Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 54

Պէտք է հաւատք ունենանք

Պէտք է հաւատք ունենանք

(Եբրայեցիս 10։38, 39)

1. Աստուած շատ անգամ խօսեցաւ մարդոց՝

մարգարէներու միջոցով։

Այսօր, կ’ըսէ Որդին՝ Բանն Աստուծոյ.

‘Զղջա՛ դուն ամբողջ սրտով’։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Արդեօք մենք ունի՞նք մեծ հաւատք,

որ մնանք ամուր ու հաստատ։

Զայն գործով փաստենք անընդհատ.

տեսնենք Եահի օրհնութիւններն առատ։

2. Թագաւորութեան մասին կը պատմենք,

Տիրոջ պատուիրածը կ’ընենք։

Համարձակութեամբ մենք կը վկայենք,

բարի լուրը կը յայտնենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Արդեօք մենք ունի՞նք մեծ հաւատք,

որ մնանք ամուր ու հաստատ։

Զայն գործով փաստենք անընդհատ.

տեսնենք Եահի օրհնութիւններն առատ։

3. Խարիսխ է հաւատքը մեր՝ յուսալի.

պիտի չվախնանք, չքաշուինք։

Թէեւ հալածանքի ենթարկուինք,

գիտենք՝ պիտի փրկուինք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Արդեօք մենք ունի՞նք մեծ հաւատք,

որ մնանք ամուր ու հաստատ։

Զայն գործով փաստենք անընդհատ.

տեսնենք Եահի օրհնութիւններն առատ։