Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 17

‘Շինեցէք դուք ձեզ՝ ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ’

‘Շինեցէք դուք ձեզ՝ ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ’

«Շինելով դուք ձեզ՝ ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ. . . պահեցէ՛ք դուք ձեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ» (ՅՈՒԴԱ 20, 21, ԱԾ

1, 2. Շինարարական ի՞նչ ծրագրի մը վրայ կ’աշխատիս, եւ գործիդ որակը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է։

ԺԱՄԱՆԱԿԷ մը ի վեր ժրաջանօրէն կ’աշխատիս շինարարական ծրագրի մը վրայ եւ զայն ամբողջացնելը շատ ժամանակի կը կարօտի։ Մինչեւ օրս աշխատանքը դժուար էր, բայց՝ գոհացուցիչ։ Ինչ որ ալ պատահի, վճռած ես չյանձնուիլ կամ չծուլանալ, քանի որ գործիդ որակը պիտի ազդէ կեանքիդ, նոյնիսկ՝ ապագայիդ։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ այդ շինարարական ծրագիրը քու անձդ է։

2 Յուդա աշակերտ շեշտեց որ քրիստոնեաները ‘իրենք զիրենք Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեն’։ Նոյն հատուածին մէջ ան նաեւ յայտնեց ասիկա ընելու բանալին. «Շինելով դուք ձեզ՝ ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ» (Յուդա 20, 21, ԱԾ)։ Ինչպէ՞ս կրնաս դուն քեզ շինելով հաւատքդ աւելի զօրացնել, որպէսզի Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնաս։ Նկատի առնենք դուն քեզ շինելու երեք կերպեր։

ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ՛ ԵՀՈՎԱՅԻ ԱՐԴԱՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔ ԿԵՐՏԵԼ

3-5. ա) Եհովայի պահանջներուն նկատմամբ, Սատանան կ’ուզէ քեզ խաբել որ ինչպիսի՞ տեսակէտ մը ունենաս։ բ) Աստուծոյ պահանջներուն հանդէպ ինչպիսի՞ տեսակէտ մը պէտք է ունենանք, եւ անիկա ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ մեզի. լուսաբանէ։

3 Առաջին կերպն է՝ Աստուծոյ օրէնքին հանդէպ մեր հաւատքը զօրացնել։ Այս գիրքը ուսումնասիրելու ընթացքին, նկատի առիր վարքի առնչուած Եհովայի արդար պահանջներէն քանի մը հատը։ Ի՞նչ գաղափար կազմեցիր։ Սատանան կ’ուզէ քեզ խաբել որ Եհովայի օրէնքները, սկզբունքներն ու չափանիշները կաշկանդիչ նկատես, նոյնիսկ՝ ճնշիչ։ Ան այս մեթոտը կը գործածէ այն օրէն ի վեր, որ ատիկա Եդեմի մէջ յաջողութիւն գտաւ (Ծննդոց 3։1-6)։ Արդեօք այս մեթոտը գործածելով պիտի յաջողի՞ քեզ ալ խաբել։ Ասիկա կախեալ է Եհովայի օրէնքներուն հանդէպ քու տեսակէտէդ։

4 Լուսաբանենք. հաճելի զբօսավայրի մը մէջ քալելու միջոցին, կը նկատես որ բարձր պատնէշ մը պարտէզին մէկ մասը միւսէն կը բաժնէ։ Պատնէշին ետին գտնուող բաժինը շատ գրաւիչ կը թուի ըլլալ։ Սկիզբը թերեւս խորհիս թէ այդ պատնէշը անտեղի արգելք մըն է, որ ազատութիւնդ կը կաշկանդէ։ Սակայն մինչ աւելի ուշադրութեամբ կը դիտես, կը նկատես թէ միւս կողմը կատաղի դարանակալ առիւծ մը կը սպասէ։ Այն ատեն կ’անդրադառնաս որ այդ պատնէշը իսկապէս պաշտպանութիւն է։ Իսկ այժմ արդեօք կա՞յ վտանգաւոր դարանակալ գազան մը, որ քեզի կը սպասէ։ Աստուծոյ Խօսքը մեզի կը պատասխանէ, զգուշացնելով. «Արթո՛ւն կեցէք, հսկեցէ՛ք, վասն զի ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետրոս 5։8

