Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 16

Սատանային եւ իր հնարքներուն հակառա՛կ կեցէք

Սատանային եւ իր հնարքներուն հակառա՛կ կեցէք

«Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի» (ՅԱԿՈԲՈՍ 4։7

1, 2. Մկրտութիւնները որո՞նց ուրախութիւն կը պատճառեն։

ԵԹԷ տասնեակ տարիներէ ի վեր Եհովայի կը ծառայես, հաւանաբար բազմաթիւ անգամներ մտիկ ըրած ես մկրտութեան դասախօսութիւնը համաժողովներու ընթացքին։ Այսուհանդերձ, ամէն անգամ որ տեսնես առաջին շարքերուն վրայ նստած թեկնածուները ոտքի կը կանգնին, մկրտուելու իրենց փափաքը յայտնելու համար, հաւանաբար կը յուզուիս։ Այդ պահուն բոլոր ներկաները կ’ոգեւորուին եւ բուռն ծափահարութիւններով սրահը կը թնդացնեն։ Հաւանաբար աչքերդ կ’արցունքոտին, մինչ կը դիտես այդ արժէքաւոր անհատները, որոնք Եհովայի կողքին դիրք կը բռնեն։ Ի՜նչ ուրախալի պահեր են ասոնք։

2 Թէեւ մենք տարին քանի մը անգամ ականատես կ’ըլլանք մկրտութիւններու, սակայն հրեշտակները առանձնաշնորհումը ունին աւելի յաճախ դիտելու այս առիթները։ Կրնա՞ս պատկերացնել թէ որքա՜ն ‘ուրախութիւն պէտք է ըլլայ երկինքը’, մինչ անոնք կը դիտեն աշխարհի չորս կողմէն հազարաւորներ, ամէն շաբաթ Եհովայի տեսանելի կազմակերպութեան կը միանան (Ղուկաս 15։7, 10)։ Անկասկած, հրեշտակները ցնծութեամբ կը դիտեն այս յաւելումը (Անգէ 2։7

ՍԱՏԱՆԱՆ «ՄՌՆՉՈՂ ԱՌԻՒԾԻ ՊԷՍ ԿԸ ՊՏԸՏԻ»

3. Սատանան ինչո՞ւ «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի», եւ ան ի՞նչ կ’ուզէ ընել։

3 Բայց կան հոգեղէն արարածներ, որոնք այս մկրտութիւնները զայրոյթով կը դիտեն։ Անոնք Սատանան ու իր դեւերն են, որոնց համար զայրացուցիչ է տեսնել հազարաւորներ իրենց կռնակը կը դարձնեն այս ապականած աշխարհին։ Չմոռնանք, թէ Սատանան պարծենալով ըսած է թէ ո՛չ մէկը Եհովայի կը ծառայէ անկեղծ սէրէ մղուած եւ ո՛չ ոք հաւատարիմ պիտի մնայ խիստ փորձութեան ներքեւ (կարդա՛ Յոբ 2։4, 5)։ Ամէն անգամ որ անհատ մը իր անձը Եհովայի նուիրէ, կը փաստուի թէ Սատանան ստախօս է։ Կարծես թէ ան ամէ՛ն շաբաթ հազարաւոր ապտակներ կը ստանայ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Զարմանալի չէ որ ան «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետրոս 5։8)։ Այս «առիւծ»ը կը ջանայ մեզ ալ հոգեւորապէս կլլել, պատճառ դառնալով որ Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութեան վնաս հասցնենք կամ նոյնիսկ զայն բոլորովին խզենք (Սաղմոս 7։1, 2. Բ. Տիմոթէոս 3։12

Ամէն անգամ որ անհատ մը իր անձը Եհովայի նուիրէ եւ մկրտուի, կը փաստուի թէ Սատանան ստախօս է

4, 5. ա) Սատանան ի՞նչ երկու կարեւոր բաներ չի կրնար ընել։ բ) Ճշմարիտ քրիստոնեան ի՞նչ բանէ կրնայ վստահ ըլլալ։

