Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 16

Դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փախէ՛ք

Դէպի Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փախէ՛ք

(Սոփոնիա 2։3)

1. Տէր Եհովան փնտռեցէք, ո՛վ խոնարհներ,

արդարութիւն, հեզութիւն փնտռեցէք.

թերեւս Աստուծոյ բարկութեան օրը

պահուելով՝ ապաստան գտնէք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Դէպի Թագաւորութիւնը փախէ՛ք,

Եահի ձեռքը բռնեցէք։

Աստուած ձեզ պիտի պաշտպանէ եւ օրհնէ,

իր խօսքը միշտ լսեցէք։

2. Ճշմարտութեան կը տենչան անօթիներն,

թող ազատին ցաւէն, տառապանքէն։

Եհովայի արդար ճամբան փնտռեցէք

եւ ազատուեցէք չար լուծէն։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Դէպի Թագաւորութիւնը փախէ՛ք,

Եահի ձեռքը բռնեցէք։

Աստուած ձեզ պիտի պաշտպանէ եւ օրհնէ,

իր խօսքը միշտ լսեցէք։

3. Վեր նայեցէք, գլուխնիդ բարձրացուցէք.

ահա՛ Թագաւորութիւնը կ’իշխէ։

Եահի լոյսը ցնծութեամբ ընդունեցէք,

Տէրը երկիւղով պաշտեցէք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Դէպի Թագաւորութիւնը փախէ՛ք,

Եահի ձեռքը բռնեցէք։

Աստուած ձեզ պիտի պաշտպանէ եւ օրհնէ,

իր խօսքը միշտ լսեցէք։