Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 70

Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք

Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք

(Փիլիպպեցիս 1։10)

1. Եահի պատգամն ըմբռնելու համար,

պէտք է խորատես ըլլանք

եւ աւելի կարեւոր բաները

ընտրելու մէջ հմտանանք։

Թող բարութիւնն անվերջ սիրենք,

չարը ատենք,

Եահի սիրտը ցնծացնենք, աղօթենք,

Խօսքը քննենք։

Թող այս կարեւոր բաներն ընենք։

2. Արքայութեան մասին քարոզելը

շատ կարեւոր կը սեպենք։

Կորսուած ոչխարները գտնե՛նք եւ

անոնց ճիշդ ճամբան յայտնե՛նք։

Պէտք է լսեն եւ իմանան. . .

թող որ ցոյց տանք

սէր ու յարգանք ամէնուն եւ օգնե՛նք

որ կեանքն ընտրեն։

Թող այս կարեւոր բաներն ընենք։

3. Եթէ ընենք ինչ որ կարեւոր է,

ամուր հաւատք կ’ունենանք,

մեր սիրտն ու միտքը խաղաղ կ’ըլլան եւ

մեր յոյսը կը զօրանայ։

Եթէ սորվինք, շատ կ’օրհնուինք

եւ կը շահինք

բարեկամներ, ու մեր սէրը կ’աճի

եւ կը սիրուինք։

Թող այս կարեւոր բաներն ընենք։