4 Թէեւ վայրագ թշնամի մը կը դիմագրաւենք, սակայն պէտք չէ սարսափինք իրմէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան այդ «մռնչող առիւծի»ն անսահման ազատութիւն չէ տուած։ Սատանան երբեք չի կրնար ընել երկու կարեւոր բաներ. առաջին՝ Սատանան չի կրնար Աստուծոյ ժողովուրդը որպէս ամբողջութիւն ոչնչացնել, քանի որ Եհովան նախագուշակած է թէ ճշմարիտ քրիստոնեաներու «մեծ բազմութիւն մը» պիտի ազատի «մեծ նեղութենէն», եւ Սատանան ասիկա լաւ գիտէ (Յայտնութիւն 7։9, 14)։ Իսկ Աստուծոյ մարգարէութիւնները բնաւ չեն ձախողիր։

5 Երկրորդ կարեւոր բանը, կարելի է եզրակացնել Ազարիայի՝ Աստուծոյ հաւատարիմ մէկ վաղեմի ծառային խօսքերէն, որոնք կը յայտնեն հիմնական ճշմարտութիւն մը, երբ Ասա թագաւորին ըսաւ. «Տէրը ձեզի հետ է, քանի որ դուք անոր հետն էք» (Բ. Մնացորդաց 15։2. կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 10։13)։ Աստուածաշունչին մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան թէ Սատանան միշտ ալ ձախողած է կլլել ոեւէ անհատ, որ իր փոխյարաբերութիւնը պահած է Աստուծոյ հետ (Եբրայեցիս 11։4-40)։ Այսօր ալ, Աստուծոյ մօտիկ մնացող քրիստոնեան պիտի կարենայ Սատանային հակառակ կենալ եւ նոյնիսկ յաղթել անոր։ Արդարեւ, Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը հաւաստիացնէ. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի» (Յակոբոս 4։7

«ՄԵՐ ԳՕՏԵՄԱՐՏԸ. . . ՉԱՐ ՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ» Է

6. Սատանան ինչպէ՞ս կը կռուի իւրաքանչիւր քրիստոնեայի հետ անհատապէս։

6 Ճիշդ է որ Սատանան այս այլաբանական պատերազմին մէջ յաղթանակ չի կրնար տանիլ, բայց կրնայ իւրաքանչիւրիս յաղթել անհատապէս, եթէ արթուն չըլլանք։ Ան գիտէ թէ կրնայ մեզ կլլել, եթէ կարենայ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը տկարացնել։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ ընել։ Մեր վրայ ուժգնօրէն յարձակելով, առանձնաբար գօտեմարտելով եւ խորամանկ հնարքներ գործածելով։ Քննարկենք Սատանայի այս երեք գլխաւոր ռազմավարութիւնները։

7. Սատանան ինչո՞ւ ուժգնօրէն կը յարձակի Եհովայի ժողովուրդին վրայ։

7 Ուժգին յարձակումներ։ Յովհաննէս առաքեալ ըսաւ. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Այս խօսքերը բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար զգուշացում մը կը բովանդակեն։ Սատանան արդէն իսկ կլլած ըլլալով ամբողջ ամբարիշտ մարդկութիւնը, այժմ ան իր յարձակումները կեդրոնացուցած ու սաստկացուցած է Եհովայի ժողովուրդին վրայ, որ մինչեւ հիմա իր ճիրաններէն խոյս տուած է (Միքիա 4։1. Յովհաննէս 15։19. Յայտնութիւն 12։12, 17)։ Ան շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ ունի։ Ուստի ան իր ճնշումները սաստկացուցած է։ Այսօր ան իր վերջին վայրագ ջանքերը կը թափէ, Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը խզելու համար։

8. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ թէ չար ոգիներուն դէմ «գօտեմարտ» ունինք։

8 Անհատապէս գօտեմարտիլ։ Պօղոս առաքեալ իր հաւատակիցները զգուշացուց. «Մեր գօտեմարտը. . . երկնաւոր վայրերու մէջ եղող չար ոգիներուն հետ [է]» (Եփեսացիս 6։12, ԱԾ)։ Պօղոս ինչո՞ւ «գօտեմարտ» արտայայտութիւնը գործածեց։ Որովհետեւ անիկա ձեռքերով կռուելու գաղափարը կը հաղորդէ։ Ուստի այդ արտայայտութիւնը գործածելով, Պօղոս ընդգծեց թէ իւրաքանչիւրս չար ոգիներուն հետ անձնական կռիւ ունինք։ Նոյնիսկ եթէ կ’ապրինք երկրի մը մէջ, ուր մարդիկ չար ոգիներու գոյութեան չեն հաւատար, բնաւ պէտք չէ մոռնանք, թէ այն օրը որ Եհովայի նուիրուեցանք, այս «գօտեմարտ»ին միջամուխ եղանք։ Այսինքն՝ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, առնուազն իր նուիրումէն ասդին, այս գօտեմարտին մէջ բաժին ունի։ Զարմանալի չէ, որ Պօղոս հարկ զգաց երեք անգամ Եփեսոսի քրիստոնեաները յորդորելու որ ‘հաստատ կանգնին’ (Եփեսացիս 6։11, 13, 14, ՆԱ

