Երգ 65
«Ասիկա է ճամբան»
1. Քալէ՛ դուն միշտ Եհովայի խաղաղ ճամբով,
որ անարատ է, յուսալի եւ ապահով.
որու մասին Յիսուսն ուսուցանեց անձամբ։
Եհովայի Խօսքէն մենք այս ճամբան գտանք։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Ա՛յս է կեանքի տանող միակ ուղին։
Աստուած կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան»։
Վայրկեան մը իսկ դուն չխոտորիս,
ետ չդառնաս, ահա՛ միակ ճամբան։
2. Քալէ՛ դուն միշտ Եահի սիրոյ ճամբով շքեղ.
կարիք չկայ որ զայն փնտռես այստեղ–այնտեղ։
Եահի սէրը ջերմ է, անկեղծ եւ անսահման.
քեզի յայտնեց յաւիտենական այս ճամբան։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Ա՛յս է կեանքի տանող միակ ուղին։
Աստուած կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան»։
Վայրկեան մը իսկ դուն չխոտորիս,
ետ չդառնաս, ահա՛ միակ ճամբան։
3. Քալէ՛ դուն միշտ կեանքի առաջնորդող ճամբով.
եւ վստահէ՛ Եահին, բնաւ չշեղելով։
Չկայ սիրոյ, խաղաղութեան ուրիշ ուղի։
Մենք այս ճամբան գտանք Աստուծոյ շնորհիւ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Ա՛յս է կեանքի տանող միակ ուղին։
Աստուած կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան»։
Վայրկեան մը իսկ դուն չխոտորիս,
ետ չդառնաս, ահա՛ միակ ճամբան։
(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 32։8. 139։24. Առ. 6։23)