Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 19

Եհովա Աստուծոյ խոստացած դրախտը

Եհովա Աստուծոյ խոստացած դրախտը

(Ղուկաս 23։43)

1. Աստուած դրախտ մը խոստացած է.

Որդին շուտով զայն պիտ’ բերէ։

Մեղքեր, արատ, մահ, վիշտ, տառապանք,

դառն արցունքներ պիտի չըլլան։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Երկիրն դրախտ պիտի ըլլայ,

դուն հոգեւոր աչքով նայէ։

Որդին շուտով մեծ հաճոյքով

զայն պիտ’ բերէ իր Հօր կամքով։

2. Մօտ ատենէն, բոլոր մեռելներն

Որդին պիտի կեանքի բերէ։

Չարագործին ան խոստացած է.

‘Պիտի ըլլաս դրախտին մէջ’։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Երկիրն դրախտ պիտի ըլլայ,

դուն հոգեւոր աչքով նայէ։

Որդին շուտով մեծ հաճոյքով

զայն պիտ’ բերէ իր Հօր կամքով։

3. Այո, մեր Տէրն զայն խոստացած է.

հիմա արդար Թագաւոր է։

Սիրող Հօրդ սրտանց գովերգէ,

շնորհակալութիւն յայտնէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Երկիրն դրախտ պիտի ըլլայ,

դուն հոգեւոր աչքով նայէ։

Որդին շուտով մեծ հաճոյքով

զայն պիտ’ բերէ իր Հօր կամքով։