Երգ 86
Հաւատարիմ կիներ, քրիստոնեայ քոյրեր
1. Սառան, Հռութը, Եսթերն ու Մարիամը
հաւատարիմ էին, լաւ կողակիցներ.
աստուածպաշտութիւնը առաջին տեղն էր։
Անունով կը ճանչնանք այդ կիները մենք։
Շատերու անունները նշուած չեն,
բայց ուղղամիտ էին Եահի հանդէպ, գիտենք։
2. Սէր, բարութիւն, խիզախութիւն, հաւատք, յոյս
ցոյց տուին այդ հաւատարիմ կիները.
ասոնք են ցանկալի յատկութիւնները։
Ո՛վ քոյրեր, դուք զանոնք կ’ընդօրինակէք։
Կը սիրենք ձեզ, շատ կը գնահատենք.
ձեր ծառայութիւնը սիրով կը կատարէք։
3. Դուք՝ այրինե՛ր, մայրե՛ր, քոյրե՛ր եւ կինե՛ր,
աշխատասէր էք, ուրախ ու ջերմեռանդ.
ձեր վարքը համեստ է, սիրտը՝ հնազանդ։
Չվախնաք, Աստուած ձեզի կը հաւանի։
Ո՛վ քոյրեր, թող Եահը պաշտպանէ ձեզ.
դուք ձեր մրցանակին շուտով պիտի հասնիք։
(Տե՛ս նաեւ Փլպ. 4։3. Ա. Տիմ. 2։9, 10. Ա. Պետ. 3։4, 5)