Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 51

Եհովային կառչած ենք

Եհովային կառչած ենք

(Յեսու 23։8)

1. Աստուած արժանի է փառքի. ինք զայս փաստած է։

Բոլոր գործերուն մէջ արդարութեամբ վարուած է։

Եւ ի՛նչ որ ըսած է, անշուշտ պիտ’ կատարուի։

Կառչած ենք մեր Տէր Աստուծոյն՝ Եհովային։

Վստահ ենք՝ Բարձրեալէն յաւերժ պիտ’ օրհնուինք։

2. Իր գահը արդարութեան վրայ հիմնուած է,

իսկ բնակավայրն իր՝ շքեղ փառքով լեցուած է։

Իրեն կը դիմեն հլու, խոնարհ, հեզ մարդիկ։

Կառչած ենք մեր Տէր Աստուծոյն՝ Եհովային։

Ինք արժանի է մեծ յարգանքի ու պատուի։

3. Նոյնիսկ երկինքը չի կրնար զինք պարունակել.

թշնամի մը չի կրնար Աստուծոյ դիմադրել։

Պիտ’ իրականացնէ բոլոր խոստումներն իր։

Կառչած ենք մեր Տէր Աստուծոյն՝ Եհովային.

փաստենք, որ իրեն նուիրուած ենք լիովին։