Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 59

Մենք Աստուծո՛յ նուիրուած ենք

Մենք Աստուծո՛յ նուիրուած ենք

(Մատթէոս 16։24)

1. Եհովայի կողմէ Քրիստոսին մօտեցանք,

որ իր աշակերտները ըլլանք։

Եահի սուրբ գահէն պայծառ

ճշմարտութիւն կը շողայ։

Մենք մեր անձը կ’ուրանանք.

մեր հաւատքը կը զօրանայ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ընտրեցինք Եհովա Աստուծոյ նուիրուիլ.

Իրմով եւ Քրիստոսով կը հրճուինք։

2. Սրտագին աղօթքով Եհովային կ’ըսենք.

«Պիտ’ հնազանդինք ամէն ատեն»։

Մեծապէս կ’արժեւորենք

որ իրեն կը ծառայենք,

սուրբ անունը կը կրենք,

բարի լուրը կը քարոզենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ընտրեցինք Եհովա Աստուծոյ նուիրուիլ.

Իրմով եւ Քրիստոսով կը հրճուինք։