Երգ 21
Ողորմածները երջանի՛կ են
1. Ողորմածներն երջանիկ են,
Եահի աչքին գեղեցիկ են։
Ամէն անգամ, երբ կ’ողորմին,
Տէր Եհովան կը հրճուի։
Աստուած Որդին զոհաբերեց
եւ փրկագինը հայթայթեց։
Աստուած հեզերուն կ’ողորմի,
գիտէ՝ ունինք տկար մարմին։
2. Կը ներէ եւ կ’օրհնէ Աստուած
մարդիկն իրեն պէս ողորմած։
Ատոր համար Որդին, Եահին
յանձնեց շատ անգին փրկագին։
Եահի ողորմութեան մասին
անոնք կը պատմեն բոլորին.
«Թագաւորութիւնը կ’իշխէ.
ուստի ուրախութեամբ լեցուէ»։
3. Հեզերն պիտի տեսնեն Եահի
մեծ սէրը, երբ իրմէ դատուին։
Եթէ ողորմութեամբ վարուին,
Աստուծոյ պիտի նմանին։
Ջանանք միշտ ողորմած ըլլալ,
մշակենք յատկութիւնը այդ։
Օգտագործենք ամէն առիթ,
Եահին եւ Որդւոյն պէս վարուինք։
(Տե՛ս նաեւ Ղուկ. 6։36. Հռով. 12։8. Յակ. 2։13)