Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 26

Աստուծոյ հետ քալէ՛

Աստուծոյ հետ քալէ՛

(Միքիա 6։8)

1. Դուն հեզութեամբ, համեստութեամբ

միշտ Աստուծոյ հետ քալէ՛։

Եղի՛ր ուղղամիտ, վարուէ՛ բարութեամբ,

եւ ան քեզ պիտ’ զօրացնէ։

Եթէ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ

հաւատքդ զօրացնես,

անշուշտ թէ քեզ զաւկի մը պէս

պիտ’ հոգայ, առաջնորդէ։

2. Մի՛ մեղանչեր, այլ՝ սրբութեամբ

դուն Աստուծոյ հետ քալէ՛

եւ ջանա՛ հասնիլ միշտ հասունութեան.

Եահը քեզ պիտի օրհնէ։

Եւ ինչ որ ճշմարիտ է, արդար,

ատոնց մասին խորհէ։

Ու մի՛շտ եղիր համբերատար.

Աստուծոյ ապաւինէ։

3. Սիրով ու հաւատարմութեամբ

Եհովայի հետ քալէ՛.

աստուածպաշտութեան, նաեւ գոհութեան,

մեծ շահը հետապնդէ։

Իր Թագաւորութեան գործին մէջ

ցնծութեամբ բաժին բեր։

Եահի մեծ փառքը գովերգէ.

Աստուծոյ հետ միշտ քալէ։