5 Այո՛, Սատանան կատաղի գազան մըն է։ Եւ քանի որ Եհովան չ’ուզեր որ Սատանային զոհը դառնանք, Ան օրէնքներ հաստատած է, որոնք պատնէշի նման մեզ այդ չարին շատ մը «հնարքներ»էն կը պաշտպանեն (Եփեսացիս 6։11)։ Ուստի ամէն անգամ որ Աստուծոյ օրէնքներուն վրայ խոկանք, զանոնք պէտք է նկատենք մեր երկնաւոր Հօր սիրոյ դրսեւորումը։ Եթէ այդ տեսանկիւնէն դիտենք պիտի տեսնենք որ անոնք ապահովութեան եւ ուրախութեան աղբիւր են։ Յակոբոս աշակերտ գրեց. «Ան որ ազատութեան կատարեալ օրէնքին աչք տնկելով կը նայի եւ անոր մէջ կը կենայ. . . երանելի պիտի ըլլայ իր գործերուն մէջ» (Յակոբոս 1։25

6. Աստուծոյ արդար օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ հաւատք կերտելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է. օրինակ մը տուր։

6 Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն ապրիլը լաւագոյն կերպն է, որ մենք Օրէնսդիրին եւ անոր օրէնքներուն իմաստութեան հանդէպ հաւատք կերտենք։ Օրինակ՝ «Քրիստոսին օրէնքը» կը պարփակէ Յիսուսի սա պատուէրը. ուրիշներուն սորվեցնել ‘այն բոլոր բաները որ ինք պատուիրեց’ (Գաղատացիս 6։2. Մատթէոս 28։19, 20)։ Քրիստոնեաները նաեւ լուրջի կ’առնեն պաշտամունքի եւ շինիչ ընկերակցութեան համար քով–քովի հաւաքուելու պատուէրը (Եբրայեցիս 10։24, 25)։ Աստուծոյ պատուիրանները նաեւ կը յորդորեն կանոնաւորաբար, յաճախ ու սրտանց Եհովայի աղօթել (Մատթէոս 6։5-8. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։ Երբ այսպիսի պատուէրներու համաձայն կ’ապրինք, աւելի յստակօրէն կը տեսնենք թէ անոնք իրապէս սիրալիր ուղեգիծեր են։ Անոնց հնազանդիլը մեզի կու տայ այնպիսի ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն, որոնք երբեք չենք կրնար գտնել որեւէ տեղ այս խռոված աշխարհին մէջ։ Երբ խոկաս թէ Աստուծոյ օրէնքներուն համաձայն ապրելով ինչպէ՛ս օգտուած ես, անոնց հանդէպ հաւատքդ չզօ՞րանար։

7, 8. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս կը քաջալերէ անոնց, որոնք կը մտահոգուին որ ժամանակի ընթացքին պիտի չկարենան Եհովայի օրէնքներուն կառչիլ։

7 Երբեմն ոմանց կը մտահոգէ այն գաղափարը, թէ ժամանակի ընթացքին Եհովայի օրէնքներուն կառչիլը դժուար պիտի ըլլայ, նոյնիսկ անկարելի։ Եթէ երբեք դուն ալ այդպէս մտածես, սա խօսքերը միտքդ պահէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ։ Երանի՜ թէ իմ պատուիրանքիս մտիկ ընէիր։ Այն ատեն քու խաղաղութիւնդ՝ գետի պէս ու արդարութիւնդ ծովուն ալիքներուն պէս պիտի ըլլար» (Եսայի 48։17, 18)։ Արդեօք պահ մը խորհա՞ծ ես, թէ որքա՜ն քաջալերական են այս խօսքերը։

8 Այս խօսքերով Եհովան մեզի կը յիշեցնէ, թէ իրեն հնազանդելով մենք մեր անձին օգտակար կ’ըլլանք։ Ան մեզի կը խոստանայ երկու օրհնութիւն։ Առաջին՝ մեր խաղաղութիւնը գետի պէս պիտի ըլլայ. անդորր, առատ ու յարատեւ։ Երկրորդ՝ մեր արդարութիւնը ծովու ալիքներուն պէս պիտի ըլլայ։ Երբ ծովեզերքը կայնիս եւ ալիքներուն անդադար ծովափ զարնուիլը դիտես, անկասկած պիտի զգաս թէ անոնք վերջ չունին՝ յարատեւ են։ Եհովան կ’ըսէ թէ եթէ իրեն հնազանդիս, քու արդարութիւնդ՝ ճիշդը ընելու ընթացքդ՝ ծովու ալիքներուն պէս վերջ պիտի չունենայ։ Այնքան ատեն որ կը ջանաս Իրեն հաւատարիմ մնալ, ան երբեք թոյլ պիտի չտայ որ սասանիս (կարդա՛ Սաղմոս 55։22)։ Այսպիսի սրտապնդիչ խոստումներ Եհովայի եւ իր արդար պահանջներուն հանդէպ հաւատքդ չե՞ն կերտեր։

