Երգ 108
Փա՛ռք տանք Եհովային, իր Թագաւորութեան համար
1. Եհովան օծեց իր Որդին
որպէս երկնային Արքայ։
Գահն արդարութեամբ հաստատեց, որ
երկրի վրայ Իր կամքն ըլլայ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Միշտ փա՛ռք տանք Եհովա Աստուծոյ
եւ իր Օծեալը ողջունենք։
Որպէս ոչխարներ՝ Իրեն հետեւինք
եւ պատուէրները պահենք։
Միշտ փա՛ռք տանք Եհովա Աստուծոյ,
քանզի թագադրեց Քրիստոսը։
Զօրութեամբ օծուած Արքան պիտ’ պատուէ
Եհովայի անունը։
2. Ծնած են ջուրէն, հոգիէն,
Տիրոջ եղբայրներն օծեալ։
Հարսը փեսային հետ պիտ’ բերէ
շքեղ դրախտը խոստացեալ։
(ԿՐԿՆԵՐԳ)
Միշտ փա՛ռք տանք Եհովա Աստուծոյ
եւ իր Օծեալը ողջունենք։
Որպէս ոչխարներ՝ Իրեն հետեւինք
եւ պատուէրները պահենք։
Միշտ փա՛ռք տանք Եհովա Աստուծոյ,
քանզի թագադրեց Քրիստոսը։
Զօրութեամբ օծուած Արքան պիտ’ պատուէ
Եհովայի անունը։
(Տե՛ս նաեւ Առ. 29։4. Եսա. 66։7, 8. Յովհ. 10։4. Յայտ. 5։9, 10)