Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 81

«Մեր հաւատքը աւելցուր»

«Մեր հաւատքը աւելցուր»

(Ղուկաս 17։5)

1. Քանի որ անկատար ենք, ո՛վ Եհովա,

մեր սիրտը կ’ունենայ չար խորհուրդներ։

Մեզ՝ բոլորս, դիւրաւ պաշարող մեղք կայ,

որ է՝ հաւատքի պակասը, ո՛վ Տէր։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Մեր հաւատքը դուն աւելցուր, Եհո՛վա։

Տէր, կը խնդրենք, օգնէ որ քեզ պաշտենք։

Մեր հաւատքը աւելցուր եւ ողորմէ՛,

որ մենք ամէն բանի մէջ քեզ պատուենք։

2. Առանց հաւատքի ինչպէ՞ս հաճեցնենք քեզ.

պէտք է հաւատանք որ կը վարձատրես։

Հաւատքը մեծ վահան է, կը պաշտպանէ,

որ միշտ մնանք անվախ ու լաւատես։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Մեր հաւատքը դուն աւելցուր, Եհո՛վա։

Տէր, կը խնդրենք, օգնէ որ քեզ պաշտենք։

Մեր հաւատքը աւելցուր եւ ողորմէ՛,

որ մենք ամէն բանի մէջ քեզ պատուենք։

(Տե՛ս նաեւ Ծն. 8։21. Եբ. 11։6. 12։1)