9. ա) Սատանան եւ իր դեւերը ինչո՞ւ այլազան խորամանկ «հնարքներ» կը գործածեն։ բ) Սատանան ինչո՞ւ կը ջանայ մեր մտածելակերպը ապականել եւ ինչպէ՞ս կրնանք իր թափած ջանքերուն ընդդիմանալ (տե՛ս « Զգուշացի՛ր Սատանայի խորամանկութենէն» շրջանակը)։ գ) Այժմ ո՞ր խորամանկ հնարքը պիտի քննարկենք։

9 Խորամանկ հնարքներ։ Պօղոս քրիստոնեաները կը յորդորէ որ Սատանայի «հնարքներուն» դէմ հաստատ կանգնին (Եփեսացիս 6։11)։ Նկատի առ թէ Պօղոս հոս յոգնակի կերպով կը խօսի։ Ուրեմն չար ոգիները ոչ թէ մէկ հնարք կը գործածեն, հապա այլազան խորամանկ հնարքներ, եւ ասիկա կ’ընեն վաւերական պատճառով մը։ Կարգ մը հաւատացեալներ, ժամանակի ընթացքին որոշ փորձութեան մը դէմ հաստատ կանգնած են, սակայն տարբեր փորձութեան մը դիմաց տեղի տուած են։ Ուստի Բանսարկուն եւ իր դեւերը իւրաքանչիւրիս վարուելակերպը մօտէն կը քննեն, գիտնալու համար մեր ամենատկար կէտը։ Ապա անոնք այդ հոգեւոր տկարութիւնը կ’օգտագործեն Աստուծոյ հետ մեր փոխյարաբերութիւնը խզելու համար։ Սակայն ուրախ ենք որ Բանսարկուին շատ մը մեթոտները գիտենք, քանի որ անոնք Աստուածաշունչին մէջ քօղազերծուած են (Բ. Կորնթացիս 2։11)։ Այս հրատարակութեան սկիզբի գլուխներուն մէջ, մենք քննարկեցինք Սատանայի կարգ մը հնարքները, ինչպէս՝ նիւթապաշտութեան հրապոյրը, վնասակար ընկերակցութիւնը եւ սեռային անբարոյութիւնը։ Այժմ քննարկենք Սատանայի մէկ ա՛յլ խորամանկ հնարքը՝ ոգեհարցութիւնը։

ՈԳԵՀԱՐՑՈՒԹԵԱՄԲ ԶԲԱՂԻԼԸ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ Է

10. ա) Ի՞նչ է ոգեհարցութիւնը։ բ) Եհովան ոգեհարցութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէ, իսկ դուն ինչպէ՞ս կը նկատես զայն։

10 Ոգեհարցութեամբ կամ դիւային բաներով զբաղող անհատը ուղղակի կը հաղորդակցի չար ոգիներուն հետ։ Իսկ գուշակութիւնը, կախարդութիւնը, հմայութիւնը եւ մեռելահմայութիւնը, ոգեհարցութեան կարգ մը տեսակներն են։ Ինչպէս որ գիտենք, Եհովան ոգեհարցութիւնը «գարշելի բան» կը նկատէ (Բ. Օրինաց 18։10-12. Յայտնութիւն 21։8)։ Քանի որ մենք ալ պէտք է ‘չարէն զզուինք’, ուստի անընդունելի է ոգեղէն չար ուժերու հետ հաղորդակցիլ (Հռովմայեցիս 12։9)։ Այլապէս այս զզուելի արարքը մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի դէմ դաւաճանութիւն պիտի ըլլայ։

