Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 24

Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին

Շարունակէ՛ նայիլ մրցանակին

(Բ. Կորնթացիս 4։18)

1. Երբ կոյրերուն աչքերն տեսնեն

եւ խուլերն ալ կրկին լսեն,

երբ չոր գետնէն զով ջուր հոսի

եւ անապատներն իսկ ծաղկին,

կաղերն ցատկեն եղնիկի պէս,

սիրելիներ չբաժնուին. . .

Օրհնեալ այս օրերն պիտ’ տեսնես,

եթէ նայիս մրցանակին։

2. Երբ որ համրեր խօսին դարձեալ,

ծերեր երիտասարդանան,

երկիրն առատ իր բերքը տայ

եւ բարիքներ վերջ չունենան,

հեռուէն լսուին մանկանց երգեր,

մարդիկ ուրախ, խաղաղ ապրին,

մեռելներն արթուն պիտ’ տեսնես. . .

եթէ նայիս մրցանակին։

3. Երբ գայլեր, ոչխարներ, հորթեր,

արջեր, խոտ արածին մէկտեղ,

երբ մանուկ մը անոնց ձայն տայ,

անոնք լսեն եւ իսկոյն գան,

երբ դառն արցունք ու ողբ չըլլան,

մարդիկ տանջող ցաւեր չըլլան. . .

Պիտի տեսնես գործերն Եահի,

եթէ նայիս մրցանակին։