Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 38

Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ

Հոգդ Եհովայի վրայ ձգէ

(Սաղմոս 55)

1. Ականջ դիր իմ աղօթքիս,

Տէ՛ր, թոյլ տուր՝ քեզի մօտենամ։

Մտիկ ըրէ, պատասխանէ

եւ օգնէ որ չվախնամ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Հոգդ Տէրոջ վրայ ձգէ,

ան քեզ անձամբ պիտի խնամէ։

Քեզ բնաւ չի սասանեցներ,

այլ՝ քեզ ամուր կը պահէ։

2. Աղաւնիի թեւեր չունիմ՝

վտանգներէն փախչելու,

Ոսոխէն հեռու թռչելու

եւ ապաստան գտնելու։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Հոգդ Տէրոջ վրայ ձգէ,

ան քեզ անձամբ պիտի խնամէ։

Քեզ բնաւ չի սասանեցներ,

այլ՝ քեզ ամուր կը պահէ։

3. Տէր Եհովան պիտի կանչեմ

ու խնդրեմ որ պաշտպանէ։

Ան դժուար պահուն կը սփոփէ,

հեզերը կը զօրացնէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Հոգդ Տէրոջ վրայ ձգէ,

ան քեզ անձամբ պիտի խնամէ։

Քեզ բնաւ չի սասանեցներ,

այլ՝ քեզ ամուր կը պահէ։

(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 22։5. 31։1-24)