11. Ինչո՞ւ Սատանան մեծ յաղթանակ տարած կ’ըլլայ, եթէ յաջողի մեզմէ մէկը ոգեհարցութեան հրապուրել. բացատրէ՛։

11 Քանի որ ոգեհարցութեամբ զբաղիլը Եհովայի դէմ մեծ դաւաճանութիւն է, Սատանան վճռած է մեզմէ ոմանք անոր միջամուխ ընել։ Ամէն անգամ որ ան յաջողի քրիստոնեայ մը դիւապաշտութեան հրապուրել, ան մեծ յաղթանակ մը կը տանի։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առ օրինակով մը. եթէ զինուոր մը իր բանակը լքէ եւ թշնամի բանակին միանայ, թշնամի բանակին հրամանատարը շատ կ’ուրախանայ։ Հաւանաբար ան նոյնիսկ դաւաճան զինուորը բոլորին առջեւ կայնեցնելով անով պարծենայ, որպէսզի անոր նախկին հրամանատարը խայտառակէ։ Նոյնպէս, եթէ քրիստոնեայ մը ոգեհարցութեան դիմէ, ան յօժարակամ ու գիտակցաբար կը լքէ Եհովան եւ ինքզինք ուղղակի Սատանայի հրամանատարութեան տակ կը դնէ։ Պատկերացուր թէ Սատանան որքա՜ն պիտի ուրախանայ եւ պարծենայ այդ դասալիք զինուորով, զայն պատերազմի աւար սեպելով։ Մեզմէ ոեւէ մէկը պիտի ուզէ՞ այսպիսի յաղթանակ մը շնորհել Սատանային։ Անշուշտ ո՛չ։ Մենք դաւաճանութիւն չենք ըներ։

ԿԱՍԿԱԾ ԱՐԹՆՑՆՈՂ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒՂՂԵԼ

12. Սատանան ի՞նչ մեթոտ կը գործածէ ոգեհարցութեան նկատմամբ մեր տեսակէտը փոխելու համար։

12 Այնքան ատեն որ ոգեհարցութիւնը կ’ատենք, Սատանան զայն գործածելով իր նպատակին պիտի չհասնի։ Ուստի ան կը գիտակցի, թէ պէտք է փոխէ մեր մտածելակերպը։ Ինչպէ՞ս։ Ան կերպեր կը փնտռէ քրիստոնեաները շփոթեցնելու այն աստիճան, որ ոմանք խորհին թէ ‘չարը բարի է ու բարին՝ չար’ (Եսայի 5։20)։ Ասիկա ընելու համար, Սատանան յաճախ կը գործածէ իր յաջողած մեթոտներէն մէկը. կասկած արթնցնող հարցումներ ուղղել։

13. Սատանան ինչպէ՞ս կասկածներ արթնցնող հարցումներ ուղղելու մեթոտը գործածեց։

13 Նկատի առ թէ Սատանան այս մեթոտը ինչպէս գործածեց անցեալին։ Եդեմի մէջ, ան Եւայի հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ Յոբի օրերուն, երկինքի մէջ հրեշտակներու ժողովի մը ընթացքին, Սատանան սա հարցումը ուղղեց. «Միթէ Յոբ ձրի՞ Աստուած կը պաշտէ»։ Իսկ Յիսուսի երկրային ծառայութեան սկիզբը, Սատանան Քրիստոսի ասպարէզ կարդաց, ըսելով. «Եթէ դուն Աստուծոյ Որդին ես, ըսէ որ այս քարերը հաց ըլլան»։ Պատկերացուր, որ Յիսուսի հետ խօսած ատեն Սատանան յանդգնեցաւ ծաղրել Եհովան, կասկածի տակ դնելով անոր խօսքերը. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Ծննդոց 3։1. Յոբ 1։9. Մատթէոս 3։17. 4։3

14. ա) Սատանան ինչպէ՞ս կը գործածէ ոգեհարցութեան նկատմամբ կասկածներ արթնցնելու իր մեթոտը։ բ) Այժմ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

