր, որ հաւկիթ կը սիրէր։ Եւ ան երբեմն կը ներկայացուէր նապաստակի գլուխով մը» (The Dictionary of Mythology

^ պարբ. 18 Տե՛ս հարսանիքի եւ ընկերային հաւաքոյթներու շուրջ երեք յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են Դիտարան 1 նոյեմբեր 2006 թիւին մէջ, էջ 4-17։

^ պարբ. 20 Տե՛ս Դիտարան 15 փետրուար 2007, էջ 30-31 (անգլերէնով)։

^ պարբ. 24 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։