Երգ 114
Աստուածաշունչը գանձ է
(Առակաց 2։1, 4)
1. Ահաւասիկ գիրք մը, որուն էջերը
կը ներշնչեն մեծ յոյս ու ցնծութիւն։
Ատոր չքնաղ միտքերը զօրաւոր են,
կեանքով լի են. կու տան տեսողութիւն։
Այդ գանձը, որ ունինք, Աստուածաշունչն է,
որ գրուեցաւ Եահի ներշնչումով։
Աստուածասէր մարդիկ զայն գրի առին՝
Եհովայի հոգիէն մղուելով։
2. Անոնք արարչութեան մասին գրեցին,
թէ տիեզերքն ինչպէ՛ս յառաջ եկաւ։
Նաեւ ըսին թէ մարդը նախ անմեղ էր,
սակայն ետքը Դրախտն անհետացաւ։
Ըսին թէ ի՛նչպէս ըմբոստ հրեշտակ մը
Եահի գերիշխանութիւնն անարգեց։
Արդիւնքն եղաւ՝ մեղքը, ցաւն ու կսկիծը.
սակայն Եհովան փրկանք հայթայթեց։
3. Այժմ Քրիստոս երկնային Թագաւոր է.
մեր սիրտը լի է ուրախութիւնով։
Ուստի Եահի կամքին համաձայն ապրինք,
որպէսզի փրկուինք Իր շնորհքով։
Այս ամէնը Աստուածաշունչէն գիտցանք,
որ ճոխ սեղան մըն է մեզի համար,
եւ կու տայ յոյս, հաւատք ու խաղաղութիւն.
թող որ կարդանք այդ գանձը անդադար։
(Տե՛ս նաեւ Բ. Տիմ. 3։16. Բ. Պետ. 1։21)