‘ՁԳՏԷ՛ ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԵԱՆ’

9, 10. ա) Ինչո՞ւ քրիստոնեաներուն համար հասունութիւնը հոյակապ նպատակակէտ մըն է։ բ) Հոգեւոր հայեցակէտը ինչպէ՞ս կը նպաստէ ուրախութեան։

9 Դուն քեզ շինելու երկրորդ կերպը կը բացայայտուի հետեւեալ ներշնչեալ խօսքերուն մէջ. «Շարունակենք ձգտիլ հասունութեան» (Եբրայեցիս 6։1, ՆԱ)։ Քրիստոնեային համար հասունութիւնը հոյակապ նպատակակէտ մըն է։ Թէեւ մենք ներկայիս չենք կրնար հասնիլ կատարելութեան, բայց կրնանք հասնիլ հասունութեան։ Ասկէ զատ, քրիստոնեաները որքա՛ն հասունութեան հասնին, այնքա՛ն աւելի ուրախ կը զգան Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Ինչո՞ւ։

10 Հասուն քրիստոնեան հոգեւոր անձ է։ Ան հարցերը Եհովայի տեսանկիւնէն կը դիտէ (Յովհաննէս 4։23)։ Պօղոս գրեց. «Մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները» (Հռովմայեցիս 8։5)։ Մարմնաւոր հայեցակէտ ունեցողը քիչ ուրախութիւն կը զգայ, քանի որ անձնակեդրոն, կարճատես եւ նիւթական բաներու վրայ կը կեդրոնանայ։ Մինչդեռ հոգեւոր հայեցակէտ ունեցողը ուրախ է, քանի որ «երանելի Աստուծոյ»՝ Եհովայի վրայ կը կեդրոնանայ (Ա. Տիմոթէոս 1։11)։ Հոգեւոր անհատը կը տենչայ Եհովան հաճեցնել եւ ան նոյնիսկ փորձութեան ներքեւ ուրախ է։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ փորձութիւնները առիթներ կ’ընծայեն Սատանայի ստախօս ըլլալը փաստելու եւ մեր մէջ ուղղամտութիւն մշակելու, որոնք մեր երկնաւոր Հայրը կ’ուրախացնեն (Առակաց 27։11. կարդա՛ Յակոբոս 1։2, 3

11, 12. ա) Պօղոս քրիստոնեայի մը «զգայարանքներ»ուն մասին ի՞նչ ըսաւ, եւ «մարզուած» թարգմանուած բառին իմաստը ի՞նչ է։ բ) Մարմինը ի՞նչ մարզումի պէտք է ենթարկուի որ երթալով ճկունութիւն ունենայ։

11 Հոգեւորապէս հասուն ըլլալը մարզումի կը կարօտի։ Նկատի առ հետեւեալ համարը. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է, որոնց զգայարանքները սովորութեամբ վարժուած [«մարզուած», ՆԱ] են բարին ու չարը զանազանել» (Եբրայեցիս 5։14)։ Երբ Պօղոս կը խօսէր մեր զգայարանքները ‘մարզելու’ մասին, ան գործածեց յունարէն բառ մը, որ հաւանաբար կը գործածուէր առաջին դարուն Յունաստանի մարզարաններուն մէջ, քանի որ անիկա կրնայ թարգմանուիլ ‘մարզիկի մը նման մարզուիլ’։ Այս մարզումը ի՞նչ կը պարփակէ։

Մարզիկի մը մարմինը անհամար ժամեր մարզուելուն արդիւնքն է

12 Երբ ծնանք, մեր մարմինը մարզուած չէր։ Օրինակ՝ նորածինը հազիւ թէ կրնայ կառավարել իր ձեռքերն ու ոտքերը։ Ան աննպատակ իր թեւերը կը թափահարէ, նոյնիսկ ինքն իր դէմքին կը զարնէ, որուն պատճառաւ կը զարմանայ, երբեմն ալ կու լայ։ Սակայն մարմինը երթալով կը մարզուի։ Ան կը սկսի նախ սողալ, ետքը քալել եւ ի վերջոյ վազել *։ Վերադառնանք մարզիկի օրինակին։ Երբ տեսնես մարզիկ մը, որ օդին մէջ կը նետուի ու կը գալարուի ճկունութեամբ ու ճշգրտութեամբ,– կարծես թէ անոր մարմինը ներդաշնակօրէն գործող մեքենայ մը ըլլար,– գիտես թէ ասիկա պատահականօրէն չ’ըլլար, այլ անհամար ժամեր մարզուելուն արդիւնքն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ մարմնամարզանքը «քիչ բանի օգտակար է», ուստի որքա՜ն աւելի օգտակար է մեր հոգեւոր զգայարանքները մարզելը (Ա. Տիմոթէոս 4։8

13. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր զգայարանքները մարզել։

13 Այս գրքին մէջ քննարկեցինք շատ կէտեր, որոնք քեզի պիտի օգնեն զգայարանքներդ մարզելու, որպէսզի կարենաս որպէս հոգեւոր անձ Եհովայի հաւատարիմ մնալ։ Ուստի, երբ օրական որոշումներ կը կայացնես, խորհէ այդ աստուածային սկզբունքներուն ու օրէնքներուն մասին եւ աղօթէ։ Որոշում մը չառած, դուն քեզի հարցուր. ‘Աստուածաշնչական ո՞ր օրէնքները կամ սկզբունքները այս հարցին կը կիրարկուին։ Ինչպէ՞ս կրնամ զանոնք կիրարկել։ Ո՞ր ընթացքը պիտի ուրախացնէ երկնաւոր Հայրս’ (կարդա՛ Առակաց 3։5, 6. Յակոբոս 1։5)։ Այդպէս ընելով, զգայարանքներդ ա՛լ աւելի կը մարզուին եւ ասիկա քեզի կ’օգնէ որ իրապէս հոգեւոր անձ մը դառնաս եւ այդպէս ալ մնաս։

14. Հոգեւորապէս աճելու համար ինչպիսի՞ ախորժակ մը պէտք է մշակենք, սակայն ի՞նչ բանէ զգուշանալը պէտք չէ մոռնանք։

14 Թէեւ անհատը կրնայ հասունութեան հասնիլ, սակայն հոգեւոր աճումը կանգ չ’առներ։ Աճումը կախեալ է ուտելիքէն։ Ուստի Պօղոս նշեց. «Հաստատուն կերակուրը չափահասներուն համար է»։ Հաւատքդ կերտելու գլխաւոր կերպերէն մէկն է՝ շարունակ հաստատուն հոգեւոր սնունդ առնել։ Եւ եթէ սորվածդ ճիշդ կերպով կիրարկես՝ իմաստութեամբ վարուած կ’ըլլաս, քանի որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է»։ Հետեւաբար, պէտք է մեր Հօր հաղորդած թանկագին ճշմարտութիւններուն հանդէպ իսկական ախորժակ մշակենք (Առակաց 4։5-7. Ա. Պետրոս 2։2)։ Անշուշտ, աստուածային գիտութիւն եւ իմաստութիւն ձեռք բերելը, հովեր առնելու կամ հպարտանալու պատճառ մը չէ։ Մենք պէտք է մեր անձը կանոնաւորաբար քննենք, որպէսզի հպարտութիւնը կամ ա՛յլ տկարութիւն մը մեր սրտին մէջ արմատ չկապէ եւ չաճի։ Պօղոս գրեց. «Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք. քննեցէք ձեր անձերը» (Բ. Կորնթացիս 13։5

15. Սէրը ինչո՞ւ կենսական է հոգեւոր աճման համար։

15 Թէեւ տան մը շինարարութիւնը որոշ մէկ հանգրուանին կ’ամբողջանայ, սակայն զայն լաւ վիճակի մէջ պահելու համար մի՛շտ գործ կայ։ Նորոգութիւնները կենսական են, եւ երբեմն նոյնիսկ պարագաներու բերմամբ հարկ կ’ըլլայ տան վրայ մասեր աւելցնել։ Իսկ ի՞նչ բանի կարիքը ունինք, որպէսզի հոգեւորապէս հասուննանք եւ այդպէս ալ մնանք։ Ամէն բանէ առաջ սիրո՛յ կարիքը ունինք։ Պէտք է շարունակենք սէր աճեցնել Եհովայի ու մեր հաւատակիցներուն հանդէպ։ Եթէ սէր չունենանք, մեր բոլոր գիտութիւնն ու կատարած գործերը օգուտ մը չեն ունենար եւ պիտի նմանին զզուեցուցիչ աղմուկի (Ա. Կորնթացիս 13։1-3)։ Եթէ սէր ունենանք, կրնանք քրիստոնէական հասունութեան հասնիլ եւ շարունակել հոգեւորապէս աճիլ։

