Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 91

Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս

Իմ Հայրս, Աստուածս եւ Ընկերս

(Եբրայեցիս 6։10)

1. Այս աշխարհին մէջ կեանքը

տառապանք, արցունքներ կը բերէ։

Բայց ամէն օր պիտ’ ըսեմ.

«Իմ կեանքս ունայն չէ»։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Քանզի Եահն անիրաւ չէ,

որ ցուցաբերած սէրս մոռնայ։

Ան միշտ ինծի մօտիկ է.

միայնակ չեմ զգար բնաւ։

Աստուած միշտ հոգ կը տանի

եւ մինչեւ վերջ զիս կը պաշտպանէ։

Ան իմ Հայրս, իմ Աստուածս,

Ընկերս է։

2. Երիտասարդութիւնս

անհետացաւ ու տկարացայ։

Բայց հաւատքի աչքերով՝

իմ յոյսս վառ մնաց։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Քանզի Եահն անիրաւ չէ,

որ ցուցաբերած սէրս մոռնայ։

Ան միշտ ինծի մօտիկ է.

միայնակ չեմ զգար բնաւ։

Աստուած միշտ հոգ կը տանի

եւ մինչեւ վերջ զիս կը պաշտպանէ։

Ան իմ Հայրս, իմ Աստուածս,

Ընկերս է։

(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 71։​17, 18)