Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 41

Ո՛վ պատանիներ, Եհովան պաշտեցէք

Ո՛վ պատանիներ, Եհովան պաշտեցէք

(Ժողովող 12։1)

1. Ո՛վ պատանի տղաներ, աղջիկներ,

Եահի աչքին թանկագի՛ն պարգեւներ.

ան հոգածութիւն կը ցուցաբերէ,

ծնողքի միջոցով սէր կը տածէ։

2. Ծնողներդ միշտ սիրէ՛ ու պատուէ՛,

եւ անոնց խօսքը դուն մտիկ ըրէ՛։

Երբ Տէրոջ հաճութիւնը ձեռք ձգես,

շա՜տ երջանիկ օրեր պիտի տեսնես։

3. Հիմակուընէ Ստեղծիչդ յիշէ՛,

ճշմարտութեան ծածուկ գանձեր փնտռէ՛։

Եթէ Եահին նուիրուիս ու սիրես,

իր սիրտը շատ պիտի ուրախացնես։