Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 4

Աստուծոյ քով բարի անուն շինենք

Աստուծոյ քով բարի անուն շինենք

(Ժողովող 7։1)

1. Ամբողջ կեանքին մէջ բարի անուն շինենք,

Աստուծոյ խօսքը սրտանց մտիկ ընենք։

Եթէ միշտ ջանք թափենք, արդարութիւն գործենք,

մեր Հօր ջերմ սիրտը պիտ’ ցնծացնենք։

2. Եթէ ըլլանք մենք ընկեր այս աշխարհին,

շինենք անուն եւ դառնանք շատ անուանի,

Աստուած չենք հաճեցներ, իրեն փառք չենք բերեր

եւ օրհնութիւնն իր չենք վայելեր։

3. Կ’ուզենք որ Աստուած մեզ առյաւէտ յիշէ

եւ իր գրքին մէջ մեր անունը գրէ։

Ապաւինինք իրեն, ճշմարտութեամբ քալենք,

բարի անունը մեր պահպանենք։