ՅՈՅՍԴ ՎԱ՛Ռ ՊԱՀԷ

16. Սատանան ինչպիսի՞ մտածելակերպ մը կը քաջալերէ, եւ Եհովան ի՞նչ պաշտպանութիւն հայթայթած է։

16 Այժմ նկատի առնենք դուն քեզ շինելու երրորդ կերպը։ Որպէսզի կարենաս դուն քեզ շինել Քրիստոսի իսկական հետեւորդ մը ըլլալու, պէտք է որ մտածելակերպիդ վրայ հսկես։ Այս աշխարհին իշխանը՝ Սատանան, վարպետօրէն մարդիկը կը մղէ որ ժխտական մտածելակերպի, յոռետեսութեան, կասկածի ու յուսահատութեան տեղի տան (Եփեսացիս 2։2)։ Այսպիսի մտածելակերպ քրիստոնեային համար նոյնքան վտանգաւոր է, որքան փտած փայտը տախտակէ շինութեան մը համար։ Սակայն ուրախ ենք որ Եհովան մեզի կը հայթայթէ կարեւոր պաշտպանութիւն մը՝ յոյսը։

17. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ յոյսին կարեւորութիւնը։

17 Աստուածաշունչը կը թուէ հոգեւոր զրահի մը զանազան մասերը, որոնց կարիքը ունինք Սատանային եւ այս աշխարհին դէմ մեր պայքարը մղելու համար։ Զրահին աչքառու մէկ մասն է սաղաւարտը՝ «փրկութեան յոյսը» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։8)։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, զինուորը գիտէր թէ առանց իր սաղաւարտին պատերազմին մէջ չէր կրնար ողջ մնալ։ Սաղաւարտը մետաղէ գլխարկ մըն էր, որուն ներսի մասը թաղիքէ կամ կաշիէ կ’ըլլար։ Անիկա կը ծառայէր գլխուն եկած հարուածները մեղմացնելու եւ զայն պաշտպանելու։ Ինչպէս որ սաղաւարտը գլուխը կը պաշտպանէ, նոյնպէս ալ յոյսը քու միտքդ կամ մտածելակերպդ կը պաշտպանէ։

18, 19. Յիսուս յոյսը վառ պահելու մէջ ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։

18 Յիսուս յոյսը վառ պահելու մէջ լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ։ Մտաբերէ թէ ան երկրի վրայ իր վերջին գիշերը ինչ բաներու տոկաց։ Մտերիմ ընկեր մը դրամի սիրոյն զինք մատնեց, ուրիշ մը ուրացաւ, իսկ ուրիշներ զինք լքեցին եւ փախան։ Իր իսկ հայրենակիցները ընդդիմացան իրեն եւ պահանջեցին, որ հռոմայեցի զինուորներուն ձեռքով չարչարանք կրէ եւ սպաննուի։ Կրնանք ըսել որ Յիսուսի չափ մէ՛կը այսքան ծանր փորձութիւն չէ կրած։ Ի՞նչ բան իրեն օգնեց տոկալու։ Եբրայեցիս 12։2–ը կը պատասխանէ. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ»։ Յիսուս երբեք չմոռցաւ ‘իր առջեւ կեցած ուրախութիւնը’։

19 Ի՞նչ էր Յիսուսի առջեւ կեցած ուրախութիւնը։ Ան գիտէր թէ տոկալով կրնար Եհովայի սուրբ անուան սրբացման մէջ բաժին բերել եւ մեծագոյն ապացոյցը հայթայթել, թէ Սատանան ստախօս է։ Ո՛չ մէկ յոյս կրնար Յիսուսի ասկէ աւելի մեծ ուրախութիւն պատճառել։ Ան նաեւ գիտէր, թէ Եհովան առատապէս պիտի վարձատրէր իր հաւատարիմ ընթացքը, իրեն շնորհելով շուտով իր Հօր վերամիանալու սքանչելի առիթը։ Յիսուս այս ուրախալի յոյսը իր աչքին առջեւ պահեց ամենադժուար ժամանակներուն։ Նոյնպէս մենք պէտք է մեր առջեւ կեցած ուրախութիւնը մեր աչքին առջեւ պահենք։ Եհովան իւրաքանչիւրս կը պատուէ, առիթը շնորհելով որ իր մեծ անունը սրբացնելու մէջ բաժին բերենք։ Մենք ալ կրնանք փաստել թէ Սատանան ստախօս է, եթէ Եհովան ընտրենք որպէս մեր Գերիշխանը եւ մեր անձը պահենք մեր Հօր սիրոյն մէջ, ինչ փորձութիւններ եւ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւենք։

