Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 111

Պիտի կանչէ

Պիտի կանչէ

(Յոբ 14։13-15)

1. Կեանքը շոգի՜. . . ատեն մը կ’երեւնայ

ու ետքը կ’ոչնչանայ։

Մենք, ինչ որ ենք, շուտով կ’անհետանանք.

բոլորը կը վշտանան։

Մարդը երբ մեռնի, արդեօք պիտ’ ապրի՞։

Յիշէ խոստումը Եահի.

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Պիտ’ կանչէ, ու պիտի լսեն,

եւ ապրին մեռելները։

Եահը պիտի կարօտնայ

իր ձեռքին այս գործերը։

Հաւատա՛ եւ մի՛ տատամսիր. . .

յարութի՜ւն պիտի առնեն։

Այո՛, յաւերժ պիտ’ ապրինք

եւ զանոնք կրկին տեսնենք։

2. Յիշողութիւնն Աստուծոյ անսահման՝

մեզ շատ կը մխիթարէ։

Մահուան խորունկ քունէն պիտ’ արթննան. . .

Ի՜նչ հիանալի յոյս է։

Այն ատեն պիտի ճաշակենք Եահի

խոստումը յաւերժ կեանքի։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Պիտ’ կանչէ, ու պիտի լսեն,

եւ ապրին մեռելները։

Եահը պիտի կարօտնայ

իր ձեռքին այս գործերը։

Հաւատա՛ եւ մի՛ տատամսիր. . .

յարութի՜ւն պիտի առնեն։

Այո՛, յաւերժ պիտ’ ապրինք

եւ զանոնք կրկին տեսնենք։