14 Ներկայիս, Բանսարկուն նոյնանման մեթոտ մը կը գործածէ, ջանալով ոգեհարցութեան վնասակար ըլլալուն շուրջ կասկած արթնցնել։ Ցաւօք սրտի, ան յաջողած է կարգ մը հաւատացեալներու մտքին մէջ կասկածներ արթնցնել։ Անոնք սկսած են հարցականի տակ դնել ոգեհարցութեան կարգ մը տեսակներուն վնասակար ըլլալը։ (Բ. Կորնթացիս 11։3)։ Ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսիներուն օգնել որ իրենց մտածելակերպը բարեփոխեն։ Ի՞նչ կրնանք ընել որ Սատանային այդ մեթոտը մեզի չազդէ։ Պատասխանը առնելու համար, նկատի առնենք կեանքի երկու մարզեր, որոնք Սատանան խորամանկութեամբ վարակած է ոգեհարցական տարրերով. ժամանցը եւ առողջապահութիւնը։

ՍԱՏԱՆԱՆ Կ’ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ ՄԵՐ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՐԻՔՆԵՐԸ

15. ա) Արեւմտեան երկիրներու մէջ շատեր ոգեհարցութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատեն։ բ) Կարգ մը քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս ազդուած են ոգեհարցութեան շուրջ աշխարհի տեսակէտէն։

15 Յատկապէս Արեւմտեան երկիրներուն մէջ, մարդիկ հետզհետէ աւելի թեթեւի կ’առնեն կախարդագիտութիւնը, վհուկութիւնը եւ ոգեհարցութեան ա՛յլ տեսակներ։ Ֆիլմերու, գիրքերու, հեռատեսիլի յայտագիրներու եւ համակարգչային խաղերու մէջ, անոնք կը ներկայացուին իբրեւ միտք սրող եւ անվնաս զուարճութիւն։ Խորհրդապաշտական կարգ մը ֆիլմեր ու գիրքեր այնքան ժողովրդականութիւն գտած են, որ անոնցմով խանդավառուած անհատներ համակիրներու ակումբներ հիմնած են։ Բացայայտ է թէ դեւերը յաջողած են որ մարդիկ խորհրդապաշտութեան վտանգները թեթեւի առնեն։ Այս հոսանքը քրիստոնեաներուն ալ ազդա՞ծ է։ Այո, ոմանց ազդած է։ Ի՞նչ կերպով։ Օրինակի համար, քրիստոնեայ մը խորհրդապաշտական ֆիլմ մը դիտելէ ետք, ըսաւ. «Ֆիլմը դիտեցի, բայց ոգեհարցութեամբ չզբաղեցայ»։ Ինչո՞ւ այսպիսի մտածելակերպ մը վտանգաւոր է։

16. Ինչո՞ւ վտանգաւոր է ընտրել այնպիսի ժամանց, որուն գլխաւոր նիւթը ոգեհարցութիւնն է։

16 Թէեւ ոգեհարցութեամբ զբաղելուն եւ զայն դիտելուն միջեւ տարբերութիւն կայ, բայց ասիկա չի նշանակեր թէ զայն դիտելը վտանգաւոր չէ։ Ինչո՞ւ։ Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ թէ ո՛չ Սատանան եւ ոչ ալ իր դեւերը կարող են մեր միտքը կարդալ *։ Ուստի ինչպէս նախապէս նշեցինք, մեր մտածածը եւ մեր հոգեւոր տկարութիւնները գիտնալու համար, անոնք պէտք է մօտէն քննեն մեր արարքները, ներառեալ՝ ժամանցի մեր ընտրութիւնը։ Երբ քրիստոնեայ մը ցոյց տայ թէ ինք հաճոյք կ’առնէ ոգեհարցութիւն, հմայութիւն, դիւահարութիւն կամ նման բաներ բովանդակող ֆիլմերէ կամ գիրքերէ, ան կարծես թէ իր մէկ տկար կէտը կը յայտնէ դեւերուն։ Հետեւաբար, դեւերը այդ քրիստոնեային հետ իրենց գօտեմարտը կը սաստկացնեն, օգտագործելով անոր իսկ յայտնած տկարութիւնը, մինչեւ որ զինք գետին տապալեն։ Արդարեւ, սկիզբը ժամանցի միջոցաւ ոգեհարցութեամբ հետաքրքրուողներէն ոմանք, ի վերջոյ անով զբաղած են (կարդա՛ Գաղատացիս 6։7, 8ա

