Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 84

«Կ’ուզե՛մ»

«Կ’ուզե՛մ»

(Ղուկաս 5։13)

1. Ինչպիսի՜ սէր դրսեւորեց

Որդին երբ երկինքը ձգեց,

որ ապրի մարդոց հետ,

Հօր խօսքը յայտնէ. . .

Ճշմարտութեան մասին պատմեց։

Ան մխիթարեց շատերը

եւ բուժեց հիւանդն ու կոյրը։

Եւ «կ’ուզե՛մ» ըսելով ան հաճոյքով

կատարեց պատուէրն Աստուծոյ։

2. Եահն իր ծառային միջոցով

մեզի կու տայ ոյժ ու կորով։

Հեզերը կը փնտռենք

եւ անոնց կ’օգնենք,

որ քալեն կեանքի ճամբայով։

Միշտ պատրաստ, մատչելի ըլլանք,

օգնենք եւ բարութիւն ցոյց տանք։

Եւ «կ’ուզե՛մ» միշտ ըսենք տարեցներուն,

այրիներուն եւ որբերուն։