Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 34

Մեր անուան համաձայն ապրինք

Մեր անուան համաձայն ապրինք

(Եսայի 43։10-12)

1. Ամենակա՛լ ու հզօ՛ր Տէր Եհովա,

արդարութեամբ ու սիրով կատարեալ,

Աղբիւրն իմաստութեան եւ ճշմարտութեան,

դուն Գերիշխան ես, Աստուա՛ծ մեր Բարձրեալ։

Տէ՛ր, մենք սրտանց, բերկրանքով կը ծառայենք,

Արքայութիւնդ պիտի հռչակենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ի՜նչ մեծ պատիւ է Վկաներդ կոչուիլ,

թող մեր անուան համաձայն միշտ ապրինք։

2. Սուրբ ծառայութիւնը մեզ կը միացնէ

եղբայրական ջերմ սիրոյ կապերով։

Քարոզելով՝ փառքդ կ’արտացոլացնենք,

ուրախութեամբ հեզ մարդոց օգնելով։

Մեզ կը ճանչնան սուրբ անունովդ, ո՛վ Հայր.

թող անուանդ վեհութիւնը յայտնենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ի՜նչ մեծ պատիւ է Վկաներդ կոչուիլ,

թող մեր անուան համաձայն միշտ ապրինք։