Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

Վտարուածի մը հետ ինչպէ՛ս վարուիլ

Վտարուածի մը հետ ինչպէ՛ս վարուիլ

Կարելի չէ երեւակայել այն խոր վիշտը, երբ չզղջացող ազգական մը կամ սերտ բարեկամ մը ժողովքէն կը վտարուի։ Այս հարցին վերաբերեալ Աստուածաշունչի ուղղութեան նկատմամբ մեր կեցուածքն է, որ ցոյց պիտի տայ Աստուծոյ հանդէպ մեր խոր սէրը եւ իր կարգադրութեան հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը *։ Նկատի առնենք այս նիւթին շուրջ ծագող կարգ մը հարցումներ։

Վտարուածի մը հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք» (Ա. Կորնթացիս 5։11)։ Իսկ այն անձին նկատմամբ որ «Քրիստոսին վարդապետութեանը մէջ չի կենար», կը կարդանք. «Զանիկա տուներնիդ մի՛ ընդունիք եւ անոր բարեւ մի՛ տաք։ Քանզի ով որ բարեւ տայ, անոր չար գործերուն հաղորդակից կ’ըլլայ» (Բ. Յովհաննէս 9-11)։ Ուստի վտարուածներուն հետ հոգեւոր կամ բարեկամական ընկերակցութիւն չենք ունենար։ Դիտարան 1 հոկտեմբեր 1982, էջ 17–ին մէջ կ’ըսուի. «Պարզ ‘Բարեւ’ մը առաջին քայլն է խօսակցութիւն մը սկսելու կամ նոյնիսկ բարեկամութիւն մը հաստատելու։ Վտարուած անձի մը հետ այդ առաջին քայլը կ’ուզե՞նք առնել»։

Վտարուած անհատէն ամբողջովին հեռու մնալը իրապէ՞ս անհրաժեշտ է։ Այո՛, եւ բազմաթիւ պատճառներով։ Առաջին՝ այդպէս վարուելով մենք ցոյց կու տանք Աստուծոյ ու անոր Խօսքին հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը։ Եհովայի կը հնազանդինք ոչ միայն երբ մեզի դիւրին է, այլ նաեւ, երբ՝ իրապէս դժուար է։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը մեզ կը մղէ իր բոլոր պատուիրաններուն հնազանդելու, ընդունելով թէ ան արդար ու սիրալիր է եւ իր օրէնքները մեր լաւագոյն օգտին համար են (Եսայի 48։17. Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Երկրորդ՝ անզեղջ յանցագործէն հեռու մնալը մեզ եւ ժողովքը կը պաշտպանէ հոգեւոր ու բարոյական ապականութենէ, եւ ժողովքին անունը մաքուր կը պահէ (Ա. Կորնթացիս 5։6, 7)։ Երրորդ՝ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն մեր կառչած մնալը կրնայ նոյնիսկ վտարուած անհատին օգտակար ըլլալ։ Դատական յանձնախումբի որոշումին թիկունք կանգնելով կրնանք յանցագործին սրտին դպչիլ, որ մերժած է երէցներուն օգնութիւնը։ Սիրելիներու հետ թանկագին ընկերակցութիւն կորսնցնելը կրնայ իրեն օգնել ‘ինքզինքին գալու’, իր սխալին լրջութիւնը տեսնելու եւ Եհովայի վերադառնալու համար քայլեր առնելու (Ղուկաս 15։17

Ի՞նչ ընել եթէ հարազատ մը վտարուի։ Այս պարագային, ընտանիքի անդամներուն միջեւ եղած սերտ կապը կրնայ հաւատարմութեան իսկական փորձութիւն մը ըլլալ։ Վտարուած հարազատի մը հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք։ Այս յաւելուածին մէջ չենք կրնար քննարկել բոլոր պարագաները, բայց պիտի կեդրոնանանք հիմնական երկու հատին վրայ։

Երբեմն, վտարուած անհատը կրնայ ընտանիքին մէկ անդամը ըլլալ, որ միեւնոյն տան մէջ կ’ապրի։ Վտարուած ըլլալով հանդերձ, ան տակաւին ընտանիքին անդամն է եւ ընտանեկան առօրեայ գործունէութիւններուն եւ գործառնութիւններուն կրնայ մասնակցիլ։ Սակայն վտարուածը իր ընթացքով ընտրած է իր ու իր հաւատացեալ ընտանիքի անդամներուն միջեւ եղող հոգեւոր կապը խզել։ Ուստի ընտանիքի հաւատարիմ անդամները վտարուածին հետ հոգեւոր ընկերակցութիւն չեն ունենար։ Օրինակ՝ նոյնիսկ երբ վտարուածը ներկայ է ընտանեկան պաշտամունքին, ան իր մասնակցութիւնը չի բերեր։ Սակայն, եթէ վտարուածը անչափահաս զաւակ մըն է, ծնողները տակաւին պատասխանատուութիւնը ունին անոր սորվեցնելու եւ կրթելու։ Ուստի սիրալիր ծնողներ կրնան իրենց զաւկին հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն վարել (Առակաց 6։20-22. 29։17) *։

Պարագան տարբեր է, երբ վտարուած հարազատը նոյն տունին մէջ չ’ապրիր։ Թէեւ շատ հազուադէպ պարագաներու հարկ ըլլայ անոր հետ հաղորդակցիլ, ինչպէս՝ ընտանեկան անհրաժեշտ հարց մը լուծել, բայց ասիկա պէտք է ըլլայ նուազագոյն չափով։ Քրիստոնեայ ընտանիքի մը հաւատարիմ անդամները պատրուակներ չեն փնտռեր անոր հետ գործառնութիւններ ունենալու։ Փոխարէն, Եհովայի ու իր կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը զիրենք կը մղէ, որ վտարումի աստուածաշնչական կարգադրութեան թիկունք կանգնին։ Անոնց հաւատարիմ ընթացքը յանցագործին լաւագոյն շահերը ի մտի ունի եւ այդ ընթացքը կրնայ անոր օգնել, որ իր ստացած կրթութենէն օգտուի (Եբրայեցիս 12։11) *։

^ պարբ. 1 Այս նիւթին շուրջ Աստուածաշունչի սկզբունքները նաեւ կը կիրարկուին ժողովքին հետ իրենց ընկերակցութիւնը խզած անհատներուն։

^ պարբ. 2 Տան մէջ ապրող վտարուած անչափահաս զաւակներու մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Դիտարան 1 հոկտեմբեր 2001, էջ 16-17, եւ 1 մայիս 1989, էջ 29։

^ պարբ. 3 Վտարուած հարազատի մը հետ ինչպէս վարուելու նկատմամբ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս աստուածաշնչական խրատները որոնք քննարկուած են Դիտարան 1 հոկտեմբեր 1988 թիւին մէջ, էջ 25-29, եւ 1 հոկտեմբեր 1982 թիւին մէջ, էջ 18-23։