Երգ 14
Ամէն բան նոր կ’ընեմ
1. Նստած է Յիսուս իր փառքի աթոռին.
կը տեսնենք նշանն Աստուածաշունչի։
Երկնային կռուին մէջ Չարին յաղթեց,
շուտով ան երկրի վրայ պիտ’ իշխէ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Եահի վրանն է մարդոց հետ,
պիտի բնակի առյաւէտ։
Պիտի ջնջէ վիշտն ու ցաւերը,
տանջանքը, մահն ու արցունքները։
‘Ամէն բան նոր կ’ընեմ’, ըսաւ Աստուած,
հաստատ է եւ անկասկած։
2. Նոր Երուսաղէմն ամէն անձ թող տեսնէ.
Գառնուկին հարսը կը շողայ շքեղ,
զարդարուած է թանկագին քարերով.
Եհովան պիտի ըլլայ լոյսն անոր։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Եահի վրանն է մարդոց հետ,
պիտի բնակի առյաւէտ։
Պիտի ջնջէ վիշտն ու ցաւերը,
տանջանքը, մահն ու արցունքները։
‘Ամէն բան նոր կ’ընեմ’, ըսաւ Աստուած,
հաստատ է եւ անկասկած։
3. Պայծառ քաղաքը մարդոց ցնծութիւնն է,
գիշեր ու ցերեկ պարիսպներն բաց են։
Ազգերն իր լոյսով պիտի ընթանան։
Արդ՝ զայն արտացոլացուցէք սրտանց։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Եահի վրանն է մարդոց հետ,
պիտի բնակի առյաւէտ։
Պիտի ջնջէ վիշտն ու ցաւերը,
տանջանքը, մահն ու արցունքները։
‘Ամէն բան նոր կ’ընեմ’, ըսաւ Աստուած,
հաստատ է եւ անկասկած։
(Տե՛ս նաեւ Մատ. 16։3. Յայտ. 12։7-9. 21։23-25)