Օգտուէ՛ հիւանդութեան ատեն Եհովայի մատուցած օգնութենէն

17. Ո՞ր հնարքին միջոցաւ Սատանան կրնայ հիւանդները օգտագործել։

17 Սատանան ոչ միայն կը ջանայ օգտագործել մեր ժամանցի փափաքը, այլեւ առողջապահական խնամք ստանալու մեր կարիքը։ Ինչպէ՞ս։ Քրիստոնեայ մը, որուն առողջութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ, կրնայ վհատիլ, մանաւանդ երբ բուժում գտնելու իր ջանքերը ի դերեւ ելլեն (Մարկոս 5։25, 26)։ Ասիկա Սատանայի եւ իր դեւերուն համար կրնայ զինք օգտագործելու լաւագոյն առիթը ըլլալ։ Դեւերը կը հրապուրեն ճարահատ հիւանդը որ դիմէ բուժումներու կամ դարմաններու, որոնք «մոգական ուժեր»ու գործածութիւն կամ ոգեհարցութիւն կը պարփակեն (Եսայի 1։13, ՆԱ)։ Եթէ դեւերուն այդ հնարքը յաջողի, անիկա Աստուծոյ հետ հիւանդին փոխյարաբերութիւնը կը տկարացնէ։ Ինչպէ՞ս։

18. Քրիստոնեան ինչպիսի՞ մեթոտներ պէտք է մերժէ եւ ինչո՞ւ։

18 Եհովան «մոգական ուժեր» օգտագործող իսրայէլացիները զգուշացուց, ըսելով. «Երբ ձեռքերնիդ տարածէք, աչքերս ձեզմէ պիտի ծածկեմ, նաեւ երբ աղօթքնիդ շատցնէք, պիտի չլսեմ» (Եսայի 1։15)։ Անշուշտ, միշտ կ’ուզենք խուսափիլ որեւէ բանէ, որ կրնայ մեր աղօթքներուն արգելք հանդիսանալ եւ Եհովայէ ստացած մեր օգնութիւնը նուազեցնել, որուն շատ կարիքը ունինք յատկապէս երբ հիւանդ ենք (Սաղմոս 41։3)։ Ուստի, եթէ յստակ դառնայ թէ ախտաճանաչման կամ բուժման որոշ մեթոտ մը ոգեհարցական տարրեր կը բովանդակէ, ճշմարիտ քրիստոնեան զայն պէտք է մերժէ (Մատթէոս 6։13) *։ Այսպիսով ան վստահ պիտի ըլլայ որ Եհովայի աջակցութիւնը կը վայելէ (տե՛ս « Արդեօք ոգեհարցութեան առնչուա՞ծ է» շրջանակը)։

ԴԵՒԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

19. ա) Բանսարկուն շատերը խաբած է, որ իր զօրութեան մասին ի՞նչ կարծեն։ բ) Ճշմարիտ քրիստոնեաները ո՞ր պատմութիւններէն պէտք է խուսափին։

19 Մինչ Արեւմտեան երկիրներուն մէջ շատեր թեթեւի կ’առնեն Սատանայի զօրութեան վտանգները, աշխարհի միւս մասերուն մէջ մարդիկ Սատանայէն կը սարսափին։ Ան կրցած է զիրենք խաբել, որ ինք իրենց կարծածէն աւելի ոյժ ունի։ Ոմանց առօրեան ցոյց կու տայ, թէ իրենք չար ոգիներէն շատ կը վախնան։ Այդ երկիրներուն մէջ շատ տարածուած են դեւերու մասին պատմութիւններ, որոնք մարդիկ հաճոյքով կը պատմեն, իսկ ուրիշներ հետաքրքրութեամբ մտիկ կ’ընեն։ Ճշմարիտ Աստուծոյ ծառաները պէ՞տք է այսպիսի պատմութիւններ տարածեն։ Ո՛չ, եւ երկու կարեւոր պատճառներով։

