Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 49

Եհովան մեր ապաւէնն է

Եհովան մեր ապաւէնն է

(Սաղմոս 91)

1. Եհո՛վա, ապաւէն մեր,

ամրոց, հզօր վահան,

թեւիդ տակ առնելով մեզ՝

պահէ՛, մեր պահապան։

Ո՛վ Տէր, դուն մեզ կը պաշտպանես

եւ զօրութիւնդ կը փաստես։

Եհո՛վա, մեր ամրոցն ես,

եւ արդար մարդոց օգնական։

2. Նոյնիսկ երբ քու առջեւդ

հազար հոգի իյնան,

բնա՛ւ պիտ’ չվնասուիս,

հաւատարիմ ծառայ։

Բնաւ պիտի չսարսափիս.

աչքերովդ պիտի նայիս։

Աստուած է պահապանդ.

բնակէ՛ իր թեւերուն տակ։

3. Ծուղակը պիտի չիյնաս.

Աստուած կը պաշտպանէ։

Ու բնաւ պիտ’ չդողաս

վախէ կամ սոսկումէ։

Առիւծը պիտի կոխկռտես,

իժին վրայ պիտի քալես։

Աստուած մեր ապաւէնն է.

մեզ սիրով պիտի պահպանէ։