Երգ 135
Մինչեւ վերջ տոկա՛
1. Աստուածաշունչի խոստումներն
կ’օգնեն որ միշտ տոկաս։
Սորվածներդ հիմնաւոր են.
պատճառ մը՝ որ հաւատաս։
Սուրբ հաւատքը ամուր բռնէ,
ուղղամտութիւն պահէ։
Եահի մեծ օրուան սպասէ,
եւ միշտ հաստատուն կայնէ։
2. Քու առաջուան սէրդ պահէ.
երբեք զայն մի՛ ձգեր։
Ի՛նչ փորձութեան ալ հանդիպիս,
բնաւ դուն մի՛ նահանջեր։
Կասկածը մտքէդ հեռացուր
ու բնաւ մի՛ սարսափիր։
Եհովան է քու Փրկիչդ.
քեզի պիտի աջակցի։
3. Մինչեւ վերջ համբերէ՛, տոկա՛,
որ կեանքդ փրկուի։
Թող Եահի կենաց գրքին մէջ
անունդ փորագրուի։
Տոկունութեամբ, համբերութեամբ
շարունակ ջանա՛ վարուիլ,
եւ Հօրդ սիրտն ուրախացուր,
իր հաճութիւնը շահիր։
(Տե՛ս նաեւ Եբ. 6։18, 19. Յակ. 1։4. Բ. Պետ. 3։12, ՆԱ. Յայտ. 2։4)