20. Ինչպէ՞ս կարելի է որ քրիստոնեան անգիտակցաբար Սատանային փրոփականտը յառաջ մղէ։

20 Առաջին պատճառը։ Երբ դեւերուն քաջագործութիւններուն մասին պատմութիւններ տարածենք, Սատանային շահերը յառաջ կը տանինք։ Ինչպէ՞ս։ Աստուծոյ Խօսքը կը հաստատէ թէ Սատանան կարող է հզօր գործեր կատարել, բայց նաեւ կը զգուշացնէ թէ ան «սուտ հրաշքներ» ու «խաբէութիւն» կը գործածէ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։9, 10)։ Քանի որ Սատանան գլխաւոր խաբեբան է, ան գիտէ ինչպէ՛ս ազդել ոգեհարցութենէ ախորժող մարդոց մտքերուն եւ ինչպէ՛ս զիրենք մղել որ հաւատան սուտերու։ Այսպիսիներ թերեւս իսկապէս հաւատան, թէ իրենք որոշ բաներ տեսած կամ լսած են եւ ատոնց մասին պատմեն որպէս ճշմարտութիւն։ Ժամանակի ընթացքին, այդ պատմութիւնները բերնէ բերան պատմուելով կ’ըլլան գերան։ Եթէ քրիստոնեայ մը այսպիսի պատմութիւններ տարածէ, խորքին մէջ ան Բանսարկուին՝ ‘ստութեան հօր’ կամքը կատարած կ’ըլլայ եւ անոր փրոփականտը յառաջ մղած կ’ըլլայ (Յովհաննէս 8։44. Բ. Տիմոթէոս 2։16

21. Մեր զրոյցները ի՞նչ բանի վրայ կ’ուզենք կեդրոնացնել։

21 Երկրորդ պատճառը։ Նոյնիսկ եթէ քրիստոնեան անցեալին կապ ունեցած է չար ոգիներու հետ, ան պէտք է խուսափի ատոր մասին կրկին անգամ հաւատակիցներուն պատմելէ։ Ինչո՞ւ։ Մեզի յորդոր տրուած է. «Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին» (Եբրայեցիս 12։2)։ Արդարեւ, պէտք է մեր կեդրոնացումը Քրիստոսի վրայ ըլլայ, եւ ոչ թէ՝ Սատանայի։ Ուշագրաւ է, որ երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, ան իր աշակերտները չզուարճացուց պատմելով չար ոգիներուն մասին պատմութիւններ, թէեւ ան շատ բան կրնար պատմել, թէ Սատանան ինչ կրնայ եւ ինչ չի կրնար ընել։ Փոխարէն ան կեդրոնացաւ Թագաւորութեան պատգամին վրայ։ Հետեւաբար, Յիսուսի ու առաքեալներուն օրինակին հետեւելով, կ’ուզենք մեր խօսակցութիւնները կեդրոնացնել «Աստուծոյ մեծամեծ բաներու»ն վրայ (Գործք 2։11. Ղուկաս 8։1. Հռովմայեցիս 1։11, 12

22. Ինչպէ՞ս կրնանք շարունակել ‘երկնքի ուրախութեան’ նպաստել։

22 Ճիշդ է որ Սատանան զանազան հնարքներ կը գործածէ, ինչպէս ոգեհարցութիւնը, խզելու համար Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը, սակայն չարը ատելով եւ բարիին յարելով, Բանսարկուին առիթ չենք տար որ ոգեհարցութեան բոլոր տեսակները մերժելու մեր վճռականութիւնը տկարացնէ (կարդա՛ Եփեսացիս 4։27)։ Երեւակայէ թէ ի՜նչ մեծ «ուրախութիւն պիտի ըլլայ երկինքը», եթէ շարունակենք «Սատանային հնարքներուն դէմ դնել», մինչեւ որ ան գոյութենէ դադրի (Ղուկաս 15։7. Եփեսացիս 6։11

^ պարբ. 16 Սատանայի տրուած տիտղոսները (Հակառակորդ, Զրպարտիչ, Խաբեբայ, Փորձիչ, Ստախօս) չեն հասցներ այն եզրակացութեան թէ ան կրնայ մեր սիրտն ու միտքը կարդալ։ Սակայն Եհովան նկարագրուած է որպէս «սրտերը փորձողը», իսկ Յիսուս, որպէս ‘երիկամունքները ու սրտերը քննողը’ (Առակաց 17։3. Յայտնութիւն 2։23

^ պարբ. 18 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս «Առողջապահական քննութիւն մը, ձեզի՞ համար» յօդուածը, Դիտարան 15 դեկտեմբեր 1994, էջ 19-22 (անգլերէնով), եւ «Աստուածաշունչի տեսակէտը. Կարեւո՞ր է թէ ինչպիսի բժշկական դարմանում մը կ’ընտրես» յօդուածը, Զարթի՛ր 8 յունուար 2001 (անգլերէնով)։