Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 10

«Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»

«Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»

(Եսայի 6։8)

1. Եահի անունը կ’անպատուեն,

նաեւ զայն շատ կը նախատեն,

կը կոչեն զինք անգութ, տկար.

յիմարն կ’ըսէ՝ «Աստուած չկայ»։

Ո՞վ անունը պիտ’ սրբացնէ,

ո՞վ Աստուած պիտ’ փառաբանէ։

«Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ,

անունդ պիտի գովերգեմ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ի՜նչ մեծ պատիւ, ի՜նչ անգին պարգեւ. . .

Տէ՛ր, ահա ես. զի՛ս ղրկէ»։

2. Կը ծաղրեն. «Աստուած դանդաղ է»,

մարդիկ չեն վախնար Աստուծմէ.

իսկ ոմանք կը պաշտեն կուռքեր,

ոմանք կայսրը կ’աստուածացնեն։

Ո՞վ անոնց պիտի գիտցնէ

Եահի օրուան մասին ահեղ։

«Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ,

անվախօրէն ազդարարեմ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ի՜նչ մեծ պատիւ, ի՜նչ անգին պարգեւ. . .

Տէ՛ր, ահա ես. զի՛ս ղրկէ»։

3. Հեզերն կ’ողբան, կը հառաչեն.

ամէնուր չարը կը տիրէ։

Կը պրպտեն ճշմարտութիւն՝

մտքին տուող անդորրութիւն։

Ո՞վ զանոնք պիտ’ մխիթարէ,

արդարութեան առաջնորդէ։

«Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ,

որ հեզերուն սորվեցնեմ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ի՜նչ մեծ պատիւ, ի՜նչ անգին պարգեւ. . .

Տէ՛ր, ահա ես. զի՛ս ղրկէ»։

(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 10։4. Եզեկ. 9։4)