Երգ 93
«Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը»
1. Յիսուս պատուիրեց, որ մեր լոյսը շողայ,
պայծառ արեւին պէս՝ բոլորին լոյս տայ։
Զայն կ’արտացոլացնենք բարի գործերով։
Թող որ իմաստուն դառնանք Աստուծոյ Խօսքով։
2. Մենք մարդոց կը տանինք լոյսն Արքայութեան,
ողբացող մարդուն ալ՝ յոյսը յարութեան։
Երբ աղով համեմուած խօսքեր գործածենք,
այս լոյսը շատ աւելի պիտի փայլեցնենք։
3. Մեր բարի գործերով լոյս տանք աշխարհին։
Թող մեր խօսքերն ըլլան մարգարիտ անգին։
Եւ ինչ որ արդար ու շիտակ է՝ ընենք։
Մեր լոյսը լուսաւորենք, Աստուած հաճեցնենք։
(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 119։130. Մատ. 5։14, 15, 45. Կող. 4։6)