Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 127

Անունդ կրող վայր մը

Անունդ կրող վայր մը

(Ա. Մնացորդաց 29։16)

1. Ի՜նչ մեծ պատիւ է, ո՛վ Եհովա,

անուանդ համար տուն շինել։

Սրտանց զայն քեզի կը նուիրենք.

կ’ուզենք անունդ մեծարել։

Եւ ինչ ալ որ տանք, Տէր Եհովա,

ամէն բան արդէն քուկդ է։

Մեր ուժն ու կարողութիւնները

քեզի մենք կու տանք ի սրտէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Այս վայրն ահա՛ կը նուիրենք.

թող անունդ հոս հնչէ։

Քեզի այս վայրը կ’ընծայենք.

կը խնդրենք, զայն ընդունէ։

2. Թող այժմ ալ մենք քեզ պատուենք, Հա՛յր.

այստեղ՝ քեզի երկրպագենք։

Քու ճամբաներդ սորվողները

թող գան եւ քեզի գովերգեն։

Պաշտամունքի այս վայրը, ո՛վ Տէր,

խնամքով պիտի պահպանենք.

մեծ վկայութիւն թող ըլլայ ան,

որ սուրբ պատգամը հաղորդենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Այս վայրն ահա՛ կը նուիրենք.

թող անունդ հոս հնչէ։

Քեզի այս վայրը կ’ընծայենք.

կը խնդրենք, զայն ընդունէ։