20. Ի՞նչ բան կրնայ քեզի օգնել որ մտածելակերպդ դրական եւ յոյսդ վառ պահես։

20 Եհովան ոչ միայն յօժար է իր հաւատարիմ ծառաները վարձատրելու, այլ նաեւ կը փափաքի ասիկա ընել (Եսայի 30։18. կարդա՛ Մաղաքիա 3։10)։ Ան կ’ուրախանայ, երբ իր ծառաներուն կու տայ իրենց սրտին իրաւացի խնդրուածքները (Սաղմոս 37։4)։ Ուստի Եհովայի խոստումներուն նկատմամբ յոյսդ վա՛ռ պահէ։ Երբեք մի՛ յանձնուիր Սատանայի աշխարհին բացասական, նուաստացած ու խեղաթիւրուած մտածելակերպին։ Եթէ զգաս, որ այս աշխարհի հոգին քիչ–քիչ մտքիդ կամ սրտիդ մէջ կը թափանցէ, ջերմեռանդօրէն Եհովայի աղօթէ, որպէսզի քեզի տայ Իր «խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է», եւ անիկա քու սիրտդ ու միտքդ պիտի պահպանէ (Փիլիպպեցիս 4։6, 7

21, 22. ա) «Մեծ բազմութիւն»ը ի՞նչ փառաւոր յոյս մը ունի։ բ) Քրիստոնէական յոյսին ո՞ր մասը սրտիդ կը դպչի, եւ ի՞նչ վճռած ես ընել։

21 Ի՜նչ զգայացունց յոյս մը ունիս։ Եթէ մաս կը կազմես «մեծ բազմութեան», որ «մեծ նեղութենէն» պիտի վերապրի, խորհէ այն կեանքին մասին որ շուտով պիտի վայելես (Յայտնութիւն 7։9, 14)։ Սատանան եւ իր դեւերը մէջտեղէն վերցուած ըլլալով, այնպիսի հանգստութիւն մը պիտի զգաս, որ դժուար է երեւակայել։ Ի վերջոյ, մեզմէ ո՞վ ապրած է այնպիսի կեանք մը, որ Սատանայի ապականած ազդեցութենէն զերծ ըլլայ։ Երբ այդ ազդեցութիւնը անցնի, ի՜նչ ուրախալի ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ Պիտի մասնակցինք երկրագունդը դրախտի մը վերածելու գործին՝ Յիսուսի եւ իր 144,000 երկնային իշխանակիցներուն առաջնորդութեան ներքեւ։ Եւ որքա՜ն կը ցնծանք, երբ խորհինք թէ բոլոր հիւանդութիւններն ու անկարողութիւնները պիտի անհետանան, մեր մահացած սիրելիները պիտի դիմաւորենք եւ պիտի ապրինք այն կեանքը, որ Եհովան նպատակադրած էր մեզի համար։ Երբ կատարելութեան հասնինք, պիտի ստանանք ա՛լ աւելի մեծ վարձատրութիւն մը՝ ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ ստանալու խոստումը, որ յայտնուած է Հռովմայեցիս 8։21–ի մէջ։

22 Եհովան կ’ուզէ որ քու երեւակայածէդ աւելի մեծ ազատութիւն մը ձեռք ձգես։ Սակայն այդ ազատութիւնը կախեալ է ամէն օր Եհովայի հնազանդելէդ։ Չ’ա՞րժեր որ ասոր համար ամէն ջանքդ ընես։ Հետեւաբար, ամէ՛ն գնով շարունակէ դուն քեզ շինել քու ամենասուրբ հաւատքիդ վրայ, որպէսզի առյաւէտ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնաս։

^ պարբ. 12 Գիտնականները կ’ըսեն թէ մեր մարմնին մէջ կը զարգանայ յատուկ զգայարանք մը (proprioception), որուն միջոցաւ մեր ձեռքերուն ու ոտքերուն շարժումները կը զգանք։ Օրինակ՝ այս զգայարանքը քեզ կարող կը դարձնէ, որ աչքերդ գոց ծափահարես։ Հիւանդ երիտասարդուհի մը, որ իր այս զգայարանքը կորսնցուցած էր, չէր կրնար ոտքի կանգնիլ, քալել կամ նոյնիսկ նստիլ։